Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռամիասնութի՜ւն…

Յունուար 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Հաստատում (խտացուած)

Սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու,  բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ  իրականութիւն մըն է: Իր անչափելի կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի հսկայ աղբիւր` կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժականութիւնը` գործնապէս նպաստելու ինքզինքին, Հայաստանին,  ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրացման պայքարին…

Սակայն մտքերու մէջ անհրաժեշտ է նախ ամրագրել, որ`

Ա) Հայաստանն ու հայրենիքի գաղափարներն են սփիւռքի տեւելիութեան երաշխիքը,

Բ) Սփիւռքի ցրուածութիւնը գէթ գիտակցական մակարդակի վրայ  համախմբելու խնդիրը մտային փնտռտուքի մե՜ծ, մնայո՜ւն ու մասնագիտական ճիգ կը պահանջէ…

Ներկայի պատկեր

Օտար դիւանագէտ ու քաղաքական գործիչ Շեւարտնածէ ժամանակ մը առաջ  յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան քարիւղ ունի, Հայաստան` սփիւռք, իսկ մենք (Վրաստան) զրկուած ենք այդ «մեծ բարիքներէն»... Իսկ սփիւռքի օրուան նախարար Հրանոյշ Յակոբեան դիպուկ յաւելում մը կատարած էր.  «Քարիւղը կը սպառի, իսկ մարդուժը կ՛աւելնայ…»:

Սփիւռքը` իբրեւ մեծ չարիքէ յառաջացած իրականութիւն, կարելի է օտար դիւանագէտի  բանաձեւած «մեծ բարիք»-ի վերածել:

Սա ճշմարտութիւն է, անվիճելի՛…

Օտար դիւանագէտին բանաձեւած ճշմարտութեան գիտակցութիւնը ազգովին չունէի՞նք, չունի՞նք:

Ունէինք նախապէս, ունինք նաեւ հիմա: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի վերանկախացման օրերէն հայ ժողովուրդի ամբողջ ներուժը համախմբելու եւ կենսաւորելու առաջադրանքով ու իբրեւ իրագործելի քաղաքական մեծ նպատակ հրապարակ նետուեցաւ հմայիչ կարգախօսը` «ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻ՜ՒՆ», որուն իրականացումը մեզի պիտի ապահովէր` բարգաւաճում, սփիւռքի եւ հայրենի հայութեան կարողականութեան լիարժէք կենսագործում, հայրենիքի մէջ ժողովրդավար պետականութեան  ամրապնդում եւ, վերջապէս, ազգային իղձերու իրականացման ճամբան պիտի հարթէր եւ այլն, եւ այլն:

Այսօր, երեսուն տարի ետք ի՞նչ կը վկայենք: Ո՛չ միայն չէ իրականացած  եռամիասնութիւնը, ո՛չ միայն աւելիով խախտած է իրարու հանդէպ վստահութիւնը, ո՛չ միայն անյուսօրէն տկարացած ենք ազգովին,  այլ նաեւ  ինկած ենք պառակտումի տիղմին մէջ, որմէ ելքը տեսանելի չէ տակաւին: Բռնած ենք ուղի մը, որ մեզ առաւել եւս կը հեռացնէ  եռամիասնութեան նպատակէն: Ահաւոր ու աններելի յանցանքներով զիրար կ՛ամբաստանեն  Հայաստանի քաղաքական ղեկավար այրերը: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը «դաւաճանութեամբ» կ՛ամբաստանէ իշխանութիւնը, որ իր կարգին «հինգերորդ շարասիւն» եւ պետական հիմքերուն դաւադրող շարժում կը համարէ  ընդդիմադրութիւնը, իսկ արտախորհրդարանական բաժան-բաժան խմբաւորումներն ալ դէմ են թէ՛ ընդդիմութեան, թէ՛ իշխանութեան…

Մռայլ ու յուսալքիչ  պատկեր, զոր կը պարզէ մեր հայրենիքը, եւ որ կը շարունակուի ժամանակէ մը  ի վեր, յատկապէս` մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստի պատճառ դարձած 44-օրեայ անիծեալ պարտութենէն ետք: Բոլորս դարձած ենք պառակտումի կողմ: Ցարդ գտնուեցաւ ոչ մէկ հեղինակութիւն, որ կողմերէն  վեր` «կո՛ղմ» ըլլար եռամիասնութեան, եւ գէթ փորձ մը կատարէր կողմերը կամրջելու, որպէսզի համահայկական ներուժով դիմագրաւուին պարտութեան արհաւիրքն ու անոր հետեւելիք տեսանելի վտանգները: Ահա մեր «եռամիասնութեան» խայտաբղէտ պատկերը երեսուն տարի վերջ…

Եւ այս մռայլ խորապատկերին վրայ` շուար ու կամակոր (կամքը կորսնցուցած) եւ գրեթէ զինաթափ սփիւռքը:

Անշուշտ պիտի խոստովանինք, որ սփիւռքի կամակորութիւնը նոր չէ: Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր սփիւռքը կորսնցուցած է իր քաղաքական ջիղը, որ կենսագործ ու մղիչ ուժն է բոլոր տեսակի աշխուժութիւններուն: Պարտութենէն եւ տխրահռչակ նոյեմբեր 9-էն ետք աւելի՛ կամազուրկ եւ գրեթէ ուժաքամ  եղած է սփիւռքը: Ըստ մտաւորական  ընկերոջ մը, մեր որդեգրած հայաստանակեդրոնութիւնն էր պատճառը, որ  սփիւռքը  ինքզինք լքէ… Չեմ գիտեր, թէ որքան  իրաւացի է ընկերս, բայց կ՛ենթադրեմ, թէ Հայաստանի վերանկախացման սկիզբէն, բացայայտ թէ քողարկուած ձեւերով, սփիւռքի ղեկավարման տէրը դառնալու խնդիրը  սակարկութիւններու ենթակայ դարձաւ Հայաստանի ղեկավար  տարրին կողմէ` ներքին քաղաքական խմորումներու եւ  հաշիւներու մէջ:  Սփիւռքեան կառոյցներու ենթակայութիւնը ապահովելու համար որդեգրուած ոճն էր, հայրենի կառավարութեան,  կառավարման ձեւին ու բովանդակութեան  նկատմամբ այդ կառոյցները մշտատեւ ուղղորդելու եւ զանոնք  հսկողութեան տակ պահելու գործադրուած մեթոտն էր  պատճառը, որ ամլանալու աստիճան ցամքի սփիւռքի քաղաքական ջիղը: Կը կարծեմ, թէ «հայաստանակեդրոն»-ութիւնը չէր սխալը այնքան, որքան`  սփիւռքի կառավարելիութիւնը սակարկելու մեթոտաբանութիւնը…

Ուրե՞մն

Յաճախ կ՛առարկուի, որ սփիւռքը չունի ներկայացուցչական  մարմին մը, որ ըստ պարագայի որոշումներ կայացնէ ու հանդէս գայ յանուն սփիւռքի: Անհրաժեշտ կը համարուի նման մարմինի մը յառաջացումը` առանց յստակացնելու, նոյնիսկ թեթեւակի պատկերացումով, թէ ի՛նչ բովանդակութեամբ որոշումներ կայացնելու իրաւունք պիտի վերապահէ ինքզինքին, եւ կամ` խօսքը ո՛ր ատեաններու մասին է, որոնց դիմաց հանդէս պիտի գայ  ան եւ  յանուն ի՞նչ նպատակի եւ իրաւական ո՞ր հանգամանքով…

Նորութիւն չէ, եթէ ըսուի, որ սփիւռքը ամբողջութիւն մըն է, բայց միա՛յն, կրկնենք, միա՛յն ու միա՛յն գիտակցական մակարդակի վրայ, իսկ խորքին մէջ տարբեր երկիրներու մէջ տեղաբաշխուած եւ տարբեր ու ինքնավար միաւորներու իրականութիւն մըն է ան, տուեալ երկիրներու օրէնքին ենթակայ, տարբեր կարելիութիւններով ու դժուարութիւններով: Ամէն միաւոր ի՛նք պիտի դիմագրաւէ իր դժուարութիւնները եւ ի՛նք պիտի արժեւորէ իր կարելիութիւնները: Նոյնիսկ եթէ պահ մը երեւակայենք, թէ Ռուսիայէն Ամերիկա եւ այլուր տեղաբաշխուած սփիւռքի հայագաղութները միաձոյլ ամբողջութիւն են, եւ գործնապէս ալ յաջողինք սփիւռքի ներկայացուցչական մարմին յառաջացնել, անտեսենք նաեւ անոր իրաւական հանգամանքի պարագան, ի՞նչ կ՛ունենանք. պարզապէս կառավարման կամ որոշումներ կայացնող նոր կեդրոն-կոտորակ մը` արդէն իսկ կոտորակուած հայ ազգի տխուր  ճակատագրին վրայ: Կարծէք չի բաւեր Արեւելեան-Արեւմտեան Հայաստան, հայրենիք-սփիւռք, եւ սփիւռքը` իր կարգին բազմաշերտ, երկու պետութիւն, երկու կաթողիկոսութիւն, արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն, երկու ուղղագրութիւն  եւ այլ կոտորակուածութիւնը: Ապա եթէ նման ներկայացուցչութիւններ անջատաբար շարունակուի՞ն` դասական սփիւռքի, հայրենաթող հայերէ բաղկացած սփիւռքի ներկայացուցչութիւն, ռուսական սփիւռքի եւ, եւ, եւ…

Նման մարմին(ներ)ի  ստեղծման գաղափարը հականիշն է ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ  կարգախօսի նպատակին:

Ի՞նչ  Ընել

Նախ զօրաշարժի ենթարկենք  գիտակից  միտքը:  Անդրադառնանք, թէ որքան ալ անզսպելի ու  արդար` ատելութիւնն ու կիրքը օգտակար խորհրդատու չեն եղած երբեք ու չեն: Որքան խորը ատենք, այնքան աւելի կը կրքոտինք, կը բորբոքինք ու կ՛իյնանք անյուսութեան գիրկը:  Արհաւիրքը, որուն մէջ ազգովին ինկած ենք, հրամայական կը դարձնէ կացութեան իսկական ծանրութիւնը կշռել ազգովի՛ն, դիմագրաւել ազգովի՛ն` ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱ՛ՄԲ: Այդ պարագային միայն թերեւս  կարելի  կ՛ըլլայ  գէթ մեղմացնել մղձաւանջային ներկայ կացութիւնը եւ ժամանակ շահիլ: Հայկական իրականութեան մէջ գործող ոչ մէկ ուժ ի վիճակի է առանձինն կամ մասնակի դաշինքներով  իր ուսերուն վերցնել արհաւիրքին ծանրութիւնը…

Ուրեմն պիտի կառչինք Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակի յաջողած փորձին, որով կարելի եղաւ զօրաշարժել ողջ հայութիւնը: Յառաջացնել համահայկական մարմին կամ խորհուրդ մը (համախոհութեամբ , ո՛չ նշանակովի եւ տեսադաշտ ունենալով սփիւռքի ողջ տարածքը), որուն պայմանական կերպով եւ ի պաշտօնէ մաս պիտի կազմեն Հայաստանի նախագահը, հայ եկեղեցին ներկայացնող երկու կաթողիկոսները` միւս անդամներու հաւասար իրաւունքով: Այս մարմինը  կամ խորհուրդը քաղաքական հանգամանքէ ու փառասիրութիւններէ զերծ` պիտի դառնայ երաշխիքը եւ խորհրդանիշը եռամիասնութեան: Նպատա՞կը. կենսագործել գիտական, արհեստագիտական, դիւանագիտական թէ նիւթական ողջ ներուժը հայութեան` կարենալ զսպիչ ուժի վերածելու համար Հայաստանը` տարածաշրջանին  մէջ: Աշխարհագրական ու հարեւանութեան այն միջավայրը, որուն մէջ կը գտնուի մեր հայրենիքը, պարտադրական կը դարձնէ, որ իր վերապրումին համար իսկ Հայաստան վերածուի զսպիչ ուժի: Սա` իբրեւ գլխաւոր նպատակ:

Միամիտ չենք կարծելու, թէ նման գաղափար մը կը ժողովրդականանայ կամ կ՛իրականանայ պարզ յօդուածագրութեամբ, յորդորներով կամ բարոյախօսութեամբ: Կը պատկերացնենք նաեւ գործնական դժուարութիւնները, թէ ի՞նչ մեքենականութեամբ պիտի յառաջանայ այդ մարմինը, ի՞նչ հետագծով ու բարեմասնութեամբ մարդիկ անոր անդամակցելու թեկնածու պիտի նկատուին եւ այլն, եւ այլն: Կարեւոր ու հիմնական մանրամասնութիւններ, որոնք սակայն կարելի է յստակացնել, անշուշտ եթէ ուժերը հաւաքագրելու, համախմբելու-համախմբուելու քաղաքական կամք ու համոզում գոյանան…

Յետ գրութիւն

Սփիւռքին սպառնացող մեծագոյն վտանգը նորահաս սերունդներու ազգային ինքնութեան կորուստն է: Առաջին ու գլխաւոր զոհը լեզուն է, որ բանալին է ազգային մշակոյթին, կռուանը` լեզուամտածողութեան  եւ ինքնութեան կազմաւորման… Այս տեսակէտով, ընկերային ցանցերը օրհնութիւն են «համաշխարհայնացած» մեր ազգին համար այն պարագային, որ հայագաղութները կազմակերպուին, օգտուին անոր ընձեռած բարիքներէն ու կազմակերպուած աշխատանք ծաւալեն:

Մեր գերխնդիրը սերունդին  հայակերտումի աշխատանքն է, զայն ազգային ինքնութեամբ կազմաւորելու հսկայ գործը եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր գրեթէ զրկուած ենք հայերէնի նեցուկէն, ազգային մշակոյթի կենարար սնունդէն, հայրենի հողի աւիշէն ու համախումբ կեանքի բարիքէն: Կը նշանակէ, որ կեանքի չափ կարեւոր մեր դպրոցները ըստ հնարաւորի բազմացնելու եւ որակաւորելու ջանքեր գործադրելու  կողքին, եւ ճակատագրի «պարտադրանք»-ով` «հայոց լեզու»-ի այնքան հիմնական կռուանը այլ ազդակով փոխարինելու  լրջագոյն խնդիր ունինք սփիւռքի մէջ, յատկապէս (եւ ոչ միայն)` նախկին Խորհրդային Միութեան, ամերիկեան եւ եւրոպական երկիրներու պարագային…

 

 

 

Աթէնք, 18 դեկտեմբեր  2022

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յոյսի Ու Յուսախաբութեան Միջեւ

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In