Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի 12-րդ Թիւը

January 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 դեկտեմբերին ելեկտրոնային հարթակին վրայ հրապարակուեցաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի տարեվերջի թիւը: Բնականաբար այս թիւը ունի նախորդ անհանգիստ տարին ամփոփոխ բովանդակութիւն: «Առաջնորդող»-ին մէջ շեշտը կը դրուի քաղաքական իրադարձութիւններու խորապատկերին Հայաստանի իշխանութիւններուն կատարած գործունէութեան ու դրսեւորած քաղաքական վարքին վրայ, իսկ Անի Մելքոնեանի յօդուածը անդրադարձ կը կատարէ հայութեան համար տրամաթիք ու ողբերգական եղելութիւններով հարուստ ժամանակահատուածի կարեւոր իրադարձութիւններուն:

Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան քաղաքական իրականութեան կ՛անդրադառնայ բանակցային գործընթացներու տեսանկիւնէն: Քաղաքագէտին եզրակացութիւնը այն է, որ կը սպասուի ոչ նուազ յագեցած ու լարուած տարի, իսկ թէ անիկա ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ հայաստանեան ու արցախեան հարցերուն վրայ, մեծապէս պայմանաւորուած պիտի ըլլայ անով, թէ Հայաստանի օրուան ղեկավարութիւնը ի՛նչ կեցուածք պիտի դրսեւորէ հայութեան կենսական շահերը շօշափող գալիք մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:

Իրանագէտներ Լիանա Պետրոսեանն ու Նարէ Գէորգեան կ՛անդրադառնան համապատասխանաբար Հայաստան-Ռուսիա-Իրան եւ Հայաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն եւ երկիրներու միջեւ տեղի ունեցած գործընթացներուն` անցնող տարուան ընթացքին:

Արեւելագէտ Արմէն Պետրոսեանի ուշադրութեան առանցքն է Մերձաւոր Արեւելքի 2023 թուականը: Արդարեւ, այս տարածաշրջանին մէջ նոյնպէս տեղի ունեցան որքան բուռն, նոյնքան եւ անակնկալ իրադարձութիւններ: Ի դէմս իսրայէլեան-պաղեստինեան պատերազմին, տարածաշրջանը կը շարունակէ յիշեցնել եռացող կաթսան` կանխատեսելի ու ամենաանկանխատեսելի զարգացումներով:

Ներազգային կեանքին համար տարին յատկանշական էր մասնաւորապէս անով, որ ամբողջացաւ ազգային կեանքին մէջ իր վաստակած պատուաւոր տեղը հաստատած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակը: Թէեւ Արցախին պատուհասած ողբերգութիւնն ու Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող մտահոգիչ երեւոյթները իրենց մռայլ շուքը նետած էին համահայկական ընդհանուր կեանքին վրայ, այնուամենայնիւ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ հայութիւնը անդրադարձաւ այս տարեդարձին: Համազգայինի 95-ամեակին անդրադարձած է նաեւ ճարտարապետ, գրող եւ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեան: Ան «Դրօշակ»-ին այս անգամ տրամադրած յօդուածը արժանաւորած է Համազգայինի հիմնադրութիւնն ու հիմնադիրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է ազգային այս կարեւոր կառոյցի ներկային ու անոր չընդհատուող առաքելութեան:

Այս թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ բնապահպանական, պատմական եւ գաղափարական բնոյթի ուշագրաւ այլ յօդուածներ:

Նախորդը

«Համազգայինի Գործունէութիւնը Շատ Տարողունակ Է, Որովհետեւ Համազգայինը Կը Գործէ 19 Շրջաններով, Եւ Ուրախալի Է Հաստատել, Որ Ա՛յս Է Համազգայինի Հարստութիւնը», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեան

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ասպարէզը` Յաղթանակի Հաւատացողներին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.