Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահպանել Յունահայ Գաղութի Պատմական Հարուստ Շտեմարանը

Մարտ 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շա­բաթ, 25 ­Մար­տին, յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագրուե­ցաւ կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դարձ մը։ 100 տա­րի ա­ռաջ, 25 ­Մարտ 1923-ին լոյս տե­սած «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թի ա­ռա­ջին թի­ւին հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­մա­կան օրն էր, որ յատ­կան­շեց յու­նա­հայ մա­մու­լի նոր դա­րաշրջա­նի մը բա­ցու­մը, մա­նա­ւանդ երբ հսկա­յա­կան զան­գո­ւած­նե­րը ­Փոքր Ա­սիա­յէն հա­զիւ ա­պաս­տան գտած էին ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ ա­փե­րը։

­Թեր­թը հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն էր՝ տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը ի մի բե­րե­լու եւ աս­տի­ճա­նա­բար գաղ­թա­կա­նու­թեան ցիր ու ցան բե­կոր­նե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը վե­րա­ծե­լու նպա­տա­կին հա­մար։ «­Նոր Օր»-ը շատ ա­րագ գտաւ լայն ըն­դու­նե­լու­թիւն՝ ոչ միայն Ա­թէն­քի ու շրջա­կայ տա­րածք­նե­րը հաս­տա­տո­ւած հա­յու­թեան մէջ, այ­լեւ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քէն ներս, ուր հա­յու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւոր կամ մնա­յուն կայք հաս­տա­տած էր։ ­Թեր­թը դար­ձաւ ի­րար կա­պող, ի­րար ամ­բող­ջաց­նող այն մի­ջո­ցը, ո­րուն մէ­ջէն յու­նա­հայ գա­ղու­թը ստա­ցաւ իր ու­րոյն դի­մա­գի­ծը եւ հա­ւա­քա­կան կազ­մա­կերպ պատ­կե­րը։

Եր­կար գրո­ւած է «­Նոր Օր»-ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն, աշ­խա­տող­նե­րուն, ա­նոր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րած դաշ­նակ­ցա­կան մար­մին­նե­րուն եւ գոր­ծիչ­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տան­քը նաեւ «Ազատ Օր»-ի կազ­մէն ներս, եւ «­Նոր Օր»-ի ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնն ու կշի­ռը սրսկե­ցին 1945-էն սկսեալ հրա­տա­րա­կո­ւող «Ա­զատ Օր»-ին մէջ եւս, մեր թեր­թը ար­ժա­նի յա­ջոր­դը դարձ­նե­լով հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նէն ներս։

«­Նոր Օր»-ը յու­նա­հայ գա­ղու­թի վեր­ջին 100 տա­րո­ւան պատ­մու­թեան մէջ ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին պատ­մա­կան վկա­յա­խօ­սը կը հան­դի­սա­նայ։ Իր հրա­տա­րա­կու­թեան 18 տա­րի­նե­րը ու­րիշ բան չեն ե­թէ ոչ՝ Ս­փիւռ­քի կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քին յու­նա­հայ պատ­կե­րին ամ­բող­ջաց­ման հա­րա­զատ աղ­բիւ­րը, սփիւռ­քա­հայ նոր կեան­քի պատ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ըն­կե­րա­յին զար­գա­ցում­նե­րու հա­յե­լին, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան խօսքն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ մար­դուն մէջ մարմ­նացնե­լու ու ար­մա­տա­ւո­րե­լու բե­մը, նոյ­նիսկ խորհրդայ­նա­ցած հայ­րե­նի­քի վառ ապ­րում­նե­րը պա­հող պեր­ճա­խօս վկան։

100 տա­րի ան­ցած է ա­ռա­ջին թի­ւէն, իսկ թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան 18 տա­րո­ւան թի­ւե­րը ար­դէն դեղ­նած ու մա­շու­մի վտան­գին մէջ ին­կած են։ Ու­շադ­րու­թեամբ պէտք է դարձ­նել իւ­րա­քան­չիւր էջ, այ­լեւս ոչն­չա­նա­լու աս­տի­ճա­նին հա­սած ի­րենց տես­քով։ Հ­րա­մա­յա­կան դար­ձած է ա­նոնց թուայ­նա­ցու­մը, որ պի­տի փրկէ պատ­մա­կան հա­րուստ շտե­մա­րա­նը ան­վե­րա­դարձ կո­րուս­տէ։

­Թո­ւայ­նա­ցու­մը ինք­նին մեծ պա­հանջ­ներ ներ­կա­յաց­նող աշ­խա­տանք մըն է։ Սկ­սե­լով յա­տուկ մաս­նա­գի­տա­կան սար­քե­րու ա­պա­հո­վու­մէն մին­չեւ մար­դու­ժի կար­գա­ւո­րումն ու լու­սան­կա­րու­մը, ան­կէ ետք հա­մա­կարգ­չա­յին մաս­նա­ւոր ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով լու­սան­կա­րո­ւած է­ջե­րը մէկ առ մէկ թո­ւայ­նաց­նե­լու, ըն­թեր­նե­լի ու գոր­ծա­ծե­լի վի­ճա­կին բե­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցը, նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր աղ­բիւր­նե­րու կը կա­րօ­տի։

­Հոս կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, թէ ­Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին մի­ջեւ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան շնոր­հիւ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ կա­րե­ւոր ներդ­րում մը լու­սան­կար­չա­կան ու հա­մա­կարգ­չա­յին սար­քե­րու ա­պա­հով­ման եւ լու­սան­կար­ման աշ­խա­տան­քը ի գործ դնե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րով հնա­րա­ւոր կը դառ­նայ թո­ւայ­նաց­նել գա­ղու­թի ար­խի­ւա­յին հարս­տու­թիւ­նը, մա­մու­լը եւ պատ­մա­կան գան­ձա­րա­նը։ Այս ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման ճամ­բուն վրայ, թո­ւայ­նա­ցած նիւ­թե­րը աս­տի­ճա­նա­բար հա­սա­նե­լի պի­տի դառ­նան հա­մա­ցան­ցին մէջ՝ հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն եւ պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րող­նե­րուն հա­մար։ Ու­րախ ենք յայտ­նե­լու, թէ այս աշ­խա­տան­քի ծի­րէն ներս, ար­դէն կա­րո­ղա­ցանք լու­սան­կա­րել «­Նոր Օր»-ի ա­ռա­ջին հա­տո­րը եւ ա­նոր կարգ մը հիւ­ծած է­ջե­րու պա­րու­նա­կու­թիւ­նը փրկել ամ­բող­ջա­կան կո­րուս­տէ։

Աշ­խա­տան­քը եր­կար վազ­քի վրայ պի­տի կա­տա­րո­ւի։ Մ­նա­ցեալ 17 հա­տոր­նե­րու լու­սան­կա­րու­մը կը կա­րօ­տի ժա­մա­նա­կի ու բծախն­դիր գոր­ծի։ Եր­կա­րա­շունչ եւ պա­հանջ­կոտ աշ­խա­տանք մըն է, որ ա­ռանց հա­ւա­քա­կան ներդ­րու­մի, անհ­նար կ­՚ըլ­լայ իր ա­ւար­տին հասց­նել։

Վս­տահ ենք, որ հայ մա­մու­լի հե­տե­ւորդ­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ մեր թեր­թի ըն­թեր­ցող­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ պի­տի ըն­կա­լեն այս հսկայ աշ­խա­տան­քի տա­րո­ղու­թիւնն ու պա­հանջ­նե­րը եւ պի­տի սա­տա­րեն «­Նոր Օր»-ի հրա­մա­յա­կան եւ ան­յե­տաձ­գե­լի թուայ­նաց­ման ծրա­գի­րին։

­Միայն հա­ւա­քա­կան ներդ­րու­մով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ փրկել յու­նա­հայ գա­ղու­թի գան­ձե­րը։ Ա­նոնք սոսկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ չեն, այլ կը հան­դի­սա­նան մեր պատ­մու­թեան ան­չա­փե­լի եւ անգ­նա­հա­տե­լի ժա­ռան­գու­թեան շտե­մա­րա­նը՝ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

«­Ազատ Օր»

Նախորդը

Պասրայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Խաժակ Վարդանեան «Գանձասար» Այցելեց

Յաջորդը

160-Ամեակ «Ազգային Սահմանադրութեան Հայոց»-ի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?