ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Միլիոն ոսկի ունի գրպանն,
Թադէոս կ՛իջնէ շուկայ շտապ,
Պիտի գնէ ինչ որ կ՛ուզէ`
Միս ու պանիր, բանջարեղէն,
Նախ եւ առաջ կը հանդիպի
Նախասիրած մսագործին:
Միսերն կախուած թարմ կը ժպտան
Մեր Թադէոսին, որ շուարած,
Կը տատամսի գնելու շատ թանկ
Այդ միսերը ու յուսախաբ
Ձեռքերն պարապ կ՛ուղղուի գնելու
Կանանչեղէն, վարունգ ու սոխ:
Սուղ գիներն իրեն կը ստիպեն
Ամչնալով դիտել հեռուէն:
Ուրեմն կ՛ըսէ որպէս աղքատ
Երթամ, գնեմ պանիր ու հաց,
Փաթթեմ, ուտեմ ու կշտացնեմ
Ստամոքսս այս իմ շատ նեղ:
Մօտ անցեալին աղքատն կ՛ուտէր
Սոխ ու պանիր, ոչ մսեղէն
Կշտանալու համար երբեմն
Սակայն այսօր այդ ալ ուշ էր:
Թադէոսը կ՛ուղղուի տխուր, անյագ,
Հետեւելով իր տան ճամբան
Նոյնիսկ աղքատ ան չկրցաւ
Կոչուիլ, ուտել պանիր ու հաց:
Լիբանան
14/3/2023