Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաշուեփակ

December 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

2023 տարին հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ կը ձգէ սեւ էջ մը` Արցախի ամբողջական հայաթափմամբ: Նախ ինը ամիս շրջափակման ենթարկուելէ ետք, Արցախի բնիկ ժողովուրդը քանի մը շաբթուան ընթացքին տեղահան եղաւ իր հայրենիքէն` ազրպէյճանական կարճատեւ զինուորական գործողութենէ մը ետք: Արցախցիները մազապուրծ փրկուեցան ստոյգ մահէ եւ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ, ուր տեղաւորուեցան, եւ այսօր կացութիւնը այնպիսին է, որ արցախցիները կը գտնուին իրենց հայրենիքէն հեռու` հայրենիքի մէջ: Այս կացութիւնը ողբերգակատակերգութեան բացառիկ իրավիճակ մըն է: Արցախէն վռնտուած,  բայց` Հայաստան հայրենիքի մէջ, ուր արցախեան երազն ու հայաստանեան իրականութիւնը զիրար կը խաչաձեւեն:

Ազրպէյճանական զօրամիաւորումներուն վտանգէն եւ ցեղասպանութենէ մը խոյս տալով` արցախցիները այսօր կը ջանան իրենց առօրեան յարմարեցնել նոր իրավիճակի մը, ուր գաղթական են մայր հայրենիքին մէջ: Գէթ հոգեբանականօրէն, թէկուզ տուն-կացարան-աշխատանք կը դասաւորուի եւ դասաւորուած է: Արցախցին իր հողէն պոկուած է: Ասիկա է իրականութիւնը եւ հարաւկովկասեան ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէկ շերտը ըլլալով` Արցախ այսօր ամբողջութեամբ ինկած է ազրպէյճանական գրաւման տակ:

Բայց եւ այնպէս վերադարձի յոյսը կ՛ապրի ու պիտի շնչէ, այնքան ատեն որ արցախցիները Հայաստանէն ալ չեն գաղթած եւ մայր հայրենիքին մէջ համախումբ կ՛ապրին` օրն ի բուն ջանալով եւ գործելով, Արցախ երազը իրենց հետ ապրեցնելով: Ասիկա այնպիսի կացութիւն մըն է, որ բարոյահոգեբանական մասնայատուկ իրավիճակներու կ՛առաջնորդէ արցախցիները: Ըլլալ եւ ապրիլ մայր հայրենիքին մէջ` երազելով եւ սպասելով Արցախ վերադարձի ձեռնտու պայմաններու:

Սակայն պէտք է ըլլալ իրապաշտ եւ ընդունիլ, որ Արցախ վերադարձի ձեռնտու պայմաններ ներկայիս չկան: Հորիզոնին վրայ նոյնիսկ չեն երեւիր վերադարձի յոյսը իրականութիւն դարձնող տուեալներ, որոնց ստեղծման համար չկան նաեւ համապատասխան լծակներ: Այս դառն իրականութիւնը 2023 տարուան տարօրինակ յատկանիշերէն մին է եւ ամբողջ հայութիւնը դէմ յանդիման կը դնէ նոր իրավիճակին յարմարելու պահանջին հետ: Պահանջ մը, որ ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ միասնականութիւն: Նաեւ` պետական մակարդակի վրայ արտաքին կշռադատուած եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, ուր ամէն բանէ առաջ նկատի կ՛առնուին հայութեան, ամբո՛ղջ հայութեան շահերը: Զանոնք իրարու միահիւսելով, դրսեցիի եւ տեղացիի հոգեբանութենէն միանգամընդմիշտ ձերբազատելով, Արցախի հարցը մնայուն ուշադրութեան առարկայ դարձնելով, Հայաստանի պետութեան գերագոյն շահերը գերադասելով անձնական նեղմիտ շահերէ: Միասնականութիւն եւ կշռադատուած արտաքին քաղաքականութիւն` երկու հզօր զէնքեր, որոնց կարիքը ունի ամբողջ հայութիւնը, Երեւանը, Ստեփանակերտը եւ սփիւռքը: Արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուները պարտին այս իրողութիւնը մտահան չընել:

 

 

Նախորդը

Նոր Տարի` Անթեղուած Յոյսին Ընդառաջ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութիւնը` Ընդդէմ Թրքական Մշակութային Քարոզչութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.