ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քանատայէն Հայաստան ճանապարհին աշխարհն ու արեւը տեսայ օդանաւի բարձրագոյն դիտանկիւնէն: Մեր թռիչքի ու ժամանած երկիրներու ժամերուն զուգադիպութեան շնորհիւ` չորս ժամուան մէջ թէ՛ մայրամուտ, թէ՛ արեւածագ տեսանք: Կարծես` կը հետեւէինք արեւին ուղղութեան ու զայն հետապնդելով` գրեթէ ամբողջ թռիչքին տեւողութեան մնացինք լոյսի մէջ: Առիթը ունեցայ աչքերովս տեսնելու, որ, թէեւ արեւը մար կը մտնէր մէկ շրջանի վրայ, ուրիշ շրջան մը կը լուսաւորուէր` իբրեւ արդիւնք: Որքան ալ արեւը շարժէր ու ժամանակը անցնէր, երկինքը միշտ գեղեցիկ էր այդ բարձունքէն: Կարծես` ամբողջական նկար մը ունէի երկրագունդի շարժումներուն: Հեռուէն` աշխարհը չէր մթնցած առյաւէտ, ոչ ալ որեւէ շրջան դատապարտուած էր յաւիտենական մթութեան: Այլ արեւը ժամանակաւոր կը թափառէր, որ համեմատութեամբ լուսաւորէ չորս կողմերն երկրագունդի, նոյնիսկ երբ պէտք էր լուսաւոր հողակոյտ մը մթննար` լոյսի կարօտով մնացած շրջանին սիրոյն: Սակայն այս բնութեան օրէնքին արդարութեան ջիղը կը գտնուի այն հասկացողութեան մէջ, որ արեւը միշտ ժամադրուած է դարձեալ ծագելու իր լքած հողին վրայ ու վերահաստատելու անոր լուսագեղ գեղեցկութիւնն ու արեւակարօտ կենցաղը:
Այնքան ատեն որ մեր հայրենիքը խաւարի ու տագնապի մէջ կը գտնուի, դժուար է պատկերացնել այն պայծառ առաւօտը, երբ կիզիչ արեւը վերջապէս պիտի ծագի մեր հայրենի հողերուն վրայ: Ու եթէ նոյնիսկ մենք եւ մեր երկիրը օդանաւին պէս հետապնդենք արեւը, տակաւին պիտի տեսնենք շրջաններ մթութեան ու պիտի ստիպուինք սպասել արեւի շողին: Սակայն, արեւածագը նախ մեր հոգւոյն մէջ երբ ընկալենք, իսկական արեւածագը այնքան հեռու չի թուիր: Կ՛ըսեն` աչքերը դարպասն են հոգւոյն: Այն պարագային, մեր հոգիները նախ լուսաւոր պահենք, ըլլանք լաւատես ու մշտական հետեւորդները պայծառամտութեան, որպէսզի վարակենք մեր ազգն ու հողը լուսաւոր ճառագայթներով: Յարինք մեր կեանքի լոյսի աղբիւրներուն, որպէսզի երբեք չարտօնենք ոեւէ խաւար կերպար ներխուժէ մեր կեանքերէն ու ապա մեր հայրենիքէն ներս:
Մթութեան մէջ նոյնիսկ ամենափոքր լոյսի նշոյլը գործածելով իբրեւ գալիք արեւածագին յոյսի փարոս` ինքնաբերաբար կեդրոնացած չենք մնար խաւարի ճնշիչ ազդեցութեան վրայ, ու մթութեան ժամանակաւոր ըլլալը կը շեշտուի: Այս ըմբռնումով, մեր մայր հայրենիքին համար ալ նկարենք յաւիտենական լուսաւոր կեանք մը մեր հոգիներէն ու միտքերէն ներս: Այլեւս թող չպարտադրուի հանդուրժելու երկարատեւ շրջաններ խաւարի տիրապետութեան տակ: Կ՛ըսենք պատրաստ ենք հայրենիքի համար ամէն միջոցի դիմելու, ուրեմն արեւածա՛գը կերտենք մեր մէջ: