Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդները Կը Գրեն. «Make A Dish» Ծրագիրին Առիթով. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը Կը Շարունակէ Ժողովուրդին Անսակարկ Ծառայութիւնը

January 4, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ

Ի՜նչ հաճելի է Կաղանդի տօնական մթնոլորտը Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջաններուն մէջ: Դեկտեմբերի առաջին օրէն իսկ կը սկսին` տօնածառերու շքեղ յարդարումը, փողոցին մէջ խուռներամ բազմութիւնը, նուէրներով լեցուն տոպրակները, խճողուած խանութները եւ այլն… Իսկ ամենահաճելին այն է, որ դեկտեմբերի վերջին շաբաթը փողոցին մէջ կը տեսնենք տարազաւոր ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, որոնք քանի մը տուփեր ու տոպրակներ ձեռքերնին բռնած` խումբ առ խումբ կ’երթան ու կու գան: Ի՞նչ կ’ընեն: Խանդավառ կանչերով ու երգերով  ո՞ւր կ’երթան…

Ահաւասիկ ութ տարիներէ ի վեր այս պատկերը կը կրկնուի, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտները կը կատարեն իրենց աւանդութեան վերածուած մարդասիրական աշխատանքը, որ կը կրէ «Make A Disհ» անունը: Այս աշխատանքին նպատակն է տարածել Կաղանդի տօնական ջերմ մթնոլորտը` մատուցելով սկաուտներու կողմէ պատրաստուած տաք ճաշեր բոլոր այն հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն, որոնք Ամանորի գիշերը երկրի վատ տնտեսական պայմաններուն պատճառով զրկուած են այս բոլորէն: Հետեւելով «Սկաուտը միշտ կ’օգնէ ուրիշին» սկաուտական չորրորդ դաւանանքին եւ «Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին` աշխատանքը սկիզբ առաւ 10 ընտանիքներով, ու տարուէ տարի, կարիքաւոր ընտանիքներու թիւը բազմապատկուեցաւ ու հասաւ մինչեւ 350-ի:

Այս տարի յայտագիրին մէջ որոշ փոփոխութիւն կատարուեցաւ: Տաք ճաշեր պատրաստելու կողքին, սկաուտները հրաւիրեցին ընտանիքները համախմբելով զանոնք տօնական սեղանի մը շուրջ: Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով` երգերով, պարերով ու Կաղանդ պապուկին դիմաւորելով` ներկաները ունեցան ուրախ, հաճելի եւ անմոռանալի խրախճանք մը: Աւարտին, անմոռանալի յիշատակին կողքին, ներկաները իրենց հետ տարին յիշատակի նուէրներ:

Եւ ահա ա՛յս է ՀՄԸՄ-ը, ու ա՛յս է անոր առաքելութիւնը` միշտ պատրաստ ժողովուրդի կողքին: Ա՛յս է հայութեան բաբախող սիրտը` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, որ իր շուրջ կը համախմբէ ժողովուրդը` մեղմացնելով անոր հոգերը, ցաւերը, վիշտերն ու տառապանքները:

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտութիւնը միայն մարմնակրթանքի ու դաստիարակչական կեդրոն մը չէ, այլեւ հայութիւնը համախմբող օճախ է ու հպարտութեան փարոս: Ան իր անդամներուն փոքր տարիքէն կը սորվեցնէ նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը հասնելով բոլորին անխտիր, ամէն տեղ, ամէն վայրկեան: Այս առաքելութիւնը վստահաբար տարին մէկ օրով չ’իրականանար, այլ սկաուտները ամէն օր կը սորվին ուրիշին օգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Դժուար է երկար տարիներու ընթացքին աւանդութիւն մը պահելը: Դժուար է նաեւ այսպիսի մարդասիրական աշխատանք մը ընդլայնելը Լիբանանի վատ պայմաններուն առընթեր: Սակայն, հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն այս բոլորը պատճառ չեն դառնար ընդվզելու եւ յուսահատելու, այլ, ընդհակառակը, աւելի՛ կազմակերպուած, աւելի՛ ոգեւորուած գործը կը շարունակեն միութեան հաւատարիմ խմբապետները, սկաուտներն ու բարերարները:

Ապրի՛ն բոլոր այն «Կամաւոր բանակին» մաս կազմող անդամները, որոնք գիշերը ցերեկին խառնելով` միութենական մեծ աշխատանքը առաջնահերթութիւն դարձուցին իրենց անձնական կեանքէն, շահերէն ու հաճոյքէն` յաջողութեամբ աւարտելու համար բոլորին սրտին մօտիկ ու տարիներու ընթացքին իւրայատուկ դարձած «Make A Dish» աշխատանքը: Ապրի՛ այս միութիւնը, որ առաջին իսկ վայրկեանէն, հայեցի դաստիարակութեան ու մարմնակրթութեան կողքին, գործնական ձեւով կը սորվեցնէ իր անդամներուն ուրիշին հասնելու կարեւորութեան մասին: Հաստատաբար այս մարդասիրական երթը պիտի շարունակուի աննահանջ:

Հազա՛ր ապրիս, դո՛ւն բոլորին հարազատ տուն` ո՜վ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ…

 

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Նուէրը Դո՛ւն Ես

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.