Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Եւ Սուրբծննդեան Սեմին

Դեկտեմբեր 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Սուրբ Ծնունդի շնորհաբեր օրերու սեմին ազնիւ բարեկամ մը կաթողիկէ կայքէջի մը մէջ հրապարակուած ժամանակակից սրբանկար մը յանձնեց ուշադրութեանս` Աստուածամայրը իր Յիսուս մանուկով: Սրբանկարը խորհրդանշական յղացք մը ունի եւ բոլորովին կը տարբերի մեզի ծանօթ Սուրբ Ծնունդի ընթացիկ պատկերներէն: Անոնք սովորաբար մսուրի մը խաղաղ եւ զուարթուն հրեշտակներու օրհնութեամբ օծուն միջավայր մը կ՛ուրուագծեն, որոնք մարդկային կեանքին մէջ, յանձին մարդեղացած Աստուածորդւոյն` մանուկ Յիսուսի, սուրբ ծնունդին փրկարար խորհուրդը կ՛աւետեն օրհներգելով` «Փառք Աստուծոյ` բարձունքներուն մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ ու հաշտութիւն` մարդոց միջեւ» (Ղուկ. Բ. 14):

Խոր յուզումով կը դիտեմ ժամանակակից արուեստի այս յղացքը, որ վրձինի բնորոշ գիծերով ամբողջութեամբ կ՛արտայայտէ ոչ միայն ծնունդի եւ նոր սկիզբի մը ուրախութիւնը, այլեւ` մեր աշխարհի խոր վէրքերէն յառաջացած անսահման տխրութիւնը: Նկարին առաջամասը պատկերուած է Աստուածամայրը, որ վիրակապերու մէջ` կարեվէր ու ցաւատանջ, մայրական իր խանդակաթ սիրով գորովագութ գրկած է նոյնքան վիրաւոր մանուկ Յիսուսը, մինչդեռ խորապատկերին վրայ կը ծաւալին պատերազմական կործանարար եւ մահասփիւռ տեսարաններ` արտացոլացնելով մեր ժամանակի տխուր իրականութիւնը:

Բոլորս կը գիտակցինք, որ արդի աշխարհը կը տառապի բազմաթիւ ցաւերով եւ ստիպուած կ՛ըլլայ դիմագրաւելու մեծագոյն մարտահրաւէրներ, որոնց յառաջացման պատճառները, սակայն, միանշանակ մարդկային են ու կը կրեն ոչ տարբեր հեղինակներու, այլ բացառապէս չարագործ մութ ուժերու ստորագրութիւնը: Արդարեւ, չարին գռեհկութիւնը կը դրսեւորուի ամենադաժան արարքներով, որոնք մահացու հարուած կը հասցնեն անհամար անմեղ հոգիներու` խաղաղ քաղաքացիներու, տարեցներու, երեխաներու, նաեւ` պատերազմներու մէջ ներգրաւուած բիւրաւոր զինուորներու կեանքերուն: Հին ու նոր աշխարհի ամենատխուր փաստերէն մէկն ալ այն է, որ աշխարհաքարոզ կրօններ եւս կը չարաշահուին գերպետութիւններու կողմէ ու ամենայն քարասրտութեամբ կ՛օգտագործուին ի նպաստ իրենց հետապնդած քաղաքական նպատակներուն: Այսպէս, կրօնը, մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը կը սահմանափակուին հասարակական կեանքին մէջ իրականացնելու իրենց հիմնական գործառոյթները` պաշտպանել կարենալու համար տկարը զօրեղէն եւ սանձելու մարդը իր բնածին կիրքերէն` մարդուն դէմ գայլ դառնալու բնազդէն:

Այնուհետեւ մարդ արարածը դժուար թէ պէտք ունենայ նոյնիսկ ամենաչար սատանայի մը օժանդակութեան, երբ ան իր իսկ ձեռքերով կը կառուցէ իր անձին սեփական դժոխքը` անհամեմատելի չափերու հասցնելով պետութիւններու միջեւ սպառազինումը եւ գերարդիական զէնքերու արդիւնաբերութեան վրայ օրէցօր սպառելով արդէն աստղաբաշխական թիւերն ալ գերազանցող իր նիւթական միջոցները: Մինչդեռ այս բոլորը կարելի էր տրամադրել մարդկութեան բարիքին` փոխանակ առաւել եւս խորացնելու մարդկային կեանքի ողբոց եւ հառաչանաց սեւ ու սուգի հովիտը:

Ըստ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գործակալութեան հաղորդած հաւաստի տուեալներուն, այսօր աշխարհի վրայ աւելի քան 108,4 միլիոն մարդիկ բնական աղէտներու, պատերազմներու եւ տնտեսական տագնապներու պատճառով գաղթական դարձած են` կամայ թէ ակամայ հեռանալով իրենց ծննդավայրերէն ու հայրենիքէն, գէթ ապրելու նուազագոյն կարելիութիւն մը գտնելու համար աւելի ապահով թուացող այլ երկիրներու մէջ:

Այս մռայլ համայնապատկերին վրայ Աստուածամօր եւ մանուկ Յիսուսի սոյն սրբապատկերը կոչ կ՛ուղղէ մեզի ոչ միայն տօնելու Սուրբ Ծնունդի աւետիսը, այլեւ ընդունելու այն ցաւալի իրականութիւնը, որ կ՛ապրինք վիրաւոր աշխարհի մը մէջ, եւ թէ անոր բուժումը ինչպիսի՛ հրատապ անհրաժեշտութիւն մը կը ներկայացնէ համայն մարդկութեան եւ մեր Երկիր մոլորակին համար: Վիրակապերու մէջ` կարեվէր ու ցաւատանջ Աստուածածինը, որպէս իր երեխային ցաւը կիսող մայր` իր ամենասուրբ եւ կուսական կերպարով կը մարմնաւորէ մարդկութեան հանդէպ այն զօրակցութիւնը, որ ուղղակի անփոխարինելի է առանձնապէս տառապանքով ու անարդարութեամբ լեցուն մերօրեայ դառնաղէտ ժամանակաշրջանին համար:

Ներկայ աշխարհի քաղաքական հակամարտութիւններու եւ կրօնական լարուածութեան պայմաններուն մէջ Սուրբ Ծնունդի տօնը թող մեզմէ իւրաքանչիւրին յիշեցնէ, որ իսկական խաղաղութիւնը հիմնուած է մարդկութեան հանդէպ փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի եւ արդարութեան վրայ: Կարելի չէ ձեռք բերել մնայուն խաղաղութիւն մը, եթէ ան ամրագրուած չէ արդարութեան կրանիտեայ սկզբունքին վրայ: Նաեւ հասարակական կեանքին մէջ քաղաքական անդորրութիւնը միաժամանակ կը նախադրէ կրօններու միջեւ հանդուրժողութեան կենսագործում եւ կառուցողական երկխօսութեան միջոցով հակամարտութիւններու վտանգը կանխարգիլելու մշտատեւ պատրաստակամութիւն: Հետեւաբար Սուրբ Ծնունդի զուարթուն հրեշտակներուն ազգերու, ժողովուրդներու եւ պետական կառոյցներու միջեւ, ի վերջոյ` մարդոց մէջ, «հաճութեան» աւետիսը կը կենսագործուի` կառուցելով կամուրջներ, նպաստելով փոխադարձ հասկացողութեան եւ ստեղծելով միասնական աշխատանքի մթնոլորտ` բուժել կարենալու համար մեր տառապահիւծ աշխարհի կոտտացող վէրքերը:

Յիրաւի՛, այսօրուան ահարկու եւ պատերազմներով խռովեալ աշխարհին մէջ, երբ միլիոնաւոր մարդոց հետ մենք եւս ենթարկուած խոր անձկութեան, ուժգին կարօտով մը բաբախուն որքա՜ն պէտք ունինք երկնառաք խաղաղութեան մը իսկական կատարումին: Ուստի անձկագին կը դիմենք վիրակապերու մէջ գտնուող կարեվէր ու ցաւատանջ Աստուածամօր բարեխօսութեան, որ ինչպէս խանդակաթ եւ գորովագութ իր մանուկ Յիսուսին, նոյնպէս ալ ողորմած հայի նաեւ իր երկրաւոր ուստրերուն եւ դուստրերուն, որպէսզի Սուրբ Ծնունդի լոյսը ճեղքէ մեր սրտին մէջ բոյն դրած խաւարը ու մեզ առաջնորդէ աւելի խորը ըմբռնելու եւ գնահատելու կեանքի թանկարժէք նուէրը` կեանքը եւ աւելի՛ կեանքը:

Ջերմօրէն կը մաղթեմ ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն ամենայն բարիք եւ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնը` Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի բերկրալի տօներուն առիթով: Թող այս նոր տարին արդիւնաւորուի յարգալից համագործակցութեամբ, միասնական համոզումներով, յուսադրող հեռանկարներով` ի խնդիր ազգայնաշունչ եւ հայրենաշէն ծրագրերու իրականացման:

Ժընեւ, 30 դեկտ. 2023

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Հաւատքը Պահապան Մեր Ինքնութեան

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?