Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պանդոկ Մը Եւ Ընտանիք Մը

Սեպտեմբեր 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Երբ քաղաքի մը պանդոկներուն մասին ուզես տեղեկութիւն ստանալ, չես կրնար նոյն քաղաքին բնակիչներուն հարցնել, որովհետեւ անոնք ընդհանրապէս պէտք չունին պանդոկներու մասին գիտնալու, պարզ այն պատճառով, որ պանդոկ երթալու պէտք չունին: Պանդոկի մը մասին պէտք է հարցնել զբօսաշրջիկներու կամ այդ քաղաքը այցելողներու:

Հալէպի եւրոպական չափանիշներով այս առաջին պանդոկին մասին երկու հալէպահայեր միայն գրած են` գրագէտ Յակոբ Միքայէլեանը («Ազգ», 21 դեկտեմբեր 2018) բաւական երկար յօդուած մը նուիրեր է «Պարոն պանդոկ»-ին, իսկ Մանուէլ Քէշիշեանը (ողբացեալ) փոքրիկ հատուածով մը անդրադարձեր է անոր իր «Հալէպ` հայկական Ամանոր» գրութեան մէջ: Անդրադարձեր է նաեւ լիբանանահայ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը:

Հալէպի «Պարոն պանդոկ»-ին մասին ամբողջ գիրք մը գրուած է ոչ թէ հալէպահայու մը կողմէ, այլ… երկու իտալացիներու` Ֆլաւիա Ամապիլէի եւ Մարքօ Թոսաթթիի, որոնք «Պարոն պանդոկ»-ին մասին գրելէ առաջ հեղինակած են այլ գիրք մը` «Մուսա Տաղ» խորագիրով, 2005 թուականին:

Պանդոկին նուիրուած գիրքը կը կոչուի «Հալէպի Պարոնները», գրուեր է իտալերէնով եւ հրատարակուեր 2009 թուականին. ապա 2015-ին թարգմանուեր է թրքերէնի Ելտա Կիւրլեքի կողմէ եւ հրատարակուեր` Պոլսոյ «ԱՐԱՍ» հրատարակչատունէն: Անդրադառնալով այս գիրքին թրքերէն թարգմանութեան, Ռոպէր Հատտէճեան` պոլսահայ ամենատարեց եւ ամենաբեղուն գրագէտը, աղուոր յօդուած մը ստորագրեր է անոր մասին, ուր կ’ըսէ.

«Երկու իտալացի լրագրողները շատ լաւ ուսումնասիրեր են պանդոկին պատմութիւնն ու այդ շրջանի քաղաքական անցուդարձերը, ապա ստեղծեր են հետաքրքրական ու բովանդակալից գիրք մը, որ կոչուեր է «Հալէպի Պարոնները»: Գիրքը կը խօսի «Սուրիոյ մէջ պանդոկի մը, ընտանիքի մը եւ Միջին Արեւելքի վերջին հարիւր տարիներուն մասին»:

Հատտէճեան կ’ըսէ նաեւ` գիրքը «կը կարդացուի հաճոյքով, բայց երբեմն` սրտի ցաւով»:

Պանդոկ մը կառուցելու գաղափարը յղացողը կարգ մը աղբիւրներու մէջ Մազլումեան ընտանիքին տիկիններէն մէկն է, այլ տեղեր` նոյն ընտանիքին պարոններէն մէկը, բայց անունը յստակ չի յիշուիր: Ապա Գրիգոր Մազլումեան սկսեր է նախապարոնեան պանդոկ մը կառուցել Հալէպի մէջ, «Արարատ» անունով: Գրիգորին երկու զաւակները` Օննիկ եւ Արմէն, կը հիմնեն «Ազիզիէ փալաս» եւ «Ալեփփօ փալաս» պանդոկները:

1911-ին Օննիկ կը սկսի կառուցել «Պարոն պանդոկ»-ը, որ այդպէս կոչուած է կառուցողին` Օննիկին տրուած տիտղոսին` պարոնի հիման վրայ:

Հալէպի եւ հալէպահայութեան պատմութիւնը ամփոփած այս պանդոկը իր շառաւիղներուն շիջումով (վերջինը կրտսեր Արմէն Մազլումեանը եղած է) գործելէ կը դադրի, մանաւանդ որ Սուրիոյ պատերազմը իր աւերը գործած էր նաեւ այս կառոյցին վրայ:

Իմ առաջին հանդիպումը «Պարոն պանդոկ»-ին հետ եղած է բաւական կանուխ, պատանութեանս, երբ հայրենի արուեստագէտներ եկած էին ելոյթներու եւ իջեւանած` «Պարոն պանդոկ»:

Գացի հանդիպելու Յովհաննէս Պատալեանին, որուն երգերուն ծանօթ էի, բայց կենդանի ձայնը, որ առաջին անգամ կը լսէի, եւ իր ներկայութիւնը բեմին վրայ, առինքներ էին զիս:

Աստիճաններ. շա՜տ աստիճաններ. ահա թէ ի՛նչ կը յիշեմ այդ առաջին այցելութենէս, թէ՛ դուրսէն մինչեւ մուտք գացող աստիճաններ, թէ՛ ներսը, դէպի երկրորդ յարկ տանող աստիճաններ:

Եւ երկու հսկայ շուները` «Գօգօ պարոն»-ին. այդպէս ծանօթ էր Գրիգոր Մազլումեան, որ նաեւ ՀԲԸՄ-ի ատենապետն էր այդ օրերուն:

Եւ մուտքի սրահին կիսամութը` անկիւններու լամբերով լուսաւորուած, որ պանդոկին մասին պատմուած խորհրդաւոր պատմութիւնները կը մարմնաւորէր կարծես:

Այդ խորհրդաւոր պատմութիւնները կը բեւեռուէին միջազգային շա՜տ նշանաւոր անուններու շուրջ, որոնց մասին երբ այսօր կը մտածեմ, կը տատամսիմ հաւատալու, որ անոնք հոն, մեր անշուք քաղաքը այցելած եւ հայկական պանդոկ մը իջեւանած են` մոռնալով, որ դար մը առաջ Հալէպ կը ներկայացնէր մէկ կողմէ միջազգային կարեւոր հանդիպակէտ մը, միւս կողմէ` գաւառական անշուք քաղաք մըն էր:

Այդ անունները հաստատօրէն պատմութեան դասագիրքերուն կը պատկանէին, բայց ահա եկեր` նստեր էին մեր Հալէպի «Պարոն պանդոկ»-ին բազկաթոռներուն վրայ` կարեւոր նիւթերու մասին զրուցելով, սիկառ ծխելով եւ քոնեաք խմելով: Կ’ըսուի նոյնիսկ, որ Արաբիոյ Լորընսի (Laurence of Arabia) խմած քոնեաքին չվճարուած (այո՛, չվճարուած)  հաշուեցոյցը պահուած է:

Օրինակ` Ակաթա Քրիսթին. Ակաթա Քրիսթին հո՞ս  «Պարոն պանդոկ»-ին մէ՞ջ, իրապէ՞ս: Կամ Աթաթուրքը…

Երկու անուններ, որոնք ներսերս տեղ մը զիրար կը հրմշտկեն մէկուն հանդէպ ունեցած մեծ համակրանքիս, իսկ միւսին հանդէպ ունեցած հակակրանքիս պատճառով, հակառակ անոր որ Սաթենիկ Չագըր քիչ մը տատամսելով եւ շա՜տ զարմանալով` գրած է Աթաթուրքին հետ իր հանդիպումէն ստացած դրական տպաւորութեան մասին: Այս հանդիպումը տեղի ունեցած է 1936 թուականին` «Կիներու համաշխարհային քոնկրես»-ին առիթով Աթաթուրքին տուած անձնական հրաւէրին ընթացքին: Սակայն բոլորս ալ կը ճանչնանք թուրքը, մենք` արիւնով, մեր մեծ հայրերը` առաջին ձեռքէ, եւ գիտենք, թէ որքա՛ն բիրտ եւ արիւնռուշտ, նոյնքան ալ դիւանագէտ է եւ «եւրոպական կրթութեամբ» կրնայ ինքզինք ցուցադրել, երբ ուզէ…

Պանդոկէն անմիջապէս ներս, կարծեմ` աջ կողմի ընդունարանին պատերուն վրայ, շրջանակներու մէջ զետեղուած եւ ցուցադրուած են այս բոլորին գրութիւնները` յիշատակի խօսք մը թէ չվճարուած հաշուեցոյց, իրենց ստորագրութիւններով: Այսօր, երբ «Պարոն պանդոկ»-ը ա՛լ չկայ, թէեւ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ եղած է, բայց որպէս պանդոկ` չկայ, արդեօք ո՞ւր մնացած են այդ նկարները, որոնք ամբողջ ժամանակաշրջան մը կը խտացնեն իրենց խունացած էջերուն վրայ:

Ճարտարագէտ Կարպիս Մինասեան իր մէկ յօդուածին մէջ («Թորոնթոհայ», 29 սեպտեմբեր 2017) այս պանդոկին կապուած շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը յիշէ, ինչպէս օրինակ, այն, թէ շէնքին ճարտարապետութիւնը վստահուեր է ֆրանսահայ ճարտարապետ Գասպար Նաֆիլեանին (հաւանաբար յօդուածագիրը շփոթած է անունը. պէտք է ըլլայ Լեւոն Նաֆիլեան, 1877-1937), որ ճարտարապետը եղած է նաեւ Փարիզի Ժան Կուժոն թաղամասի հայկական Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, ինչպէս եւ` Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (բարերար` Գրիգոր Եղիայեան): Պօղոս փաշա Նուպար շատ հաւնած ըլլալով Փարիզի եկեղեցին` թելադրեր է, որ Գահիրէի եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը վստահուի նոյն ճարտարապետին:

Կը մէջբերենք Կ. Մինասեանի յօդուածէն.

«Շամի երկիրներու պատմութեան մէջ յիշատակուած առաջին պանդոկն է … Գրիգորի զաւակները` Արմէն եւ Օննիկ Մազլումեաններ, մոռնալով իրենց ժամագործութեան արհեստը, արդիական հիւրանոցի մը անհրաժեշտութիւնը զգալով, երկու պանդոկներ կը հիմնեն Ազիզիէի շրջանին մէջ, ոստիկանատան մօտ:

«Հալէպ այցելողներուն աճող քանակը, քաղաքին վաճառականական եռուզեռը, արեւմուտք-արեւելք երկաթուղագիծի ծրագիրն ու Հալէպի արեւելեան շունչը կը մղեն Մազլումեան եղբայրները 1909-ին Պոսթան-Քլեպի ամայի պարտէզներէն հողաշերտ մը գնելու` կառուցելու համար նոր, ժամանակակից եւ եւրոպական չափանիշներով հիւրանոց մը:

Շինարար վարպետները եւ շինանիւթը կը ներմուծուին Եգիպտոսէն, իսկ կահոյքը` Եւրոպայի զանազան երկիրներէն: Երկյարկանի պանդոկը կ’ունենայ 32 սենեակ` օժտուած պատշգամներով եւ 2 ընդհանուր բաղնիքով:

«Պանդոկը յատկանշական էր իր արեւելեան կամարներով եւ արեւելեան ու հայկական խառն նախշերով: Հիւրանոցի ոսկեմատեանի էջերուն վրայ բազմաթիւ են հռչակաւոր այցելուներու անունները, որոնցմէ կը յիշենք` Ֆէյսալ թագաւոր… հիւրանոցի թիւ 215 սենեակը, որուն պատշգամէն թագաւորը արտասանեց Սուրիոյ Անկախութեան հռչակագիրը: Այս հիւրանոցին պատշգամէն էր, որ նախագահ Ժամալ Ապտել Նասեր ճառեր կ’արտասանէր: Նոյն պատշգամն էր նախագահ Հաֆեզ Ասատի նախագահական արշաւին նուիրուած ճառերուն հարթակը:

«Հիւրանոցի թիւ 202 սենեակին մէջ օրեր շարունակ կ’աշխատէր Լորանս ալ-Արապ հռչակաւոր անգլիացի սպան ու կը կազմէր իր նենգ ծրագիրները:

«Հիւրանոցի թիւ 213 սենեակին մէջ ոստիկանական վէպերու հանրածանօթ վարպետ Ակաթա Քրիսթի ներշնչուած  կը գրէր իր նշանաւոր պատմուածքը` «Ոճիր մը Արեւելեան ճեպընթացին մէջ» (Murder On The Orient Express):

«Հիւրանոցի սրահին մէջ երգերով հանդէս եկած են Ում Քալսում, Ապտել Ուահապ, Ֆարիտ ալ-Աթրաշ եւ ուրիշներ:

«Հիւրանոցի կամարներուն ներքեւ երգահան Բարսեղ Կանաչեան յօրինած է իր շատ գեղեցիկ «Օրօր»-ը` զայն նուիրելով իր ժողովուրդին:

«Հիւրանոցը ընդունած է տիեզերագնացներ Եուրի Կակարինն ու Վալենթինա Թերեշքովան:

«Հիւրանոց հանգրուանած են նաեւ` Գրիգոր Զոհրապ, Ուիլիըմ Սարոյեան, Յովհաննէս Պատալեան ու շարք մը հայ արուեստագէտներ:

«Հիւրանոցի այցելուներուն երկար ցանկը կը հաստատէ անոր կարեւորութիւնը: Ան լոկ կառոյց մը չէր, այլ պատմական վկայութիւնը` տարածաշրջանի 100 տարուան պատմութեան»:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Սեպտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Եւրոպայի Նենգափոխող (Ռեւիզիոնիստ) Ռաբբիները Կը Ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?