Հոգեգալուստէն եօթը շաբաթ ետք հանդիպող կիրակին հայ եկեղեցին կը տօնէ տաղաւար տօներէն երրորդը` Վարդավառը, Քրիստոսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը:
Յիսուս, Իրեն հետ առնելով Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, անոնց հետ Թափոր լեռ բարձրացաւ եւ անոնց առջեւ կերպարանափոխուեցաւ: Անոր դէմքը փայլեցաւ ինչպէս արեգակը, իսկ զգեստները դարձան սպիտակ, ինչպէս լոյսը:
Նոյն պահուն Յիսուսի երկու կողմերը` երկնային լոյսի մէջ պարուրուած, յայտնուեցան Մովսէս ու Եղիա մարգարէները եւ սկսան զրուցել Տիրոջ հետ` Անոր վերահաս տառապանքներու ու խաչելութեամբ մահուան մասին:
Մովսէս եւ Եղիա իրենց երեւումով վկայեցին, որ Քրիստոսն է մարգարէներուն կողմէ կանխատեսուած աշխարհի փրկիչը:
Յիսուս Մովսէսը բերաւ մեռելներու աշխարհէն, իսկ Եղիան` ողջերու աշխարհէն (Եղիա մարգարէն երկնային կառքով երկինք փոխադրուած էր եւ ողջ էր մարմինով): Մովսէս կը խորհրդանշէ օրէնքը, Եղիա` մարգարէութիւնները:
Սքանչելի տեսարանէն զմայլած` Պետրոս առաքեալ բացագանչեց. «Տէ՛ր, լաւ է որ մենք հոս ենք. եթէ կ՛ուզես, երեք տաղաւար շինենք, մէկը` Քեզի համար, մէկը` Մովսէսին, միւսն ալ` Եղիային համար»:
Ապա եկաւ լուսաւոր ամպ մը, որմէ հնչող Աստուծոյ ձայնը ըսաւ. «Ա՛ն է Իմ սիրելի որդին, որուն հաւնեցայ: Անոր լսեցէք»:
Այդ ձայնէն աշակերտները վախցան եւ դէմքի վրայ գետին ինկան:
Յիսուս անոնց մօտենալով ըսաւ. «Վե՛ր բարձրացէք եւ մի՛ վախնաք»:
Երբ առաքեալները իրենց աչքերը բացին, Յիսուսէն զատ ուրիշ ոչ ոք տեսան:
Լերան բարձունքէն իջնելու ժամանակ Յիսուս անոնց պատուիրեց մարդոց ոչինչ ըսել, մինչեւ մեռելներէն Իր յարութիւն առնելը:
* * *
Աշխարհի բոլոր եկեղեցիները տօնը Այլակերպութիւն անունով կը նշեն, եւ միայն հայ եկեղեցին զայն կ՛անուանէ նաեւ Պայծառակերպութիւն` շեշտելով Քրիստոսէն ճառագայթող աստուածային փառքն ու փայլը:
Տիրոջ եւ վարդի հետ կատարուող համեմատութեամբ պայմանաւորուած, տօնը կոչուած է Վարդավառ: Ինչպէս վարդը կոկոնի մէջ ծածկուած կը մնայ նախքան բացուիլը, այդպէս ալ, նախքան պայծառակերպուիլը Տէրը կը պահէր Իր մէջ աստուածութեան պայծառութիւնը: Եւ ինչպէս վարդը կը բացուի` երեւելով բոլորին, այնպէս ալ Տէրը պայծառակերպուելով, յայտնեց Իր Աստուածութիւնը:
* * *
Վարդավառը կը համընկնի հունձքի եղանակին: Անցեալին գիւղերուն մէջ աւանդութիւն էր տօնին օրը ցորենի հասկերէն խաչբուռ պատրաստելով եկեղեցի տանիլ:
Եկեղեցւոյ բեմը եւ Սուրբ Սեղանը հազարաւոր ծաղիկներով եւ վարդի փունջերով կը զարդարէին:
Վարդավառի տօնին իրարու վրայ ջուր կը ցօղեն:
Վարդավառը ցնծութեան, կերուխումի, երգ ու պարի տօն է` ողողուած վարդերով, ծաղիկներով ու ջուրով:
* * *
Վարդավառի տօնին կը նախորդէ շաբաթապահքը:
Տօնին յաջորդող օրը, ինչպէս տաղաւար բոլոր տօներէն ետք, մեռելոց է: