Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Համազգայինի 95-Ամեայ Նպատակասլաց Առաքելութիւնը

Սեպտեմբեր 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Համազգայինին վերապահուած է մեծ դեր` ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին եւ հաւատք ունենայ Հայ դատի յաղթանակին»

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Հայ մշակոյթի եւ կրթութեան դարբնոց Համազգայինը այս տարի կը նշէ իր 95-ամեայ յոբելեանը:

Հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն են` մշակոյթը, մայրենի լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու ազգագրական կենցաղը:

Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ Ա. հանրապետութեան կորուստէն ետք, սփիւռքի տարածքին հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման ու զարգացման նպատակաուղղուած գործունէութիւն ծաւալեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը: Միութեան հիմնադիրներ Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Համօ Օհանջանեանն ու իրենց դաշնակցական գործընկերները յստակ տեսլականը ունէին, որ Միջին Արեւելքի եւ այլ սփիւռքահայ ոստաններու մէջ գաղթական հայութեան համար անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է հայապահպանման կառոյց մը ստեղծելու հրամայականը: Գիտակից էին, որ հայապահպանման ենթախարիսխը հայեցի դաստիարակութիւնն է, ազգայի՛ն դաստիարակութիւնը: Ճի՛շդ այդ նպատակով, միութեան հիմնադրութենէն երկու տարի անց, Պէյրութի մէջ հիմը կը դրուէր սերունդներու հայակերտման դարբնոց, աւանդատուն հայկազեան, հայ դպրութեան ջահակիր Ճեմարանին:

Յաջորդող տասնամեակներուն, Համազգայինի առաքելութեան ուխտապահներուն շնորհիւ, սփիւռքի տարածքին ծաւալեցաւ բազմաբեւեռ մշակութային եւ կրթական գործունէութիւն: Հիմնուեցան` տպարաններ, թատերախումբեր, երգչախումբեր, պարախումբեր, գրական ամսագրեր, կրթական օճախներ: Թափ ստացան հրատարակչական աշխատանքները եւ հայագիտութեան զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները: Հուսկ, ապա, հայրենիքի եւ Արցախի մէջ իր գործունէութեան ծաւալումով Համազգայինը իր բազմաբեւեռ գործունէութեամբ նպաստեց հայ մշակոյթի տարածման:

Համազգայինը իր առաքելութիւնը իրագործեց առանց պետական նեցուկի, իրագործեց հայ մշակոյթի նուիրեալներով, կամաւորներով, լուսամիտ բարերարներով: Համազգայինի շնորհիւ ստեղծագործեցին` գրագէտն ու գեղանկարիչը, դերասանն ու բեմադրիչը, խմբավարն ու երգչախումբը, պարուսոյցն ու պարախումբը:

Հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման ու պանծացման ազգանուէր գործին նուիրուած Համազգայինի ճանապարհը անկասելի է: Օրուան շարժման հետ համահունչ, յաւելեալ ճիգերով միութեան շարքերուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւումը էական անհրաժեշտութիւն է, որուն առնչութեամբ Համազգայինի պատգամաւորական ժողովներէն մէկը երիտասարդացման ուղղուած յատուկ ծրագրի մշակման առաջադրանք ներկայացուցած է: Այլ գետնի վրայ, ողջունելի պիտի ըլլայ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ դպրութեան ամրոցի մը հիմնադրումը, Համազգայինի Ճեմարանի մը ընձիւղումը` սփիւռքահայ սերունդներու հայեցի կրթութեան ու ազգային նկարագրի անխաթար պահպանման ի խնդիր:

Եւ ահա, այսօր, 95-ամեայ նպատակասլաց իր առաքելութեամբ, Համազգայինը կը մնայ պատնէշի վրայ, իր ողջ ներուժը ի սպաս դրած` հայութեան ու հայրենիքին:

 

 

Նախորդը

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակ

Յաջորդը

Պենզեմա Կերտեց Իթթիհատի Յաղթանակը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?