Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի 12-րդ Թիւը
27 դեկտեմբերին ելեկտրոնային հարթակին վրայ հրապարակուեցաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի տարեվերջի թիւը: Բնականաբար այս թիւը ունի նախորդ անհանգիստ տարին ամփոփոխ բովանդակութիւն: «Առաջնորդող»-ին մէջ շեշտը կը դրուի քաղաքական իրադարձութիւններու խորապատկերին Հայաստանի իշխանութիւններուն կատարած գործունէութեան ու դրսեւորած քաղաքական վարքին վրայ, իսկ Անի Մելքոնեանի յօդուածը անդրադարձ կը կատարէ հայութեան համար տրամաթիք ու ողբերգական եղելութիւններով հարուստ ժամանակահատուածի կարեւոր իրադարձութիւններուն: Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան քաղաքական իրականութեան...




















