Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսաւոր Աստղը` Նարինէն

July 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն

Նարինէին հետ մտերմութիւնս սկսաւ, երբ ան միացաւ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի հոգաբարձական կազմին, մօտաւորապէս տասը տարիներ առաջ:

Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին` իր գաղափարները եւ առաջարկները խոհեմ, արդար եւ գործնական էին:  Կը զմայլէի անոր պայծառ մտքին եւ հեռատեսութեան վրայ:  Ան յարատեւօրէն պաշտպան կը կանգնէր ուսուցիչներու իրաւունքներուն եւ իր խօսքերը միշտ համոզիչ էին ու արդար:

Քանի մը տարի առաջ որոշեց  Տուպայ փոխադրուիլ եւ հոն շարունակել իր գործի ասպարէզը:  Խնդրեցինք իրմէ, որ շարունակէ իր անդամակցութիւնը հոգաբարձական կազմին, որուն ատենադպրութեան պաշտօնը կը կատարէր ձեռնհասութեամբ:

Օր մը կը պատրաստուէի ժողովի երթալու, Նարինէն հեռաձայնեց եւ ըսաւ. «Ներկայ պիտի չկրնամ ըլլալ… Բժիշկին քովէն եկայ, thymoma ունիմ»:  «Thymoma-ն ի՞նչ է» հարցուցի, եւ ան բացատրեց, որ շատ հազուադէպ տեսակ մըն է:  Անշուշտ չէք կրնար երեւակայել յուսախաբութիւնս եւ խոր ցաւս:

Նարինէն սկսաւ բուժումի ենթարկուիլ: Քայլ առ քայլ հետեւեցայ իրեն, յաճախ կը գրէր եւ մանրամասնութիւնները հետս կը բաժնեկցէր:

Կը խորհէի, թէ լաւ ճանչցած եմ Նարինէն, վերջապէս ան մեր վարժարանին ամէնէն փայլուն աշակերտուհին էր 2004-ին, 95 ընդհանուր միջինով Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի երկրաչափութեան բաժանմունքը ընդունուած էր եւ 2-րդ  կիսամեակին արդէն տուեալ բաժանմունքի մէջ առաջնութիւն շահած էր:  Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն զինք Ամերիկա ուղարկած էին մագիստրոսի ուսման հետեւելու` 100 առ 100  կրթաթոշակ տրամադրելով անոր:

Թէեւ Նարինէն կարելիութիւն ունէր Ամերիկա մնալու, բայց ան որոշեց Լիբանան վերադառնալ եւ, իր գործին զուգահեռ, անգամ մը եւս Պէյրութի ամերիկեան համալսարան յաճախեց` executive MBA վկայականը ստանալու:

Իր անհանգստութեան ընթացքին Նարինէն նոյն ուշիմ մտքով, աննկուն կամքով, լաւատեսութեամբ պայքարեցաւ հիւանդութեան դէմ: Որեւէ ատեն իր մէջ չտեսայ ընդվզումի, յուսահատութեան, կամ յոռետեսութեան նշոյլներ:

Իր ամէնէն դժուար օրերուն, ան կը յուսադրէր ուրիշները, միշտ գործնական եւ իմաստուն խորհուրդներ կու տար ինծի եւ ուրիշներուն:

Բնաւ չէր ուզեր, որ իրմով մտահոգուէինք:

Իր մահէն օր մը առաջ երկար խօսակցութիւն ունեցայ անոր հետ:  Ըստ իր սովորութեան, կատակներ ըրաւ, դպրոցին մասին հարցուց, ուղղութիւններ առաջարկեց եւ կրկին տեսնուելու խոստումով վերջացուցինք մեր խօսքերը:

Բարեկամի մը հետ կը խօսէի իր մահացած օրը,  չափազանց տխուր եւ շուարած էի:  Ան ըսաւ. «Այսպիսի փայլուն անձեր կու գան մեր կեանքերուն մէջ լուսաւորելու մեզ` փայլուն աստղերու նման, եւ ապա կ՛անհետանան,  իրենց ետին ձգելով իրենց պայծառութիւնը մեր սրտերուն մէջ»:

* Նարինէ Պուլղուրճեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին` 12 յունիս 2023-ին, արտասանուած դամբանական

Նախորդը

Ոսկի Սրտով Եւ Հիացմունք Պատճառող Լաւատեսութեամբ Լի Նարինէին*

Յաջորդը

Բարի Ընկերուհիիս` Ժպտերես Եւ Իւրայատուկ Նարինէին

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.