Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Երթալ Հոն, Ուր Շատեր Այլեւս Չկան

September 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Առաջին մեկնումիս, բնականաբար,
քաղաքը չէր միայն,
որ զիս կը շահագրգռէր,
հոն էին բոլորը, որոնք քաղաքն էին:
Հոն էր Յովհաննէսը, իր բանաստեղծութեամբ,
երգիծանքով եւ սրամտութեամբ.
ինչ որ հեգնական ժպիտ կար դէմքին
այդ համատարած անհեթեթին դէմ:
Հրանտը ազնուական, տէրը արձակի,
որ Ռազմիկին հետ եկած Ամերիկա,
հետաքրքրուած չէր արտաքին աշխարհով,
կը փորձէր իրաւ սփիւռքը ճանչնալ:
Աղասին իւրօրինակ, որ այդ տաքին,
հագին ռոպ տը շամպր միայն,
քեզի սառն ձմերուկ կը հրամցնէր
եւ թերեւս միակ լաւատես կերպարն էր
այդ համատարած ճնշուածութեան մէջ:
Մարտիրոսեանը Արմէն,
որ չես գիտեր` ե՞րբ արթուն էր, երբ կէս-գինով,
Զօրայրը հրաշալի, որուն հետ կարծես
կը շարունակուի զրոյցը
Արցախի, «Մեռնող-յառնող»-ի, «Միջնաշէն»-ի մասին,
դեռ Յակոբը Յակոբեան,
որ չէր յոգներ պաստառները ցոյց տալէ,
եւ գեղեցիկ, առանձին մարդոց
մեր բնաշխարհը, պարզ գոյներով խտացուցած էր:
Յակոբին, Հրանտին ու Զօրայրին պէս,
Ռուբէնին եւս, դուն անձնապէս
Մոնրէալի քու տանդ մէջ հանդիպած,
հիւրասիրած, մտերմացած
եւ զրուցած էիր «Ամենատաք երկիր»-էն,
«Որդան կարմիր»-էն …
Իսկ Գարեգին վեհափառը,
արտասահմանեան իր հովուական այցելութեան,
պնդած էր, որ Հայաստան մեկնումիդ
իրեն հանդիպիս.
ուխտաւորի պէս գացիր Էջմիածին`
ինքը չկար, շիրիմը կար:
Եւ իսկապէս շատ չեմ ուզեր խոր պրպտել,
ո՞վ յիշեցի եւ ո՞վ մոռցայ:
Բախտաւոր էի, որ կրցած էի Երեւանէն դուրս,
կտրել Ջաւախքէն մինչեւ Գիւմրի եւ Զանգեզուր,
աշխարհը Արցախ:

Ինչպէ՞ս երթալ հոն,
ուր այս սիրելի անձերն ինձ համար,
այլեւս չկան,
մասնաւորաբա՛ր, արիւնով շահուած,
լոյս Շուշին չկայ:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (18 Սեպտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Է. –

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.