ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Եւրոպայի ռաբբիներու կեդրոնը 50 պահպանողական ռաբբիներու ստորագրութեամբ 6 սեպտեմբերին նամակ յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին` նշելով, որ Հայաստանի պաշտօնեաները իրաւունք չունին օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը` Ազրպէյճանի կողմէ դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Լաչինի միջանցքի շրջափակումը նկարագրելու համար, որ պատճառ դարձած է 120 հազար արցախցիներու սովահարութեան:
Ռաբբիները սխալմամբ պնդած են, որ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը պէտք է օգտագործուի միայն Հրէական ողջակիզումը նկարագրելու համար: Այս ռաբբիներուն տգիտութիւնը կը գերազանցէ միայն իրենց մեծամտութիւնը: Անոնք ոչ միայն չեն գիտեր «ցեղասպանութիւն» եզրոյթին իրական իմաստը, այլեւ վնաս կը հասցնեն իրենց սեփական գործին` յայտարարելով, որ Ողջակիզումը «եզակի» ըլլալուն համար մարդկային ուրիշ ողբերգութիւն մը չի կրնար համեմատուիլ անոր հետ` այդպիսով իսկ զրկելով ուրիշները, որ Ողջակիզումի զոհերուն նկատմամբ կարեկցանք ցուցաբերեն: Ողջակիզումը, որուն կրնան ցաւակցիլ այլ ժողովուրդներ, իբրեւ համընդհանուր աղէտ բնութագրելը կը բխի հրեաներուն շահերէն: Թէեւ բոլոր ցեղասպանութիւնները ունին նմանութիւններ, սակայն կան ակնյայտ տարբերութիւններ` ժամանակի, տարողութեան եւ վայրի առումով: Այսուամենայնիւ, ցեղասպանութիւններու նմանութիւնները կը գերազանցեն տարբերութիւնները: Ոչ ոք պէտք է մենաշնորհ ունենայ մարդկային տառապանքներու վերաբերեալ:
Այս ռաբբիները կարծես թէ չեն գիտեր, որ համաձայն ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրին, ցեղասպանութիւնը, բացի բացայայտ զանգուածային սպանութիւններէ, կը ներառէ նաեւ` «Որեւէ խումբի համար միտումնաւոր ստեղծում կեանքի այնպիսի պայմաններու, որոնք ուղղուած են անոր լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման»: Ասիկա նոյն բանն է, ինչ որ կ՛ընէ Ազրպէյճանը` սովի մատնելով 120 հազար արցախցիները` զանոնք զրկելով սնունդէ, դեղորայքէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ առարկաներէ:
Նենգափոխող ռաբբիները յայտարարած են, որ «կեթթօ», «ցեղասպանութիւն» եւ «հոլոքոսթ» եզրոյթները «անտեղի են` քաղաքական որեւէ անհամաձայնութեան խօսոյթի մէջ օգտագործելու համար»: Ըստ ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի, արցախահայութեան սովահարութիւնը կարելի է կոչել ո՛չ թէ «քաղաքական անհամաձայնութիւն», այլ` ցեղասպանութիւն:
Ռաբբիները, շարունակելով ազրպէյճանամէտ քարոզչական նամակին մէջ տեղ գտած իրենց սխալներուն ու թիւրիմացութիւններուն շարքը, Հայաստանի ղեկավարներէն պահանջած են «բացայայտ եւ միանշանակ պարզաբանել, որ հայ ժողովուրդը կը ճանչնայ եւ կը յարգէ հրեայ ժողովուրդին կրած մարդկային սարսափելի տառապանքը» եւ դադրեցնել` «նուազագոյնի հասցնելով եւ նսեմացնելով հրեայ ժողովուրդին տառապանքներուն չափը` առաջ մղելու համար որեւէ քաղաքական շահ` հրեայ ժողովուրդի կրած Հոլոքոսթին հետ կապուած արտայայտութիւններու անդադար օգտագործման միջոցով»:
Ռաբբիները, Հայաստանի ղեկավարներուն Ողջակիզումի մասին դասախօսութիւն կարդալու փոխարէն, իրենց նամակը պէտք է ուղղէին վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուին, որ ժխտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ճնշում գործադրած է Քնեսեթի վրայ` մերժելու համար զայն ճանչցող բանաձեւը: Իսրայէլ պէտք էր ըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը, այլ ոչ թէ` վերջինը:
Աւելի՛ն. այս ռաբբիները պէտք էր բարոյական քաջութիւնը ունենային նամակ հրապարակելու` դատապարտելով Իսրայէլի կառավարութիւնը` մահաբեր զինամթերք տրամադրելուն համար, որով Ազրպէյճան 2020-ին սպաննեց հազարաւոր հայ զինուորներ:
Անգարայի եւ Պաքուի մէջ, Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն սատարելու փոխարէն, այս ռաբբիները պէտք էր իմանային, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամէնէն յայտնի կողմնակիցները հրեաներն են` դոկտոր Իսրայէլ Չարնի (Երուսաղէմի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն), փրոֆ. Եայիր Աուրոն (պատմաբան, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քանի մը գիրքերու հեղինակ), Ռաֆայէլ Լեմքին (որ ստեղծած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը), դեսպան Հենրի Մորկընթաու, Էլի Վիզել (Նոպելեան մրցանակակիր եւ Հոլոքոսթէն վերապրած), Եոսի Պէյլի (Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար) եւ Եոսի Սարիտ (Իսրայէլի կրթութեան նախարար):
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 24 ապրիլ 2021-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէ՛ Հակազրպարտութեան լիկան (ADL), թէ՛ Ամերիկեան հրէական կոմիտէն (AJC) աջակցեցան Պայտընի ճանաչման: Ուաշինկթըն գտնուող Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզումի յիշատակի թանգարանը նոյնպէս յայտարարութիւն տարածած է 27 ապրիլ 2021-ին` ողջունելով նախագահ Պայտընի որոշումը, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացուած է: Աւելի՛ն. Հրէական համաշխարհային քոնկրեսը նոյնպէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Առաւել, Ողջակիզումի 126 մասնագէտներ 7 մարտ 2000-ին միացեալ յայտարարութիւն տարածած են` «հաստատելով Հայոց ցեղասպանութեան անհերքելի փաստը»: Անոնց շարքին էին` փրոֆեսէօրներ Եհուտա Պաուըր, Սթիւըն Ֆայնշտէյն, Իրվինկ Հորովից եւ Սթիւըն Քաց:
Այս ռաբբիները չեն դատապարտած Ազրպէյճանի նախկին փոխվարչապետ եւ Պաքուի նախկին քաղաքապետ Հաճիպալա Ապութալիպովը, որ 2005-ին Պաւարիոյ մէջ (Գերմանիա) քաղաքապետարանի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է. «Մեր նպատակը հայերու լիակատար ոչնչացումն է: Դո՛ւք` նացիներդ, արդէն ոչնչացուցած էք հրեաները 1930-40-ականներուն, այնպէս չէ՞: Դուք պէտք է հասկնաք մեզ»: Այդ մասին հաղորդած է «Realny Azerbaijan»-ի իր հրապարակման մէջ, 17 փետրուար 2006-ին:
Քանի որ այս ռաբբիները կը կարծեն, թէ միայն իրենք իրաւունք ունին օգտագործել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, արդեօք անոնք բողոք մը յղա՞ծ են իրենց սիրելի եղբայր Ալիեւին` կեղծ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին անոր բազմիցս յիշատակումներուն համար: Արդեօք երկակի չափանիշի ամօթալի օրինակ չէ՞ այս:
Ռաբբիները պէտք է յիշէին 22 օգոստոս 1939-ին Հիթլերի հնչեցուցած տխրահռչակ խօսքերը. «Ի վերջոյ, այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»: Նկատելով, որ աշխարհը անտեսեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հիթլեր քաջալերուեցաւ իրականացնելու Ողջակիզումը:
Երուսաղէմէն Եարոն Վայս, որ Ողջակիզումէն վերապրածներու թոռնիկ է, գրած է. «Ես կը դատապարտեմ ռաբբիներու այդ խումբին կողմէ Հոլոքոսթի զոհերուն յիշատակի լկտի ինքնաիւրացումը»: Եարոն նաեւ յիշեցուցած է ռաբբիներուն, որ` «Ազրպէյճան կը մերժէ դատապարտել եւ ներողութիւն խնդրել Ողջակիզումի ժամանակ ազրպէյճանական լեգէոնի զինուորներու կողմէ իրականացուած զանգուածային սպանութիւններու համար»:
Այս ռաբբիները նոյնինքն իրե՛նք նսեմացուցած են Ողջակիզումը` զայն գրելով փոքրատառով, մեծատառով գրելու փոխարէն:
Ես կոչ կ՛ընեմ այս ռաբբիներուն` ներողութիւն խնդրել իրենց նենգ եւ վիրաւորական նամակի, Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած զրպարտչական արշաւին համար, որուն պատճառով անոնք կորսնցուցած են պարկեշտութեան եւ բարոյականութեան զգացումը: Եթէ անոնց նամակը խրախուսէ Ազրպէյճանը` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր վայրագութիւններ իրականացնելու առումով, ապա այս ռաբբիները կը նկատուին ազրպէյճանական յանցագործութիւններու մեղսակիցներ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ