Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքով Ու Ապա Մահով Դարձար Ներշնչումի Աղբիւր (Նարինէ Պուլղուրճեանի Մահուան Յիշատակին)

Յուլիս 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Կեանքի ամէնէն դժուար իրականութիւնը, որուն հետ պէտք է հաշտուիլ, մահն է:

Այո՛, ամէնէն դժուարն է եւ անտանելի ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ կորուստ կ՛ապրինք` մեզի սիրելի եւ հոգեհարազատ մարդոց առյաւէտ բաժանումին պատճառով:

Քառասուն օրեր առաջ ահաւոր տխուր լուր մը հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն:

Ամէնէն սիրելի ընկերուհիներէս Նարինէ Պուլղուրճեանը մահացած էր:

Մտքիս մէջ կեանքն ու բժշկութիւնը մեղադրելու տարափ մը կը հնչէր: Ուղեղս կ՛ըսէր, չէ՛, տակաւին շատ երիտասարդ էր ան եւ պատրաստ էր շարունակելու պայքարը:

Հապա՞ այն խոստումը, որ դարձեալ պիտի հանդիպէինք ու ճաշերով լեցուն սեղանի մը շուրջ բաժնեկցէինք տարբեր միտքեր, քննարկէինք տարբեր հարցեր, լսէինք մեծագոյն մարտահրաւէրը դիմագրաւելու նոր ձեւերդ, փորձէինք լուծումներ գտնել ազգային հարցերու եւ այս բոլորին կողքին, չմոռնայինք արժեւորելու պատրաստուած ուտեստեղէնը:

Այս ամէնը պիտի ընէինք յագեցնելու համար մեր կարօտը, վայելելու համար իրարու ներկայութիւնը եւ ահագին ու անհամար յիշատակներ կերտելու համար:

Չեղա՛ւ, Նարինէ՛, շատ կանուխ էր, ընկերուհի՛:

Շատ արագ էր մեկնումդ, շատ անսպասելի, խոր ցաւ ու հսկայ բաց մը պատճառող:

Կը յիշեմ, երբ տակաւին դպրոցական հասակիդ եկար «Ազդակ»` լուրեր պատրաստելու համար խմբագրակազմին օգտակար ըլլալու:

Անկախ այն իրականութենէն, որ զարմացուցիր բոլորս հայերէնի իմացութեամբդ ու գրելու հմտութեամբդ, հիացուցիր նաեւ տարբեր հետաքրքրութիւններովդ ու կարողութիւններովդ:

Միջազգային քաղաքական լուրերու վերլուծումներէն, մինչեւ հայաստանեան լուրեր եւ ապա մարզական լուրերու պատրաստութիւնը կատարեալ կերպով կը կատարէիր:

Անկարելի է մոռնալ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին տարած աշխատանքներդ, հաւաքած պատմութիւններդ, բծախնդրութիւնդ եւ լուրջ ու անկեղծ աշխատանքդ, որոնք այնքան անկեղծ արտացոլացին դէմքիդ վրայ` պարտութեան, յաղթանակի թէ բարոյական յաղթանակի պարագաներուն:

Հայրենիքին, հայութեան ու Հայ դատին անսակարկ նուիրումիդ պատճառով մաս կազմեցիր Լիբանանի Հայ դատի մարմինին ու անոր աշխատանքները աշխուժութեամբ ու հաւատարմութեամբ տարիր` առանց զլանալու, մնայուն պարտաճանաչութեամբ եւ նուաճում մը արձանագրելու յոյսով ու կորովով:

Այս բոլորին կողքին, հաւատարիմ մնացիր դպրոցիդ` այն օրրանին, որ ուսում, կրթութիւն, գիտելիքներ ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած էր քեզի:

Մինչեւ փչած վերջին շունչդ հաւատարիմ մնացիր ու նպաստեցիր զարգացնելու համար այդ կառոյցը, որ ոգեղէն էր քեզի համար, եւ ուր խրուած էին արմատներդ:

Փայլուն միտք էիր` ե՛ւ աշակերտութեան ե՛ւ ուսանողութեան տարիներուդ, ինչպէս նաեւ հանճար մը` գործի ասպարէզիդ մէջ:

Կեանքով լեցուն եւ կեանքի հանդէպ սիրով լեցուն հոգիիդ պատճառով պայքարեցար անողոք հիւանդութեան դէմ:

Հիւանդութիւն մը, որ հազուադէպին հազուադէպն էր եւ գտած էր քեզ` ամէնէն թանկագինը:

Կատարեալ բանականութեամբ ու  առարկայականութեամբ եւ բժշկական գիտելիքներով զինուած` դիմագրաւեցիր այդ հիւանդութիւնը: Ամէնէն կարեւորը, սակայն, այն էր, որ անիկա քեզ չվախցուց. պայքարը ակն ընդ ական տարիր` բացառիկ ու աննկարագրելի քաջութեամբ:

Այդ պայքարին մէջ ոչ մէկ ընկրկում կը յիշեմ, այլ` հաւասարէ հաւասար մղուած ուժգին եւ բուռն կռիւ մը, որ աւարտեցաւ տարիներ ետք առանց յաղթելու ներշնչումի աղբիւր ըլլալու իրականութեանդ:

Գերազանց ուսանող ու ճարտարապետ ըլլալէ բացի` գերազանց մարդ արարած էիր:

Եւ ի՛նչ դժուար է այս օրերուն հանդիպիլ մարդկօրէն ապրող մարդոց: Շնորհք ու խաղաղութիւն ունեցող անհատներու:

Օրինակելի իբրեւ տիպար, բարութեան ու ծառայասիրութեան մարմնացում մը եղող իբրեւ անձ, անկեղծութիւն բուրող իբրեւ ընկերուհի, հոգատար իբրեւ զաւակ, սէր բաշխող իբրեւ քոյր եւ մօրաքոյր` ներշնչեցիր շատեր, զօրացուցիր զանոնք, յոյս ներարկեցիր անոնց հոգիներուն:

Այս բոլորը ըրիր կեանքիդ ընթացքին, սակայն չդադրեցար ներշնչումի աղբիւր ըլլալէ, նոյնիսկ երբ մուտք գործեցիր յաւիտենական կեանք:

Քու օրինակովդ ապրելու ցանկութիւն մը արթնցուցիր շատերու սրտերուն մէջ:

Ծնողքիդ մօտ ցաւակցութիւն յայտնելու նպատակով այցելող բարեկամներ նուէրներ ստացան քեզմէ: Շշմած էին, յուզուած էին ու` շուարած:

Յուղարկաւորութեանդ օրը մեզի ցոյց տուիր հաւատացեալ ըլլալու դէմքդ, մեր սիրած, ճանչցած ու անոր հետ կեանք բաժնած ընկերուհին մեզի ցոյց տուաւ իր հաւատքի զօրութիւնը` աւելի եւս լուսաւորելով մեզ:

Հոն երգուեցաւ իր նախասիրած հոգեւոր երգերէն «Տէ՛ր, տուր ինձ այն հոգին», որուն կրկներգին մէջ հարց կը տրուի ինչպէ՞ս Յիսուս Քրիստոսի նմանելու մասին:

Նարինէ՛, ամբողջ կեանքդ աստուածային շնորհներով ապրեցար, հաւանաբար այս երգով ներշնչուած էիր միշտ: Իսկ մահդ առիթ եղաւ, որ մեզ ներշնչես:

Ցաւը արդէն մեծ էր, Նարինէ՛, եւ աւելի մեծցաւ, որովհետեւ դուն ալ միացար ամէնէն աւելի կարօտցած անձերուս փաղանգին:

Կը հաւատամ, որ յիշատակդ անմահ է, սիրելի՛ս:

Կը հաւատամ, որ տակաւին շա՜տ ու շա՛տ սերունդներ պիտի ներշնչուին ուսանելի օրինակովդ:

Բարութիւնդ, դրական ներուժդ եւ լայն ժպիտդ միշտ դրոշմուած պիտի մնան իմ ու շատերուն մտքին մէջ:

Յաւիտեան հպարտ կը զգամ, որովհետեւ արժանացած եմ ընկերութեանդ:

 

 

Նախորդը

Բարի Ընկերուհիիս` Ժպտերես Եւ Իւրայատուկ Նարինէին

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ. Պայծառակերպութիւն Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?