Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարուան Աւարտին Եւ Նորի Սեմին. Կը Մտածե՞նք Ուշացման Աւերի Մասին

December 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ո՞վ կրնայ անգիտանալ, որ սփիւռքի բազմամիլիոն հայութիւնը ազգի հատուած եւ շարունակութիւն ըլլալու եւ մնալու համար պէտք է ապրի` հայրենատիրութիւնը ունենալով որպէս հիմնական քաղաքական առաջադրանք: Տիրութիւն` հանրապետութեան, առանց մտահան ընելու նաեւ այն հայրենիքը, ուրկէ հայրենահանուած է ազգը` դատապարտուելով  ըլլալու սփիւռք:     Հայրենատիրութիւնը սոսկ ցանկութիւն չէ, վաղուան համար չէ, գրականութիւն չէ, բանաստեղծութիւն եւ երգ չէ: Ան ամէն օր ապրուող իրաւ յանձնառութիւն պէտք է ըլլայ ՎԵՐԱԴԱՐՁ-ով եւ ՄԻԱՑՈՒՄ-ով արարման աշխատանք` իրականացնելու համար ազգի գոյապահպանումը եւ հայրենապահպանումը, որոնք հիմնական նախապայման են բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան ՄԵԾ ԵՐԱԶ-ի իրականացման:

Հրաժարումները  ճանապարհ են դէպի «ծագումով հայեր»-ու այլասերած եւ անինքնութիւն մարդոց յառաջացման, որոնք ուրիշներու թիւի լրացում ըլլալու դատապարտուած կ’ըլլան` անհետացման տանելով ազգը:

Բազմամիլիոն հայութիւնը երբ հայրենատէր չէ, գաղթականութիւն է:

Միացման եւ վերադարձի ճառը  սոսկ շաբաթավերջի հանդէս-կերուխումներու ընթացքին հիացումներ սնուցանելու կարգախօս չէ: Տարրական ողջախոհութիւն ունեցող հայը կրնա՞յ խորհիլ, որ Փարիզ, Թեքսաս, Վանքուվըր, Նոր Զելանտա, Լաս Վեկաս եւ Մոնթէ Քարլօ նստելով, երբեմն ալ աղմկելով, երբեմն ալ եկեղեցի կամ այդպէս բաներ կառուցելով` ազգին հանդէպ պարտականութիւնը կատարած կ’ըլլայ եւ գոյապահպանական ապահովագրութիւն ձեռք կը բերէ: Այս հիմնական եւ պարզ հարցումին պատասխանելու քաղաքական իմաստութիւնը եթէ ունենանք, ներսի եւ դուրսի խօսափողային աղմուկը կը դադրեցնենք, կ’ըլլանք կառուցողական:

Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պէտք էր ընել,  եւ չենք ըրած, ինչո՞ւ չենք ըրած հայրենատէր ըլլալու եւ մնալու համար,  արգելքները  եղած են ներքի՞ն, թէ՞ արտաքին: Պէտք է խօսիլ առանց ճապկումներու, ոչ թէ ի մտի ունենալով  յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերումը, այլ` յաւելեալ պարտքի ազնիւ գիտակցութիւնը:

Ի հարկէ տէր ըլլալու համար ներկայ պէտք է ըլլալ:

Ճիշդ է, որ հողին վրայ հայուն ներկայութիւնը խոչընդոտուած է. տեղահանութիւն, հալածանք, ջարդ: Կը խոչընդոտուի նաեւ` մեր մեղանչումով, տարբերութիւններ ստեղծելով եւ անոնց ետին պատնէշուելով: Գաղթելու կիրքը դարձուցած ենք հասարակաց ախտ: Կը գաղթենք Հայաստանէն, կը գաղթենք մէկ գաղթավայրէ ուրիշ մը, կարծէք` փաստելու համար, որ համաշխարհային ազգ ենք, չնաշխարհիկ դատարկաբանութիւն, որ կը նշանակէ վերջ` այլ եզակիներու շարքին եզակի եւ ինքնուրոյն ազգ ըլլալէ: Այս կ’ընենք վասն տնանկի արմատացած լաւ ապրելու իրաւունքի: Այս անհաճոյակատար հաստատումն է ամբոխային տրամաբանութեան, ծնունդ խուճապին, որ յարաճուն սփիւռքացումն է:

Ղեկավարութիւնները հաշտուա՞ծ են գաղթականութիւն վիճակին հետ, սպասման աննկարագիր ընդարմացման կացութիւն, որ կը շնչէ անորոշ այն յոյսով, որ օր մը պատմութեան անիւը կը շրջուի: Ինչպէ՞ս կը շրջուի: Ո՞վ պիտի շրջէ: Ինչպէ՞ս: Ո՞ր դուռը պէտք է բախել պատասխան ունենալու համար:

Գաղթականութիւնը Ազգ չէ: Այս ըմբռնումով, հին եւ նոր սփիւռքները գաղթականութիւններ են, ի՛նչ անուն ալ տանք անոնց, ո՛ր երկինքին տակ ալ գտնուին:

Ազգ ըլլալու համար պէտք է իրականացնել հայրենատիրութիւնը ո՛չ բանիւ, երգով, մրոտուած թուղթով, երազով եւ աղմուկով, այլ` ներկայութեամբ:

Հայրենատիրութիւնը երբ հաստ ու կոշտ ձեւով չի կենսագործուիր, չենք կենսագործեր, կը խրինք քաղքենիական մանր բաւարարութիւններու մէջ, ուր կը ծաղկին ոչինչ նշանակող եւ ոչինչի ծառայող թաղային հեղինակութիւնները:

Այսօր, հանրապետութիւն եւ բազմանուն սփիւռք(ներ), պետական կառոյցներ եւ աշխարհատարած անթիւ եւ անհամար կազմակերպութիւններ, ի՞նչ կ’ընեն Ազգը հայրենատէր դարձնելու համար: Ո՛չ գիտոսիկի խօսքով եւ ո՛չ ալ ցնորքի մանրավաճառութեամբ նպատակ կ’իրականացուի:

Հայկական պետութիւնը ի՞նչ ըրած է եւ կ’ընէ հայրենատիրութեան տրամագծօրէն հակադրուող հայրենալքում-արտագաղթ աղէտը կասեցնելու, ի՞նչ կ’ընէ արտագաղթողները եւ հայրենահանման պատճառով սփիւռքացածները հայրենիք վերադարձնելու համար: Ա՛յս հայրենատիրական իրաւ քաղաքականութիւն պէտք է ըլլար, որ չկայ:

Իսկ աճող, յարաշարժ եւ ինքզինք բազմապատկող եւ յոգնակիացող սփիւռքը ինքզինք բանտարկած է չեղածի իշխանութիւններ ստեղծելու եւ անով բաւարարուելու խաղին մէջ, զոր «կ’իմաստաւորէ» բարեսիրութեամբ, օժանդակութեամբ, պարզ խօսքով` դրամով խիղճի հանդարտութիւն կը գնէ: Բազմաթիւ միութիւնները, մէկդի դնելով ամբոխները ոտքի քնացնող եւ լրատուամիջոցներուն կեր հայթայթող աղմուկը` օր մը պիտի ըսե՞ն, թէ քանի՞ հայու հայրենադարձութիւնը իրականացուցին, որպէսզի հողը բնակեցուի եւ տէր ունենայ: Պէտք է խօսիլ թիւերով:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կառավարութիւն եւ Ազգային ժողով, ե՞րբ օրակարգ դարձուցած են հայրենադարձութիւնը: Ինչո՞ւ այդ օրակարգը բացակայ է:

Եթէ իրաւ հայրենասէր ժողովուրդ ըլլայինք, ներսը եւ դուրսը, այս պահանջով կը դիրքորոշուէինք: Հանրապետութեան իշխանութիւնները, վարչութիւնները, մաքսային պաշտօնեաները ինչպէ՞ս կը վերաբերին հայրենադարձողին հետ, անոր վերադարձը եւ բնակութիւնը դիւրացնելու համար կը հրաժարի՞ն վարչական տաղտուկներէ, կը դադրի՞ն հարցնելէ, թէ անոր բերած աթոռը քանի՞ քիլօ  կը կշռէ, քանի՞ դգալ-պատառաքաղ ունի:

Հայաստան եւ սփիւռք, ամէն գոյնի եւ չափի ղեկավարութիւնները, հարց կու տա՞ն, թէ ի՛նչ կրնային ընել եւ չըրին, որպէսզի այսօր չսգանք եւ չընդունինք Արցախի պարտութիւնը եւ կորուստը, որ ջաղացքի քար կը դնէ Վանի, Մուշի, Սասունի, Անիի, Կարսի հայութեան ԷՐԳԻՐ վերադարձի յոյսին վրայ:

Յոյսը կը վերածնի, եթէ հայրենադարձութիւնը ըլլայ վերականգնումի սկիզբ:

Մեր պարտութիւններու եւ իրաւազրկումներու հողաթումբերու վրայ ծաղկած ծառերու տերեւները չեն շարժիր, որքան ալ բարձրախօսներէն իրաւունք պահանջող աղմուկ բարձրացնենք: Իրաւունք պահանջելու համար ներկայ պէտք է ըլլալ, այլապէս կը մնանք թափահարումներու ջոջական- էսթեպլիշմընթային մակարդակին:

Կը պատմուի, որ հին օրերու Պոլսոյ մէջ անվերջանալի պատրիարքական ընտրութեան վէճերը կը յանգեցնեն հոն, որ գաւառէն մի ոմն վարդապետ պատրիարք կ’ընտրուի: Ինչպէս կարգն է ամէնուրեք, ջոջերը կ’երթան շնորհաւորանքի եւ հանգամանաւոր մը հարց կու տայ, թէ նորընտիրը երբ Պոլիս երթայ, ի՞նչ պիտի ընէ: Պատրիարքարանի Ծաղկեայ դահլիճին մէջ կան բոլոր պատրիարքներու իւղաներկ նկարները: Նորընտիրը այդ իմացած ըլլալով` կ’ըսէ. «Երթամ զիմ պատկեր նկարել»:

Եթէ բուժուինք «զիմ պատկեր նկարել»-ու եւ այդպէս բաներու ախտէն, ազգային-քաղաքական հարցերը մառանի մէջ չենք պառկեցներ եւ քնացներ` սպասելով երկինքէն գալիք հրաշքի, այլ զանոնք իրենց ոտքերուն վրայ կը կանգնեցնենք, չենք բաւարարուիր «զիմ պատկեր նկարելով, մէկ օդանաւէ իջնելով եւ միւսը ելլելով, աշխարհի օդակայաններու գիտութիւն ամբարելով:

Պիտի գա՞յ օրը, երբ Արմաւիրէն, Լոռիէն Գորիսէն պիտի ստանանք Պեւըրլիէն, Կապուտակ ծովափէն եւ Մանհաթընէն հայրենադարձողներու «զիմ» պատկեր»-ը` հայրենակերտողի զրահ հագած: Պետութիւն եւ սփիւռք, յայտնատեսութեան պահու մը միասնաբար  կ’իրականացնե՞ն հայրենադարձութիւնը եւ հայրենատիրութիւնը: Միշտ խորհելով եւ գործելով` այն ազգային-քաղաքական իրատեսական իմացումով, որ վաղը միշտ ուշ է:

2023-2024, օր մըն ալ, լաւատեսութեամբ, դարով կը հիննանք կամ աւելի ճիշդ` իրատեսութեամբ, կ’ուշանանք, եթէ ազզի գալիքը ամփոփենք «զիմ պատկեր»-ներով պատմութիւն հիւսելով:

28 դեկտեմբեր 2023

Նախորդը

Մշտադալար Ծառերու Պատգամը` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

Յաջորդը

Տարեվերջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.