Հարցազրոյրը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը 2023-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Այս առիթով 12-18 սեպտեմբերին նշուեցաւ միութեան 95 տարիներու բեղուն գործունէութեան տարեդարձը Երեւանի մէջ, ուր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հանդէս եկաւ յատկանշական նախաձեռնութիւններով:
Վերջերս իր հայրենի տունէն բռնի տեղահանուեցաւ արցախահայութիւնը եւ ստիպուեցաւ ժամանակաւորապէս ապաստանիլ Հայաստան, ինչ որ բնականաբար ստեղծեց բազմազան դժուարութիւններ: Համազգայինը` իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն, ստանձնեց արցախցի աշակերտներու եւ անոնց ծնողներու հոգեբանական եւ կրթական օժանդակութիւն տրամադրելու խիստ պատասխանատու գործէն բաժին մը:
Հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահապան այս կառոյցին մասին ընդհանրապէս եւ յատկապէս անոր առաքելութեան, իրագործումներուն, յար եւ նման նորութիւններու տեղեկանալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսեցէ՛ք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան մէկուկէս տարի արդէն թեւակոխած քառամեայ կեանքին յատկապէս իրագործած եւ ընդհանրապէս իրագործելիք աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք զանոնք, մանաւանդ որ բաւական տագնապալի ժամանկաշրջանի մէջ կը գործէք ներլիբանանեան եւ հայկական իմաստով:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Համազգայինի գործունէութիւնը շատ տարողունակ է, որովհետեւ Համազգայինը կը գործէ 19 շրջաններով, եւ ուրախալի է հաստատել, որ ամէն օր, ամէն տեղէ Համազգայինի ձայն մը կ՛ելլէ. կը տեսնես շրջան մը` ձեռնարկ մը ըրած է, ուրիշ մը` գիրք հրատարակած, տեղ մը պարախումբը ելոյթ ունեցած է: Համազգայինի հարստութիւնն ալ ա՛յս է, որովհետեւ կառոյցը ինքը ապակեդրոն է, եւ այս 19 շրջաններէն իւրաքանչիւրը կը գործէ ըստ իր կարելիութիւններուն եւ կարիքներուն: Այս առումով, բնականաբար Կեդրոնական վարչութիւնը իր հերթին կը շարունակէ արդէն իսկ առկայ իր կրթական եւ կարգ մը այլ կառոյցներու գործունէութեան համադրումը, եւ այս իմաստով մեր առաջնահերթութիւններէն է մեր կրթական կեանքը. արդէն իսկ շատ շուտով իր լրումին կը հասնի Եւրոպայի միակ ամբողջութեամբ հայկական վարժարանին` Մարսէյի ճեմարանին շէնքային կառոյցին յաւելումը, որ կը պարունակէ մանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ դասարաններ, եւ, այսպիսով, յառաջիկայ սեպտեմբերին Մարսէյի ճեմարանը կարելիութիւն պիտի ունենայ ընդունելու եւս 200 աշակերտ: Դպրոցին նոր շէնքը արդէն ոտքի կը կանգնի. նշեմ նաեւ, որ Մարսէյի ճեմարանը կը վայելէ Մարսէյի քաղաքապետութիւններուն, Ֆրանսայի պետական մարմիններուն անվերապահ օժանդակութիւնը:
Միւս կողմէ` Լիբանանի այս դժուար կացութեան մէջ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը իր առաքելութեան վրայ կանգուն պահելը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ մեր կրթական կեանքին կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է` իր ունեցած պատմութեամբ եւ դերակատարութեամբ: Հակառակ այս դժուարութիւններուն` Ճեմարանը նոյնպէս ունի իր յաջողութիւնները եւ զարգացումները:
Որքան ալ դժուար ըլլայ գրատարածի եւ գիրքերու հրատարակութիւնն ու տարածումը, կամ` կերպարուեստի ցուցահանդէսներու հարցը, սակայն մենք Հայաստանի մէջ իրագործեցինք «Լիւսի Թիւթիւնճեան» կերպարուեստի մեր կառոյցին ցուցահանդէսը:
Համազգայինը կը շարունակէ հրատարակել գիրքեր, արդէն իսկ պատրաստ է հայոց պատմութեան նախակրթարանի եռահատոր` չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու յատուկ նոր եւ արդիական դասագիրքին առաջին հատորը, մինչեւ տարեվերջ հրատարակուած կ՛ըլլայ առաջին հատորը, եւ յառաջիկայ տարի մեր դպրոցներու հայ աշակերտները կ՛ունենան հայոց պատմութեան աւելի գունագեղ եւ ցարդ առկայ դասագիրքերէն աւելի լաւ, աւելի արդիական դասագիրք, որ շատ կարեւոր է: Նաեւ իր լրումին կը հասնի մանկապարտէզի երեք տարիներու համար, այսպէս ըսած, արդիական ե՛ւ դասագիրքը, ե՛ւ ծրագիրը, եւ իբրեւ այդպիսին` հրատարակութիւնը իր լրումին կը հասնի եւ տրամադրելի կ՛ըլլայ մեր սփիւռքատարած հայկական բոլոր մանկապարտէզներուն անխտիր:
Զուգահեռաբար տեղի ունեցան մեր երիտասարդական ծրագիրները` ֆորումը, youthlinks-ը, artlinks-ը եւ «Փեթակ»-ը: Մէկ խօսքով, այն կառոյցները, որոնք կը գտնուին Կեդրոնական վարչութեան վերահսկողութեան տակ, կը շարունակեն իրենց արդիւնաւէտ եւ բնականոն գործունէութիւնը: Հակառակ անոր որ այս փուլին, Կեդրոնական վարչութեանս եւս վիճակուեցաւ դիմագրաւել լիբանանեան տնտեսական սուր տագնապը, սակայն Համազգայինը աշխարհատարած իր մեծ կառոյցով յանձնառու է բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու յօգուտ մեր կրթական եւ մշակութային ծրագիրներուն: Անշուշտ կան այլ ծրագիրներ, որոնց մասին կը նախընտրենք խօսիլ, երբ որ անոնք հասնին իրենց բիւրեղացման եւ աւելի իրագործման հանգրուանին:
Մանկավարժական արդիական ծրագիրները, որոնք արդէն կ՛իրագործուէին, կը շարունակուին, ինչպէս բոլորին յայտնի են «Լալան ու Արան» պուպրիկները, նաեւ ունինք բաւական հրատարակութիւններ, արդէն հինգ գիրքեր հրատարակած ենք` երկու պատմութեան եւ մէկ նկարազարդման գիրքեր, երկու աշխատանքային տետրակ, որոնք կարելի է գտնել` ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն տարբերակներով` https://lalanouaran.com/shop/ կայքին վրայ: Այս աշխատանքային տետրակները կը մղեն երեխան մտածելու: Նոյնն է պարագան ներկելիք տետրակներուն, որոնք միայն ներկելու համար չեն, այլ` երեխան պէտք է գործածէ տրամաբանութիւնը, հայերէնով պէտք է կարդայ, մտածէ եւ այլն: Այսօր, երբ հայ ծնող մը գրախանութ երթայ, չի կրնար գտնել այս բովանդակութեամբ աշխատանքային տետրակներ: Ուրեմն մենք այդ պահանջը գոհացնելու համար սկսած ենք այս շարքին: Ի միջի այլոց, ասոնց զուգահեռ, հեռաձայններու վրայ կան արդէն չորս յաւելուած ծրագիրներ, որոնք կը սկսին «Գոյներու աշխարհ», «Ձեւերու աշխարհ», «Թիւերու աշխարհ» եւ «Գիրերու աշխարհ» աճման հոգեբանութեան հետ համընթաց: Նաեւ այս ծրագիրին վրայ աւելցաւ քիչ մը աւելի մեծ պատանիներու համար «Մտամարզ»-ը, որ ընդհանուր զարգացման մրցում է եւ ենթական ինքն ալ կրնայ հարցում առաջարկել, եւ ամէնէն կարեւորը` այս բոլորը անվճար կը տրամադրուին հանրութեան:
«Ա.».- Գիտենք, որ Արցախի մէջ կը գործէր Համազգայինի գրասենեակը, որ շատ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէր, անիկա այսօր ի՞նչ ճակատագիր ունի:
Զ. Ք.- Դժբախտաբար արցախահայութեան բռնագաղթին հետ այժմ Արցախէն դուրս կը գտնուին Արցախի լաւագոյն մտաւորականներէ, գրողներէ, երաժիշտներէ, նկարիչներէ եւ արուեստի այլ մարզերու ներկայացուցիչներէ կազմուած Համազգայինի Արցախի խորհուրդը: Անշուշտ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ արցախահայութիւնը պիտի վերադառնայ Արցախ, եւ հոն պիտի շարունակուի մեր կեանքը. մենք նաեւ գաղափարական իմաստով չենք կրնար դադրեցնել Համազգայինի Արցախի գրասենեակին եւ խորհուրդին գործունէութիւնը: Ուստի Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին նիստին արծարծեց այս հարցը եւ որոշեց Երեւանի մէջ պահել Համազգայինի Արցախի մեր կառոյցը, որ այս հանգրուանին իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ եւ կ՛օգտուին Հայաստանի մեր գրասենեակի կարելիութիւններէն: Այսինքն իրենց ժողովներն ու հանդիպումները կը կատարեն երեւանեան մեր գրասենեակին մէջ եւ առայժմ կը գործեն իբրեւ առանձին կառոյց:
«Ա.».- Վերջերս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր կեդրոնացումը սեւեռած է Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի տարբեր մարզեր ապաստանած արցախահայութեան վրայ: Խնդրեմ` ներկայացուցէք մանրամասն կերպով, թէ ի՞նչ եւ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տարուին այս ուղղութեամբ:
Զ. Ք.- Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գլխաւոր եւ ամէնէն արդիւնաւէտ գործունէութեան ծիրին մէջ կ՛իյնար Ստեփանակերտէն հեռու գիւղերու մէջ մանկապատանեկան խմբակներու ճամբով մշակութային, գեղարուեստական եւ ազգային դաստիարակութեան աշխատանք մը, որ կը տարուէր ազգագրական պարախումբերու կամ արուեստի այլ խմբակներու, նոյնիսկ հայոց լեզուի դասընթացքներու ընդհանուր զարգացման իմաստով: Խմբակները կը գործէին նաեւ պետական քննութիւններու մասնակցութեան պատրաստութեան գծով, մինչ այժմ Երեւանի մէջ ստեղծուած է բոլորովին այլ իրավիճակ:
Արցախի մանուկներն ու պատանիները նախ եւ առաջ պէտք ունին հոգեբանական օժանդակութեան, նեցուկի, որուն համար Համազգայինի կազմակերպութեամբ քանի մը տարբեր կեդրոններու` Երեւանի, Գիւմրիի, Աբովեանի եւ Մասիսի մէջ, յատուկ հոգեբաններ կ՛աշխատին մանուկ թէ պատանի դիմորդներու հետ, որպէսզի անոնք աւելի լաւ զգան եւ այս դժուար փուլը կարենան յաղթահարել:
Զուգահեռաբար արցախցի ծնողները իրենք եւս տագնապի մէջ են: Մինչ իրենց զաւակները հայաստանեան տարբեր դպրոցներու մէջ դասընթացքներու կը մասնակցին, անոնք չեն կրնար իրենց զաւակներու տնային պարտականութեան պատրաստութեան օժանդակել: Հետեւաբար անհրաժեշտ է այս փուլին, որ այդ նոյն կեդրոններուն մէջ երիտասարդ ուսուցիչներ վերահսկեն արցախցի աշակերտներու տնային պարտականութիւններու ամբողջացման աշխատանքին, ասիկա մեր մարզին մէջ կ՛իյնայ, որովհետեւ մենք ո՛չ միայն մշակութային, այլ նաեւ կրթական միութիւն ենք: Աւելի ուշ նոյն այս պարախումբերը, երգչախումբերը եւ այլ խումբեր վստահաբար, այս փուլը թեւակոխելէ ետք, անհրաժեշտ է, որ կարենան ե՛ւ պարել, ե՛ւ երգել, այս բոլորը իրենց համար կարեւոր են` հոգեբանական իմաստով:
Կարեւոր է նաեւ, որ արցախցին չմոռնայ իր բարբառը, որ ազգային մեծ հարստութիւն է: Այս հեռանկարով արցախցի մեր տիկնիկային խումբերը, որոնք կ՛ընդգրկեն ե՛ւ Ստեփանակերտի, ե՛ւ Շուշիի կազմերը, կը պատրաստեն Արցախի բարբառով խամաճիկներու թատերական ներկայացումներ եւ կը շրջագային այն վայրերը, ուր արցախցի բռնագաղթուած փոքրիկները ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած են: Հարկ է նշել, որ այս տիկնիկային խումբերու անդամները շատ փորձառու եւ որակաւոր են, իսկ այս ծրագիրը պիտի շարունակուի վստահաբար:
«Ա.».- Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ 12-18 սեպտեմբերին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով` գրական-մշակութային, նշուեցաւ միութեան 95 տարիներու բեղուն գործունէութեան տարեդարձը: Անդրադառնանք տօնակատարութեան շաբթուան ու անոր ունեցած արձագանգին:
Զ. Ք.- Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը հիմնած են մարդիկ, որոնք եղած են մեր առաջատար մտաւորականները, նաեւ եղած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչները: Անոնք այդ իմաստով երթեւեկած են Երեւանի փողոցներով: Ուստի մենք մեր մայր ձեռնարկը չէինք կրնար չնշել Հայաստանի մէջ: Այս առումով, ձեռնարկներու շարք մը իրագործուեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած մայր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Աբովեան»` նախկին «Աստաֆեան» փողոցի վրայ գտնուող «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ: Վայրը խորհրդանշական էր, որովհետեւ անոր շատ մօտ էր Արամ Մանուկեանի տունը, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի շէնքը, Նիկոլ Աղբալեանի տունը, որուն մէջ ան բնակած էր Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ, կառավարութեան շէնքին մօտ: Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, այս միջավայրին մէջ երթեւեկած, քալած եւ ապրած են: Ուստի այս իմաստով շատ խորհրդանշական եղաւ վայրի ընտրութիւնը:
Պաշտօնական հանդիսութեան հրաւիրուած էին Երեւանի արուեստի, գրականութեան, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ եւ համազգայնականներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Պաշտօնական ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ցուցադրուեցաւ Համազգայինի 95-ամեակին առիթով վաւերագրական ամփոփ զեկուցական ժապաւէն մը:
Ասկէ բացի` Համազգայինի 95-ամեակին կը զուգադիպէր «Բագին» 60-ամեակը, որ նոյն օրերուն պիտի տօնակատարուէր նաեւ Լիբանանի մէջ, որովհետեւ «Բագին»-ը Լիբանանի ծնունդ է, սակայն արցախեան սկսած պատերազմը զայն յետաձգել տուաւ, եւ 8 դեկտեմբեր 2023-ին տեղի պիտի ունեցաւ «Բագին» 60-ամեակի նշումը Լիբանանի մէջ:
«Բագին»-ի 60-ամեակը, ինչպէս նաեւ «Բագին»-ի նոր սկսած մատենաշարի առաջին թիւի Յարութիւն Քիւրքճեանի «Սփիւռք եւ ինքնացում» խորագրով գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ «Տէրեան» փողոցին վրայ գտնուող Ազգային գրադարանին մէջ: Յոբելենական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ակադեմական մարդիկ, գրողներ, գրականագէտներ, որոնք յոբելեանին առիթով խօսքեր արտասանեցին: «Բագին»-ի 60-ամեայ երթի հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանը, զուգահեռաբար, պարբերականին գլխաւոր խմբագիրը Սոնիա Քիլէճեան-Աճեմեան Քանատայէն եկաւ ու ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան, որուն ընթացքին նաեւ խօսք արտասանեց ան: «Բագին»-ը, որ թէեւ եղած է սփիւռքահայ, արեւմտահայ գրական սփիւռքի գլխաւոր օրկաններէն մէկը, սակայն անիկա ունեցած է մեծ դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն` հայրենի գրողներուն վրայ, յատկապէս` Խորհրդային օրերուն: Ներկայ մտաւորականներէն ոմանք հանդիսութեան ընթացքին իրենց խօսքերուն մէջ փաստերով վկայեցին, թէ` ինչպէս այդ օրերուն մեծ յափշտակութեամբ ու գաղտնօրէն կը կարդային «Բագին»:
Հրանդ Մաթեւոսեան 1988-ին «Վանայ ձայն»-ի եթերէն ինծի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ ««Բագին»-ը եթէ չըլլար, ես չէի կրնար ըլլալ, որովհետեւ «Բագին»-ը պաշտպանեց զիս: Պօղոս Սնապեանն ու տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը եթէ իմ մասիս անդրադարձներ կատարած չըլլային «Բագին»-ի մէջ, այստեղ մեծ դժուարութիւններու մէջ պիտի գտնուէի»: Ուրեմն «Բագին» կարդալով` անոր ստեղծած մթնոլորտէն ու հեղինակութենէն չեն կրցած մեծ գրող Հրանդ Մաթեւոսեանը ճնշել, եւ «Բագին»-ը եկած է պաշտպանելու զինք: Բեմէն նոյնպիսի կարծիք յայտնեց այդ օրերու երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Հենրիկ Էդոյեանը: Ան ըսաւ, թէ նոր սերունդ մը կար` ինքը, Արտեմ Յարութիւնեանը, Յովհաննէս Գրիգորեանը եւ ուրշներ, որոնց ի պաշտպանութիւն` «Բագին»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածները իրենց կայացման եւ ամրապնդման համար ներշնչարան էին: Արդարեւ այս իմաստով Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ էր կայացնել «Բագին»-ի 60-ամեակը, որ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 95-ամեայ ձեռնարկներու շարքին մէջ: Նշեմ նաեւ, որ «Բագին»-ի բոլոր հատորները թուայնացուեցան` շնորհիւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան:
Բացի այդ` Համազգայինի 95-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցան գիրքերու շնորհահանդէսներ, որոնց ընթացքին մատուցուեցան Համազգայինի վերջին հրատարակութիւնները, ինչպէս` Նիւ Եորքի մասնաճիւղին հրատարակած եռահատորը: Շնորհահանդէսները կայացան Երեւանի գրասենեակի, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքէն դոկտոր Հրանդ Մարգարեանի նախաձեռնութեամբ:
Առաջին գիրքը կը բովանդակէր արցախցի բանաստեղծներու եւ գրողներու ստեղծագործութիւններ, եւ որուն շնորհահանդէսը տարի մը առաջ տեղի ունեցած էր Արցախի մէջ, սակայն Հայաստանի մէջ չէր կայացած: Երկրորդ գիրքը մինչեւ 40 տարեկան թեւակոխած Հայաստանի երիտասարդ բանաստեղծներու ընտրանի մըն էր, նշեմ, որ շուտով լոյս կը տեսնէ, արձակագիրներունը` եւս:
Ուրիշ գիրքեր, որոնք կը կոչուին` «Ձայն հիւսիսային», «Soaring world», «Ձայն արցախական», «Ձայն քերթողական»: Ասոնք արդէն ձեւով մը Մոսկուայի, ընդհանրապէս Վրաստանի, այս շրջաններու հայ գրողներու անտիպ գործերու ընտրանիի մը հաւաքածոներ են:
Զուգահեռաբար, Արցախի մեր արձակագիրներու գիրքին անգլերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը եւս կայացաւ: Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Արեւիկ Գաբրիէլեան թարգմանեց գիրքը, որ փայլուն եւ որակաւոր թարգմանութիւն մըն է: Տասնեակ մը արձակագիրներ անգլերէնով կրնան հաղորդակցիլ գրական միջավայրերու հետ, արժէքաւոր հատոր մըն է:
Մինչ այդ կատարուած էր 44-օրեայ պատերազմի նահատակ երիտասարդ գրողներու ժողովածուին շնորհահանդէսը, որ կը կոչուէր «Հնչող ձայներ», ինչպէս նաեւ` «Ես եմ, ես կամ» պատկերագիրքը, որ կը ներկայացնէ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած 25 հերոս գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութիւնները:
Ասկէ բացի` առանձին ձեռնարկով մը նշեցինք եւ շնորհահանդէսը կատարեցինք տխուր, բայց արժէքաւոր լուսանկարչական ալպոմի մը, որ կը կոչուի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ», որ կ՛ընդգրկէ արցախցի նշանաւոր լուսանկարիչի Դաւիթ Ղահրամանեանի ոսպնեակով լուսանկարուած շուրջ հարիւր նկարներ, որոնք կը ներկայացնեն արցախեան պատերազմը` վաւերագրական իմաստով: Պատկերագիրքը եռալեզու է` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն:
«Արցախ. անաւարտ պատերազմ» խորագրեալ պատկերագիրքը հրատարակեցինք` իբրեւ պատմական փաստաթուղթ, նպատակ ունենալով զայն տարածել նաեւ օտար շրջանակներու մէջ, որպէսզի աշխարհը այդ զգայացունց լուսանկարներով տեսնէ, թէ այդ թուականներուն ի՛նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ: Պատկերագիրքը համարեա լուսանկարչական վաւերագրութիւնն է արցախեան 44-օրեայ պատերազմին եւ այնուհետեւ` շրջափակման պայմաններուն:
Այս ձեռնարկներու շարքն էր, որ արձագանգ ձգեց Հայաստանի մէջ: Համազգայինը սփիւռքահայ կառոյց մըն է եւ նպատակ չունի անպայմանօրէն ծանուցուելու Հայաստանի մէջ, սակայն հայրենի ժողովուրդը եւ ընդհանրապէս մշակութային շրջանակները անգամ մը եւս Համազգայինի 95-ամեակին առիթով առնչուեցան անոր հետ եւ աւելի մօտէն ծանօթացան Համազգայինին` իր աշխարհատարած գոյութեամբ եւ գործունէութեամբ:
(Շար. 1)