Իր մահկանացուն կնքած է ռամկավար մամուլի յենասիւներէն «Տի Արմինիըն միրըր սփէքթէյթըր» եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերու խմբագիր Երուանդ Ազատեան։ Հասարակական եւ մամուլի գործիչ Ազատեան, իր գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն խմբագրած է «Զարթօնք սփոր»ն ու Գահիրէի «Արեւ»ը։ Հեղինակ է ագզային, մշակութային եւ հասարակական կեանքի նուիրուած տասնեակ հատորներու։
«Ազդակ» կը ցաւակցի «Պայքար»ի եւ «Տի Արմինիըն Միրըր Սփէքթէյթըր»ի խմբագրակազմերուն։