Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ճգնաժամը

Օգոստոս 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամէն բան պատրաստ է,
եթէ մեր միտքն ալ այդպէս է»

ՈՒԻԼԻԸՄ ՇԷՅՔՍՓԻՐ

Ժամանակի դէմ մրցումի մը դէմ յանդիման կը գտնուի Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը: Ժամացոյցի սլաքին իւրաքանչիւր թըքթըքոցը` յառաջացումը, հետզհետէ աւելի դժնդակ կացութիւն կը ստեղծէ պաշարուած Արցախին համար: Հետեւաբար շնորհաւորանքի եւ փրոթոգոլային` յաջողութեան մաղթանքներու ժամանակը չէ: Իր կարճ (ու կտրուկ) խօսքին մէջ այդպէս ալ ըսաւ Դաւիթ Իշխանեանը:

Արցախի հիմնահարցն է Ազգային ժողովին եւ անոր ղեկավարին կարեւորագոյն օրակարգը:  Կուսակցութեան մը կամ քաղաքական որոշ ընտրանիի մը վերապահուած չէ ծրագրուելիք գործընթացը: ՀՅԴ-ի անդամ եւ նոյնիսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ըլլալով` ընկեր Դաւիթ Իշխանեան պարտականութեան մը, ծա՛նր պարտականութեան մը դէմ յանդիման է, անոր դիմաց կանգնած է անելներու շարան մը: Այս հայեցակէտով ալ արտակարգօրէն խոր իմաստ կը ստանայ անոր այն խօսքը, թէ տագնապը դիմագրաւելու համար կենսական է Արցախ-Հայաստան-սփիւռք սերտ գործակցութիւնը` ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱՐԺԷՔ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ:

Անելներուն պատճա՞ռը. 2020-ի պատերազմէն ի վեր` իրարու վրայ դիզուած հարցեր: Ռազմական պարտութեան յաջորդող դիւանագիտական պարտութիւն եւ բացակայութիւն, ցնորական խաղաղութեան մը հետապնդումն ու հայկական կարողականութեանց վերականգնումի ուշացումը, թողլքո՛ւմը, թշնամիին բոլոր պահանջներուն դիմաց` միայն ու միայն «տանք»-ի տրամաբանութիւնը, ներքին բաժանուածութեան հետեւողական մտրակահարումը, իսկական պատասխանատուներու օձիքներուն բաց ձգուիլը, էական հարցերու փոխարէն` երկրորդական հարցերու խոշորացումը եւ դեռ… ու դեռ…

Այո՛, Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահը պիտի դիմագրաւէ «ազգընտիր վարչապետ»-ի մը ստեղծած ահաւոր եւ սահմռկեցուցիչ վիճակները:

Արցախի ժողովուրդին ներկայացուցիչը եղող գերագոյն ժողովին ղեկավարի լիազօրութիւնները ստանձնելով` Դաւիթ Իշխանեան ինքնաբերաբար հնարաւորութիւններ պիտի ունենայ աւելի արագ գործելու եւ դէմ կանգնելու ոչ միայն արտաքին, այլ նաեւ` Բաղրամեան պողոտայի ՀՀ պարտուողական իշխանութիւններու ընթացքին, յամառօրէն պիտի պայքարի անոնց ձախողած գործելաձեւին դէմ, երբե՛ք հլու կամակատարը չըլլալու կամքով:

Հայ դատին համար ալ աւելի հեզասահ պիտի ըլլայ Արցախի Ազգային ժողովին հետ գործակցիլը, եւ այդ` ամենայն թափանցիկութեամբ:

Կրկին ու կրկին շեշտելի է, որ վիթխարի գործ կայ կատարելիք` օրակարգ ունենալով հիմնահարցի լուծումն ու անմիջականօրէն` Բերձորի ճամբուն անյապաղ բացումը:

Չիրականացող, մուրացուող խաղաղութեան մը դիմաց հող յանձնելու, աղաչելու կամ երազելու իմքայլական մտայղացման դէմ գործելու դաշտը փշոտ ու տարածուն է: Իշխանեան կարկինը լայնցնելով` պիտի թակէ միջազգային դուռերը` վերստին թմբիրէ դուրս բերելու համար Հայ դատին ի նպաստ գործող ազդեցիկ հիմնարկներ եւ անձնաւորութիւններ, որոնք ի տես եւ ի լուր Բաղրամեան պողոտայի «հերոսներ»-ուն` հետզհետէ յուսախաբ կ’ըլլան (ոմանք ուրախ են, որ պարտականութիւններէ զերծ կը կացուցուին), հետեւաբար լուսանցքի մէջ կամ մինչեւ իսկ մէկդի դրած են Հայ դատի թղթածրարը:

Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ ըլլալով` Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահը իրաւասութիւն ունի մասնակցելու Արցախի վերաբերեալ փակ քննարկումներուն` ազդեցութիւն բանեցնելով եւ մասնակցութիւն բերելով փրկութեան լաստի ստեղծման: Նոյնքան կարեւոր հրամայական է, որ Արցախի իրաւունքներուն, ինքնորոշման եւ իր ճակատագիրը ի՛նք որոշելու, վախճանականօրէն` իբրեւ ամբողջական Արցախ` Հայաստանին վերամիանալու իրաւունքներու շոգեկառքը վերադառնայ այն երկաթուղագիծին, որուն վրայ դրուած էր աւելի քան 30 տարի առաջ:

Տարբեր է Դաւիթ Իշխանեանի «մանտաթ»-ը:

Ժամն է Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումին եւ հա՛յօրէն ներդաշնակ գործելու:

Բաւական յապաղած ենք: Ճգնաժամ է… գործելու ժամն է:

 

Նախորդը

Մեր Համեստ Եւ Յապաղած Պատասխանը` Հայ Անուանի Պատմաբան Լէոյին (Պանք Օթոմանի Առիթով)

Յաջորդը

Սենեկալցի Սատիօ Մանէ Միացաւ Նասըրին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?