Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
2023 թուականը իր ծանրութեամբ, յատկապէս համայն հայութեան համար արձանագրուած մեծ կորուստին` արծուեբոյն Արցախի բռնագրաւման եւ համայն արցախահայութեան բռնի տեղահանման առումով եղաւ աննախընթաց ու բաւական տագնապալի: Տակաւին, կային ու կը շարունակեն մնալ լիբանանեան բազում ու բազմաբնոյթ դժուարութիւնները, Կազայի մէջ շարունակուող անմարդկային պատերազմն ու գործադրուող սպանդը` պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տիրող սպասողական մտահոգիչ վիճակը` ի տես Ազրպէյճանի կողմէ կրկնուող սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան դրսեւորած յանձնուողական ու զիջողական տրամադրութեան:
Իբրեւ լրատուամիջոց` դիւրին չէր ու տակաւին չէ նախ հետեւիլ եւ արձագանգել ամիսներ շարունակ շրջափակման մէջ ապրած արցախահայութեան բազում մարտահրաւէրներուն, մարդկային կեանքի տարրական կարիքներու չգոյութեան պատճառած տաժանելի վիճակներուն, բայց եւ այնպէս հպարտութիւն էր տեսնել արցախցի մեր հայրենակիցներուն գոյատեւելու կամքն ու վճռակամութիւնը: Սակայն վիճակը աննկարագրելի դարձաւ, երբ մէկուկէս օրուան ռմբակոծումէ ետք` 20 սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները համաձայնեցան լուծարել Արցախի Պաշտպանութեան բանակը եւ քննարկել Ազրպէյճանի հետ համարկումի հարցը, ինչ որ կը նշանակէր Արցախի ամբողջական կորուստ: Իբրեւ լրատուամիջոց եւ օրաթերթ` դիւրին չէր ընկալել այս բոլորը եւ արձագանգել անմարսելի դէպքերուն, խօսիլ վիճակի ահաւորութեան մասին, լուսարձակի տակ առնել արցախահայութեան անել կացութիւնը… Իբրեւ լրատուամիջոց` նաեւ դաժան էր հետեւիլ 7 հոկտեմբերէն ի վեր Կազայի մէջ ի գործ դրուած անմարդկայնութեան, տասնեակ հազարաւորներու սպանութեան եւ ոճրային տարբեր դրսեւորումներու:
Ճիշդ է, որ պարզ քաղաքացիներ սովորաբար սկսան խուսափիլ այս բոլորին հետեւելէ եւ այս մասին կարդալէ` ապրելով իրենց սովորական առօրեան, հեռու մնալով ընդհանրապէս տագնապներուն հայելին եղող լրատուամիջոցներէն, սակայն ասիկա ոչինչ կը փոխէ մեր պարտականութեան եւ աշխատանքային թափին մէջ, այլ ընդհակառակը, կը ստիպէ աւելի հետեւողական կերպով քայլ պահել իւրաքանչիւր իրադարձութեան հետ, որսալ լաւ ու վատ պատմութիւնները, լոկ լուրի փոխանցումէն անդին անցնելով` փորձել ընթերցողին դատին յանձնել դէպքերուն եւ դէմքերուն ետին թաքնուած զարգացումները, յուսահատութեան կողքին լաւատեսութեան նշոյլներ հասցնել թերթի հաւատարիմներուն, որոնց թիւը, տպագիրի առումով, թերեւս կը նօսրանայ, բայց ելեկտրոնային տարբերակներուն, ընկերային ցանցերուն եւ արագ լրահոսին առումով կը բազմանայ ու աշխարհագրական առումով կ՛ընդարձակուի:
Ուրեմն մեր առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը, լուրերուն դաժանութեան հակառակ` կը շարունակենք գործել նորօրեայ պահանջին համապատասխանող թափով, սրընթաց կեանքին հետ քայլ պահելու առաջադրանքով` միշտ հաւատալով, որ ժխտականին կողքին, առկայ են նաեւ դրական կէտեր, որոնք գոհացում կու տան` հայերէն կարդալու ծարաւ ունեցող հայորդիներուն, թերթը առօրեայ հացի նման սպասողներուն, նախաճաշի ընթացքին «Ազդակ»-ի կայքին մէջ «պտոյտ» ընողներուն, իրենց արձակուրդին կամ հանգիստի ժամերուն «Ազդակ»-ը իբրեւ բարեկամ ունեցողներուն` միշտ աւելի լաւը ընելու ճիգով եւ յոյս ներշնչելու փորձով:
Գաղափարի Մարտիկ, Հրապարակախօս Սարգիս Զէյթլեանի
Կիսանդրիի Բացում Եւ Սենեակի Անուանակոչում
Չորեքշաբթի, 9 օգոստոսին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարի մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուան խմբագրասենեակի անուանակոչում եւ կիսանդրիի բացում:
Բացման խօսքը «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով արտասանեց Վահրամ Էմմիեան:
Ապա քանդակագործը, «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն եւ Սարգիս Զէյթլեանի գործակից Երուանդ Փամպուքեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանը կատարեցին կիսանդրիին քողազերծումը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ առաջին հերթին լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանին հետ ունեցած իր կապը` իբրեւ տնօրէն, գաղափարի դաստիարակ, կուսակցական ղեկավար ու գործակից ընկեր, հետագային նաեւ բարեկամ ու նոյնիսկ` մտերիմ:
Ապա ան խօսեցաւ կիսանդրիի հեղինակ, կերպարուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանին մասին` նշելով, որ վերջին տարիներուն ան նուիրուեցաւ արուեստին եւ ստեղծեց այնպիսի վաստակ մը, որ մեր արուեստի պատմութեան մէջ կը մնայ իբրեւ ամէնէն կայացած, ամէնէն տաղանդաւոր արուեստագէտներէն մէկը:
Ան շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի ընտանիքը` դիտել տալով, որ այդ քանդակով խմբագրատան մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Սարգիս Զէյթլեան:
Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեան, որ յայտնեց, թէ Սարգիս Զէյթլեան գաղափարի մարտիկ էր, որուն մասին շատ բան ըսուած է ու տակաւին պիտի ըսուի` վկայելով, որ Զէյթլեան իր մօտիկ ընկերը եղած է, մղիչ ուժը` իր եւ շատ ուրիշներու, լծուելու կուսակցական, ազգային լրջագոյն գործերու:
Անդրադառնալով մերօրեայ կացութեան եւ մարտահրաւէրներուն` Ճանպազեան նշեց, որ եթէ մեր երիտասարդները իրենց առօրեային մէջ կարենան կենսագործել Սարգիս Զէյթլեանի եւ նմաններու անմար ոգին, մեր ժողովուրդը, մեր կուսակցութիւնը չեն կրնար ընկրկիլ կամ դանդաղիլ: Խօսելով կիսանդրիին մասին` ան ըսաւ, որ իր ամբողջ տաղանդը ներդրած է Զէյթլեանի աչքերուն մէջ: «Երբ կը նայիմ այս աչքերուն խորը, կը տեսնեմ իր ներկայութիւնը այսօր այս սենեակին մէջ: Եւ թող որ այս կիսանդրին միայն պատահական կիսանդրի չմնայ: Անոր դիմացէն անցնողները թող զայն լուսաճաճանչ փարոս նկատեն եւ իր ձգած յիշատակներուն ընդմէջէն նուիրաբերուին այս տունէն արձագանգող իւրաքանչիւր բառի, նախադասութեան, գաղափարի շուրջ», եզրափակեց Յ. Ճանպազեան:
Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանի նկարագրային հիմնական գիծերը` գաղափարի մարտիկ, բազմակողմանի յատկանիշներու տէր, գաղափարական, քաղաքական, կազմակերպական կարողութիւններ ունեցող անհատականութիւն, խմբագիր, հրապարակագիր եւ վերլուծող:
Ան դիտել տուաւ, որ Սարգիս Զէյթլեանը ուզեցին լռեցնել, որպէսզի անոր գրիչի մելանը դադրի հոսելէ, բայց ձախողեցան կասեցնել ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի մտքի թռիչքը, սաւառնումը` Լիբանանէն Երեւան, Արցախ եւ ամէն տեղ, ուր շնչող հայ կայ եւ մտածող հայ միտք:
«Այսօր այս խորհուրդով կ՛անուանակոչենք «Ազդակ»-ի այս խմբագրասենեակը` Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի ներկայութեան: Ասիկա օրինակ է հոս, ներշնչումի աղբիւր, թռիչքի ուղղութիւն եւ ընդհանրապէս դպրոց` մամուլի մեր բոլոր ծառաներուն», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` յոյս յայտնելով, որ կիսանդրին` իբրեւ փարոս, շողայ, շարունակէ ճառագայթել գալիք սերունդներուն համար, որպէսզի ընկ. Սարգիսի յիշատակը չէ, որ թարմ մնայ, այլ ընկ. Սարգիսի մտքերը, թռիչքը, հոգին շարունակեն մնալ մեր, մեզմէ ետք գալիք եւ ատկէ ետք գալիք բոլոր սերունդներուն, մինչեւ որ ընկ. Սարգիսի բոլոր երազները իրականանան:
Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս.
«Սիրուհի Պուտագեան» Ֆոնտի Հաստատումով «Ազդակ»
Կը Վերաձեռնարկէ Մատենաշարի Հրատարակութեան
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2023-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» Գ. հատորին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան: Այնուհետեւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ասմունքեց հատորէն փունջ մը բանաստեղծութիւններ:
Հատորը ներկայացուց զայն կազմող եւ խմբագրող, հայրենի արուեստաբան, գրականագէտ, փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ դիտել տուաւ, թէ Տէտէեանի բանաստեղծութիւնը կը յատկանշուի ազատութեամբ, ինքնասուզումով: Ապա ներկայացուց գիրքին չորս մասերն ու անդրադարձաւ անոր արժանիքներուն: Առաջին բաժինը` «Ալեկոծումներ»-ը, անձնական, սիրային, քնարերգական բանաստեղծութիւններու շարք է, որ ներկայիս բացակայ է մեր գրականութեան մէջ: Երկրորդ բաժինը կը կոչուի «Հին երգեր, նոր վէրքեր», ուր կը տեսնենք տարբեր զգացումներ, ապրումներ, մարդկային ներաշխարհի տարբեր կողմեր: Երրորդ բաժինը` «Անայգաբաց գիշերին», հայ գրողի համար ծանօթ վիճակ է: Հատորին չորրորդ եւ վերջին բաժինը կը կոչուի «Դիմադարձութիւն», որ մէկ կողմէ շարունակութիւնն է երրորդ բաժինին, սակայն, միւս կողմէ, խորհրդածութիւններու լայն դուռ կը բանայ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ Խաչիկ Տէտէեան լաւ գիրք մը գրած է, եւ լաւ գիրքը ամէն օր չի ծնիր, եւ շնորհաւորեց բանաստեղծը իր հրաշալի գիրքին համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի կնքահօր` Սարգիս Պուտագեանին, հայրենի գրականութեան հանդէպ իր ունեցած յարգանքին եւ հոգածութեան համար:
Վարուժան արք. Հերկելեան իր սրտի խօսքին մէջ ներկայացուց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանը` դիտել տալով, թէ քիչեր գիտեն, որ ան քառասուն տարիներու երկայնքով բանաստեղծ է, իր ներաշխարհին մէջ կրող ու աճող հազարաւոր տողերու ծանրութիւն ունեցող բանաստեղծ: «Իր տողերուն մէջ անկեղծ է, խուզարկող եւ փնտռող, թափանցիկ, յանդուգն եւ խիզախ, համարձակ ու արձակ, անկողմնակալ, ազնիւ ու բարի եւ մանաւանդ ջերմ հաւատացեալ մը` իր Արարիչին, իր ցեղին, իր արմատներուն եւ յատկապէս Լուսաւորչի կանթեղին, անկէ շողարձակուող մեր հնչեղ ու զուլալ շարականին, մեր գրականութեան եւ մշակոյթին ընդհանրապէս», ըսաւ Վարուժան արք. Հերկելեան: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը յորդորեց զայն` քալել մարդկութեան յաւերժաքայլ ընթացքով դէպի ապագաները սրբահրաշ:
Սեդա Խտըշեան ողջունեց Խաչիկ Տէտէեանի գիրքերուն երրորդ հատորը` սփիւռքի անապատին մէջ բացուող ծաղիկի մը նման: «Խաչիկին անունը, այս առումով, բերկրանք կը պատճառէ եւ յոյս կը ներշնչէ` հաւատալու մեր ներքին ձայնին, որ կրնանք յուսալ տակաւին նոր արեւածագերու», հաստատեց Խտըշեան` աւելցնելով, որ շատ բան կարելի է ըսել Խաչիկ Տէտէեանի մասին` իբրեւ ինքնատիպ մտածողի, սեփական ոճ ունեցող բանաստեղծի, համամարդկային ապրումներով տագնապող եւ մանաւանդ ժամանակակից կեանքի մեկնաբանի:
Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան նկատել տուաւ, որ «Երազէն անդին»-ի երեք հատորներն ալ լի են տագնապող, տառապող, խորհող մարդու զգացումներն ու մտածումները արտացոլացնող քերթուածներով, որոնք մանրակրկիտ պեղելու պարագային, կը յայտնաբերուին լիբանանցիութենէ ծնունդ առած խորհուրդներ:
Ահարոն Շխըրտըմեան եւս տուաւ իր վկայութիւնը` դիտել տալով, որ Խ. Տէտէեանի քերթողութիւնը հարազատ է հայ մարդու հոգիին, սրտին եւ մտքին, աւելցնելով, որ անոր յոյզերը, տողերը, ապրումները միտք կ՛արտայայտեն եւ բառակոյտ չեն:
Ան ըսաւ, որ Տէտէեան ունի ինքնօրինակ մտածողութիւն, անկեղծ է իր թռիչքներուն մէջ եւ իր ապրումներուն մէջ քայլ կը պահէ մեր ազգային, հայրենական կեանքը յուզող բացասական երեւոյթներուն հետ:
«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ Խաչիկ Տէտէեանի հեղինակած հատորին շնորհահանդէսը «Ազդակ»-ի կողմէ կազմակերպուած գիրքերու շնորհահանդէսի շղթային կարեւոր մէկ օղակն է: Երեւոյթը «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան մտածել տուաւ, որ մամուլ-հրատարակութիւն այս առնչութիւնը կրնայ աւելի արդիւնաւորուիլ, եթէ մնայուն ֆոնտ մը քաջալերէ մեր յօդուածագիրները` իրենց հետեւողական աշխատակցութիւնները մէկ հատորի մէջ խմբելու եւ հրատարակութեան յանձնելու: Ան ըսաւ, որ «Ազդակ» իր գործառոյթներուն կ՛աւելցնէ նոր եւ անհրաժեշտ ուղղութիւն մը: Մեր թերթի էջերուն մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարեր պիտի հրատարակուին հատորի տեսքով եւ ապա ներկայացուին հանրութեան` նման ներկայացումներով եւ շնորհահանդէսներով:
Խօսելէ ետք Մինաս Պուտագեանի յիշատակին վերակառուցուած խմբագրատան, ապա անոր արդիական տեսք ստացած «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի հաստատման փուլերուն մասին` Գանտահարեան յայտարարեց, որ նոր ծրագիրի իրականացման համար դարձեալ նեցուկ ունին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեան ամոլը, որ ընդառաջելով տնօրէնութեան առաջարկին` կը հաստատէ «Ազդակ»-ի մատենաշարի ֆոնտ` իրենց մեծ մօր` Սիրուհի Պուտագեանին անունով: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեան ամոլին, որուն շնորհիւ «Ազդակ»-ը կը շարունակէ մշակել եւ իրականացնել նոր ծրագիրներ:
Ապա հատորի հեղինակ Խաչիկ Տէտէեան երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երեկոն կազմակերպող եւ հարստացնող անձերուն:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ շնորհաւորեց Խաչիկ Տէտէեանը իր հրատարակած նոր հատորին առթիւ: Ան ըսաւ, որ Խաչիկ Տէտէեան չի համակերպիր այս սովորական կեանքին, որովհետեւ ան կեանքի պատահարներուն քովէն անտարբեր անցորդ մը չէ, այլ ան տեսակէտ, համոզում եւ ուրոյն կեցուածք ունեցող անձ է:
Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Խաչիկ Տէտէեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ կ՛արծարծէ տարբեր նիւթեր, սակայն առաւելաբար կ՛անդրադառնայ մարդոց կեցուածքներուն, արժէքներու կորուստին ու անտեսումին եւ իր հիասթափութիւնները ազատօրէն արտայայտելով` կը յիշեցնէ, որ մարդ բարոյական ուղիղ կեցուածքի տէր պէտք է ըլլայ գործով, վարքով ու նկարագիրով:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագիրի մասնակիցները, ինչպէս նաեւ` գիրքի մեկենասներ Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեան ամոլը:
Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» Եւ «Հայաստանը
Եւ Տարածաշրջանը» Հատորներու Շնորհահանդէս
Երկուշաբթի, 16 յունուար 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» եւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը» հատորներուն շնորհահանդէսը:
Երկու գիրքերն ալ գիտաժողովներու զեկուցումներու ժողովածուներ են: Առաջին գիտաժողովը կազմակերպած էին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը, իսկ երկրորդ գիտաժողովը կազմակերպուած էր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդին եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին կողմէ:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց զոյգ հատորները:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ներկայացնելով «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» հատորը` յայտնեց, որ հատորին մէջ կ՛ամփոփուին նախապէս Արցախի մէջ կայանալու համար ճամբայ ելած, սակայն 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Երեւանի մէջ գումարուած գիտաժողովին զեկուցումները:
Ան դիտել տուաւ, որ 413 էջերու մէջ զետեղուած են 19 գիտնականներու մասնագիտական զեկուցումները, որոնց ուսումնասիրման ծիրը կ՛ընդգրկեն 12-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը հասնող, արցախեան կրթական ու մշակութային կեանքը հունաւորող իրողութիւններու, փաստերու, ուշագրաւ վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու ամրագրմամբ յատկանշուող գիտական ուսումնասիրութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան անդրադառնալով Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիտաժողովին, ընդգծեց այնտեղ հնչած շատ կարեւոր եւ այժմէական նշանակութիւն ունեցող խնդիրները` տարածքային պահանջներէն, սահմաններու ճանաչումէն մինչեւ այդ երկու համաձայնագիրներուն իրաւականութեան խնդրոյ առարկայ ըլլալը:
Փրոֆ. Մելքոնեան անդրադարձաւ արեւելահայ գործիչներու արեւմտահայոց եւ Արեւմտահայաստանի իրաւունքներու համար պայքարին նուիրուելուն եւ, միւս կողմէ, արեւմտահայերու ներգրաւումին` արեւելահայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն մէջ: Այս վերլուծումը կատարելով` ան շեշտեց համահայկական մտածողութեան վերակայացման հրամայականը, մանաւանդ` մերօրեայ համազգային ճգնաժամերուն մէջ:
Աւարտին ներկաներուն տրամադրուեցան երկու հատորներէն օրինակներ:
Այցելութիւններ` «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն
«Ազդակ»-ի խմբագրատունը շարունակեց հիւրընկալել Լիբանանէն, Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, թէ ընդհանրապէս տարբեր առիթներով Լիբանան այցելած հիւրեր:
Այս հանդիպումները առիթ հանդիսացան զրուցելու եւ քննարկելու ոչ միայն մամուլին վերաբերող հարցեր, այլ նաեւ` հայկական աշխարհը յուզող խնդիրներ:
Յատկանշական եւ յուսադրիչ էին հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտներուն տուած այցելութիւնները` «Ազդակ»-ին ու անոր աշխատանքային ընթացքին ծանօթանալու նոր սերունդին փափաքը:
«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքը
«Ազդակ» առօրեայ կշռոյթով շարունակեց թարմացնել արաբերէն կայքը, ուր շարունակ տեղադրուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին հաղորդագրութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայրենական թէ սփիւռքեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն վերաբերող լուրեր:
Բազմաթիւ անգամներ հարկ եղաւ նաեւ արաբերէնով հակազդելու հայաստանեան եւ արցախեան ուղղութիւններով թուրք եւ ազրպէյճանական քարոզչամեքենային արաբատառ յերիւրանքներուն:
Այս առումով, արաբերէն կայքը արձանագրեց ոչ հայ ընթերցողներու թիւի կտրուկ աճ:
Մամլոյ Առցանց Լսարաններ
«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները շարունակուեցան առցանց: Լսարանները վարեց Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
– «Ազդակ»-ի 62-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 14 դեկտեմբեր 2023-ին : Դասախօսն էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ամպիոնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան: Նիւթ` «Արցախեան հիմնախնդիր. մարտահրաւէրներ եւ իրաւաքաղաքական ուղիներ»:
– «Ազդակ»-ի 61-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 30 նոյեմբերին: Դասախօսն էր Զուիցերիոյ Կրօններու խորհուրդի քարտուղար եւ Ֆրիպուրկ համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ ներկայացուց պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու պատմական հոլովոյթը` լուսարձակի տակ առնելով կարեւորագոյն փուլերը:
– «Ազդակ»-ի 60-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 27 յուլիսին: Դասախօսն էր արուեստաբան, «Ազդակ»-ի մշակութային բաժնի աշխատակից դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Նիւթ` «Այվազովսքին եւ թրքական չարաշահումները»:
– «Ազդակ»-ի 59-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 15 յունիսին: Դասախօսն էր հրապարակախօս, գրող եւ տնտեսագէտ Վահան Զանոյեան: Նիւթ` «Հայկական մասնագիտացած մարդուժի հայրենական մարտահրաւէրները»:
– «Ազդակ»-ի 58-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 4 մայիսին: Դասախօսն էր ամերիկաբնակ արուեստագէտ եւ լուսանկարիչ Արա Օշական: Նիւթ` «Սփիւռքը` լուսանկարչական արուեստին ընդմէջէն»:
– «Ազդակ»-ի 57-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 23 մարտ 2023-ին: Դասախօսն էր Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար եւ Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, նիւթ` «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները»:
– «Ազդակ»-ի 56-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 23 փետրուարին: Նիւթն էր «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ քեմալական պայքարի գաղափարաբանական հենքը», իսկ դասախօսը` ակադեմիկոս, թրքագէտ փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան:
– «Ազդակ»-ի 55-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 19 յունուար 2023-ին: Նիւթ` Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերուն թարգմանութիւնը, զեկուցաբեր` Պետօ Տեմիրճեան:
«Ազդակ»-ի Արխիւները Հասանելի Են Ազգային
Գրադարանի «Հայ Մամուլ» Շտեմարանին Մէջ
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մեծ թափով ընթացող թուայնացման աշխատանքներու ծիրին մէջ ամբողջութեամբ թուայնացուած եւ նշաճանաչուած են «Ազդակ» օրաթերթի արխիւները, որոնք հասանելի են Ազգայինի «Հայ մամուլ» շտեմարանէն https://is.gd/vDIyeL
Այս առիթով Հայաստանի Ազգային գրադարանի հրապարակած լուրին մէջ կը նշուի. «Ազգային, գրական, հասարակական-քաղաքական «Ազդակ» օրաթերթը կը հրատարակուի 1927 թուականէն (որոշ ընդհատումներով): Սկիզբը լոյս տեսած է եռօրեայ պարբերականութեամբ, 1930 թուականէն` երկօրեայ, 1932 թուականէն օրաթերթ է:
«Թերթը կը լուսաբանէ հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ մարզական անցուդարձերը:
«Հիմնադիրն ու սեփականատէր տնօրէնը Հայկ Պալեանն է: Թերթը տարբեր տարիներու խմբագրած են` Արամ Սահակեանը, Մուշեղ Իշխանը, Կարօ Սասունին, Գասպար Իփէկեանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Տիգրան Ոսկունին (Գույումճեան), Պօղոս Սնապեանը, Բենօ Թոնդեանը, Վարանդ Փափազեանը, Սարգիս Մահսերեճեանը եւ այլք: 2002 թուականէն «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրն է Ազգային գրադարանի լաւ բարեկամ Շահան Գանտահարեանը:
«Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեանը եւ «Ազդակ»-ի խմբագիր Շահան Գանտահարեանը 2021-ին կնքեցին փոխըմբռնման յուշագիր` համագործակցութեան լայն շրջանակի, թուայնացման միացեալ ծրագիրներու իրականացման, «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան կազմութեան, «Հայկական շարունակական հրատարակութիւններ» շտեմարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի ներգրաւման եւ այլ հարցերու շուրջ:
«Ազգային գրադարանին մէջ արդէն կը տարուին օրաթերթի մատենագիտութեան պատրաստութեան աշխատանքները: Հրատարակութիւնը նախատեսուած է 2027 թուականին` «Ազդակ»-ի 100-ամեայ յոբելեանին»:
«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական Բաժանմունքն Ու
«Ազդակ»-ը Կը Շարունակեն Համագործակցիլ
Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեանի հետ «Ազդակ»-ի մէջ կայացած հանդիպումին Աթթարեան հաստատեց, որ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժինը մեծապէս նկատի կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի հրապարակումներն ու նիւթերը եւ զանոնք իբրեւ աղբիւր կ՛օգտագործէ իր լրատուութիւններու ընթացքին: Փոխադարձաբար «Ռատիօ Վատիկան»-ը «Ազդակ»-ին համար կը նկատուի կարեւորագոյն սկզբնաղբիւր հայկական հարցերու գծով քահանայապետին թէ ընդհանրապէս Վատիկանի որդեգրած կոչերուն եւ յայտարարութիւններուն համար:
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Լրագրութեան Վարժողական
Ծրագիրի Երրորդ Փուլը Եզրափակուեցաւ
Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, 21 հոկտեմբեր 2022-ին ընթացք առած «Ապագայ լրագրողներ»-ու լրագրութեան վարժողական ծրագիրին երրորդ փուլը աւարտեցաւ այս տարի` 16 յունիս 2023-ին:
Լրագրութեան վարժողական այս ծրագիրը, որ ներառեց լրագրողական տարրական գիտելիքներ` թղթակցութիւն, հարցազրոյց, յօդուածագրութիւն, ընդգրկեց նաեւ երիտասարդութեան վերաբերող այժմէական այլ նիւթեր, թուայնացման, լսատեսողական եւ արհեստական բանականութեան վերաբերող դասախօսութիւններ:
Ծրագիրին պատասխանատուն է «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան, իսկ մասնակիցները` Յարութ Մաւեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Հրակ Մամիկոնեան, Լոռի Յովսէփեան, Արազ Խտըրեան, Ռիթա Փափազեան, Գարին Գույումճեան, Սեւակ Զարմէնեան, Սօսէ Խաչատուրեան, Մարիա Խաչատուրեան, Հելենա Քէշիշեան, Բալիկ Պօղոսեան, Ներսէս Ապրիլեան, Ալին Այանեան, Ռիթա Սալլում եւ Յովիկ Պետրոսեան:
– 13 յունուար 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան հեռատեսիլի լրատուութեան աշխատանքին, միջոցներուն, թեքնիքներուն, գործադրութեան, լուրը կարդալու նրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ակնդիրին հաղորդական ըլլալու գաղտնիքներուն, զորս ներկայացուց ձայնի հաղորդավար, խմբագիր Արմէն Ապտալեան:
– 20 յունուար 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեանի հետ, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մամուլի դաշտը, ինչպէս նաեւ հայաստանեան լրատուամիջոցներն ու անոնց կատարած աշխատանքները` այդ տեղեկութիւնները դարձնելով ապագայ լրագրողներուն սեփականութիւնը:
– 27 յունուար 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան լրատուութեան ճշգրտութեան բանալիներէն մէկուն` վիճակագրութեան, նման աշխատանք կատարելու համար պէտք եղած բոլոր միջոցներուն, թիրախը ճշդելուն, հաւաքականութեան կարծիքներուն լաւագոյն կերպով հասնելու մեթոտներուն ու հարցարան պատրաստելու բոլոր ձեւերուն:
– 10 փետրուար 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հանդիպումը եղաւ աշխատանքային, որուն ընթացքին անոնք գրեցին լուրեր, պատրաստեցին արագ լրահոսի յատուկ նախադասութիւններ-լուրեր, ինչպէս նաեւ լուրերէն ու յայտարարութիւններէն փորձեցին դուրս բերել կարեւոր միտքեր ու կեցուածքներ:
– 17 փետրուար 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը «Փիւնիկ» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցան «Ազդակ»-ի աշխատակից Քրիստ Խրոյեանի հետ, որ առաջին բաժինով մանրամասն ձեւով ներկայացուց հարցազրոյցի պատրաստութեան փուլերը եւ տուաւ զայն վարելու ցուցմունքներ եւ խրատներ: Ան նաեւ անդրադարձաւ հարցազրոյցի տարբեր տեսակներուն եւ կառոյցներուն:
Հանդիպումին երկրորդ բաժինով Ք. Խրոյեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է միտքերը, մտորումները, ներշնչումի տարբեր աղբիւրները յօդուածի վերածել: Ան նաեւ ներկայացուց յօդուած գրելու փուլերը:
– 24 փետրուար 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հետեւեցան լրագրութեան ժանրերէն ամէնէն հիմնականը նկատուող թղթակցութեան ժանրին, զոր ներկայացուց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան` այս մասին մանրամասնութիւններ փոխանցելով անոնց:
Հանդիպումին աւարտին ան անդրադարձաւ նաեւ յօդուածագրութեան որոշ ժանրերու:
– 3 մարտ 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը իրազեկուեցան արխիւներու, զանոնք լուսանկարելու, թուայնացնելու, ապա ուսումնասիրութիւն մը կատարելու համար որոնողական բաժինը օգտագործելու մասին:
«Ազդակ»-ի 96 տարուան արխիւը, բացառիկները, շատ մը ուրիշ օրաթերթեր, գիրքեր եւ լուսանկարներ նկարած եւ թուայնացուցած պատասխանատու Թալին Գալայճեան անոնց ներկայացուց այս նիւթը` իր ընդհանրութեան, մանրամասնութիւններուն եւ իւրայատկութեան մէջ:
-18 մարտ 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան ընկերային ցանցերու գործածութեան համեմատութիւններուն, ինչպէս նաեւ` կեղծ լուրերը, լուսանկարները եւ ապատեղեկատուութիւնը բացայայտելու ձեւերուն ու միջոցներուն: Այս բոլորին մասին նորարար ոճով ներկայացում մը պատրաստեց եւ բաւական յստակ ու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Բրիտանիոյ դեսպանատան պաշտօնեաներէն Հրակ Աւետանեան:
– 25 մարտ 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցան «Աուտէ» դրամատան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի տնօրէն Քրիստ Լիպարեանի հետ:
Երկիրը յուզող տնտեսական տագնապի պայմաններով եւ համեմատաբար արդի նկատուող «Քրիփթօ քարընսի» կոչուած նոր աշխարհով հետաքրքրուած լրագրողները հաճոյքով լսեցին իրենց տրուած բացատրութիւնները:
– 1 ապրիլ 2023-ին անոնք ծանօթացան լրագրութեան մէջ լուսանկարին դերակատարութեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լուսանկարչական անձնակազմի անդամ Արամ Սոմունճեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց լուսանկարին արժէքը, լուսանկարչութեան տեսակները, նկարելու հիմնական յատկանիշները:
Հանդիպումի աւարտին ապագայ լրագրողները կատարեցին լուսանկարչութեան իրենց առաջին փորձերը` ցուցմունքներ ստանալով Ա. Սոմունճեանէն:
– 8 ապրիլ 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան` թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանի առաջարկով:
Այցելութիւնը եւ աշխատանքները եռանդով ու աշխուժ թափով ընթացան:
– 28 ապրիլ 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ունեցան իրենց շաբաթական ընթացիկ հանդիպումը, որ եղաւ առիթ մը, նոյն օրուան «Ազդակ»-ի թիւով լոյս տեսած իրենց յօդուածները, գրութիւնները եւ առաջին աշխատանքները քննարկելու:
– 12 մայիս 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, ուր անոնք դիմաւորուեցան հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ: Հանդիպումը սկսաւ տպարան այցելութեամբ, ուր Յ. Հաւաթեան ներկայացուց տպարանի պատմութեան անցած տարբեր փուլերը: Հաւաթեան անդրադարձաւ տարբեր կառոյցներուն` ա) տպարան, բ) գրատարած, գ) գրախանութ, դ) «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ: Ան նաեւ ներկայացուց հրատարակչատան դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները եւ անոնց ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:
– 19 մայիս 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ դպրեվանքի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` անոր կառոյցին եւ ջամբած հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան:
Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեան ներկայացուց դպրեվանքի առաքելութիւնը, դպրեվանեցիներու առօրեան, կրթական ծրագիրը, հոգեւորին կողքին ազգայինով թրծելու պատասխանատուութիւնը:
Ապագայ լրագրողները շրջագայեցան դպրեվանքի գրադարանն ու տարբեր բաժանմունքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան դպրեվանքի շրջափակին մէջ գտնուող կոթողներուն ու հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր փուլերը խորհրդանշող քանդակներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին:
Անոնք այցելեցին նաեւ Ս. Աստուածածին վանք:
– 2 յունիս 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում մը ունեցան «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ, որ անդրադարձաւ տեղեկատուական դաշտի անցեալին ու ներկային եւ կեդրոնացաւ «Ազդակ» օրաթերթին վրայ:
Շ. Գանտահարեան անդրադարձաւ խմբագրական կազմի աշխատանքին: Ան սխալ նկատեց այն կարծրատիպը, թէ տպագիր մամուլը այլեւս չի կարդացուիր, նշելով, որ այսօրուան թերթին բովանդակութիւնը ընթերցողին աւելի շատ կը հասնի շնորհիւ արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներուն:
– 9 յունիս 2023-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը: Քննարկեցին իրենց նախասիրութիւնները, եւ իւրաքանչիւրը իր հետաքրքրութիւններուն համաձայն, ճշդեց այն նիւթը, որուն շուրջ պիտի կատարէ իր ուսումնասիրութիւնը, պիտի գրէ իր յօդուածը, պիտի պատրաստէ իր լսատեսողական ռեփորթաժը եւ պիտի ներկայացնէ իր կատարելիք հարցազրոյցը:
– 16 յունիս 2023-ին իր աւարտին հասաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը` նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին:
Օրուան դասախօսն էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի Լիբանանի մէջ ծրագիրներու պատասխանատու Գայեանէ Մածունեան, որ ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեանի կենսագրականը, հիմնարկութեան գործունէութիւնը, հայկական բաժանմունքն ու անոր աշխատանքները, Լիբանանի յատուկ ծրագիրները, որոնց շարքին են` հրատարակչական, ուսումնական, մանկավարժական, նորարարական, արեւմտահայերէնի կենսունակութեան նպաստող ծրագիրները, համացանցի եւ արհեստագիտութեան հետ արեւմտահայերէնը ժամանակակից պահելու ծրագիրները, ելեկտրոնային կայքերը, թուայնացումի աշխատանքները, հայկական դպրոցներուն տրամադրուած օժանդակութիւնները, ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներն ու կրթանպաստները:
96-ամեայ «Ազդակ»-ն ու անոր մեծ ընտանիքը, հակառակ տարաբնոյթ ու բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, կը շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը` գիտակցելով, որ միշտ ալ յաւելեալ ակնկալութիւններ կան իրենցմէ: Գիտակից այս բոլորին` «Ազդակ»-ի ներկայի մարդուժը կը շարունակէ իր երթը` հաւատարիմ 96 տարիներ շարունակ այս թերթի հովանիին տակ եւ անոր համար գործած մեծաթիւ լրագրողներու, թղթակիցներու, խմբագիրներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ ու ժամանակներու մամուլին ծառայողներու երթին, նաեւ հաւատալով, որ այս երթի շարունակութիւնը երաշխաւորելու իմաստով նեցուկ ու զօրավիգ կանգնողները անպակաս պիտի ըլլան:


