Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Մեր Ընդհանրական Շահերը Գերադաս Համարենք

Յուլիս 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Եկեղեցական կամ ազգային բնոյթ ունեցող որեւէ հանրային ծառայութիւն կենսական տուեալ մըն է մեր գոյութիւնը պահպանելու համար: Մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները չեն կրնար գոյատեւել առանց ծառայութեան լծուած նուիրեալներու:

Սակայն ծառայութեան լծուած պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող մարդոց միջեւ փոխյարաբերութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է հանրային գործը լաւագոյն կերպով յառաջ տանելու:

Հանրային ծառայութեան նուիրեալներ, որքան ալ խելացի եւ աշխատասէր ըլլան, եթէ իմաստութիւն չունին բարեացակամ եւ բարեկամական կապեր հաստատելու իրենց գործակիցներուն հետ, իրենց տարած աշխատանքը մեծապէս կրնայ տուժել, կամ կրնայ ձախողիլ: Համագործակցութեան համար անհրաժեշտ է դրական յարաբերութիւններու մշակումը: Բարեկամական յարաբերութիւններ մեծապէս կը նպաստեն  կարեւոր նախաձեռնութիւններ համագործակցաբար յառաջ մղելու եւ յաջողութեան հասցնելու, որմէ որոշապէս կրնան նպաստաւորուիլ հասարակութեան մը ընդհանրական շահերը:

Անտարակոյս բարեկամական կապերն ու յարաբերութիւնները իրենց կարեւոր դերը ունին մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Բայց եթէ այդ կապերը շահագործուին կամ չարաշահուին,  կրնան մեծ վնասներ հասցնել մեր հասարակական կեանքի շահերուն: Պէտք է մատնանշել որ սխալ հասկցուած կամ մեկնաբանուած բարեկամական յարաբերութիւնները կրնան իրենց ժխտական անբաղձալի հետեւանքները ունենալ: Բարեկամական կապերէ մեկնելով` երբ հանրային ծառայութեան նուիրուած մարդիկ սկսին աչք գոցել իրարու սխալներուն եւ իրենց յանցանքները պարտկել` այդ տեսակ սխալ մեկնաբանուած բարեկամութիւններ ի վերջոյ վնասակար կը դառնան պաշտպանուող  անձերուն եւ հաւաքականութեան ընդհանրական շահերուն:

Անձամբ ականատես եղած ենք միութենական կեանքի մէջ պատահած կարգ մը խնդիրներու, որոնք «կարգադրուած» կամ «լուծուած» են բարեկամական հաշիւներով` ի գին կարգ մը սկզբունքային կամ բարոյական զիջումներու: Իրազեկ ենք պարագաներու, երբ մարդիկ իրենց ազգականները կամ բարեկամները պաշտպանելու համար լռութեամբ մեղսակցած են անոնց գործած յանցանքներուն եւ մեղքերուն:

Նկարագրի եւ սկզբունքի տէր եղող մարդիկ իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն հետ կրնան տարակարծիք ըլլալ ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցերու մասին` առանց իրենց բարեկամական կամ ազգականական կապերը խախտելու: Բայց աւելի՛ն. առողջ բարեկամական եւ սիրոյ կապերը կ՛ամրապնդուին անկեղծ եւ անշահախնդիր փոխյարաբերութիւններով:

Եթէ բարեկամական կամ ազգականական կապերը ճշմարիտ ու անկեղծ սիրոյ վրայ հիմնուած են, այն ատեն յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան եղած որեւէ դիրքորոշում,  փոխանակ տարակարծութիւն ստեղծելու,  պատճառ դառնալու է, որ փոխադարձ սիրոյ կապերը աւելի եւս զօրանան:

Մեր միութենական, հանրային եւ եկեղեցական կեանքը որքան աւելի առողջ եւ կենսունակ պիտի ըլլար, եթէ մարդիկ կարենային  գերադաս համարել մեր ընդհանրական շահերը` իրենց անձնական, ընտանեկան, բարեկամական եւ խնամիական շահերէն:

Աւելի անդին նայելով, երբ մեր հայրենական եւ ազգային շահերը նկատի ունենանք, այսօր մեր հայրենիքը շատ աւելի հզօր պիտի ըլլար,  եթէ անցնող քանի մը տասնամեակներու իրերայաջորդ մեր հայրենի վարչակազմերը մեր հայրենիքի շահերը գերադաս համարէին իրենց անձնական, բարեկամական եւ կուսակցական շահերէն եւ կարող ըլլային յայտարարելու «Կը սիրեմ Կեսարը, բայց Հռոմը` աւելի», կը սիրեմ բարեկամներս կամ ազգականներս, բայց արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ մեր ընդհանրական եւ ազգային շահերը աւելի գերադաս կը համարեմ»:

 

 

Նախորդը

Յարգել Գիտելիքի Ձգտումը, Պաշտպանել Անցեալը Եւ Ձգել Ժառանգ, Որ Կը Գերազանցէ Նիւթական Հարստութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Վերակազմակերպումը` Էական

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?