Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշելով Բազմերախտ Գիտնականը (Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի Յիշատակին)

Յուլիս 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ես ծանօթացայ իրեն, երբ ինք եւ Արման Քէոսեանը այդ տարի յայտնուեցան Նշան Փալանճեան ճեմարանի դասարաններէն ներս իբրեւ ամերիկահայ գիշերօթիկներ: Անցեալ դարու յիսունական թուականներու սկիզբն էր, եւ Պէյրութը կ՛ապրէր իր թաղերու հրաշալի մտերմութեամբ, իր արեւով, երկինքով, կապտակապոյտ Միջերկրականի ամէնօրեայ տեսիլքով: Իսկ ճեմարանէն ներս համատարած ոգեւորութիւն էր: Մենք մեր ետին թողեր էինք դպրոցի հին ու խարխլած շէնքը Ուատի Ապու Ժեմիլ փողոցին վրայ եւ մուտք գործեր` մեր այս հրաշագեղ համալիրէն ներս, որ ֆրանսական ծովակալութեան նախկին պալատն էր` Հիւսէյն Պէյհում փողոցի բարձունքին:

Այս նոր կրթավայրը հնարաւորութիւն ընձեռեց, որ Լեւոն Շանթ եւ իր մահէն ետք` Սիմոն Վրացեան վերականգնէին Ճեմարանի հին գիշերօթիկնոցը եւ կարելի դարձնէին ամերիկահայ երիտասարդութեան ընդգրկումը ճեմարանական ուսման ծրագիրներէն ներս: Այդպէս էր, որ յանկարծ մեր լսարանական շարքերուն կը միանային Ռիչըրտն ու Արմանը: Երկու կորովի հայորդիներ, որոնց շնորհիւ մենք կ՛ունենայինք մեր առաջին շփումը Ամերիկայի մեր սերնդակիցներուն հետ: Հասկնա՛լ, թէ որքան նոյնն էինք մենք ու որքան տարբեր իրարմէ եւ գտնել մեր սերունդի ընդհանուր յայտարարը ովկիանոսներու հեռաւորութենէն, մեր նոր մարտահրաւէրն էր յանկարծ:

Բարեբախտաբար այս վերացական մտքերու արծարծման կարիք երբեք չմնաց, երբ օրուան տարերային ընթացքը շուտով կապեց մեզ իրարու դասարանային անմիջական մթնոլորտի կապերով… Մենք գիւտը կ՛ընէինք այն փաստին, որ մենք արդէն գիտէինք զիրար առանց միատեղ ապրած ըլլալու:

Այնուամենայնիւ մենք ունէինք նաեւ հրաշալի տարբերութիւններ, որոնք պեղումի լայն դաշտեր կը բանային մեր հետաքրքրութիւններուն առջեւ: Մեծ հաճոյքով կը լսէինք յատուկ համեմներով յագեցած իրենց հայերէնը: Նոյնքան մեծ հաճոյքով կ՛ըմբոշխնէինք իրենց ամերիկեան անգլերէնը, որ ինքնուրոյն երաժշտականութեամբ մը կը սահէր բաղաձայններուն վրայէն` ստիպելով, որ կրկնել տայինք նախադասութիւնը: Ասիկա տարբեր անգլերէն մըն էր բաղդատած մեր բծախնդիր ուսուցչին` Պր. Քեհեայեանին (մեր աննման Սըրին…) մեզի սորվեցուցած անգլերէնի կանոններուն: Ամէն քայլափոխին, անհունօրէն համբերատար Սըրը պիտի ստիպուէր բացատրել մեզի ամերիկեան անգլերէնի առանձնայատկութիւնները:

Շուտով ես անդրադարձայ, որ երկու իրարմէ տարբեր խառնուածքներով օժտուած էին Ռիչըրտն ու Արմանը: Ի դէպ, օրերու ընթացքին մեր ուսուցիչներու շրջանակին մէջ անուանափոխութեան ենթարկուեցաւ Ռիչըրտը` ստանալով «Տիգրան» անունը… Ինչո՞ւ Տիգրան: Կրկին Սըրն էր բացատրողը:

Ամերիկեան «Տիք-ը («Ռիչըրտ»-ի ընդունուած համազօրը) կը վերածուէր «Տիգրան»-ի եւ վե՛րջ: Ռիչըրտ ընդունեց վճիռը առանց յատուկ առարկութեան, բայց «Ռիչըրտ»-ը մնաց Ռիչըրտ մեր ամէնօրեայ գործածութեան մէջ: Յիշեցի խառնուածքներու տարբերութիւնը մեր երկու ընկերներուն միջեւ: Իրականութեան մէջ, շատ աւելի՛ն էր, քան սոսկ տարբերութիւնը: Սերտ ընկերներ ըլլալով հանդերձ, անոնք կը թուէին ըլլալ հակապատկերներ թէ՛ իրենց խօսուածքով եւ թէ՛ իրենց ամէնօրեայ նախասիրութիւններով: Աշխարհը պեղելու իրարմէ տարբեր ձեւեր ունէին, տարբեր անհատականութիւննե՛ր, բայց ի վերջոյ երկուքն ալ իրենց ճեմարանական փորձառութիւնը վերածեցին ոգեկան մեծ եւ անզուգական հարստութեան մը:

Տարիներու ընթացքին ես առիթ ունեցած եմ խօսելու Ռիչըրտին հետ Ճեմարանի իր ուսումնական շրջանի տպաւորութիւններուն մասին: Պիտի խոստովանիմ, որ ես աւելի շատ զինք տեսած եմ Կոստան Զարեանի դասապահերու բովին մէջ: Մենք աւելի շատ զուգադիպած ենք այդ դասարանին մէջ: Ռիչըրտ շատ հետաքրքրական բնորոշում տուած է Ճեմարանի իր ուսումնառութեան: Ան ըսած է, թէ ժամերը, զոր ինք անցուցած է Սիմոն Վրացեանի, Կարօ Սասունիի, Գառնիկ Գիւզալեանի եւ մեր միւս ուսուցիչներուն հետ եղած են ներշնչումի անսպառ հանքեր իրեն համար: Միաժամանակ իր հանդիպումները դպրոցի անմիջական ոլորտին մէջ` ընկ. Դրոյի, ընկ. Կոմսի եւ այլոց հետ, եղած են անհունօրէն ոգեզինող: Այս վերջին բառը զոր մենք սորված ենք Դանիէլ Վարուժանէն իմ ներդրումս է: Ես եմ, որ մեր խօսակցութեան ընթացքին առաջարկած եմ զայն իրեն` «Ըսել կ՛ուզես` ոգեզինո՞ղ…», որուն ի պատասխան Ռիչըրտ ըսած է` «Անպայման ոգեզինող» եւ աւելցուցած` «Գեղեցիկ բառ է. պէտք է միշտ յիշեմ»:

Ռիչըրտի կեանքին ուղեծիրը հարուստ է մեծ իրագործումներով: Անխոնջ եւ հետեւողական աշխատանքի, ճառագայթող իմացականութեան, անսակարկ նուիրումի եւ հպարտ հայու ոգեկան բոլոր ուժականութիւններով սպառազինուած` ան ինքնիր օրինակով հաստատեց հզօր չափանիշ մը հայ երիտասարդութեան համար: Առողջ, ինքնավստահ, տիրական, բարդոյթներէ զերծ հայու – ՆՈ՛Ր ՀԱՅՈՒ – յաղթական չափանի՛շը: Ռիչըրտ նուաճեց մեծ բարձունքներ իր կեանքին ընթացքին: Ան դարձաւ համաշխարհային հեղինակութիւն Կովկասեան տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական դրութեան բարդ առնչութիւններու վերլուծման ոլորտին մէջ: Իր բազմահատոր աշխատութիւնը` նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան, գիտական հսկայ կոթող մըն է, ուր հանրագումարի կը բերուին շրջանի կնճռոտ խնդիրները յստակ ու խորիմաստ պարզաբանումներով եւ նոր ակօսներ կը բանան Հայաստանի ժամանակակից պատմութեան ապագայ գիտաշխատողին համար: Իր այս կոթողական վաստակի կողքին ան եղաւ նաեւ անխոնջ ուսուցիչ մը իրերայաջորդ սերունդներու եւ Հայ դատի գործին մշտապէս յանձնառու զինուո՛րը:

Յարգա՜նք իր յիշատակին:

Յուլիս 11, 2023

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Վերակազմակերպումը` Էական

Յաջորդը

«Ազգային Երգերու Համերգ»` Կատարողութեամբ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» Երգչախումբին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?