Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Համբար Քելիքեան (Համբարձում Քեքլիքեան)

July 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Համբար Քելիքեան

Բժիշկ Համբար  Քելիքեան (Համբարձում Քեքլիքեան) ծնած է Հաճըն, 17 յունուար 1899-ին:

1915-ին, Հայոց ցեղասպանութեան առաջին շրջանին, Համբարին ծնողքը կը տարագրուի եւ ի վերջոյ կը հասնի Հալէպ: Տարագրութեան օրերուն Համբարին երեք քոյրերը կը սպաննուին թուրքերու ձեռքով:

Պատանի Համբարը կը յաջողի փախուստ տալ թրքական հետապնդումներէն, չի միանար ծնողքին եւ կը հասնի Պոլիս ուրկէ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Միացեալ Նահանգներ: Ան Ամերիկա կը հասնի 1920-ին` գրպանը ունենալով միայն երկու տոլար եւ հետը ունենալով իր անունը կրող պզտիկ գորգ մը:

Երիտասարդ Համբար Շիքակօ հասնելէ ետք աշխատած է երկրագործի մը քով: Իր աշխատասիրութիւնը եւ նուիրուածութիւնը մղած են երկրագործը, որ հոգատար վերաբերմունք ունենայ անոր հանդէպ: Երկրագործը  վիճակահանութենէն իր շահած նիւթական  պարգեւը կը նուիրէ գաղթական Համբարին, որպէսզի կարենայ երկրորդական դպրոց երթալ եւ ուսանիլ: Ան դպրոցի լուացարանին եւ ճաշարանին մէջ աշխատած է հոգալու համար իր ապրուստը:

Բժիշկ Համբար Քելիքեանին հայրը
Բժիշկ Համբար Քելիքեանին մայրը

Համբար մանկութենէն հրապուրուած է բժիշկ հօրեղբօրմով եւ երազած է ապագային դառնալ բժիշկ: Հօրեղբայրը 1915-էն առաջ ծառայած է Հաճընի թրքական զօրաբաժնին մէջ` իբրեւ բժիշկ: Քոլեճի մէջ ուսանելէ ետք, կ՛իրականանայ Համբարին մանկութեան երազը. ան կ՛ուսանի Շիքակոյի համալսարանի եւ Ռաշ Մետիքըլ քոլեճի մէջ, շնորհիւ համալսարանի տնօրէն Հերի Փրաթթ Ճատսընի տրամադրած կրթաթոշակին:

Համբար բժիշկ կը վկայուի Քուք Քանթրի Հոսպիթըլէն   եւ 1929-ին կը նշանակուի օգնական բժիշկ Ֆիլիփ Քրիչըրի, որ կ՛աշխատէր ոսկրաբուժ բժիշկ Ճոն Մըրֆիի հետ:

Բժիշկ Համբար Քելիքեան կը մասնագիտանայ ոսկրաբուժութեան եւ ոսկրային հիւանդութիւններու վիրահատութեան մէջ:

Ան Բ. Աշխարհամարտին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ, իբրեւ վիրաբուժ բժիշկ եւ մասնագէտ ոսկրային կոտրուածքներու եւ վնասուածքներու: Այդ տարիներուն ան կատարած է ոսկրային հազարաւոր վիրահատութիւններ:

Բժիշկ Համբար Քելիքեան, բանակային

Պատերազմի աւարտին, վերադարձած է Շիքակօ եւ սկսած է աշխատիլ իբրեւ ոսկրաբուժ Ուեսլի հիւանդանոցին մէջ:

Ան շուտով կը դառնայ նշանաւոր ոսկրաբուժ մը, մասնաւորաբար` վնասուած ոտքի, ձեռքի եւ բազուկի վիրահատումներու եւ   վերակառուցողական գործողութիւններու:

Բժիշկ Համբար Քելիքեան կը դարմանէ շատ մը ամերիկացի անձնաւորութիւններ: Նշանակալից կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ապագայ ծերակուտական  Պոպ Տոլի բուժումը:

Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, Պոպ Տոլ Իտալիոյ մէջ ծանրօրէն կը վիրաւորուի: Կը ջարդուի  անոր ամբողջ ձախ ուսը եւ կը կորսնցնէ  ձախ թեւին շարժունակութիւնը:

Հիւսիսային Իտալիոյ ռազմագծի հիւանդանոցներէն մէկուն բժիշկները անյոյս կը յայտարարեն անոր պարագան: Կ՛առաջարկուի անդամահատել ձախ ուսը եւ ամբողջ ձախ թեւը, սակայն ան կը մերժէ: Ամերիկա վերադառնալէ ետք, ան ամերիկեան զինուժի թիւ 297 հիւանդանոցին մէջ պատահմամբ դէմ յանդիման կու գայ իր փրկչին` բժիշկ Համբար Քելիքեանին, որ կը յաջողի իր հմտութեամբ վերականգնել անոր փշրուած ուսը: Ծերակուտական Պոպ Տոլ այնուհետեւ կրցած է մասամբ մը գործածել իր ձախ բազուկը: Բժիշկ Քելիքեան այս արդիւնքին հասաւ1943-1953 իր կատարած եօթը   վերականգնումային գործողութիւններով` կատարելով ոսկրային  եւ մկանային պատուաստումներ հիւանդին ուսին, բազուկին եւ ձեռքին: Իբրեւ արդիւնք այս խրթին եւ երկարաշունչ վերականգնողական գործողութիւններուն, Պոպ Տոլ մասամբ մը կը վերագտնէ իր բազուկի շարժումները: Ան կը դառնայ բժիշկ Համբար Քելիքեանի շատ մտերիմ բարեկամը եւ անոր ընդմէջէն` ամբողջ ամերիկահայութեան եւ Հայ դատին:

Բժիշկ Համբար Քելիքեան եւ ծերակուտական Պոպ Տոլ

Բժիշկ Համբար Քելիքեան մերժած է նիւթական վարձատրութիւն ստանալ այս երիտասարդ ամերիկացի վեթերանէն: Ան նաեւ նոյն կեցուածքը որդեգրած է բոլոր ամերիկացի վեթերան զինուորականներէն, որոնք իրեն դիմած են ոսկրային վնասուածքներու եւ կոտրուածքներու բուժումին համար: Ան այս մօտեցումը ունեցած է անոնց հանդէպ, ի յիշատակ իր եղբօր` Սիրականին, որ սպաննուած էր Իտալիոյ մէջ, 1943-ին:

Հ. Քելիքեան 70-ական եւ 80-ական տարիներուն գործակցած է ծերակուտական Պոպ Տոլի հետ, ի խնդիր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Ան կը դառնայ ամբողջ Ամերիկայի համբաւաւոր ոսկրաբուժը:

Հասուն տարիքին` 80 տարեկանին, կատարած է շաբաթական տասը ոսկրային մեծ վերականգնողական գործողութիւններ:

Ան մասնագիտացած է նաեւ ոսկրային ընդոծին անբնական երեւոյթներու հիւանդութիւններու  եւ անոնց վերականգնումային գործողութիւններու մէջ:

Ունի բժշկական երեք գիրքեր` ձեռքի, կրունկի եւ ոտքի վիրահատումներու մասին: Հրատարակած է 33 մասնագիտական յօդուածագրութիւններ:

Բժիշկ Համբար Քելիքեանի հրատարակած երեք գիրքերը

Ան հեղինակն է «Poetry and the Armenian image» հատորին, որուն համար աշխատած է տարիներ: Բժիշկ Քելիքեան կը վերլուծէ հայ բանաստեղծութիւնը` ներկայացնելով կարեւոր դէմքեր եւ անոնց քերթուածներէն որոշ նմուշներ: Ան սերտ յարաբերութիւն ունեցած է հայազգի բանաստեղծ եւ գրող  Ուիլիըմ Սարոյեանին հետ եւ անկէ ստացած է որոշ ուղղութիւններ իր հայկական  գրական ստեղծագործութեան համար:

Բժիշկ Համբար Քելիքեան Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ
Գարեգին Բ. կաթողիկոս Սարգիսեան կը պարգեւատրէ բժիշկ Համբար Քելիքեանը

Բժիշկ Համբար Քելիքեան հաւատարիմ մնացած է իր արմատներու ուղիին: Պահած է սերտ յարաբերութիւն հայկական շրջապատին հետ: Մերժած է վարձատրութիւն ստանալ բոլոր հայ հիւանդներէն: Ջատագովը հանդիսացած է Հայ դատին:

Ան Գարեգին Բ. կաթողիկոս Սարգիսեանի ձեռամբ Նիւ Եորքի մէջ պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով, հանդիսութեան ներկայ եղած է նաեւ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Աշճեան:

Ան ամերիկեան բանակին մէջ երկար տարիներ ծառայած է. իր ծառայութիւններուն իբրեւ երախտագիտութիւն` նախագահ Հերի Թրումըն զինք պատուած է շքանշանով մը:

Իր աշակերտներէն եղած է լիբանանցի բժիշկ վիրաբուժ` փրոֆ. Էմիլ Ռիաշի, որ 1966-ին զինք Պէյրութ հրաւիրած է: Այս այցելութեան ընթացքին, բժիշկ Համբար Քելիքեան  պարգեւատրուած է Լիբանանի նախագահ Շարլ Հըլուի կողմէ, «Order of the National Cedars of Lebanon» շքանշանով:

Ամուսնացած է Ովսաննա Քիւփելեանի հետ եւ ունեցած է զաւակ մը` Արմէն եւ երկու աղջիկներ` Ալիս եւ Վերժինիա:

Բժիշկ Համբար Քելիքեան տիկին Ովսաննա Քելիքեանի հետ

Արմէն եղած է հանրածանօթ վիրաբուժ եւ հայ իրականութեան մէջ բարեգործ անձնաւորութիւն, յատկապէս Հայաստանին:

Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն վիրաբուժական գործողութիւններու

սենեակներէն մէկը կոչուած է իր անունով:

Բժիշկ Համբար Քելիքեան  մահացած է 94 տարեկանին, 24 յուլիս 1983-ին, Շիքակօ:

Բժիշկ Արմէն Քելիքեան իր հօրը մահուան առիթով արտասանած է իր սրտի խօսքը եւ վեր առած է անոր արժանիքները:

Մոնրէալ, 18 ապրիլ 2023

Աղբիւրներ

1.- Wikipedia, the free encyclopedia, Dr. Hampar Kelikian.

  1. Armeniapedia, Dr. Hampar Kelikian.

3.- Apigian, Charlene, Dr. Hampar Kelikian, Remarkable Armenians, January 20, 2020.

4.- Breu, Giovanna, “Dr. Hampar Kelikian Is a Dear and Glorious Surgeon and, at 80, Still Among the Best”, People Magazine, October 8, 1979.

5.- “The unparalleled champion”: Bob Dole’s forgotten fight to get Washington to recognize the Armenian genocide.

6.- Արմենեան, Կարօ, «Ոչ եւս է հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դատի առաջամարտիկ, պատերազմի հերոս` ծերակուտական Ռապըրթ Տոլ», «Հորիզոն» շաբաթաթերթ, 6 դեկտեմբեր  2021:

7.- Տէր  Խաչատուրեան, Արտաշէս,  «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր, տոքթ. Համբարձում Քեքլիքեան», «Poetry and the Armenian image», Part II, Ararat (N. Y. ), Vol. II, No 4 (Autumn 1961).

Նախորդը

Միջազգային Երաշխիքներու Վրայ Դրուած Գրաւը Եւ «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» Պատմութեան Թելադրանքը

Յաջորդը

Սլաք. Մուկ Կը Փնտռուի…

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.