Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Մարտ 23, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 21 մարտին հրապարակեց եռալեզու արտահերթ զեկոյց մը` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը 100 օրերէ ի վեր շրջափակուած պահուելուն պատճառով մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն մասին:

Զեկոյցին մէջ համապարփակ եւ մանրամասն կերպով 100 կէտերու միջոցով կը ներկայացուին 7 անհատական իրաւունքներու, 5 խոցելի խումբերու եւ 4 հաւաքական իրաւունքներու խախտումներու վերաբերեալ տուեալներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն մարդկային խորացող ճգնաժամը եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած են նաեւ 24 լուսանկարներ եւ 27 մարդոց պատմութիւններ` շրջափակման վերաբերեալ, իսկ աւարտին կան 46 օգտակար փաստաթուղթեր` 2016-էն ի վեր Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան եւ այդ պարունակին մէջ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտումներուն մասին:

Կը նշուի, որ ամբողջական շրջափակման զուգահեռ, Ազրպէյճան միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Արցախի կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու` կազամատակարարման, ելեկտրամատակարարման եւ կապի ու հաղորդակցութեան բնականոն աշխատանքը` նպատակ ունենալով առաւել եւս սրել առանց այդ ալ ծանր մարդասիրական ճգնաժամը եւ մարդկային տառապանքներ պատճառել Արցախի ժողովուրդին:

Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը, կենսական ենթակառուցուածքներու խափանումները, ինչպէս նաեւ պարբերաբար եւ հետեւողականօրէն իրականացուող զինուած յարձակումներն ու ուժի կիրարկման սպառնալիքները կը նպատակադրեն ֆիզիքական եւ հոգեբանական ահաբեկմամբ, կեանքի համար անտանելի պայմաններու ստեղծմամբ ցեղային զտման ենթարկել Արցախը եւ ոչնչացնել Արցախի բնիկ հայկական բնակչութիւնը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք զեկոյցին մէջ տեղ գտած քանի մը հիմնական տուեալներ` 100-օրեայ շրջափակման պատճառով մարդու իրաւունքներու խախտումներու վերաբերեալ.

– Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով (Բերձորի միջանցքով) մարդոց երկկողմանի տեղաշարժի դէպքերը նուազած են շուրջ 178 անգամով (245.000-ի փոխարէն` 1376 մուտք եւ ելք):

– Ճանապարհով գրեթէ 43 անգամ աւելի քիչ մեքենայի շարժ արձանագրուած է, քան պէտք էր ըլլար առանց շրջափակման (92.000-ի փոխարէն` 2154 մեքենայի մուտք եւ ելք, այն ալ` միայն Կարմիր խաչի եւ Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէ):

– Շուրջ 11 անգամ աւելի քիչ կենսական նշանակութեան բեռ ներկրուած է, քան իրականութեան մէջ պէտք էր ըլլար (40.000 թոնի փոխարէն` 3707 թոն):

– Շրջափակման պատճառով իրենց տուները չեն կրցած վերադառնալ ընդհանուր առմամբ շուրջ 3900 անձեր, ներառեալ` 570 երեխայ:

– Ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 900 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման կարելիութենէն:

– Ազրպէյճան հանրագումարային 34 օր շարունակ լրիւ կամ մասնակի կերպով ընդհատած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը:

– Արդէն 71 օր շարունակ ամբողջութեամբ խաթարուած է Հայաստանէն Արցախ ելեկտրամատակարարումը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ վեցժամեայ հովհարային եւ վթարային անջատումներու:

– Փաստացի աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է նախնական հաշուարկներով շուրջ 9800 անձ (ներառեալ` աշխատատեղի պահպանման դէպքերը), որ մասնաւոր հատուածին մէջ աշխատողներուն 50 տոկոսէն աւելին է:

– Կազամատակարարման ու ելեկտրամատակարարման խափանումները պատճառ դարձած են չնախատեսուած անտառահատումներու` լրացուցիչ շուրջ 6200 ծառի հատում, այդ ալ իր հերթին լրացուցիչ երկարաժամկէտ խնդիրներ պիտի ստեղծէ առողջ շրջակայ միջավայրի ապահովման հարցին մէջ:

– Երկրի տնտեսութեան հասցուած է շուրջ 190 միլիոն տոլարի վնաս` յանգեցնելով շուրջ 21 տոկոսի չափով համախառն ներքին արտադրութեան կանխատեսուած տարեկան ցուցանիշի (903 միլիոն տոլար) չապահովմանը:

– Դադրած են 32,6 քիլոմեթր ճանապարհի, տասնեակ քիլոմեթր ջրագիծի, հազարաւոր հեկտար հողատարածքներու ոռոգման համակարգերու, 3717 բնակարաններու, աւելի քան 40 ընկերային եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքները:

– Շարք մը իրաւունքներու խախտումներ աւելի սուր կ՛արտայայտուին խոցելի խումբերու ներկայացուցիչներուն շրջանակին մէջ, մասնաւորաբար` 30.000 երեխայ, 9000 հաշմանդամութիւն ունեցող անձ, 20.000 տարեց, 60.000 իգական սեռի ներկայացուցիչ (կին եւ աղջիկ) եւ 15.000 տեղահանուած անձ:

Կը նշուի, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր որոշումը չգործադրելով` Ազրպէյճան անգամ մը եւս կ՛ոտնահարէ միջազգային բարձրագոյն արժէքները եւ սկզբունքները: «Ուստի  միջազգային հանրութիւնը ոչ միայն իրաւունք, այլեւ անառարկելի պարտաւորութիւն ունի օր առաջ գործնական միջոցներով կատարելու միջազգային բարձրագոյն դատարանի որոշումը եւ կանխելու ազրպէյճանական հետագայ յանցագործութիւնները, այդ թւում` ծրագրուող նոր ու դաժանագոյն յանցագործութիւնը մարդկութեան դէմ», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը նաեւ նկատել կու տայ, որ Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող իրաւական բոլոր խախտումները կը գործադրուին ցեղային խտրականութեան (հայատեացութեան) պետական քաղաքականութեան ծիրին մէջ եւ, խորքային առումով, ուղղուած են անոր ինքնորոշման իրաւունքին եւ անոր իրականացման փաստին դէմ` նպատակ ունենալով ցեղային զտման միջոցով վերջնականապէս իր օգտին փակել հակամարտութեան էջը` «Չկայ ժողովուրդ, չկայ իրաւունք» տրամաբանութեամբ:

«Ազրպէյճանի կողմից համակարգային եւ հետեւողականօրէն իրականացուող ցեղային ատելութեան քաղաքականութիւնը, որը դրսեւորուել է ինչպէս Արցախի ժողովրդի դէմ սանձազերծուած յարձակումներու ընթացքում, այդպէս էլ հրադադարի հաստատումից յետոյ, անառարկելիօրէն փաստում են, որ Ազրպէյճանի կազմում Արցախի ցանկացած կարգավիճակ հաւասարազօր է Արցախի ցեղային զտման եւ Արցախի հայութեան ցեղասպանութեան: Ուստի արցախեան հակամարտութեան պարունակում ինքնորոշման իրաւունքը հաւասար է իրենց հայրենիքում մարդկանց ապրելու իրաւունքին: Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքը եւ նրա ֆիզիքական գոյութեան դէմ ազրպէյճանական ցեղապաշտական խտրականութեան հիմքով կատարուած ոտնձգութիւններն ու սպառնալիքները առաւել քան բաւարար հիմքեր են միջազգային հանրութեան կողմից Արցախի ժողովրդի պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար` «Ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքի հիման վրայ», կ՛եզրափակէ զեկուցումը:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակ. Մարտահրաւէրներ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?