Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Վերակազմակերպումը` Էական

July 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս սուրիահայ, այնպէս ալ շարք մը սփիւռքահայ համայնքներու համար այս շրջանին կարեւոր նշանակութիւն ունի վերակազմակերպումը:

Վերակազմակերպումը իմաստ պիտի ունենայ,  յատկապէս երբ կառոյցներ վերանորոգելու եւ համայնքի զաւակներուն դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստելու կողքին, սերտողութիւն  կատարուի, թէ համայնքը դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուի, վերակազմակերպուելու եւ ինքնութեան որակը պահելու համար ի՞նչ բաներու կարիք պիտի ունենայ յառաջիկայ գէթ 25 տարիներու ընթացքին, եւ ինչպիսի՞ ծրագիր հարկ է մշակել այդ կարիքները ապահովելու համար:

Աշխուժութիւնը առանձնաբար երբեք երաշխիք չէ գոյատեւման: Միտք բանին` որեւէ ոլորտի մէջ եթէ ծրագրաւորում չըլլայ եւ պարզապէս գործ քալեցնելու տրամաբանութեամբ ընթացք առնեն աշխատանքները` ընդհանրապէս կրկնութիւնը ըլլալով նախորդ տարիներու գործունէութիւններուն,  առանց ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահելու, քանի մը տարի ետք լուրջ տագնապի մէջ պիտի յայտնուինք: Պիտի նկատենք, որ տարբեր մակարդակներու վրայ նպատակաուղղուած գործունէութեան բացակայութիւնը փակուղիի դիմաց կանգնեցուցած է մեզ, ու կարիքները բազում ըլլալով` ելքերը երեւելի չեն արդէն:

Անհրաժեշտ է սերտել, թէ մեր կրթական հաստատութիւնները, մեր մշակութային թէ մարզական միութիւնները, զարգանալու, տնտեսապէս ինքնաբաւ դառնալու, անհրաժեշտ մարդուժով օժտելու համար ինչպիսի՞ ծրագիրներ պէտք է մշակուին, երիտասարդ սերունդները, ուսեալ տարրը մեր միութիւններուն եւ ակումբներուն շուրջ պահելու համար ինչպիսի՞ գործելաոճ պէտք է կիրարկուի, մեր սերունդները ուսումնական եւ աշխատանքային նուաճումներու ուղղելու համար ծնողք-դպրոց-միութիւն գործակցութեան ինչպիսի՞ եղանակ պէտք է որդեգրուի:

Տակաւին, երկրի տարբեր ոլորտներու զարգացման մէջ մեր մասնակցութիւնը արդիւնաւէտ ու յատկանշական դարձնելու համար ինչպիսի՞ մարտավարութիւն պէտք է մշակուի:

Այս բոլորը կարեւոր պահանջներ են, որոնց մասին մտածելն ու գործի անցնիլը, առօրեայ աշխատանքներէն քայլ մը անդին անցնելով,  շրջահայեաց մօտեցում ունենալ եւ ծրագրել կը պահանջեն:

Երկրի տնտեսական ծանր պայմանները, գաղթի դիմող յատկապէս երիտասարդներու աճող թիւը եւ ասոնց հետեւանք` համայնքին առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները յստակ, իրականանալի եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու կը կարօտին:

Նման ծրագիրներ կեանքի կոչելով նաեւ ապագային կրնանք ունենալ ե՛ւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, ե՛ւ մշակութային ոլորտներու մէջ ծառայող մասնագէտներ, ե՛ւ տարբեր կառոյցներու վիճակը բարելաւելու ատակ տնտեսագէտներ…

Նախորդը

Երբ Մեր Ընդհանրական Շահերը Գերադաս Համարենք

Յաջորդը

Յիշելով Բազմերախտ Գիտնականը (Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.