Ձեր անունները ահագին`
Դողահար կողերուն խորը կ՛ապրին`
Դո՜ւք, այլեւս անմահօրէն` Ժիրայր, ու Պետօ,
ու Փարեան կ՛աղաղակուիք,
Ու Գնունի, ու Արամեան, ու Սերոբ, ու Դեւեան…
Դուք էիք որ կործանումի ու փրկութեան ճգնաժամերուն
Շղթայազերծումներու ահազանգերը հնչեցուցիք…
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՑՈՒՄԸ», ՍԻԱՄԱՆԹՕ
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Քանի մը ամիս առաջ ե-նամակով մը ստացած էի հետաքրքրական գրութիւն մը: Ուղարկողը մեր սիրելի բարեկամ-ուսուցիչն էր, որուն բանասիրական մտքին ու հայոց լեզուին հանդէպ ցուցաբերած գերբծախնդրութեան շնորհիւ արժանացած է մեր խոր գնահատանքին ու շատ անգամ երախտագիտական զգացումին:
Ան, իր կարգին, նամակը ստացած ըլլալու էր ուրիշէ մը, եւ զայն ուղարկած այնպիսի մտաւորականներու, որոնց հրապարակագրական աշխատանքին եւ ազգային կազմաւորումին քաջածանօթ է:
Օրին, ընթերցելով գրութիւնը, քիչ մը անակնկալի եկած էի, որովհետեւ տեղեակ չէի անուանի պատմաբան Լէոյի գրիչով արձանագրուած նման հատուածի մը մասին: Կ՛ըսուի, որ հատուածը առնուած է Լէոյի «Անցեալից» յուշագրութենէն եւ կը վերաբերի Պանք Օթոմանի գրաւումին:
Մտքիս մէջ պահեցի բովանդակութիւնը եւ սպասեցի պատեհ առիթի մը, որ գէթ անդրադարձ կատարուի գրութեան այն բաժինին, զոր շեշտել ուզած է նոյնինքն Լէօ` ակնարկելով տղոց մասին ռուս դեսպանատան թարգմանիչ Մաքսիմովի հետեւեալ արտայայտութեան. «Դուք էշ էք»:
Հետագայ տողերուն մէջ Լէոյի գրութենէն մէջբերուած ակնարկներուն հաւաստիացումին մասին քիչ բան պիտի խօսինք, որովհետեւ համոզուած ենք, որ մեծ պատմաբանին պատկառելի գրիչը անպայման որ կը պարփակէ ճշմարտացի խօսք եւ վաւերական արտայայտութիւն:
Այդուհանդերձ, մեզ մտահոգողը աժան վերագրումներն ու ենթակայական մօտեցումներ են` կատարուած արարքին թէ Քրիստափորի մասին: Ասիկա, ըստ իս, կը նսեմացնէ պատմաբանին այլապէս գնահատելի վաստակը:
Ճիշդ է, որ յարգելի են բոլոր կարծիքներն ու կեցուածքները` ինչ նիւթի մասին ալ ըլլան անոնք, այնքան ատեն որ կը հարստացնեն սեփական ժողովուրդի անցեալի թէ արդի կեանքի պատմութիւնը, միւս կողմէ նաեւ, մեզ կը պարտաւորեցնեն լոյսին բերել ու կրկին յիշեցնել պատմական անառարկելի ճշմարտութիւններ, որոնք, այս պարագային կ՛առնչուին Պանք Օթոմանի գործողութեան եւ մեր սիրելի Քրիստափոր Միքայէլեանին:
Անցնինք:
Լէոյի համար Պոլսոյ մէջ դէպք մըն է եղածը` եւ կոչուած է Պանք Օթոման, իսկ մեզի` ՀՅ Դաշնակցութեան գիր-գրականութեան քաջածանօթներուս համար` եզակի սխրանք եւ ազգային արժանապատուութեամբ յագեցած արարք:
Պատմաբանը կը յիշէ, թէ գործողութենէն ետք «Մշակ»-ի էջերուն լոյսին եկած են դէպքին մասին որոշ մանրամասնութիւններ: Ան` Լէոն, լրագրական աշխատանքէն ետք երբ կը վերադառնայ, հաւանաբար տուն, հանդիպած է Քրիստափոր Միքայէլեանին:
Ի միջի այլոց, օրուան քաղաքական իրադարձութիւնները այնքան խառն էին եւ բազմաշերտ, կ՛ըսէ Լէօ, որ այդքան ալ չէին հետաքրքրեր Քրիստափորը, տուեալ պահուն, որովհետեւ, ինչպէս կ՛ընդգծէ Լէօ. «Նրա յեղափոխական խառնուածքն արդէն լաւ ըմբռնել է, որ գործը հոյակապ է: Բայց այդ չէ նրան զբաղեցնողը, այլ այն հարցը, թէ ո՞վ է կատարել բանկի գրաւումը: Հնչակեաննե՞րն արդեօք, թէ՞ դաշնակցականները»:
Զարմանալին ի՞նչն է այստեղ: Այն, որ կուսակցութեան հիմնադիրներէն երէց ընկերը կ՛ուզէ գիտնալ գործողութեան հեղինակները: Հեռագիրը, որ հասած է «Մշակ» թերթին, նշուած է «յեղափոխական հայեր» անունը, ինչ որ, ըստ Լէոյի, չէ բաւարարած «դաշնակցական շէֆին»: Հարց` ՀՅ Դաշնակցութիւնը երբեւէ շէֆ ունեցա՞ծ է իր ողջ պատմութեան ընթացքին, թէ` իրերայաջորդ սերունդներ ղեկավարած են զայն` զարկ տալով իրենց դաշնակցականի երդումին, նուիրումին եւ գիտակցութեան:
Ըստ Լէոյի, դէպքէն ետք Պոլսոյ փողոցներուն մէջ հայու արիւն կը հոսի (վեց հազար հայու կեանք), իսկ մեր հիմնադիր ընկերոջ համար կարեւորը արարքն էր:
Յաջորդող քանի մը օրերուն, կ՛ըսէ Լէօ, Քրիստափոր ամէն առաւօտ «Մշակ»-ի խմբագրատուն կու գար: «Ան գալիս էր ինձնից իմանալու, թէ չկա՞ն նամակներ «Մշակ»-ի թղթակիցներից: Ես նայում էի նրա համակրելի, գունատ դէմքին եւ զարմանում ինքս իմ մէջ: Այս զարհուրելի ժողովրդական դժբախտութիւնը, հազարաւոր դիակներ…, իսկ այս ֆիզիքապէս թոյլ կազմուած (նա կաղ էր), բնութեամբ շատ բարի ու խաղաղ մարդը շարունակ է միալար այն բանով էր հետաքրքրում, թէ ովքեր են այդ արիւնոտ, ողբերգական շարժման հեղինակները»:
Լէօ կ՛աւելցնէ, որ օր մը Քրիստափոր իրմէ կ՛իմանայ, թէ «Բանկ Օթոմանի հերոսները դաշնակցականներ էին»: ՀՅ Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէն հեռագիր յղած էր վեց պետութիւններու դեսպաններուն` նշելով իրենց պահաջները: Հակառակ պարագային, տղաքը օդը պիտի հանեն դրամատունը:
Այս լուրին վրայ, ըստ Լէոյի. «Քրիստափոր այլակերպուեց, ուրախութիւնից, գրկեց ինձ, նրա գունատ դէմքի վրայ կարմրութիւն երեւաց, յափշտակելով խմորատիպ դիմումը` դուրս գնաց կաղին տալով»:
Պատմաբանը կը նկարագրէ նաեւ Քրիստափորի խանդավառութեան. «Իմ առաջ կանգնած էր յեղափոխական ռոմանտիզիմ կատարեալ մարմնացումը»:
Պատմաբանին համար անհասկնալի կը թուի պատահածը, որովհետեւ ան, զարկ տալով իր, այսպէս ըսած, քաղաքական հոտառութեան թէ մտքի հաշուարկներուն, կ՛ըսէ. : Ան կ՛ընդգծէ, որ ատենի մեր յեղափոխական միտքը զուրկ է եղած ինքնուրոյնութենէ, այսինքն` աշխարհաքաղաքական հարցերու խոր իմացումէ: Ան օրինակ կու տայ, որ եւրոպական պետութիւններ իրենց դրամագլուխը տուած էին սուլթան Համիտին, իսկ սուլթանը ջարդով պատասխանեց պանքի գրաւումին եւ այլն:
Պատմաբանը կ՛անդրադառնայ ռուս դեսպանատան թարգմանիչ Մաքսիմովի կատարած միջնորդական աշխատանքին: Ան կը յաջողի ապահովել դեսպաններու խոստումը` կատարելու բարեկարգումներ, եթէ երբեք տղաքը դուրս գային պանքէն: Անոնք նաւ կը նստին եւ կ՛ուղղուին Մարսէյ:
Ու ահա, գրութեան աւարտին կը հանդիպինք, վաստակաւոր պատմաբանի այն խօսքին, թէ ինք այդ ժամանակ կարդացեր է «Ամերիկայի «Հայք» թերթի մէջ, անգլիական լրագրերից վերցրած տեղեկութիւն, թէ Մաքսիմովը վերջին րոպէին, հրաժեշտ տալով գնացող յեղափոխականներին, ասել է նրանց. «Այժմ ինձ թոյլ տուէք, պարոննե՛ր, ասելու, որ դուք էշ էք»:
Հարց, որքա՜ն հաւաստի էին եւ են ցարդ անգլիական աղբիւրները, որոնք միայն թոյն, իրերամերժութիւն եւ պառակտում կը սերմանեն աշխարհով մէկ:
Գրութեան աւարտին կը կարդանք, որ յաջորդ ամրան Քրիստափոր իրեն կը ծանօթացնէ Պանք Օթոմանի հերոսներէն մէկը: Անոնք այգիի մը մէջ նստած թէյ կը խմեն, պատմաբանը կ՛ընդգծէ. «Ես այնքան հերոսին չէի դիտում, որքան դաշնակցական շէֆին, որի համար հերոսը մի կատարեալ պաշտամունք էր դարձել»:
Եթէ երբեք, Դաշնակցութեան դաւանանքն ու հաւատամքը խարսխուած չըլլար հերոսապաշտութեան վրայ, հազիւ թէ ան կարենար գոյատեւել այսքան տարի:
Այո՛, սիրելի պատմաբան, դուն, որ քաջածանօթ ես, խորասուզուած, պեղած ու լոյսին բերած` մեր հազարամեայ պատմութեան ուրախ թէ դառն օրերը, յաղթանակի թէ պարտութեան տարիները, հայ ժողովուրդի էութեան մաս կազմող հերոսական դրուագները, նաեւ` դաւաճանական տխուր երեւոյթները: Աւելի՛ն. դուն, որ մօտէն ու հարազատօրէն ճանչցած ես թուրքին եաթաղան ու թրքութեան գործած դարաւոր աւերները, դուն, որ ականատես եղած ես համիտեան ջարդերուն, ապրած ու շօշափած ես հայ գեղջուկի խաւարամտութիւնն ու ամիրաներու զեխութիւնը, ստրկամիտի եւ ապերախտի կազմաւորումը, դուն, իբրեւ վաստակաշատ պատմաբան, ինչպէ՞ս կրնաս մոռացութեան տալ հայ յեղափոխութեան փառահեղ պատմութիւնը:
Դուն, ինչպէ՞ս կրնաս ուրանալ քու սեփական ժողովուրդիդ հոգեմտային ու յեղափոխական զարթօնքը, շնորհիւ հայ մտաւորականութեան, աւանդական կուսակցութիւններուն եւ աննման յեղափոխական տղոց:
Ըստ քեզի, «յիմար» ու փառք մուրացող տղա՞ք էին Սասնոյ լեռներուն վրայ մարտնչող Գէորգ Չաւուշները, Սերոբ Աղբիւրները եւ Մուրատները: Հոգեպէս խեղճ ու մտովին տկլոր յեղափոխականնե՞ր էին Նժդեհները, Անդրանիկներ եւ Արամները:
Այո՛, դարաւոր ստրկութենէն վերապրած մեր տղաքը, հայութիւնը ամբողջ, հեղ մը ռոմանթիկ դրսեւորումներ ունեցան, ուրիշ անգամ` աննպատակայարմար արարք գործեցին, նոյնիսկ մենք ունեցանք քաղաքական մտքի բոպիկութենէ տառապող ղեկավար(ներ), որոնք, մասնակի բայց տարբեր առիթներու ժողովուրդի ծառայութիւն ցոյց տուին, թուրքին դէմ կռուեցան ու նահատակուեցան:
Ի՞նչ կ՛ակնկալէիր, յարգարժա՛ն պատմաբան, քսանամեայ աննման Բաբգէն Սիւնիէն, որ Պոլսոյ գաղափարական երիտասարդութեան ոգին էր, այլ բան եթէ ոչ մարտունակութիւն եւ թուրքին դէմ մարտնչելու հզօր կամք ու վճռակամութիւն:
Ի՞նչ պէտք էր ընէին Սամաթիոյ հերոսածին տղաները` Խաչիկ Գնունին, Արտաշէս Անդրէասեանն ու Միսաքեան եղբայրները, որոնք ահ ու սարսափ, ռումբ ու փամփուշտ տեղացուցին թուրքի գլխուն` պատճառելով անթիւ զոհեր ու վիրաւորներ: Անոնք քաջաբար կռուեցան մինչեւ վերջին փամփուշտը եւ նահատակուեցան:
Համալսարանական բարձր կրթութիւն ստացած Արմէն Գարոն ինչո՞ւ լքեց կեանքի, վայելքի ու հաճոյքի ամէն առիթ եւ նետուեցաւ յեղափոխական սուրբ գործին` յանուն Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան:
Գիտենք, որ մինչեւ հիմա, ցաւ ի սիրտ, գոյութիւն ունին հայեր, որոնք պէս-պէս պատճառներով ոչ միայն կ՛ուրանան, այլ կ՛անարգեն իրենց սեփական պատմութիւնն անգամ, յագուրդ տալով, առաջին հերթին` հակադաշնակցական մոլուցքին, ինչպէս նաեւ` քողարկելու իրենց թուլամորթի եւ վեհերոտի կազմաւորումին:
Սիրելի Պանք Օթոմանի տղանե՛ր, չէինք գիտեր, որ ազգին ու հայրենիքի նուիրեալ տղաքը վերջին հարիւր տարուան հայոց պատմութեան մէջ եւ ցարդ պիտի այսքան հալածուէին զազիր թուրքէն եւ անողնայար հայու տեսակէն:
Արդ, նոյնիսկ 127 տարի ետք, երբ ժամանակի թաւալքը շատ բան ըսած պէտք էր ըլլար, դաշնակցական հրապարակագրութիւնը ստիպուած կ՛ըլլայ վերստին յիշել ու յիշեցնել հայոց յեղափոխութիւնը կերտած սրբազան տղաներու գործած արարքն ու աստուածահաճոյ քաջագործութիւնը:
Ըստ երեւոյթին, խելք ու համբերութիւն ալ պէտք է հայցենք Ամենակարողէն: