Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Աւագանին Մեծամասնութիւն Չունի

Սեպտեմբեր 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Երեւանի աւագանիի (Քաղաքապետական խորհուրդի) ընտրութիւնները կայացան կիրակի, 17 սեպտեմբեր 2023-ին: Ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող 82.4250-ը քաղաքացիներէն մասնակցեցան միայն 23.4553-ը, որոնք կը կազմեն ընդհանուր թիւին 28.46 առ հարիւրը: Երեւանցիներու այսքան խեղճ մասնակցութիւնը` իրենց քաղաքը կառավարելու կոչուած աւագանիի ընտրութեան, հետեւանք է մասամբ արդէն նկարագիր դարձած անտարբերութեան, բայց նաեւ այն դժգոհութեան, որ վարակած է հանրութիւնը քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ` իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն հաւաքաբար:

Ընտրութեան եղանակը համամասնական է: Մասնակցեցան 13 կուսակցութիւններ եւ 2 կուսակցութիւնները մէկ դաշինք` Մայր Հայաստանը: Անցողիկ շեմը կուսակցութիւններու համար 4 առ հարիւր է, դաշինքներուն` 6 առ հարիւր: Անցողիկ շեմը կրցան յաղթահարել հինգ ցանկեր` Քաղաքացիական պայմանագիր (Տիգրան Աւինեան) 32.57 տոկոս, Ազգային առաջընթաց (Հայկ Մարութեան) 18.89 տոկոս. Մայր Հայաստան դաշինք (Անդրանիկ Թեւանեան) 15.43 տոկոս, Հանրապետութիւն (Արտակ Զէյնալեան)` 11.32 եւ Հանրային ձայն` (Արտակ Գալստեան) 9.68 տոկոս: Աւագանիի 65 աթոռներու բաշխումը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը` Քաղաքացիական պայմանագիր` 24, Ազգային առաջընթաց` 14, Մայր Հայաստան` 12, Հանրապետութիւն` 8 եւ Հանրային ձայն` 7: Այս վերջինի փաստացի առաջնորդը` Վարդան Ղուկասեանը, ծանօթ Դոգ մականունով… հետախուզման մէջ է:

Ոչ մէկ ուժ մեծամասնութիւն ունենալով, քաղաքապետի ընտրութեան համար պէտք է դաշինք կազմուի: Քաղաքացիական պայմանագիրը եւ իրեն դաշնակից Հանրապետականը միասնաբար կ՛ունենան 32 ձայն, որ մէկ ձայնով նուազ է մեծամասնութենէն: Միւս երեք խմբակցութիւնները միասնաբար կրնան մեծամասնութիւն գոյացնել, բայց կասկածելի է, որ կարենան համաձայնութիւն գոյացնել: Քաղաքապետի ընտրութիւնը  անելի մատնուելու պարագային, աւագանիի նոր ընտրութիւն անհրաժեշտ կը դառնայ:

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը երեք տարի գործելէ ետք պաշտօնանկ դարձած էր Աւագանիի անվստահութեան քուէարկութեան մը միջոցով: Իր թեկնածութիւնը եւ երկրորդ դիրքը գրաւելը ցոյց կու տան, որ Երեւանի ժողովուրդը չէ ընդունած կատարուածը:

Այս ընտրութեան ընդհանուր արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հանրային կարծիքը հակադրուած է Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար` Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ: Ընտրութեան արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք, բազմաթիւ վերլուծաբաններ դիտել տուին, որ կատարուած քուէարկութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր իշխանութեան նկատմամբ անվստահութեան ցուցանիշ է: Մեծամասնութեան ձայներով օրինաւորապէս ընտրուած ըլլալու յոխորտանքով կառավարող իշխանութիւնը չի վայելեր քաղաքացիներու մեծամասնութեան վստահութիւնը: Նման իշխանութիւն մը կրնա՞յ յաւակնիլ ազգին ու հայրենիքին ապագան կանխորոշող ճակատագրական որոշումներ կայացնել: Աներկբայօրէն փաստուեցաւ, որ «խաղաղութեան դարաշրջան» խոստացող այս իշխանութիւնը չունի ազգը ներկայացնելու վաւերականութիւն: Ընտրարշաւի վերջին օրուան հաւաքին ու քայլարշաւին մասնակցող ու անցեալի բարբաջանքները յիշեցնող յուխորտանքով խօսող Փաշինեանը, իշխանական միջոցներու շահարկմամբ ընտրութիւն կազմակերպող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը մայրաքաղաք Երեւանի գիտակից հանրութեան հազիւ մէկ երրորդին վստահութեան արժանացան: Կարելի չէ կասկածիլ այլեւս. այս իշխանութիւնը պէտք է հրաժարի, որպէսզի Հայաստանի ու Արցախի համար ճակատագրական այս հանգրուանին, ժողովուրդը նոր ընտրութեամբ մը կազմաւորէ իր ազգային իշխանութիւնը: Վե՛րջ ամբոխավարութեան եւ վե՛րջ պարտուողական զիջումներու քաղաքականութեան: Հայաստանի ժողովուրդը ու իրեն հետ համայն հայութիւնը ազգային ազատագրական պայքարի դրօշը պիտի վերապարզէ ու ազգին վերադարձնէ իր խոցուած արժանապատուութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հայն Ու Իր Մտաւորականը

Յաջորդը

Քերոլայն Քոքս Վտանգաւոր Նկատեց Արցախի Վիճակը` Դատապարտելով Միջազգային Ընտանիքի Անգործութիւնը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?