Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան

Օգոստոս 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան

Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան ծնած է Մարաշ, 1881-ին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Զմիւռնիոյ Ամերիկեան քոլեճին մէջ, 1897-1901: Երեք տարի ուսուցչութեան պաշտօն վարած է նոյն քոլեճի նախակրթարանի բաժնին մէջ: 1905-ին անցած է Պէյրութ եւ ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւած է բժշկութեան: Վկայուած է 1909-ին` ստանալով բժիշկի տիտղոս: Վերադարձած է ծննդավայրը, ուր երկու տարի աշխատած է իբրեւ օգնական բժիշկ: 1911-ին փոխադրուած է Ատանա` իբրեւ հիւանդանոցի օգնական բժիշկ: Տարի մը ետք կը դառնայ բժշկապետ եւ կը պաշտօնավարէ վեց տարի: Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան կը վերադառնայ Ատանա:

Կիլիկիոյ պարպումին օրերուն նախ անցած է Ալեքսանտրեթ, ապա` Պէյրութ, ուր հաստատած է իր դարմանատունը:

Բժիշկ Վարդապետեան ամուսնացած է Նուարդ Չէթէճեանին հետ: Տիկին Վարդապետեան իր ամուսինին հետ մասնակցած է ազգային ձեռնարկներու: Ունեցած են երեք զաւակ, երկու մանչ` Ժիրայր ու Վարդգէս, եւ աղջիկ մը` Սոնա, որ ծանօթ դաշնակահարուհի եղած է, վկայեալ` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի երաժշտանոցէն եւ Եէյլ համալսարանէն:

Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան ունեցած է բազմամեայ ու եռանդուն ազգային գործունէութիւն: 1910-ին Մարաշի մէջ եղած է Միացեալ դպրոցի ատենապետ: 1918-ին, պատերազմէն ետք, Ատանայի մէջ եղած է Ազգ. միութեան ատենապետ եւ Փարիզ ղրկուած` իբրեւ պատուիրակ: 1930-33, Պէյրութի մէջ 3 տարի եղած է Ազգ. Ս. Նշան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ, իսկ 1934-ին տարի մըն ալ` Հայ աւետ. բարձր. վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ: 1937-ին, տարի մը` ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի մասնաժողովի ատենապետ: Քսան տարի  ծառայած է Ազգ. բուժարանի վարչութեան մէջ` իբրեւ փոխ ատենապետ: Ան եղած է նաեւ Նոր Մարաշ թաղի կառուցումի յանձնախումբին ատենապետ:

1962-ին Պէյրութի մէջ հրատարակուած է իր «Տոքթէօր Գարեգին Վարդապետեան» գիրքը, որ կը բովանդակէ ինքնակենսագրութիւն եւ վկայութիւններ իր մասին: Գիրքի «Անկեղծ եւ պարզ յառաջաբան»-ին մէջ բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան գրած է. «Արտակարգ ոչինչ պիտի գտնէք յուշերուս մէջ: Ո՛չ գրագէտ եղած եմ եւ ո՛չ ալ բեմբասաց, եղած եմ պարզ, իտէալի տէր մարդ մը, որ կը նշանակէ` մեծ խենթ: Ուրեմն գրութեանս մէջ ձեր գտածը պիտի ըլլայ ո՛չ բանաստեղծութիւն եւ ո՛չ ալ փիլիսոփայութիւն, հապա` յուշագրութիւն մը, գրուած` պարզ կերպով, դէմքերու եւ դէպքերու մասին, ինչպէս նաեւ դրուագներ` իմ կեանքէս, որոնք ճշմարտութեան սահմանէն դուրս չեն գար»:

Բժիշկ Գ. Վարդապետեանին գիրքը

 

Գիրքին մէջ բարեկամ մը իր վկայութիւնը արձանագրած է` ըսելով. «Մեծ բարերա՞ր մը, մեծ կտակարա՞ր մը. ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը: Շատ կանուխէն ամէն բան մոռցած, սկսելով ինքզինքէն, այս հայը չէր կրնար ըլլալ այդ, բայց մեծ հոգի մը, մեծ սիրտ մը` անկասկած, որ բարին ու գեղեցիկը, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը իրեն համար դրօշի ու քայլերգի վերածած` իր ամբողջ հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ իր պաշտած ժողովուրդին ծառայութեան սրբազան գործին»:

Բժիշկ Գարեգին Վարդապետեան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ գրած է. «Մարաշի մէջ Յակոբ Պալեանը եկաւ քովս: Յակոբը է՛ն մտերիմ բարեկամս էր: Ըսաւ.

– Գարեգի՛ն, քեզի գաղտնի բան մը պիտի ըսեմ. մեր թաղը թուրք հարսանիք մը կայ այսօր. թուրք կիներուն քով «չալղըճին»` նուագողը, կա՛մ «կոյր» ըլլալու է, կա՛մ «չոճուխ»` մանուկ: (Ես տասնմէկ տարեկան էի): Դուն լաւ «ղաւալ» կը նուագես,- շարունակեց Յակոբ,- ես ալ «դէպլէք» մը ունիմ. Եկո՛ւր, երթանք հարսնիքին ու թրքուհիներուն  կէօպէք աթտըրմըշ ընել տանք:

Օլո՞ւր մը. օլո՛ւր: (Կ՛ըլլա՞յ մը, կ՛ըլլա՛յ):

Կամաց մը փախանք դպրոցէն ու միասին գացինք հարսանիքի. մինչեւ իրիկուն վո՛ւր փաթլասըն, չա՛լ, օյնասըն (զա՛րկ թող պայթի, նուագէ՛ թող պարէ):

Իրիկուան դէմ, երբ վերջացուցինք մեր գործը, ինծի ութ մեթելիկ տուին, իսկ Յակոբը ստացաւ չորս:

Յաջորդ օր հօրս կը հաղորդեն, որ Գարեգինը երէկ դպրոցէն փախաւ: Իրիկունը հարցաքննութիւնը տեղի ունեցաւ, ու ես ամէն բան պատմեցի, այնպէս` ինչպէս որ է:

Զորս դո՛ւ պատուիրեցիր, հայրս փառաւոր ֆալախա մը քաշեց, ու ես երեք օր մնացի անկողին: Ութ մեթելիկը քիթէս բերնէս եկած էր արդէն» (*):

Մոնրէալ, 26 յունուար 2023

(*) Այս պատմութիւնը առած եմ Կարօ Տէրունեանի Դիմատետրէն:

Աղբիւրներ`

  1. Ուիքիփետիա, Գարեգին Վարդապետեան:
  2. Վարժապետեան, Սիսակ, «Հայերը Լիբանանի մէջ», Ա. հատոր, Պէյրութ:
  3. Վարդապետեան, Գարեգին, «Ինքնակենսագրութիւն եւ վկայութիւններ, Գարեգին Վարդապետեան», Պէյրութ, 1962:
  4. Kestenian, Hratch, Doctors, Disease, and Death: WWI and Armenians at the Syrian Protestant College, Armenian Weekly, 29 April, 2020.

 

 

 

Նախորդը

Յաւերժական Լիբանանէն Ի՞նչ Մնաց…

Յաջորդը

Գոհ Ըլլանք, Բայց Չգոհանանք

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?