Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Յունուար 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արցախի մէջ 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար կը մղեն զերոյէն ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, առանց ջերմութեան, սնունդի եւ դեղորայքի` բնապահպաններ ձեւացող էքօ-ահաբեկիչներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն Ազրպէյճան պիտի չխուսափի մարդկային իրաւունքներու կապուած լուրջ խախտումներէն` առանց բարձր գին վճարելու:

Ազրպէյճան ծաղրի առարկայ դարձած է ամբողջ աշխարհին առջեւ: Գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները, բացի Էրտողանի բռնապետութենէն, դատապարտած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի անմարդկային շրջափակումը:

Միջազգային կազմակերպութիւնները, օրինակ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Եւրոպական խորհրդարանը, Եւրոպայի խորհուրդը, Եւրոպական միութիւնը եւ Մարդկային  իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, քննադատած են Ազրպէյճանի կառավարութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը շրջափակելուն համար:

Աշխարհի հազարաւոր թերթեր եւ հեռատեսիլային ընկերութիւններ խիստ յարձակման  ենթարկած են Ազրպէյճանը:

Քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ, յայտնի անձնաւորութիւններ եւ խորհրդարաններ կոչ ըրած են Ազրպէյճանին` անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը:

Այսպիսով, միլիառաւոր այն տոլարները, զորս Ազրպէյճան իբրեւ կաշառք վճարած է Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, որպէսզի ստանայ դրական գնահատանք, վատնուած է:

Միջազգային իրաւունքի անթիւ խախտումներէ ետք բոլորը տեղեկացած են Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգի մասին:

Այսուհետեւ, ոչ մէկ երկիր պիտի յորդորէ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ` հաշուի առնելով վերջինիս ցեղասպանական գործողութիւնները: Բացի ժողովուրդին բացայայտ սպանութենէն` ՄԱԿ ցեղասպանութիւնը կը սահմանէ նաեւ իբրեւ «կենսապայմաններու միտումնաւոր ստեղծում խումբի մը` անոր ֆիզիքական ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման համար»:

Որեւէ հակամարտութեան մը երկու կողմերը պէտք է որ ձգտին խաղաղութեան: Երբ Ազրպէյճան վճռած է կործանել Արցախն ու Հայաստանը, ինչպէ՞ս կրնայ մէկը ակնկալել խաղաղ համակեցութիւն այսպիսի մարդասպան դրացիի մը հետ:

Նախագահ Ալիեւ վարկաբեկեց իր իսկ պնդումը, որ արցախահայերը կրնան երջանիկ ապրիլ ազրպէյճանական իշխանութեան տակ, ինչպէս` Ազրպէյճանի միւս բոլոր քաղաքացիները: Քանի որ ազրպէյճանցիները իրենք իսկ զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն, ինչպէ՞ս կրնայ արցախահայութիւնը օգտուիլ որեւէ իրաւունքէ: Արցախահայերուն համար անկարելի է ապրիլ Ազրպէյճանի մէջ, որուն իշխանութիւնը սովի կը մատնէ իր «ապագայ» քաղաքացիները:

Ալիեւ չի թաքցներ իր նենգ մտադրութիւնը: Ան պարբերաբար հայատեաց յայտարարութիւններ կ՛ընէ` պնդելով, որ Արցախէն բացի` ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատմական Ազրպէյճան է: Ի հարկէ ասիկա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, քանի որ Հայաստան գոյութիւն ունի հազարաւոր տարիներէ ի վեր, իսկ Ազրպէյճան հազիւ հարիւր տարեկանը անց պետութիւն է:

Ազրպէյճանցի կեղծ բնապահպանները երբեք չեն բողոքած սեփական երկրի մէջ օդի խիստ ապականութեան դէմ: Անոնք նաեւ անտեսեցին ազրպէյճանական զինուժին կողմէ միջազգայնօրէն արգիլուած սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ. բան մը, որ Արցախի մէջ ոչնչացուց անտառներ, մարդիկ եւ այլ արարածներ:

Այսպէս կոչուած` ազրպէյճանցի ցուցարարներէն շատեր, որոնք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը, ազրպէյճանցի զինուորականներ են: Ոչ մէկ ազրպէյճանցի իրաւունք ունի մուտք գործելու Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ` առանց Ազրպէյճանի կառավարութեան թոյլտուութեան: Յատկապէս ծիծաղելի է ազրպէյճանցի կին ցուցարարը, որ ջրաքիսի վերարկու հագած` կը ներկայանար իբրեւ բնապահպան…

Միեւնոյն ժամանակ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէր հերքել, որ ազրպէյճանցիները շրջափակած են Լաչինի միջանցքը` ցուցադրելով տեսագրութիւնները Միջազգային կարմիր խաչի քանի մը մեքենաներու եւ ռուս խաղաղապահներու բեռնատարներու, որոնք կ՛անցնին միջանցքով: Պաշարներու այն փոքր քանակութիւնը, որ կը թոյլատրուի բերել Արցախ, չնչին տոկոսը կը կազմէ նախապէս Հայաստանէն Արցախ օրական դրութեամբ առաքուող 400 թոն կշռող պաշարներուն բաղդատած:

Արցախի անփորձ ղեկավարները թոյլ տուին աններելի սխալներ` վնասելով իրենց սեփական շահերուն: Արցախի կառավարութիւնը անխոհեմ որոշում կայացուց փակելով իր հանքերը` ի պատասխան զանոնք ստուգելու ազրպէյճանական պահանջներուն: Այսպիսով, Արցախի կառավարութիւնը զրկուեցաւ այս հանքերէն ստացած հարկային մեծ եկամուտներէն եւ արցախցի հարիւրաւոր հանքագործները ձգեց առանց աշխատանքի ու եկամուտներու: Աւելի՛ն.  փոխանակ Ազրպէյճանին ըսելու, որ իրենք գործ չունին Արցախի հանքերուն հետ, Արցախի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ թոյլ կու տայ միջազգային տեսուչներուն` գալ եւ ստուգել հանքերը:

Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը թոյլ տուած միւս սխալը անոր այն յայտարարութիւնն էր, որ հայ աւազակները դրամ կը շահին` օգտագործելով Լաչինի միջանցքը շրջանցող կողմնակի ճամբաները` մաքսանենգութեամբ մարդիկ եւ ապրանքներ տեղափոխելու համար Արցախ եւ հոնկէ դուրս բերելու համար: Այս անտեղի յայտարարութիւնը անմիջապէս տարածուեցաւ ազրպէյճանական լրատուական միջոցներով, որոնք հրապարակեցին Արցախ հասնելու այլընտրանքային երթուղիին քարտէսը` սպառնալով ռմբակոծել այդ ճամբան եւ աշխարհին ըսելով, թէ Արցախի շրջափակում չկայ:

Բացի Ազրպէյճանէն` Լաչինի միջանցքի շրջափակման համար մեղաւոր է նաեւ Ռուսիան, քանի որ պատասխանատուն ի՛նքն է միջանցքը բաց պահելու` ըստ 2020-ի պատերազմի աւարտին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ստորագրած համաձայնագիրին: Ռուս խաղաղապահները պէտք չէր թոյլ տային, որ ազրպէյճանական խուժանը հասնէր միջանցք, ո՜ւր մնաց, որ փակէր զայն: Աւելի՛ն. 120 հազար արցախահայերը դանդաղ սովամահ ըլլալու փոխարէն` պէտք էր որ բռնի ուժով հեռացնէին ազրպէյճանական ամբոխը եւ բանային միջանցքը:

Շրջափակման պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի Հայաստանի իշխանութիւնը: Արցախի ղեկավարներուն ըսելով այն, որ իրենց վէճը լուծելու համար թող ուղղակիօրէն գործ ունենան Ազրպէյճանի հետ, Հայաստանի ղեկավարները լուացած են իրենց ձեռքերը Արցախէն` ազրպէյճանական հզօր թշնամին դիմակայելու մէջ Արցախը ձգելով բոլորովին առանձին, թէեւ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ ինքն է Արցախի ապահովութեան երաշխաւորը:

Ի վերջոյ, սփիւռքահայ համայնքները խաղաղ ցոյցեր ընելու փոխարէն` պէտք է շրջապատեն Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւններն ու դեսպանատուները ամբողջ աշխարհի տարածքին` թոյլ չտալով ազրպէյճանցիներուն, որ ելեւմուտք ունենան այդ շէնքերը, ինչպէս որ իրենք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Եռամիասնութի՜ւն…

Յաջորդը

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In