ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. Գ.
Վարազդատ (Վազգէն Էթիեմեզեան), «Շաբթուան մտածումը», Պէյրութ, 2023: Խմբագիր` Վիգէն Աւագեան: Հրտ. ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին:
****
Վաղամեռ մտաւորականի մը հատորն է այս: Հրատարակութիւնը ձեռնարկուած է անոր ծննդեան 80-ամեակին առիթով:
Վ. Էթիեմեզեան գրական-գեղարուեստական գրիչ մը ունեցած էր, սակայն աւելի հրապարակագիր մըն էր:
Հատորին մէջ ամփոփուած են, ինչպէս խմբագիրը կ’ըսէ, «քաղաքական-քաղաքագիտական, ընկերային-իմաստասիրական» բնոյթի 200 յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ/Դրօշակ»-ի 1981-1985 տարիներու թիւերուն մէջ. 1981-ին` «Օրուան մտածումը» տիտղոսով, ապա` «Շաբթուան մտածումը» տիտղոսով: Արդ, հատորին «Շաբթուան մտածումը» անուանումը կը թելադրէ նախընտրութիւն մը պահպանելու հրապարակագրին (գուցէ` պարբերականի խմբագրութեան) ընդհանուր վերնագրումը, նաեւ կը թելադրէ, որ յօդուածները լոյս տեսած են շաբաթական պարբերականութեամբ:
Հատորը կը բացուի խմբագրին «Երկու խօսք»-ով: Յետոյ կը տրուին հեղինակին «Կենսագրական գիծեր»-ը, ապա` 200 յօդուածներ:
Խմբագիրէն կը մէջբերեմ հատուած մը, որ յօդուածներու շարքին նկարագրականը կ’ամփոփէ. «Այս շարքով հեղինակը կը փորձէ սահմանել ազգային-քաղաքական յղացքներ, մեր կեանքին թիւրն ու թերին լուսարձակի տակ առնող երեւոյթներ եւ, առհասարակ, ազգային-գաղափարական մեր պայքարը հունաւորող սկզբունքներ» («Երկու խօսք»):
Փափաքեցայ, որ այս գրութեամբ կարդամ Վարազդատի հայ ինքնութեան մասին նայուածքը: Սկիզբէն ըսեմ, որ ան այս նիւթին վրայ միայն կարճ անդրադարձ մը ունեցած է «Ինքնացում» յօդուածին մէջ: Թէեւ բազմազան նիւթերու իր շօշափումները լռելեայն ունին զայն որպէս ենթադրեալ:
1.- Ընդօրինակում եւ նոյնացում
Արդ, «Ինքնացում» յօդուածին սկիզբը գրած է. «Ինքնագործ ամբողջութիւններ` անհատի եւ ազգի ինքնացման հոլովոյթին մէջ, ակնբախ նմանութիւններու կը հանդիպինք»: Վարազդատի համար ինքնութեան խնդիրը ինքնացման խնդիր է, այսինքն` ընթացքի մը: Ինքնութիւնը ընթացքն է ինքնացման: Ուժական երեւոյթ մըն է: Եւ այնպէս, ինչպէս անհատը ամբողջութիւն մըն է, նոյնպէս ազգը ամբողջութիւն մըն է: Երկուքն ալ «ինքնագործ» են, երկուքն ալ ինքնութիւն կը գործեն: Անոնք «ակնբախ նմանութիւններ» ունին, ուստի ունին նաեւ ակնբախ տարբերութիւններ: Պիտի տեսնուի, որ «ակնբախ նմանութիւններ»-ը գործընթացի տարբերութիւններ են, եւ ոչ` յատկանիշներու:
Որո՞նք են, ըստ իրեն, «ակնբախ նմանութիւններ»-ը:
«Երկու պարագաներուն ալ հոլովոյթի առաջին հանգրուանը ընդօրինակութիւնն է: Անհատ թէ ազգ կ’ընդօրինակեն բնութենէն, ընկերային միջավայրէն եւ ուրիշ ազգերէ»: Այս կը նշանակէ, որ ինքնացման մեկնակէտն է ընդօրինակութիւնը. արդէն ինք գրած է. «Ինքնացման ամէնէն անհրաժեշտ նախաքայլը կը համարուի» ընդօրինակութիւնը: Անհատը կ’ընդօրինակէ իր բնական եւ ընկերային միջավայրը, նաեւ ունի կարելիութիւնը (կ’աւելցնեմ` մանաւանդ արդի ժամանակներու հաղորդակցութեան միջոցներուն իր անմիջականութեամբ, եւ ո՛չ միայն անմիջականութեամբ, այլեւ առհասարակ անոնց` իր վրայ խուժմամբ) այլ ազգերու վարք ու բարքեր, միջավայրային պայմաններ եւ այլք ընդօրինակելու: Ազգը եւս կ’ընդօրինակէ. կ’ընդօրինակէ մինչեւ նոյնիսկ անհատ մը (ամբողջատիրական դրոյթները ուրիշ բաներ չեն, քան` ընդօրինակում անհատի մը), կամ անհատներ:
Չկայ ինքնացում մը, որ չ’ընդօրինակեր: Չընդօրինակելը ժխտումն իսկ ինքնացման: Ի՞նչ է ընդօրինակելը: Գրած է. «Առանց յատուկ անհատական ներդրումի` մարդ թէ հաւաքականութիւն իրենց շրջապատէն կը սորվին վարուելակերպեր, որոնք եթէ մէկ կողմէ զիրենք այդ շրջապատին յարմարելու կը մղեն, միւս կողմէ` նոյն շրջապատին դէմ պաշտապանուելու միջոցներու ձեռքբերման կ’առաջնորդեն»:
Ինչո՞ւ ընթացումը դէպի «պաշտպանական միջոցներ»-ու ձեռքբերում: Թէ՛ անհատի պարագային եւ թէ՛ հաւաքականութեան, որպէսզի ինքնահաստատումը իրագործուի: Ինքնահաստատումը դեռ ինքնացում չէ, խորհած է: Անիկա հանգրուան մըն է, որ տակաւին շատ հեռու է ինքնացման հանգրուանէն: «Բնազդական» հանգրուան մըն է անիկա, ուր անհատը կամ հաւաքականութիւնը իր ինքնութեան գետինը կը պատրաստէ: Հետաքրքրական է, որ յօդուածագիրը այս հանգրուանը կը տեսնէ զուրկ «գիտակցական ներդրումներ»-է: Բայց ինչո՞ւ: Իր կարծիքով, «գիտակցական ներդրումներ»-ը աւելին են, քան` գիտակցութիւնը, եւ` ըստ այն գիտակցութեան գործերը: Անոնք անհատի պարագային կապ ունին «տարիքի եւ փորձառութեան» հետ, իսկ հաւաքականութիւններու պարագային` «դարաւոր կրկնութիւններ»-ուն եւ «փոխանցուած ժառանգութեանց ու աւանդներ»-ուն: «Ներդրումներ»-ը գիտակցական կ’ըլլան, երբ անհատին գործերը ըստ փորձառութեան կ’ըլլան, իսկ հաւաքականութեան պարագային` ըստ ժառանգութեանց եւ աւանդներուն կ’ըլլան: Եւ անհատ ու հաւաքականութիւն դուրս կու գան «մեքենական» գիտակցութենէ եւ «քննական ակնոց» կ’ունենան, «քննական ակնոց»-ով կը նային բոլոր ազդեցութիւններուն եւ ներգործութիւններուն: Մինչեւ «քննական ակնոց» ունենալը` գիտակցութիւնը տակաւին մղումնային է կամ բնազդական ընդօրինակութիւնը` նոյնպէս:
Քննական տեսողութիւնը միաժամանակ, ըստ փորձառութեան եւ ըստ ժառանգութեանց ու աւանդներու, վերլուծական է: «Գիտակցութեան այս հանգրուանին ծրագրումի հոլովոյթը կը սկսի: Ծրագրում, որուն առաջնահերթ մտահոգութիւնը տեսակի պաշտպանութիւնն է», գրած է: Առաջին հանգրուանի «պաշտպանութեան միջոցներ»-ու ձեռքբերման ձգտումը դարձեալ կը յայտնուի, բայց` որպէս «քննական» եւ «վերլուծական» կարողութիւն, երբ արդէն ճշմարիտ ինքնացումը սկսած է: Այս երկրորդ հանգրուանին է, որ` «Մարդ թէ հաւաքականութիւն նոյնացումի հակամիտութիւն կը ցուցաբերեն ամէնէն աւելի: Նոյնացում` նմաններու հետ, նոյնացում` օտար ազգերու բարքերուն եւ սովորութիւններուն հետ, նոյնացում` բնութեան տարերքին հետ»: Արդ, երկրորդ հանգրուանը նոյնացման հանգրուանն է, ճշմարիտ ինքնացման հանգրուանը, որ` «Գերազանցապէս գիտակցական արարք մըն է, ընտրութեան եւ համոզումի հետեւանք, որ կը բխի նոյնինքն մարդու թէ հաւաքականութեան ինքնացումին առթած ինքնավստահութենէն», գրած է: Նոյնացումին հետ անհատը եւ հաւաքականութիւնը փակ դրութենէ դուրս կու գան դէպի բաց դրութիւն, եւ «տեսակի պաշտպանութիւն»-ը կ’իրագործուի բաց դրութեան մէջ, եւ շնորհիւ «գերազանցապէս գիտակցական» ըլլալուն եւ ինքնավստահութեան, որ «բոլոր ներգործութիւններուն առջեւ», բոլոր «յոռի ու տարամէտ ազդեցութիւններ»-ու եւ «օգտակար ու նպատակայարմար կարելիութիւններ»-ու կը գործէ «հակադարձ ներգործութիւններ»-ով: Տեսակի պաշտպանութեան պայքարի լեզու մըն է այս մտածման մէջ կիրարկուողը: Հարց կարելի է տալ, թէ առանց «հակադարձ»-ի` ներգործական լինելակերպ մը տեսակը չի՞ պաշտպաներ: Նաեւ ներգործական լինելակերպ մը չի՞ բանիր տեսակի պաշտպանութեան մտահոգութենէն անդին:
Եզրակացնելով. Վարազդատի համար ինքնացումը ունի երկու հանգրուան. մէկը մղումնային ընդօրինակութեամբ կ’ըլլայ, միւսը` «գերազանցապէս գիտակցական» նոյնացմամբ: Իսկ այս երկուքէն երկրորդով է, որ կը սկսի ճշմարիտ ինքնացումը:
2.- «Տարասփիւռ հայութիւն»
Հայութեան մէկ զանգուածին (ներկայիս` մեծագոյն մասին) վիճակը ամէնուր սփռեալ վիճակ մըն է: Այս սփռուածութիւնը չէ «տարասփիւռ»: Բառը մեր լեզուին մէջ յայտնուած էր առնչաբար Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենական հողերէն բռնագաղթով տարագրութեան: «Տարասփիւռ»-ը իր մէջ ունի «Տարագրութիւն»-ը: «Տարասփիւռ հայութիւն»-ը Մեծ եղեռնը կրող հայութիւնն է: Իսկ ներկայի ցրօնքը «անդրազգ» է կամ «սփիւռքազգ», ինչպէս պիտի ըսէր Խաչիկ Թէօլէօլեան: Անոնք, որոնք դեռ կը կրեն 1915-ը, տարասփիւռ հայութեան անդամներն են, եւ ցիր ու ցան հաւաքականութիւններու մաս մը կը կազմեն` իրենց յիշողութեամբ, գոյապայքարի լծուածութեամբ եւ հայրենիք վերադարձի տեսլականով:
Վարազդատի մտածումը տարասփիւռ «ամբողջութեան» կը վերաբերի: Անիկա «հայրենական հողերու շաղկապիչ, միաւորող եւ ազգի մը կեցութիւնը ապահովող տուեալներէն զուրկ է, օտար ազդեցութիւններու ենթակայ կը մնայ», գրած է:
Ըսի` «տարասփիւռ հայութիւն»-ը ցիր ու ցան հաւաքականութիւններ կը ներկայացնէ: Անոր «արտասահման»-եան կեցութիւնը որքա՛ն կ’երկարի, այնքան աւելի անիկա «ազգային ըմբռնումներ»-էն կը հեռանայ, կ’իւրացնէ «տեղական, տեղայնական մտայնութիւններ», փախուստ կու տայ Հայ դատի «արդար լուծման անհրաժեշտ հեռանկարներ»-էն, եւ իւրաքանչիւր անդամը կը մղէ «անձնական պատեաններուն մէջ» քաշուելու: Հայ հաւաքականութիւնները «օրէ օր» կը հիւծին: Ի՞նչ ընել` շրջելու համար հիւծումը:
Իր ախտաճանաչումը կ’ըսէ, որ հիւանդութիւնը «արուեստական խրամատ»-ն է` ընդմէջ «ժողովուրդը բաղկացնող տարրերուն ու մտաւորական, կազմակերպիչ եւ առաջնորդելու կոչուած տարրերուն»: Ուստի այս «խրամատ»-ը պէտք է վերցնել: «Հայ մարդը եւ յանձնառու առաջնորդը երկուստեք` պէտք չէ ճիգ խնայեն (…) իրարու հանդիպելու, զիրար հասկնալու եւ միասնաբար գործի լծուելու գծով», գրած է: Իսկ ո՞ւր պիտի հանդիպին անոնք: Իր պատասխանն է` Հայ դատի «բարւոք լուծման» գործին մէջ: Ըստ Վարազդատի, ուրեմն, հիւծումը շրջելու անհրաժեշտ առաջնահերթ ընելիքը հայ մարդուն եւ «յանձնառու առաջնորդ»-ին հանդիպումն է վասն Հայ դատին: Եթէ հայութիւնը «տարասփիւռ» է, այսինքն Հայոց ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան հետեւանք է, ապա Հայ դատը անոր «Հաւատամք»-ին առաջին «դաւանութիւն»-ը եւ յանձնառութիւնն է: Անիկա անոր ինքնութեան «նախատարրեր»-ուն (միւսներն են` մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն, իւրայատուկ աշխարհահայեացք) նախադաս տարրն է: «… Ամէն ինչէ առաջ (…) նախ ինքն իրեն համար, իւրաքանչիւր հայ պէտք է լծուի Հայ դատի պայքարին», գրած է, եւ շարունակած` «Պարզ այն պատճառով, որ անհատի թէ ազգի իրաւունքները կրնան յարգուիլ միայն այնքան, որքան նախ անհատը կամ ազգը կը յարգէ ինքզինք»: Հայ դատի «դաւանութիւն»-ը եւ յանձնառութիւնը ինքզինք յարգելու մասին են: Հայ դատը անհատական եւ ազգային, նաեւ համամարդկային իրաւունքին որոնում է: Անիկա «մեր առօրեայ հացէն աւելի» կենսական է: Նպատակ չէ անիկա, այլ` միջոց: Գրած է. «Միջոց մըն է, որպէսզի իրաւունքի անհրաժեշտութիւնը մեզի չափ եւ մեզի պէս ուրիշներ ալ զգան իրենց մորթերուն վրայ եւ շուտափոյթ դարման մը գտնելու գործին մէջ օժանդակեն մեզի»: Հայ դատի արդար լուծումը, ըստ իրեն, պիտի ըլլայ նախանշանը «իրաւունքի տիրակալութեան գալստեան»:
Քանի ինքնութեան միւս նախատարրերն են մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը եւ իւրայատուկ աշխարհահայեացքը, ապա հիւծման շրջումին համար այն անհրաժեշտ տարրերը ինչպէ՞ս հասկցած է:
Մշակոյթը: Վարազդատ յօդուած մը ունի, որուն վերնագիրն է «Ազգ եւ մշակոյթ»: Անիկա կը հետեւի Վահան Տէրեանին մտքերուն, ըստ որոնց, ազգը «Միայն արտաքին ուժերի զօրութեամբ, իրերի արհեստական դասաւորմամբ չի ստեղծւում, այլեւ` իր անդամների ներքին մտաւոր-հոգեկան կապերով»: Այն «ներքին մտաւոր-հոգեկան կապեր»-ը որպէսզի շարունակեն ազգաստեղծումը, պէտք է անդադար արժէքներ ստեղծուին, այն արժէքներն են ինքնութեան առհաւատչեաները: Անոնց ստեղծումը միայն հանճարներուն գործը չէ, այլեւ է համայն ժողովուրդի ստեղծագործ ուժերուն ստեղծումը: Իւրաքանչիւր հանճար, իւրաքանչիւր ստեղծագործ ուժ կոչուած է իւրացնելու «իր ազգի (մտաւոր-հոգեկան) կառուցուածքը», խտացնելու իր մէջ «ազգային գիծերը այնպէս, որ ազգային մշակոյթի արարումին ճամբով արտայայտէ իր ժողովուրդի ինքնահաստատման ցանկութիւնն ու կամքը, անոր եռքն ու հրահրումը»: Մշակոյթը ինքնութեան առհաւատչեայ արժէքներուն յարատեւ ստեղծագործումն է:
Այլ յօդուածի մը մէջ գրած է, որ հայ մշակոյթը «ազնուացումի դարաւոր ընթացք» մըն է ապրած: Զայն «յօժարակամ երկիւղածութեամբ, արժանավայել վայելչութեամբ, պատուով, պատուախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ» իրենց ուսերէն եւ ճակատներէն բարձր բռնողներ եղած են, այժմ եւս անիկա նոյնպէս բարձր բռնուելու է: Ինքնութիւնը այդպէս կը պահպանուի:
Քաղաքակրթութիւնը: Գրեթէ ոչինչ ըսած է քաղաքակրթութեան մասին` բացի քանի մը խօսքէ, որոնցմով կարելի չէ սահմանում մը կազմել: Ըստ իրեն, այժմեան քաղաքակրթութիւնը այլասերման մէջ է, եւ հայութիւնն ալ` ենթարկուող մը ատոր:
Իւրայատուկ աշխարհահայեացքը: Ազգ մը ազգ կ’ըլլայ իւրայատուկ աշխարհահայեացքով: Հայութիւնը եւս, ի շարս այլոց, այնպիսին ունեցած էր միջնադարուն: Ընդունելով հանդերձ քրիստոնէական արժէհամակարգին բարձրութիւնը եւ յիշելով անոր մեծ դէմքերէն երկուքը` լատիններուն Օգոստինոսը եւ մեր Գրիգոր Նարեկացին` որպէս տիպական օրինակներ, անոնց գրականութիւնը հասկցած է իբրեւ պայքար «Աստուծոյ ու այս աշխարհի անոր ծառաներուն կողմէ ստեղծուած բոլոր կաշկանդումներուն դէմ»: Պայքար` ստրկացման դէմ: Հետեւաոար նաեւ` ստրկամտութեան, որ արգելք էր յառաջդիմութեան: Չէ ակնարկած, ուստի կարելի չէ գիտնալ, թէ Արեւմուտքի մէջ ե՞րբ էր տեսած սկզբնաւորումը յառաջդիմութեան: Հետեւաբար ենթադրութիւններ ընելը աւելորդ է: Իսկ հայութեան պարագային, յառաջդիմութեան սկզբնաւորումը տեսած է 19-րդ դարուն մէջ: Գրած է. «Փաստը այն է, որ իբրեւ ժողովուրդ` յառաջդիմելու սկսանք երկու դարէ ի վեր. այն օրէն, երբ (…) ենթակայութիւնը փոխարինեցինք մարտահրաւէրով, անկազմակերպ անզօրութիւնը` կազմակերպ ներկայութեամբ, հատուածականը` համազգային տեսիլքով եւ, Զարթօնքի օրերէն սկսեալ, մեր անխոնջ ազգայնականները քար առ քար, տագնապով, անձկութեամբ եւ անդոհանքով կերտեցին Հայ Պահանջատիրութիւնը»:
Անկասկած յօդուածագիրը վերջը անդրադարձած պիտի ըլլար, թէ ինք ո՛ր հայ միջնադարեան մշակոյթին մէջ տեսած էր ազգաստեղծ «անկորնչելի սխրանքներ»-ը, ապա ուրեմն տեսած էր ապացոյցը յառաջդիմութեան… Գուցէ նաեւ` մտածած, որ էական տարբերութիւնը միջնադարուն եւ արդի ժամանակին կը կայանար ստրկամտութենէ հայութեան դուրս գալուն` շնորհիւ «մարտ»-ական ոգիի եւ Հայ Պահանջատիրութեան զարթնումին էր, եւ յառաջդիմութեան յղացքին տուած` այլ բովանդակութիւն մը:
3.- «Աւերակներու թագաւորութիւնը»
Վարազդատ գիտէր, թէ այն յառաջդիմութիւնը յանգած էր աւերումի` «հայրեր»-ու մեղքին պատճառով: Ի՞նչ էր այն մեղքը: «Քանդումի, փլուզումի եւ ճահճացումի» ոգին էր: Իր մտքին մէջ «հայրեր» նաեւ իրենց կարգին քանդած, փլուզած եւ ճահճացուցած էին հայ կեանքը:
Գրած է. «Հայ նորահաս սերունդը ի՞նչ հիմքեր ունի քանդուած եւ աւերակ այս ներկան ապագայի լոյսի եւ յոյսի կենսախայտութեան վերածելու: Ո՛չ հող կայ, ո՛չ հայրենիք: Համայնակուլ եւ հետզհետէ ճղճիմ դարձող մտահոգութիւններու խորունկ ծովուն մէջ, հայ մարդը (ուրեմն` ոչ միայն «նորահաս սերունդը», ԳՔ), երբ իր շուրջ կը նայի, հայրերէն ժառանգուած աւերակի կոյտեր եւ նոր կացութաձեւեր կը տեսնէ»: Այնուհանդերձ, «աւերակներու թագաւորութիւնը ժառանգել»-ն ալ կատարեալ վհատութիւն չէ համարած: Եւ հրաւիրած է «ուշադիր ակնարկ» մը նետելու «պատմութեան մղիչ ուժերուն վրայ», «որպէսզի ճիշդ հունի մէջ դրուին կազմակերպչական եւ արդարադատութեան ճամբով հատուցում պահանջող մեր աշխատանքները: Կարեւորը, էականը, հիմքը ոգին կը մնայ: Այն ենթակայական նախատրամադրութիւնը, որ նախապայմանն է բոլոր առարկայական կառոյցներուն»:
Նաեւ գրած է. «Հայրերուն մեղքը որդիներուն պարտքն է: Պարտք կ’ըլլայ, երբ զաւակները իրենց վրայ կը վերցնեն այդ մեղքը քաւելու պատասխանատուութիւնը (…): Պարտք չէ, երբ հօր եւ զաւակի միջեւ միեւնոյն անձը ըլլալու յարաբերութիւնը գոյութիւն չունի»: Եթէ հայրերը մեղաւոր են, ապա որդիներն ալ մեղաւոր են: Իսկ որդիները ունին կարելիութիւնը քաւելու հայրերուն մեղքը: Եւ քաւելու ընթացքը կը սկսի որդիներուն իրենց հայրերուն հետ հարազատութեան գիտակցութեամբ եւ դաւանութեամբ ու կամեցողութեամբ «անոնց թիկունք կանգնելու», ո՛չ թէ անոնց մեղքը տեւականացնելու համար, այլ «ստեղծագործ ոգի»-ով պայքարելու «քանդումի, փլուզումի եւ ճահճացումի» ոգիին դէմ: Պայքարիլ` ո՛չ արագօրէն եւ փութկոտօրէն «առարկայական կառոյցներ» ստեղծելով, այլ` համբերութեամբ եւ հետեւողականութեամբ, որպէսզի աւերակները դրախտի վերածուին, եւ ինքնութիւնը անցնի բնակելու դրախտին մէջ, որ հայրենադարձութեամբ վերահաստատուիլն է պապենական հողերուն վրայ:
4.- Հուսկ բանք
Վարազդատ մտաւորականը ներկայացուցիչներէն մէկն էր հայօրէն ինքնացման գաղափարախօսներէն: Հաւատաւոր իտէալիստ մըն էր ան, որ Հայ դատին լուծումը տեսաւ առաջնահերթ` ինքնացման համար: Ո՛չ թէ զայն դաւանելով իբրեւ վախճանակէտ ինքնացման, այլ` միջոց, որ համամարդկային արդարութեան վերականգնումով համամարդկային ինքնացումը յայտնուի ու ըլլայ: