Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեռատես Եւ Ազգային-Քաղաքական Մտածողութեան Տէր Առաջնորդի Ծննդեան 67-Ամեակին Առիթով. Ընկեր Վահանը 2009-ին Ազդարարեց, Բայց Ազգովի Մտիկ Չըրինք…

August 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններում կա՛մ փորձելու են մեզ ծնկի բերել` զիջումներ պարտադրելով, կա՛մ էլ պարզապէս ճանապարհը չեն բացի»

ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Յարաբերութիւնը երկկողմանի կամ փոխադարձ գործառոյթ է: Կարելի չէ մէկ կողմի մասնակցութեամբ կամ գործակցութեամբ յարաբերիլ, կապակցիլ, հաղորդակցիլ:

Եւ, այսպէս կոչուած, հայ-թրքական յարաբերութիւնները որեւէ ժամանակ չեն եղած համագործակցութեան շարժառիթ, այլ` լոկ մէկ կողմի ծրագիրներու իրականացման միջոց` կապիտուլացիա:

Դաշնակցութեան հաւատաւոր զինուորագրեալներէն ընկեր Վահան Յովհաննիսեան լաւապէս ճանչնալով մեր հաւաքականութիւնը` գիտէր, թէ ո՛ւր պիտի հասնինք, եթէ մեր ընթացքը չփոխենք: Կա՛մ ծունկի պիտի գանք, եւ կա՛մ ճամբան պիտի փակեն:

2009-ին ազգովի մտիկ չըրինք ընկեր Վահանին: Ֆութպոլային դիւանագիտութեան փորձերէն ալ դասեր չքաղեցինք եւ, ընդհակառակը, կարծեցինք, որ 2010-ին անվաւեր հռչակելով փաստաթուղթի հոլովոյթը` անիկա գերեզման մտած կ՛ըլլայ:

Մայիս 2013-ին ընկեր Վահանը ըսաւ. «Մենք գտնւում ենք ծայրագոյն դժուար վիճակում: Մենք` որպէս պետութիւն եւ որպէս հասարակութիւն, գտնւում ենք լինելութեան սահմանի վրայ, եւ պէտք չէ մենք մեզ խաբենք»: Նորէն մտիկ չըրինք:

Խոր քունի անցանք եւ տարուեցանք երկրորդական ու երրորդական ծրագիրներով, եւ դժբախտաբար Արցախի ազատագրումէն ետք չկրցանք տասնամեակներու ընթացքին բնակչութեան թիւը բազմապատկել, հայրենիքը վերականգնել, եւ դիւանագիտական առումով յառաջխաղացք արձանագրել, մինչ թշնամիները սեղաններու տակէն կը գծէին նոր պատերազմ ու նոր քարտէս` հայրենիքի նոր քարտէսը պարտադրելու համար…

Յստակ էր, որ հիները ճկունութեամբ եւ երբեմն ալ ընկերական-քաղաքական կապերու շնորհիւ միշտ ալ կը ձգձգէին զիջումները` կացութիւնը պահելով այնպէս-ինչպէս որ էր, իսկ մեր բանակը մարտունակ էր` բոլոր սայթաքումներուն դիմաց` անդրդուելի:

Որոշումը կայացած էր: Թշնամին,  դաշնակիցներու կնքահայրութեամբ, դէմքերը փոխեց: 2018-ին վարագոյրը փակուեցաւ, եւ յանկարծ ծագեցաւ նորը, որ դարձաւ փրկարար, շինարար, փտածութեան դէմ պայքարող… Հինէն նորին փոխանցման սահուն եղանակին գծով գալիքին վստահաբար պատմութիւնը բացայայտումներ պիտի կատարէ ու գնահատականներ պիտի տայ:

Նորը շատ շուտով հինէն աւելի հին դարձաւ, հինէն աւելի փտած եղաւ, իսկ ազգային առումով, հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ապազգայինը, ամէնէն զիջողը, ամէնէն բաժանարարը եւ ամէնէն աւերիչ ու հողատու, այսպէս կոչուած, իշխանութիւնը դարձաւ:

Հոս արդէն չկար ընկեր Վահանը, զոր արդէն կորսնցուցած էինք դեկտեմբեր 2014-ին: Չկար, որպէսզի յուշէր… Չկար, մինչ հասարակութիւնը գինովցած ու, այսպէս կոչուած, ընկերային բարօրութեան ու մեծ-մեծ խոստումներուն համար մոռցած էր Դատը, հայրենիքը, պայքարը…

Եւ եղաւ այն, ինչ ընկեր Վահանը զգուշացուցած էր: Նոյեմբեր 2020-ին ընթացք առին իրերայաջորդ զիջումները, իսկ 12 դեկտեմբեր 2022-ին` Բերձորի միջանցքի շրջափակումը` Արցախը Հայաստանին կամրջող ճանապարհին փակումը, հայրենիքի կարեւոր հատուածին պաշարումը:

Այս կացութեան մէջ այսօր առաւել եւս կարիքն ունինք ընկեր վահաններուն, որոնք գաղափարական կազմաւորում ունին, հեռատես են, ազգային-քաղաքական մտածողութիւն ունին, անզիջող են եւ պայքարող:

Ընկե՛ր Վահան, իրաւունք ունէիր, ազգովի մտիկ չըրինք: Այսօր 67 տարեկան պիտի ըլլայիր, եթէ անգութ հիւանդութիւնը չխլէր ֆիզիքական գոյութիւնդ, բայց գաղափարակից ընկերներդ չեն զիջիր, ու կեանքի ճամբան պիտի բանան… Երկինքէն պիտի տեսնես…

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Երիտասարդն Ու Հայ Դատի Աշխատանքները

Յաջորդը

Նէյմար Միացաւ Հիլալին

RelatedPosts

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.