Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

March 24, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1907-ին: Երէց զաւակը` Եփրատ քոլեճի նահատակ փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ` Թիւֆենքճեան) Պուճիքանեաններուն: Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութեան տարիները` աշակերտած է Եփրատ քոլեճի նախակրթարանին, ապա` Մեզիրէի ամերիկեան եւ գերմանական վարժարաններուն:

1 ապրիլ 1915-ին` Եփրատ քոլեճի արձակուրդի օրը, ընտանեօք կառքով Մեզիրէ երթալու պատրաստութեան պահուն, 4 բանակայիններով շրջապատուած Թլկատինցին տան վարէն կը կանչէ. «Փրոֆեսէօ՛ր, իջէ՛ք, ոստիկանատուն պիտի երթանք պարզ ստուգումներու համար»: Յովհաննէս Պուճիքանեան վար կ՛իջնէ եւ կը միանայ Թլկատինցիին: Երկու մտաւորականները կը տարուին բանտ ու կը միանան միւս հայ նահատակներուն: Կը նահատակուին նաեւ Պուճիքանեան գերդաստանէն չորս այլ անդամներ:

1922-ին, Արմէնին հօրեղբօր` գերմանական քոլէճի փրոֆեսէօր Մարտիրոս Պուճիքանեանի հովանաւորութեամբ, Պուճիքանեան գերդաստանը կը փոխադրուի Լիբանան ու կը հաստատուի Անթիլիաս: Արմէնին մայրը` Մարիձա, կը յաջողի հետը տանիլ Եփրատ քոլեճի մէջ ամուսնոյն դասաւանդած (Humanities) ամբողջական գրութիւնները, որոնք 1974-ին կը հրատարակուին Պէյրութի մէջ: Մարիձա կը մահանայ Լիբանանի մէջ, 1943-ին: Պատանի Արմէնը կը ստիպուի գործի ասպարէզը նետուիլ` մասամբ թեթեւցնելու համար մօրը ուսին ծանրացած բեռը, սակայն նաեւ ինքնազարգացումով կը հետեւի գիտական անձնական դասերու:

1924-1927 Արմէն կ՛աշխատի Ալթունեան դեղարանին մէջ, ապա կը յաջողի մտնել Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դեղարանը` իբրեւ օգնական դեղագործ, նոյն ատեն դեղագործական ուսանողներու գործնական դեղաշինութեան առաջնորդը կ՛ըլլայ: 1934-1948 կ՛աշխատի Լեռնալիբանանի զանազան դեղարաններու մէջ` իբրեւ դեղագործ:

1941-ին կ՛ամուսնանայ Դամասկոս հաստատուած խարբերդցի վկայեալ մանկավարժ եւ օգնական հիւանդապահուհի Աստղիկ Գարաճեանի հետ: Անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով` Անի եւ Ատոմ:

1949-ին Արմէն  ընտանեօք կը հաստատուի Պէյրութ, որպէսզի զաւակները յաճախեն ազգային վարժարան:

Այդ տարիներուն Արմէն եւ կրտսեր եղբայրը` Պէյրութի Faculté française de pharmacie-էն վկայեալ դեղագործ Գարեգին, կը բանան իրենց սեփական դեղարանը (Pharmacie Centrale, Immeuble Lazarieh), որ կը դառնայ լիբանանեան առողջապահութեան նախարարութենէն պաշտօնական արտօնագիր ստացած դեղաշինական հաստատութիւն մը:

Դեղարանը նաեւ ունեցաւ իր բժշկական ակնոցավաճառը` յանձինս Ժոզեֆ Իշխանեանի, որ նաեւ Պէյրութի բեմերուն վրայ անուանի կիթառիստ եղած է:

Այս հաստատութիւնը կը գործէ մինչեւ 25 դեկտեմբեր 1975, երբ կը կողոպտուի եւ հրոյ ճարակ կը դառնայ Լիբանանի մէջ քանի մը ամիս առաջ պայթած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:

Դեղարան Պուճիքանեանը եղած է ազգային, մշակութային եւ երաժշտական հարցերով մտահոգ հայորդիներու մէկ հաւաքավայրը: Ամէն իրիկուն, իրենց «տան ճամբուն վրայ» բարեկամներ, պաշտօնակիցներ եւ երաժշտասէրներ հոն կանգ առնելով` արծարծած են ազգային, մշակութային, գաղափարական ու քաղաքական հարցեր:

Դեղարան Պուճիքանեանը «հաւաքատեղի» մըն էր: Ասոր հետ մէկտեղ, առանց դաւանանքի, համոզումի ու գաղափարի խտրութեան, հայ գաղութի մշակութային ձեռնարկներուն որմազդները կարելի էր տեսնել դեղարանին ծաւալուն ցուցափեղկին վրայ:

1974-ին Արմէն կը կորսնցնէ սիրելի գործընկեր եղբայրը` Գարեգինը: Հոգեկան ամուր կորովով տոգորուած` դեղաշինութեամբ կը զբաղի իր բնակարանին մէջ` մինչեւ 89 տարիքը:

Արմէն տան մէջ իյնալով` կը վիրաւորէ ողնաշարը եւ կը դառնայ մասնակի անդամալոյծ: Տարիներ շարունակ վայելած է հոգածութիւնը իր դեղագործուհի եւ ընկերային ծառայող աղջկան` Անիին:

Արմէն ունեցած է եկեղեցական, կրթական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն: Եղած է Պէյրութի աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ խնամակալութեան եւ Կրթասիրացի, ՀԲԸՄ-ի վեթերան եւ Խարբերդի եւ Չնքուշի հայրենակցական միութեան անդամ: Եղած է ազգասէր անձնաւորութիւն մը եւ վայելած է իր շրջապատին յարգանքը:

Արմէն Պուճիքանեան իր հօրը ձերբակալութեան եւ նահատակութեան  ողբերգութիւնը գրի առած ու հրատարակած է` «Անոր ռումբը իր գլխուն մէջն է» խորագրին տակ, 1974-ին` իր հօր ծննդեան 100-ամեակին տարին:

Մահացած է 2001-ին:

Մոնրէալ,  25 փետրուար  2023

Աղբիւրներ

1.- «Հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին» (Յաւելուած), «Բժիշկին Զ. խօսքը», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:

2.- Պուճիքանեան Ատոմ, «Անձնական տեղեկութիւններ», Մոնրէալ, 2018:

 

Նախորդը

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Յաջորդը

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.