Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 25, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Բազմաթիւ Գիրքերու Հեղինակ Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան` Հայաստանի Գրողներու Միութեան Անդամ

Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է, յունուար 18-ին դարձաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան պատուաւոր անդամ եւ գրական վաստակին համար արժանացաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան մետալին:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ծանօթացած եմ հեղինակին «Դանիէլ Վարուժան` հոգեբանութեան ծիրէն ներս» գիրքին, որուն մէջ բազմաթիւ հարցումներու պատասխաններ գտած եմ: Այս հրաշալի գիրք է, եւ ես զարմացած եմ, որ գրուած է համահայկական միջավայրի մէջ, սակայն գիտական աշխատանքներու պատշաճ չեն արձագանգած: Մենք կը կարծենք, որ կը ճանչնանք մեր սփիւռքահայ ստեղծագործողները, սակայն բացթողումներ կ՛ըլլան: Կան մեծանուն ստեղծագործողներ, սակայն անոնց անունները եւ ստեղծագործութիւնները այնքան ալ տարածուած չեն»:

Անոր խօսքով, Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան աւելի քան 70 աշխատութիւններու հեղինակ է: Ըստ Միլիտոնեանի, ան մեծ ներդրում ունի հայ գրական, մշակութային, հոգեւոր ասպարէզներու զարգացման գործին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էր Մարոքի եւ Թունուզի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանը, որուն միջնորդութեամբ կազմակերպուած էր պարգեւատրման արարողութիւնը: Դեսպանը իր աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին բազմիցս հանդիպած է Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանին հետ եւ միշտ հիացած է անոր գիտական հետազօտութիւններով ու` զարմացած, որ այսպիսի բարձրակարգ մտաւորական մը հայաստանեան շրջանակներու մէջ այնքան ալ յայտնի չէ: «Ճիշդ այդ մղեց զիս փորձել ծանօթանալ անոր կատարած վիթխարի աշխատանքին: Ան միայնակ ամբողջ հիմնարկի մը աշխատանքը  կատարած է: «Դանիէլ Վարուժան` հոգեբանութեան ծիրէն ներս» հաստափոր հատորը անոր լայնածաւալ  գործունէութեան պերճախօս վկայութիւնն է», ընդգծեց Փոլատեան` բեղուն գործունէութիւն մաղթելով Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանին, որուն շարք մը գիրքերու հրատարակման աջակցած է  Գրիգոր Ճապուրեանը:

Ճապուրեան իր պարտքը կը համարէ հայ գրականութեան, հայ մշակոյթի զարգացման իր ուժերու ներածին չափով աջակցիլը: Կը կարծէ, թէ հայոց լեզուն, որ ճկուն ու ճարտար է, պէտք է պատշաճ ներկայացուի դպրոցներու, համալսարաններու եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: «Շատ հարուստ լեզու ունինք, մեր գիրն ու  գրականութիւնը մեր ազգի ժառանգութիւնն են. այնպէս որ, պէտք է տիրապետենք  մեր լեզուին եւ ներկայանանք բոլոր ոլորտներուն մէջ: Իբրեւ հայ` իմ պարտքը կը համարեմ հայ ազգին օգտակար ըլլալը», նշեց ան:

Գրողներու միութեան անդամակցութեան տոմսն ու Հայաստանի Գրողներու միութեան շքանշանը ստանալէ ետք Մեսրոպ վրդ.  Թոփալեան խոստովանեցաւ, որ յուզուած ու քաջալերուած է եւ առաւել եռանդով աշխատելու, գործելու  պատասխանատուութիւն կը զգայ:

Իբրեւ աստուածաբան եւ եկեղեցապատմագէտ` ան շարք մը աշխատութիւններ գրած է տարբեր նիւթերու  մասին: «Յատկապէս ներկայիս սիրանիւթս է, նոր բառ կ՛ըսեմ, որ պէտք է յաճախ գործածել, Մարիամ Սիրամօր, որ կրկին նոր բառ է, որ արդէն գրականութեան մէջ մտած է այս մասին գրելը: Ես մարիամաբան, մարիամագէտ եմ, այսինքն մեր մատենագրութեան մէջ, մեր սուրբ հայրերու եւ հոգեւոր մատենագիրներու շրջանին մէջ կը փնտռեմ, կ՛ուսումնասիրեմ Տիրամօր մասին գրութիւններ եւ կը համարձակիմ ըսել, որ մեր ազգը մարիամական, մարիամասէր  է», նշեց Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

Ան նշեց, որ մեր մատենագրութեան մէջ ճառերը, շարականները անթիւ են ու մէկը միւսէն գեղեցիկ, բայց մոռացութեան  մատնուած են. ինչո՞ւ, չի գիտեր:

«Պեղած եմ հայ աշխարհիկ բանաստեղծութիւններու ստեղծագործութիւններ, եւ անակնկալի կու գաք, եթէ ըսեմ, որ գրեթէ չկայ հայ բանաստեղծ մը, որ գոնէ քառեակ մը կամ տուն գրած չըլլայ Աստուածամօր մասին: Այդ մասին երկու աշխատութիւն արդէն հրատարակած եմ, որոնց մէջ կ՛անդրադառնամ աշխարհիկ հայ բանաստեղծներու` Տիրամօր (Սիրամօր) մասին գրած գործերուն: Այդ գրողներէն են` Դանիէլ Վարուժանը, Պարոյր Սեւակը, Ռազմիկ Դաւոյեանը, ֆրանսահայ Բիւզանդ Թոփալեանը, Միսակ Մեծարենցը եւ ուրիշներ», նշեց ան:

Հայր Մեսրոպ շեշտեց, որ «Դանիէլ Վարուժան` հոգեբանութեան ծիրէն ներս» գիրքին մէջ քանի մը գլուխ նուիրուած է Տիրամօր: Վարուժանի նամակներուն, քառեակներուն մէջ ակնյայտ է Տիրամօր` հզօր բարեխօսի ներկայութիւնը: «Իմ հարցս է Տիրամօր նուիրուած անդրադարձները ներկայացնել հանրութեան. չեմ փափաքիր մարդու մասին գրել:  Յառաջիկային պէտք է հրատարակեմ մարիամագիտական հատոր մը` Տիրամայրը հայ բանաստեղծութեան մէջ, Տիրամայրը հայ մատենագրութեան մէջ, Տիրամայրը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի գործերուն մէջ», շեշտեց վարդապետը:

Ան հայ ժողովուրդը յորդորեց չվհատիլ` վստահեցնելով, որ ծանր ժամանակները կ՛անցնին, պէտք է ապաւինիլ Աստուծոյ զօրութեան եւ խնդրել Տիրամօր բարեխօսութիւնը:

Հայկական Լրատուադաշտի` Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Վերաբերեալ Կատարած Աշխատանքը Ամփոփուեցաւ Ընդգրկուն Ցուցահանդէսով

«Լրատուն» մետիա-թանգարանի «Հակամարտութեան լրագրութեան դրուագներ» ցուցադրութեան այցելուները կարողացան տեսնել լրատուականներու, անհատ լուսանկարիչներու աշխատանքներ, որոնք կը պատմեն այն արհաւիրքներուն մասին, որոնց մէջէն անցած է հայ ժողովուրդը 1988 թուականէն ի վեր:

Ցուցասրահին մէջ տեղադրուած պաստառներու միջոցով ալ կարելի է գտնել` արխիւային տեսանիւթեր, տպագիր մամուլի օրինակներ, ձայնասփիւռային հաղորդումներ, լուսանկարներ, յօդուածներ, վերլուծութիւններ, վաւերագրական ժապաւէններ ու գծանկարային մետիա-նախագիծներ, որոնք եւս լրագրողներու աչքերով կ՛անդրադառնան ղարաբաղեան հակամարտութեան:

Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ յունուար 20-ին,  Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան մէջ:

Մետիա-նախաձեռնութիւններու կեդրոնի ներկայացուցիչ, Media.am կայքի խմբագիր Գեղամ Վարդանեանի խօսքով, իրենց խումբը աշխատած է  անկախութեան տարիներու հակամարտութեան թեմաներով` նիւթեր հաւաքելու եւ լրագրողներու աշխատանքները հանրութեան ներկայացնելու ուղղութեամբ: «Այս նիւթ մըն է, որ ընդգրկուն է, եւ հնարաւոր չէ ամբողջ տեղեկութիւնը հաւաքել, որուն համար անհրաժեշտ են տարիներ, ուստի ցուցադրած ենք դրուագներ: Պատերուն փակցուած լուսանկարները ցուցադրութեան փոքր մէկ մասն են», նշեց ան եւ այցելուներուն առաջարկեց մօտենալ պաստառներուն` վստահեցնելով, որ ծանօթանալով անոնց բովանդակութեան` անոնք դժուարութեամբ պիտի հեռանան ցուցասրահէն:

Վարդանեան ընդգծեց, որ ցուցադրութեան ծիրին մէջ կը պատրաստուին հիւրընկալել դպրոցականներ, ուսանողներ, պիտի կազմակերպեն հանդիպումներ լուսանկարիչներու հետ: «Այս միայն ցուցադրութիւն չէ, եւ կրնայ մետիայի, լրագրութեան, հակամարտութիւններու քննարկման վայր դառնալ», շեշտեց Գեղամ Վարդանեան:

Մետիա-նախաձեռնութիւններու կեդրոնի գործադիր տնօրէն Նունէ Սարգսեան հաւաստիացուց, որ լրագրողներու աշխատանքը օդի ու ջուրի պէս կարեւոր է յատկապէս ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ, իսկ ցուցադրութիւնը մտադիր են ներկայացնել նաեւ մարզերու մէջ:

«Լրատուն» մետիա-թանգարանի արտադրող Վահրամ Մարտիրոսեան օգոստոսին գտնուած է Արցախի Սօս սահմանամերձ գիւղը, ուր շաբաթ մը անցընելէ ետք «Սահմանամերձ երկիր» խորագրով յօդուածաշար հրապարակուեցաւ: Տարօրինակ կը համարուի այն, որ լայն արձագանգ չգտաւ: Կ՛ըսէ` անտարբերութիւն կայ, մեր հայրենակիցները հարցերը ներսէն տեսնելու ծուլութիւն ունին: «Նոր վերադարձած եմ Ուքրանիայէն: Հայաստանի աչքերով նայեցայ այդ երկրին, նորովի բացայայտեցի այն եւ ռուս-ուքրանական պատերազմը», շեշտեց Մարտիրոսեան եւ աւելցուց, որ լրագրողը հակամարտութիւն լուսաբանելու ժամանակ չի կրնար կողմ կամ դէմ չըլլալ, որովհետեւ հակամարտութեան ընթացքին հազարաւոր մարդոց արիւն կը թափի, միլիոնաւորներ տնանկ կը դառնան: «Լրագրողը պէտք է կողմ ըլլայ, որ արդարութիւնը յաղթէ», եզրափակեց ան:

Լուսանկարիչ Վաղինակ Ղազարեան ցուցադրութեան երեք լուսանկար ներկայացուց, որոնցմէ մէկը` «Հանգստացող զինուորը»-ը, World Press Photo-ի «Իրադարձութիւն» անուանակարգին մէջ մրցանակի արժանացաւ:

2016-ին ան լուսաբանած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, 2020-ին` արցախեան 44-օրեայ պատերազմը: «Իմ  ներքին կանչով մեկնած եմ պատերազմ լուսաբանելու: Գացած եմ անձնական սարքերով ու մեքենայով: Կ՛ուզէի անպայման գտնուիլ հակամարտութեան գօտիին ու դիրքերուն մէջ` իբրեւ իրականութիւնը տեսնող, պատմող եւ, եթէ կարելի է,  լուսանկարներով հարցեր բարձրացնել», նշեց Ղազարեանը:

Ան կը կարծէ, որ շատ կարեւոր պահեր փոխցուցած է, որովհետեւ կան տեղեր, ուր հասնելու խոչընդոտներ եւ բարոյագիտական հարցեր կան, պետական գաղտնիք համարուող տեղեկութիւններ, որոնք կարելի չէ ներկայացնել: «Պէտք  են յատուկ հմտութիւններ, արհեստավարժութիւն` կարեւորը լուսաբանելու համար, որովհետեւ այն, ինչ որ կը լուսանկարես, պատմութիւն կը դառնայ», ըսաւ լուսանկարիչը, որ նաեւ զոհուած զինուորներուն եւ անոնց մայրերուն նուիրուած նախագիծներ իրականացած է:

Տեղեկացնենք, որ «Լրատուն» մետիա- թանգարան նախագիծը կ՛իրականացնէ Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնը: Ան հանրութեան ներկայացած է լրագրողներու աշխատանքը` վերջին տասնամեակներուն նշանակալի իրադարձութիւններն ու երեւոյթները լուսաբանելու:

«Հակամարտութեան լրագրութեան դրուագներ» ցուցադրութիւնը կեանքի կը կոչէ Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնը զուիցերիական HEKS/EPER եւ գերմանական Brot für die Welt բարեգործական հիմնադրամներու աջակցութեամբ իրականացուող «Հակամարտութիւններու լուսաբանում լրագրողներու գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ամրապնդում» ծրագրի ծիրին մէջ:

Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունուար 29:

Երեւանն Ու Թեհրանը Հռչակուած Են Քոյր Քաղաքներ. Հրաչեայ Սարգսեանը Ալիրեզայ Զաքանը Հրաւիրած Է Հայաստան

Պաշտօնական այցելութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մայրաքաղաք այցելած Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան հանդիպած է Թեհրանի գործընկերոջ` Ալիրեզայ Զաքանի հետ:

Այս մասին յայտնեցին Երեւանի քաղաքապետարանէն, ընդլայնուած կազմով հանդիպման մասնակցած են նաեւ Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Գալճեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Ներսիսեանը եւ «Լոյս» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեանը: Ընդգծելով երկու մայրաքաղաքներու միջեւ հաստատուող գործակցութեան կարեւորութիւնը` Հրաչեայ Սարգսեան եւ Ալիրեզայ Զաքանի նկատած են, որ յարաբերութիւններու ներուժը զարգացման եւ ընդլայնման մեծ հեռանկար ունի:

Պաշտօնական ձեւաչափով հանդիպման յաջորդած է Երեւանն ու Թեհրանը քոյր քաղաքներ հռչակելու մասին համաձայնագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հրաչեայ Սարգսեան եւ Ալիրեզայ Զաքանի երկու մայրաքաղաքներու միջեւ ստորագրած են նաեւ աշխատանքային ծրագիր մը, որով կողմերը պարտաւորուած են գործակցութիւն ծաւալել երթեւեկութեան, քաղաքաշինութեան, մշակոյթի, բնապահպանութեան եւ քաղաքային տնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:

Մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին ու ջերմ ընդունելութեան համար` Երեւանի քաղաքապետը Թեհրանի գործընկերը փոխադարձ այցելութեամբ հրաւիրած է Երեւան:

Մահացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Բարերար Հայկ Տիտիզեանը

Մահացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մեծանուն բարերար, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանակիր, «Ասպետ Սուրբ Էջմիածնի» տիտղոսակիր, նուիրեալ հայորդի Հայկ Տիտիզեանը:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական բաժինէն յայտնեցին, որ Հայկ Տիտիզեան` որպէս ազգասէր ու եկեղեցանուէր հայորդի, մեծ նախանձախնդրութեամբ մնայուն կերպով իր զօրակցութիւնը կը դրսեւորէր Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան ու շինութեան ի խնդիր` աջակցելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազգօգուտ, եկեղեցանուէր նախաձեռնութիւններու իրականացման:

Տիտիզեան բարեպաշտ ընտանիքը մեծապէս աջակցած է հայ եկեղեցւոյ բարեսիրական տարբեր ծրագիրներու իրականացման, սատարած` հոգեւորականաց պատրաստութեան ու հայապահպանութեան առաքելութեան, իսկ այս բոլորին խօսուն վկայութիւնը կը հանդիսանայ Սուրբ Էջմիածնի Գարեգին Ա. կաթողիկոսի անուան կրթական կեդրոնի եւ Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի նոր համալիրին կառուցումը:

Հայկ Տիտիզեան տարբեր բարեգործութիւններով  զօրակցած է հայրենիքին` Հայաստանին ու Արցախին: Կարեւոր ներդրում ունեցած է «Քորոնա» համավարակի շրջանին Մայր Աթոռի ընկերային ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ մեծապէս օժանդակած` Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարի նորոգութեան:

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Մէջ 3 Հազար 400 Մարդ Կորսնցուցած Է Աշխատանքը

Արցախի մէջ ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով, նախնական հաշուարկով, առնուազն 3 հազար 400 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը, յայտնեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:

726 տնտեսվարող կառոյցներ (ընդհանուր` 17,7 տոկոսը) շրջափակման պայմաններու մէջ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցին իրենց գործունէութիւնը:

Շրջափակման պատճառով Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը (ներառեալ` շուրջ 30 հազար երեխայ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ կանգնած է նաեւ սովի վտանգին առջեւ:

2022-ին Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Ենթակայութեան 12 Գրադարանները Սպասարկած Են 111 Հազար 687 Ընթերցողի

Նախարարութեան ենթակայութեան 12 գրադարանները ամփոփած են 2022 թուականի արդիւնքները: Ըստ այդմ, 2022 թուականին գրադարանները ունեցած են 111 հազար 687 ընթերցող, 24 հազար 10` ելեկտրոնային շտեմարաններէն օգտուող, սպասարկուած միաւորներու թիւը կազմած է 3 միլիոն 70 հազար 42 միաւոր, 82 հազար 530` գիրքերու համալրում, 2310` հրատարակուած գիրքեր, հրապարակուած էջերու քանակ` 1 միլիոն 670 հազար 826: Իսկ «Հայ գիրք» եւ «Հայ պարբերական մամուլ» շտեմարաններուն մէջ հրապարակուած էջերու քանակը կազմած է 12 միլիոն 195 հազար 435 էջ:

Նախորդ տարի Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ առաւել մեծ պահանջարկ ունեցած են հայ ժամանակակից հեղինակներէն` Սիւնէ Սեւադան, Նարինէ Աբգարեանը, Մելիք Յակոբեանը, Աշոտ Աղաբաբեանը: Արտասահմանեան գրողներէն 2022 թուականին առաջատար եղած են` Խալետ Հոսէյնին եւ Ակաթա Քրիսթին: Ընթերցողներուն մէջ գերակշռող խումբը եղած են 19-25 տարեկանները:

Հայաստանի Ազգային գրադարանը հրապարակած է նաեւ «Հայաստանի գրադարանները 2021 թուականին» աշխատանքներու վիճակագրական վերլուծութիւն ձեռնարկը:

Վերլուծական տուեալներուն մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի Ազգային, «Խնկօ Ապոր» անուան ազգային մանկական, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարար, գիտատեխնիկական եւ գիտաբժշկական գրադարաններու տարեկան ամփոփ տուեալները: Գիրքին մէջ ընդգրկուած են 10 մարզային գրադարաններու, ինչպէս նաեւ Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու 23 գրադարաններու տուեալները: Գրադարաններու վիճակագրական ամփոփ տուեալներու մէջ առանձնաբար ներկայացուած են հանրապետութեան համալսարանական գրադարանները, ինչպէս նաեւ` Արցախի Հանրապետութեան տարածքին գործող գրադարանները:

Այս հրատարակութիւնը օգնութիւն է գրադարաններուն, լրագրողներուն, տեղեկատուական-վերլուծական հաստատութիւններուն` Հայաստանի տարածքին գործող գրադարաններու գործունէութեան մասին վիճակագրական տեղեկութիւններ ստանալու համար:

Գիրքը կազմած եւ աղիւսակները համադրած է Լիլիթ Մուրատեանը:

Համաձայն գիրքին մէջ զետեղուած հաշուետուութիւններուն, Հայաստանի մէջ 2021 թուականին գործած է հանրային բնոյթի 651 գրադարան, որմէ` 10 մարզային,  117 քաղաքային, 502 գիւղական, 22 մանկական:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մադաթովի Բարեկարգումները Եւ Կարգ Ու Կանոնի Հաստատում

Յաջորդը

Փունջ Մը Լուսաւորող Ժպիտ Մասիս Արարատեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունուար 18, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունուար 11, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունուար 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In