ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայաստանի հնադարեան կին զինուորներուն մասին այս երկրորդ յայտնութիւնն է: Առաջինը ներկայացուեցաւ Ժ. մասին մէջ, ուր Լոռի մարզի Բովեր գիւղին մէջ թաղուած երկաթէ դարու (ՔԱ 12- 6 դարեր) ռազմուհիին մասին անդրադարձ կատարուեցաւ (1):
Այս անգամ Հայաստանի Շիրակի մարզին մէջ է, ուր թաղուած են այս երկու ռազմուհիները: Ջրափի գիւղի դամբարաններու պեղումներուն մասին 14 դեկտեմբեր 2021-ին Ուայլի (Wiley) հրատարակչատան գրադարանին կայքէջը (2), (3) կը յայտնէ հետեւեալը. «Պատերազմիկներու թաղումը ուշ պրոնզէ եւ կանուխ երկաթէ դարուն (ՔԱ 1600-1200*). կին ռազմիկներու երեւոյթը Ջրափիի դամբարանէն (Շիրակի մարզ, Հայաստան). «Warrior burial of the Late Bronze Age and Early Iron Age: The phenomenon of women warriors from the Jrapi cemetery (Shirak Province, Armenia)»:

Նախքան նիւթին անցնիլը՝ կրկին ու կրկին արեւմտեան գիտական, հնագիտական կամ պատմութեան կարգ մը հանդէսներուն ու գիրքերուն կողմէ «Հայաստան» բառը չգործածելու, փոխարինելու եւ հայոց պատմութիւնը ձեւով մը խեղաթիւրելու, անտեսելու, աղաւաղելու, կամ ծածկելու վարքագիծին կը հանդիպինք այստեղ.
Համբաւի տէր, 150-ամեակ տօնող Նէյչըր (Nature) շաբաթական հանդէսին 4 յունուար 2022-ի համարին մէջ նո՛յն այս լուրը յայտնած են՝ աղբիւր ունենալով վերոնշեալ նո՛յն Ուայլին, սակայն՝ խորագիրը փոխած, որուն մէջ ո՛չ Ջրափի, ո՛չ Շիրակի մարզ եւ ո՛չ ալ Հայաստան անունները նշուած են, այլ՝ պարզապէս Կովկաս (4): Այսպէս «Դամբարանը կը յայտնաբերէ պատերազմիկ կիներ, որոնք կը շրջէին վաղեմի Կովկասի մէջ. դաշոյն եւ նետեր 3000 տարի առաջ թաղուած կին ռազմիկներու գոյութիւնը կը փաստեն». «Tomb reveals warrior women who roamed the ancient Caucasus. Dagger and arrows interred in a grave 3,000 years ago provide evidence of female warriors».
Ինչպէս կը տեսնենք, ո՛չ միայն ճշգրիտ վայրը չէ նշուած, այլեւ թուականը 200-600 տարի զեղչած են: Երեւակայել, որ մի՛այն շուրջ տարի մը առաջ տեղի ունեցած նոր պեղումներու մասին է նիւթը, եւ արդիական զանգուածային լրատուամիջոցներու այս օրերուս այսպիսի դիտումնաւոր կերպով խարդախող ու մոլորեցնող անտեսումներ տեղի կ՚ունենան, որպէսզի «Հայաստան» անունը չգրուի, չնշուի, եւ մոռցուի եւ գոյութիւն չունենայ…
Եթէ այս յայտնաբերումը Իսրայէլի մէջ ըլլար, ամբողջ աշխարհը փողով ու թմբուկով, օրաթերթերով, հեռատեսիլով, ձայնասփիւռով, Դիմատետրով եւ այլնով կ՚իմանար, թէ Պաղեստինի ճիշդ ո՛ր վայրին մէջ էր յայտնաբերումը, հաւանաբար քանի մը նպաստաւոր սուտերով ալ կը համեմէին լուրը: Ինչո՞ւ… քանի որ մեղանչողները անմիջապէս «հակասեմական» պիտակ կը ստանան, բան մը, որ աշխարհի երեսին զիրենք անբաղձալի տարրերու կը վերածէ: Մե՛նք ալ միջոց մը պէտք է որոնենք պատժելու ստախօս ու մոլորեցնող պատմաբանները:

Ընդհանրապէս այս յօդուածաշարքին ընթացքին եւ մասնաւորապէս Թ. (5), ԺԱ. (6), ԺԴ. (7), ԺԶ. (8) մասերուն մէջ նոյնիսկ հնագիտական շատ մը փաստեր անտեսող, օտարին կողմէ մեր պատմութիւնը կեղծելու եւ խարդախելու մասին օրինակներով անդրադարձած էինք: Աւելի մանրամասն փաստերով նշումներ կատարեցինք «Ազդակ»-ի 5-րդ առցանց լսարանին առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց եւ այլոց). Գիտութի՞ւն, ինքնութի՞ւն, մեթոտաբանութիւն» Ա., Բ. Եւ Գ. մասերուն մէջ՝ նշելով նաեւ այժմու ազգադաւ իշխանութեան թրքահաճոյ խեղաթիւրումները (9), (10), – (11), նաեւ՝ «Սեւրի դաշնագիր 100-ամեակ Գ. Սեւրի դաշնագիրը եւ Ուիքիփետիան» (12):
Հայոց պատմութիւնը պէտք է վերանայուի՝ սրբագրելով օտարին կողմէ կատարուած բոլոր խեղաթիւրումները: Իւրաքանչիւր գիտակից հայ արթուն պահակ մը պէտք է ըլլայ մեր պատմութեան, մասնաւորապէս՝ պատմութեան ուսանողներն ու դասախօսները, համալսարաններու հայագիտական ճիւղերը եւ Հայաստանի համալսարաններու համապատասխան կաճառները, հնագէտները, թանգարանները, գրադարաններու վարիչները եւ այլն: Անոնց մնայուն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ մատնանշել եւ սրբագրել բոլոր սխալները, ներառեալ՝ մասնաւորապէս խորհրդային ժամանակաշրջանին պատուէրով գրուած սխալ ու հակահայ աղաւաղուած «պատմութիւնը»:
Ինչպէ՞ս կանոնաւոր կերպով ու ծրագրուած հերթականութեամբ պայքարիլ այս երեւոյթին դէմ: Ինչո՞ւ հնագիտական պեղումներուն արդիւնքները չեն ներմուծուիր ու չեն սրբագրեր մեր դասական ու երբեմն դիտումնաւոր կերպով, նոյնի՛սկ պետական պատուէրով աղաւաղուած մեր պատմութիւնը:

Գործնական առաջարկ 1: Հայոց պատմութեան արդիականացման ու սրբագրման համաշխարհային մակարդակի կեդրոնի ստեղծում եւ մնայուն արշաւ՝ Armenian history update:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը պէտք է վերոնշեալ ակադեմական բաժանմունք մը, կամ խմբակ մը ստեղծէ` գործակցելով սփիւռքի հայ եւ օտար անաչառ մասնագէտներուն հետ, որոնց առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ հայոց պատմութեան օտար եւ հայ պատմական աղբիւրներու խեղաթիւրումները մատնանշել, սրբագրել եւ յատուկ կայքէջի մը մէջ նշել ու զետեղել այդ բոլորը:
Ինծի նման ոչ պատմագէտ անձեր, որոնք որեւէ տեղ` օրաթերթի, հանդէսի, կայքէջի կամ գիրքի մը մէջ, հայութեան վերաբերող պատմական կասկածելի նիւթի մը կը հանդիպին, ել-նամակով տեղեակ կը պահեն այս բաժանմունքը, որպէսզի անոնք գիտական տուեալներով ստուգեն, սրբագրեն եւ սրբագրուած նիւթը զետեղեն այս կայքէջին մէջ: Եթէ հեղինակը ողջ է, նաեւ անոր եւ հրատարակողին ուշադրութեան յանձնեն եւ գիտական հանդէսի մը մէջ գրեն այս մասին: Այս միջոցով ծրագրուած ու կանոնաւոր կերպով տէր կանգնած կ՛ըլլանք մեր ապրող ու կենսունակ պատմութեան:
Առաջարկ 2. Տարեկան կամ երկամեայ յաճախականութեամբ միջազգային պատմագիտական խորհրդաժողովներ կազմակերպել` հեղինակաւոր հիւրերու մասնակցութեամբ եւ այնտեղ եւս արծարծել, սրբագրել ու հրատարակել հայոց պատմութեան վերոնշեալ խեղաթիւրումները` վայր, ժողովուրդ, պատահար եւ այլն:
Առաջարկ 3. Այս գործը սկսիլ Ուիքիփետիայի արեւելահայերէնի բաժանմունքէն, ուր պատմական նիւթերուն մեծամասնութիւնը քաղուած է, կամ աղբիւր ունեցած է ոչ վստահելի եւ պատուէրով գրուած «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ը: Մանաւանդ՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ անոր անմիջապէս նախորդող ու յաջորդող ժամանակաշրջաններն ու հայ ազատագրական պայքարի յեղափոխական շարժումներուն ժամանակաշրջանը:

Առաջարկ 4. Այս աշխատանքը ծրագրուած ժամանակաշրջաններու բաժնելով՝ կանոնաւոր կերպով գործ բաշխել հայկական պատմական եւ աշխարհագրական նիւթեր ուսանողներուն՝ իբրեւ պարտականութիւն, թեզերու նիւթ, աւարտաճառ եւ այլն:
Առաջարկ 5. Բոլոր նոր պեղումներու եւ հետազօտութիւններու արդիւնքները, որոնք արմատականօրէն կը փոխեն ցարդ կարծուած աշխարհի ընդհանուր պատմութիւնը, նոյնպէս հրատարակել այս կայքէջին մէջ: Օրինակ՝ ԺԹ. մասին մէջ նշուած ծինային քննութիւններուն արդիւնքը կը փաստէր, որ ոչ թէ հայերը եւ հայերէնը հնդեւրոպականին կը պատկանին, այլ հայերն ու Հայաստանը հնդեւրոպականին աղբիւրն են (13): Շատ կարեւոր է այս, քանի որ հարիւրաւոր տարիներու ընդհանուր պատմութեան սխալ տեսակէտը կը ժխտէ եւ հայերն ու Հայաստանը՝ իբրեւ քաղաքակրթութեան սկզբնաղբիւրներէն մէկը, իր արժանի տեղը կը զետեղէ:
Վերադառնալով ռազմուհիներուն, այս պեղումները կատարած եւ գիտաշխատութիւնը հրատարակած են՝ Անահիտ Խուտավերտեան, Ազատ Ենգիպարեան, Համազասպ Խաչատրեան եւ Արշակ Յովհաննէսեան: Ստորեւ՝ տեղեկագիրին ամփոփումը.
«Ջրափիի (Շիրակի մարզ, Հայաստան) վաղեմի գերեզմանատան մէջի (դամբարան 3) երկու կին մարտիկներուն ոսկրային աճիւններու մնացորդներուն ուսումնասիրութիւնը բացայայտեց բազմաթիւ վիրային վնասուածքներ, որոնք լոյս կը սփռեն անոնց առօրեայ գործունէութեան, զբաղումներուն եւ մարտական փորձառութեան վրայ:

«Երկու կիներն ալ ունէին գանկային ճնշիչ վէրքեր` ապաքինման նշաններով: Յայտնաբերուած է պրոնզէ նետին ծայրը, որ ժամանակին խրուած էր միջկողային տարածութեան փափուկ հիւսուածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` սրունքի ստորին ոսկրասարին մէջ գտնուող անցք մը, որ հաւանաբար մնացած հետքն է պրոնզէ նետի գլուխի մը կոտրուած կէտէն:
«Շատ հաւանական է, որ կիները ձիավարներ եւ նետաձիգներ էին: N 3 դամբարանէն պեղուած աճիւնները կը պատկանէին երկու կիներու, որոնք կարծես թէ կ՛ապրէին իբրեւ արհեստավարժ ռազմիկներ եւ թաղուած էին իբրեւ բարձր աստիճանի անհատներու վայել կարգով: Այս գերեզմանը Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած երրորդ թաղումն է, որ կը վկայէ կին մարտիկներու մասին»:
Յատկանշական է, որ այստեղ՝ ամփոփումին աւարտին, հեղինակները մէջբերած են Գարեգին Նժդեհին հետեւեալ խօսքը. «Մայրերու ափին մէջ պիտի փնտռել ազգերու ճակատագիրը»:
Կ՛արժէ նշել, որ Ջրափի գիւղը 1974-ին կառուցուած է, երբ Ախուրեան ջրամբարը կառուցուեցաւ, քանի որ 1947-ին հիմնուած այս գիւղը ջուրին տակ պիտի մնար ու բնակիչները տեղափոխուեցան նորակառոյց Ջրափի: Վերջին տարիներուն Ախուրեան ջրամբարի մակարդակին անկումին պատճառով այս դամբարանադաշտերը վերստին յայտնուեցան: Երկար տարիներ ջուրին տակ մնալուն պատճառով յայտնաբերուած աճիւնները իտէալական չէին: Պեղումները առաջին անգամ սկսան հայ-գերմանական հնագէտներով, 2013-2016-ին, յայտնաբերելով 17 դամբարաններ, եւ 2017-2021, Խուտավերտեանի այժմու խումբը` 10 դամբարաններ: Այս երկու պատերազմիկ կիները ձիաւոր եւ նետաձիգներ էին, որոնք հաւանաբար մարտի ընթացքին մահացան:
Պատմութեան մէջ պատերազմիկ կիները ամազոն կը կոչուէին, որոնց բնօրրանը Հայկական Լեռնաշխարհի հիւսիսը` Սեւ ծովուն հարաւը, յունական Պոնտոսն ու Սխիթիան էր: Փորձ կատարուած է ամազոն անուան յունարէն արմատը գտնել, սակայն արդի լեզուաբաններ կը կարծեն, որ բառը պարսկական կամ կովկասեան արմատներ ունի կ՛ըսէ Սիմոն Վորալ (Simon Worrall) «Նեշընըլ ճէոկրաֆիք»-ի 29 հոկտեմբեր 2014-ի յօդուածին մէջ (14):
22 փետրուար 2023
Շար. 22/23
- https://aztag32.rssing.com/chan-56539322/article9146.html
- https://onlinelibrary.wiley.com/doi/full/10.1002/oa.3077
- https://onlinelibrary.wiley.com/doi/epdf/10.1002/oa.3077
- https://www.nature.com/articles/d41586-021-03828-1
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/11/07/հայաստանի-ձիերը-ձիաւոր-հերոսները-հեծ-9/
- https://www.aztagdaily.com/archives/457710
- https://www.aztagdaily.com/archives/466803
- https://www.aztagdaily.com/archives/475615
- https://www.aztagdaily.com/archives/476310
10. https://www.aztagdaily.com/archives/476522
- https://www.aztagdaily.com/archives/476679
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/07/24/սեւրի-դաշնագիր-100-ամեակ-գ-սեւրի-դաշնագի/
- https://www.aztagdaily.com/archives/565457
- https://www.nationalgeographic.com/history/article/141029-amazons-scythians-hunger-games-herodotus-ice-princess-tattoo-cannabis
- Anahit Y. Khudaverdyan, Azat A. Yengibaryan, Hamazasp H. Khachatryan, Arshak A. Hovhanesyan


