Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհ Ըլլանք, Բայց Չգոհանանք

Օգոստոս 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ ընդունուած իրողութիւն մըն է այն, որ գոհ կ’ըլլանք եւ գոհ պէտք է ըլլանք, երբ նպատակի մը ճամբուն վրայ դրական իրագործումներու կը հասնինք, սակայն ամէն գոհունակութեան պէտք է ընկերանայ մեր անդրադարձումը` հաւանական թերիներու, անտեսուած եւ լրացումի կարօտ կէտերու, որովհետեւ անհատական թէ հաւաքական կեանքի մը թերացումները, սխալները, նոյնիսկ ձախողանքները անխուսափելի են կեանքի եւ գործունէութեանց ճակատներու վրայ: Տարբեր խօսքով, գոհ ըլլանք, բայց չգոհանանք:

Եթէ յաջողինք թօթափել մեր սխալ արժեչափերը, շատ բան կը բարելաւուի մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

Գոհանալ ու դադրիլ վերագնահատութեան փորձերէ` կասումի եւ լճացումի ճամբայ կը հարթէ: Չգոհանալ «գոհացուցիչ»-ով ու ձգտիլ լաւագոյնին` մշտական ինքնադատումի առիթ կու տայ: Մարդիկ, հաւաքականութիւններ, կազմակերպութիւններ չեն մեծնար, ուռճանար ու զարգանար, երբ մտածեն, որ արդէն հասած են կատարելութեան բարձունքին: Մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ` կրօնական, կրթական, մշակութային եւ ազգային, որքան ալ գոհ ըլլանք իրագործուածէն, փորձենք փնտռել, թէ կա՞ն արդեօք չիրագործուած բաներ:

Մեր հանրային կեանքի զանազան մարզերու մէջ ախտագին դիւրահաճութիւն մը կայ, որ ոչ միայն սատար չի հանդիսանար մեր վերելքին, այլ ուղղակի արգելք կը հանդիսանայ մեր բարոյական աճումին: Գոհ ըլլալը մէկ բան է, դիւրահաճ ըլլալը` ուրիշ բան: Գոհ ըլլանք, բայց չգոհանանք: Վերջ տանք դիւրահաճութեան, ինչպէս նաեւ` հանդուրժողականութեան եւ անհակակշիռ «քաջալերանք»-ի, երբ բացայայտ թերութիւններու առջեւ կը գտնուինք: Օրինակներով խօսինք:

Գոհ ըլլանք, որ բազմաթիւ եկեղեցիներ ունինք, որոնք նիւթապէս ինքնաբաւ են: Մեր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները իրենց վարչականներն ու ղեկավարները ունին: Բայց չգոհանանք, երբ թիւ ունինք, բայց` ո՛չ որակ: Չգոհանանք, մինչեւ որ որակաւոր առաջնորդներ եւ ղեկավարներ ունենանք, որոնք օժտուած են` արթուն միտքով, զգայուն խիղճով, ընտիր նկարագիրով եւ իրա՛ւ հայկականութեան ոգիով:

Գոհ ըլլանք, երբ մեր գաղութներուն մէջ հայ մամուլ ունինք` հայերէն օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր եւ պարբերաթերթեր: Գոհ ըլլանք, որ հաղորդակցական այս միջոցները ունինք, եւ երբեմն հայկական թերթերը ողողած են հրապարակը: Բայց դիւրահաճ չըլլանք, երբ հայ թերթը միայն ու միայն լրաբեր եւ լրատու է, եւ երբեմն ալ ռամիկ նկարագրութեամբ` ղազէթա: Չգոհանանք, մինչեւ որ հայ մամուլը ծառայէ իր առաքելութեան եւ դառնայ հայ ժողովուրդի իմացական, բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային զարգացման եւ բարձրացման ազդու միջոց մը:

Գոհ ըլլանք, երբ որպէս համայնք կ’ապրինք եւ կը պահենք մեր գոյութիւնը, մեր կազմակերպութիւնները, մեր գործունէութիւնները, բայց չգոհանանք միայն գոյատեւելով, այլ ապրինք ինքնանորոգ կեանքով եւ շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր կոչումին եւ առաքելութեան:

Գոհ ըլլանք, որ գրեթէ ամէն հայկական գաղութ իր մէջ կը հաշուէ հարիւրաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք օժտուած են համալսարանական բարձրագոյն կրթութեամբ եւ դարձած` տարբեր ասպարէզներու մասնագէտներ: Բայց չգոհանանք, երբ անոնց մեծամասնութիւնը իրենց եռանդն ու ժամանակը, զարգացումն ու ձիրքերը կը յատկացնեն միայն ու միայն իրենց սեփական կեանքին` առանց անդրադառնալու, որ իրենք պարտական են նաեւ իրենց ազգին: Չգոհանանք, մինչեւ որ իրենց մէջ յանձնառու կեցուածք ստեղծենք հայրենիքին, հայ ազգին եւ հայ մշակոյթին հանդէպ:

Գոհ ըլլանք, որ մենք շառաւիղներն ու յաջորդներն ենք Հայոց ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրող սերունդին, որ ի հեճուկս սփիւռքի դաժան պայմաններուն` դեռ մեր գոյութիւնը կը պահենք, առաւել թէ նուազ չափով բարօր վիճակ ունինք, հաւատարիմ եւ պատուաբեր քաղաքացիներ ենք: Բայց չգոհանանք միայն մեր գոյավիճակը պահելով: Եթէ հայ ենք, անհրաժեշտ է պահել մեր ազգային ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը, քանի որ ազգային գիտակցութիւնը չի սահմանափակուիր տուեալ անհատին իր որ մէկ ազգին պատկանիլը ընդունելով: Ազգային գիտակցութիւնը ամէն բանէ առաջ կ’ենթադրէ յանձնառութիւն` հանդէպ հայրենիքին, մայրենի լեզուին, հայ մշակոյթին:

Գոհ ըլլանք, որ շուրջ վեց դարեր անհայրենիք մնալէ ետք եւ Ցեղասպանութեան գողգոթայէն երեք տարիներ ետք, հայ ժողովուրդի մնացորդացը հերոսաբար կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ հիմքը դարձաւ ներկայ Հայաստանին: Շուրջ երկուքուկէս տարուան մեր մանուկ հանրապետութիւնը քաղաքական պարագաներու դաժան դասաւորումով Խորհրդային Միութեան մաս կազմեց շուրջ 70 տարի, բայց վերանկախացաւ 1991-ին: Գոհ ըլլանք, որ ներկայիս ունինք հայրենիք եւ ազգային դրօշ, բայց չգոհանանք միայն շրթունքի ծառայութեամբ հպարտ զգալով, այլ ամբողջական յանձնառութեամբ եւ զոհաբերութեան աննահանջ ոգիով տէր կանգնինք մեր հայրենիքին, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ   Հայաստան եւ իրեն անբաժան Արցախը շարունակական յարձակումներու եւ իրենց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգին ենթարկուած են:

Գոհ ըլլանք, որ որպէս հայ` կանք ու կը մնանք, բայց չգոհանանք` սոսկ շնչաւոր գոյութիւն մը քաշկռտելով, անուանական հայեր ըլլալով: Մեծ գին կը պահանջուի մեզմէ` օտար հորիզոններու տակ հայ ապրելու մեր որոշումին ու առաջադրութեանց իբրեւ փոխարժէք:

Մեր բոլոր անհատական եւ հաւաքական յանձնառութեանց մէջ գոհ ըլլանք, բայց չգոհանանք` միշտ մեր աչքերը յարած պահելով դէպի բարձրագոյնը, ազնուագոյնը եւ վսեմագոյնը:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան

Յաջորդը

Փոխան Գրախօսականի. Վարազդատի (Վազգէն Էթիեմեզեան) «Շաբթուան Մտածումը»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?