Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարին Կը Փակենք Արցախի Կորուստին Խոր Ցաւով

Յունուար 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2023-ը կը փակենք տխուր էջով մը, որուն վրայ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ Արցախի կորուստը, Արցախի յանձնումը, արցախցի մեր ազգակիցներուն բռնի տեղահանումը եւ Արցախի պետական այրերուն Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ ձերբակալուած մնալը:

Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները բոլորովին անտեսուեցան, իսկ Ազրպէյճան հայկական հողի մշակութային ժառանգութիւնը աստիճանաբար քանդելու եւ աղաւաղելու լծուած է, որպէսզի ոչ միայն Արցախի հայկականութիւնը հերքէ ու հերքել տայ ողջ աշխարհին, այլեւ նսեմացնէ հայութիւնն ու իր մշակոյթը թշնամական իր վերաբերմունքով:

Արցախը հայկական է, ունեցած է անկախ կարգավիճակ ոչ միայն Արցախի Հանրապետութեան կերտումով, ժողովրդային հանրաքուէով, այլ նոյնիսկ` Խորհրդային Միութեան տարիներուն:

Մինչ Երեւանը տօնածառի լոյսերով կը պսպղայ, կսկիծը կը պատէ բոլորիս սրտերը, որովհետեւ տարին կը փակենք առանց Արցախի, կամ` իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած Արցախով:

Արցախի հայկականութիւնը կարելի չէ ուրանալ խաղաղութեան պայմանագրերու խաբուսիկ շղարշով կամ միջազգային դերակատարներու կամակատարութեան պարտադրանքին տակ, քանի որ Արցախը միայն հողատարածք չէ, Արցախը պայքարի օրրան է, մշակութային ժառանգութիւն է, նահատակներու արեամբ սրբացած հայրենիք է:

Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութեան հարցերը մէկընդմիշտ հանուեցան բանակցութիւններու օրակարգերէն: Մէկ խօսքով, պատմական մեր հայրենիքի մէկ մասը կորսնցուցինք, ու մեզի կը ստիպեն մոռնալ հայկական այդ հողը` յանուն խաղաղութեան:

Բայց մի՞թէ խաղաղութիւն կարելի է հաստատել անարգելով նոյնիսկ պարտուող կողմին տարրական իրաւունքները, իր հայրենի հողին վրայ ապրելու միջազգային, մարդկային իրաւունքը:

Ինչո՞ւ Հայաստան տէր չի կանգնիր արցախցիներուն, որպէսզի իրենց հողին վրայ, իրենց ծննդավայրին մէջ ապրին: Այդ ո՞ր միջազգային օրէնքն է, որ հաշտ աչքով կը դիտէ ժողովուրդի մը զանգուածային տեղահանումը իր հայրենիքէն ու վերադարձի կամուրջներու մէկընդմիշտ այրումը:

Տարին կը փակենք ու տակաւին ոչ մէկ յոյս` Արցախի մէջ ապօրինաբար ձերբակալուածներու ազատ արձակման մասին: Ձերբակալուած են մարդիկ, որոնք իրենց ժողովուրդի ձայնին անսալով` ստանձնած են պետական պաշտօններ եւ ապրելու խաղաղ ու ազատ միջավայր ստեղծելով, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրաւունքէն մեկնելով` սատարած արցախցիներու բնականոն կեանքին:

Անոնք մեր հպարտութիւնն էին, մեր ազգի կամարտայայտութեան վկաները, բայց տակաւին չենք յաջողած միջոցներ գտնել դուրս բերելու զիրենք Ազրպէյճանի բանտերէն:

Ի՞նչ խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին կը խօսուի Արցախի ժողովուրդին հաշուոյն, խաղաղութեան պայմանագիրը արդիւնաւորուելու համար պիտի բխի երկու կողմերու իրաւունքներէն, այլապէս ոչ թէ խաղաղութեան, այլ Հայաստանին նկատմամբ յաւելեալ ճնշումներու անփակելի դուռ մը պիտի բանայ:

Այնքան ատեն որ միջազգային օրէնքը թոյլ կու տայ պատմական իրենց հողին վրայ ապրող ժողովուրդներուն ինքնորոշուիլ, արդար է պահանջել իրենց պատմական հայրենիքէն բռնի տեղահանուած արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը միջազգային երաշխիքներով եւ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ տառապող մեր ազգակիցներուն ազատ արձակումը:

2024-ը մտնենք գէթ այս յանձնառութեամբ` միշտ յիշելով, որ Արցախի համար սերունդներ իրենց կեանքը նուիրեցին` որպէս պայքարող, ոչ թէ յանձնուող ազգի զաւակներ: Անոնց պանծալի յիշատակը նսեմացնելու իրաւունք չունինք ազգովին:

 

Նախորդը

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ուղերձ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ո՛չ Արմատախիլ… Այլ Հաստատուն Ծառը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?