Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

160-Ամեակ «Ազգային Սահմանադրութեան Հայոց»-ի

March 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Մարտ 30-ին կը լրանայ Օսմանեան կայսրութեան սուլթանին կողմէ Ազգային սահմանադրութեան վաւերացման տարեդարձը: Արդարեւ, Նիզամնամէ կոչուած այս կանոնագրութեան վաւերացման հրամանագիրը կը կրէ հին տոմարով 17 մարտ 1863 թուականը, որ նոր տոմարով կը համապատասխանէ 30 մարտին:

Ազգային սահմանադրութիւնը ըստ էութեան լոկ Հայ եկեղեցական կանոնագրութիւն մը չէ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը վայելէին, իբրեւ կրօնական միութիւններ, «առանձնաշնորհումներ», որոնք կը տարածուէին անձնական իրաւունքին վերաբերող կալուածներուն վրայ: Պատրիարքը ունէր ազգապետի պաշտօնական հանգամանք. ան ազգին ներկայացուցիչն էր պետութեան առջեւ: Անոր իրաւասութեան ենթակայ էին հայ ազգի կրօնական, եկեղեցական, դաստիարակչական, ուսումնական, ամուսնական, ընտանեկան, ժառանգական, բարեգործական, ազգահամարի եւ այլն մարզերը:

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան ստեղծումէն ետք 1461-ին, այս իրաւունքները կը կիրարկուէին պատրիարքին կողմէ, իր նշանակած պաշտօնեաներուն միջոցով: Հետագային, փաշաներու սեղանաւոր ամիրաներու խաւը` հայ նոր ազնուականութիւնը, պատրիարքութիւնը ենթարկած էր իր ազդեցութեան, զայն վերածելով անկարգութեան եւ անիշխանութեան թատերավայրի մը: Այս կացութիւնը տեւեց շուրջ 400 տարի: 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ, Եւրոպայի մէջ ուսում ստացած մտաւորականութիւնը եւ արհեստներու կիրարկումով կամ վաճառականութեամբ հարստացած միջին խաւ մը ըմբոստացաւ տիրող կացութեան դէմ ու երկարատեւ պայքարներէ ետք յաջողեցաւ պատրիարքութեան ղեկավարումը ժողովրդավարացնել: Ազգային սահմանադրութիւնը պտուղն է ժողովրդային դասակարգին յաղթանակին: Ազգային սահմանադրութիւնը կը հաստատէ պետական վարչակարգի մը նմանողութեամբ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան խորհրդարանական կառավարման դրութիւն մը: Հոն կը գտնենք նախագահ մը (պատրիարքը), խորհրդարան մը 140 անդամներով (Ազգային ընդհանուր ժողովը), կառավարութիւն մը (Ազգային վարչութիւնը իր կրօնական, քաղաքական եւ խառն ժողովներով), նախարարութիւնները (խորհուրդներ եւ տեսչութիւններ), քաղաքապետութիւններ (թաղական խորհուրդներ): Տեղական ինքնակառավարման մարմինները, այսինքն` թեմերը, ունին կեդրոնականին նմանողութեամբ կառուցուածք: Բոլոր կառոյցները ընտրովի են. Ազգային ընդհանուր ժողովը եւ թաղական խորհուրդները ժողովրդային քուէարկութեամբ, միւսները` վերադաս մարմիններու կողմէ:

Յաճախ ըսուած է, որ Ազգային սահմանադրութեան կառուցուածքը, ուր կը գերիշխեն աշխարհականները, – Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը կազմուած է մէկ եօթներորդ (20 հոգի) եկեղեցականներէ եւ վեց եօթներորդ (120 հոգի) աշխարհականներէ, – համահունչ է Հայ եկեղեցւոյ հին աւանդութեան: Այս տեսակէտը մասնակիօրէն ճիշդ է. աշխարհականները (թագաւոր, նախարարներ ու իշխաններ) մասնակցած են եկեղեցական ժողովներու, բայց ոչ` նման համեմատութիւններով: Ճիշդը այն է, որ եկեղեցին չէ վայելած անձնական իրաւունքին վերաբերող նման լայն իրաւասութիւններ:

Ազգային սահմանադրութեան ամէնէն կարեւոր բաժինը անոր մուտքին զետեղուած «Հիմնական սկզբունքն» է: Այս ներածականի վերջին` 6-րդ գլուխը կ՛ըսէ. «Երեսփոխանական վարչութեան հիմը` իրաւանց եւ պարտեաց սկզբունքն է, որ արդարութեան սկզբունքն է. իր ուժը ձայնից բազմութեան մէջ կը կայանայ, որ օրինաւորութեան սկզբունք է»: Ժողովրդավարութեան սկզբունքները բացատրող այս ներածականը բացակայ է պետութեան կողմէ վաւերացուած «Նիզամնամէէն»:

Պետական վաւերացում չստացած «Հիմնական սկզբունքը» «Ազգային սահմանադրութիւն Հայոց»-ի ամենակարեւոր բաժինն է: Այս հիմնական սկզբունքին շնորհիւ է, որ ազգային գործերը ժողովրդավարական գործելակերպով կ՛առաջնորդուին, հոն ուր, նման գործելակերպի որդեգրումը կարելի է:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով, որդեգրած է Ազգային սահմանադրութիւնը իբրեւ հիմ իր կանոնագրութեան: Կաթողիկոսութեան ու թեմերու ազգային-եկեղեցական գործունէութիւնը առաջ կը տարուի Ազգային սահմանադրութեան ժողովրդավարական եւ ժողովրդական ոգիով, պահպանելով պարտքի եւ իրաւունքի կանոնական սկզբունքը եւ եկեղեցի-ժողովուրդ միասնութեան հիմնարար գործօնը:

 

 

Նախորդը

Պահպանել Յունահայ Գաղութի Պատմական Հարուստ Շտեմարանը

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.