Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ո՛չ Արմատախիլ… Այլ Հաստատուն Ծառը

Յունուար 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ծառերը սրբավայրեր են: Ո՛վ որ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խօսիլ անոնց հետ, ո՛վ որ գիտէ` ինչպէ՛ս ականջ տալ անոնց, կրնայ իմանալ ճշմարտութիւնը»

ՀԵՐՄԱՆ ՀԵՍՍԸ
(գերմանացի գրագէտ, 1877-1962)

Ծառը բնութեան մաս կազմող սոսկական «բնակիչ» մը չէ:

Խորունկ է անոր իմաստը:

Բուն ու կոճղ, արմատներ, ճիւղեր ու տերեւներ. ասոնք ԾԱՌ էակին անդամներն են:

Կը շնչեն ծառերը… նաեւ շունչ ու ներշնչում  կու տան բանաւոր էակներուն:

Հազար ու մէկ բարի ապրումներով եւ մտորումներով է, որ Ամանորի օրերուն կը զարդարուի տօնածառը:

Ծառը կը պարգեւէ տոհմիկ մթնոլորտ: Անկէ ալ` յաճախ փոխաբերական իմաստով կը խօսինք ընտանեկան ծառին մասին, որուն ծննդոցը կրնայ մեզ փոխադրել դարեր առաջ: Հոն ալ կան ճիւղեր, ծիլեր, կոկոններ, տերեւներ, որոնք ի վերջոյ հերթաբար կը հասնին տերեւաթափումի հանգրուան: Սակայն ծառը կը մնայ, կը մնայ իր բունով, արմատներով եւ գլխաւոր ճիւղերով:

Այս տարուան Ամանորն ու Կաղանդի ծառը կը յիշեցնեն Արամ Հայկազի դիւրին ընկալելի եւ տպաւորիչ «Ապրող ծառ» պատմուածքը:

Եթէ յստակ խորհուրդ ունի Հայկազի նկարագրած ծառը, շատ աւելի իւրայատուկ էր տասնեակ տարիներ շարունակ Ստեփանակերտի կեդրոնական` «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ զարդարուող ծառը, «Պապիկ-տատիկ»-էն` «Մենք ենք մեր սարերը» կոթողէն ո՛չ շատ հեռու, սակայն` նոյնքան իմաստալից եւ  խորհրդաւոր:

Աւա՜ղ… Այս տարի չկայ գունագեղ զարդարանքներով եւ լոյսերով ողողուած այդ ծառը:

Պարպուած է մեր սիրտերուն բաբախում տուող Արցախը:

Հադրութի եւ Շուշիի անկումէն, գաղտագողի սակարկութեամբ Քարվաճառի յանձնումէն երեք տարի ետք, ամբողջ Արցախն է, որ պարպուեցաւ:

Դատարկ է Ամանորի օրերուն եզակի եռուզեռ ստեղծող Ստեփանակերտը` իր կեդրոնական շուկայով, իր զարմանազան, կարմրագոյն պտուղներով եւ մանաւանդ իր համակրելի, վեհանձն ու արժանապատուութեան տէր բնակիչներով:

Չկայ Արցախ-ծառը: Կացինահար եղաւ ու տապալեցաւ, գիտենք, թէ ինչպէ՛ս…

Արամ Հայկազի համար ծառ մը կտրելը ապրող էակ մը սպաննել կը նշանակէ, որովհետեւ «Ծառերը մեր գիւղի բնակիչներուն համար ապրող էակներ էին», կը շեշտէ ան:

Չենք մոռցած. 31 դեկտեմբերէն ետք պաշտօնապէս գոյութիւն պիտի չունենայ Արցախի Հանրապետութիւնը: Այդպէս կ’ըսէր նախագահական պարտադրեալ հրամանագիրը, թէեւ զայն ստորագրողը ի՛նք իսկ բացայայտ դարձուց, որ այդ գիրը իմաստազուրկ է:

Դժբախտաբար հասած ենք հոն, երբ յաւելեալ մելան հոսեցնելը վերածուած է աներկբայ թութակաբանութեան: Փաստօրէն տրամաբանութենէ բխող նկատումներն ու քննարկումները  Բաղրամեան 19 շէնքէն ներս մատնուած են «ձայն բարբառոյ յանապատի» վիճակին:

Ափսո՜ս մեր կորուստներուն, հողի եւ կեանքերու կորուստին, սակայն…

Այս դաժան օրերուն հայորդիին կը մնայ չընկրկիլ, տեղի չտալ ու չվհատի՛լ:

«Ծառը դանդաղ ու տոկուն ուժ է, որ կը ձգտի գրաւել երկինքը», կը գրէ ֆրանսացի գրագէտ Անթուան տը Սենթեքզիւփերի:

Այսպէս, «Վերածնունդ» հրապարակի այդ ծառը պիտի «վերածնի» եւ վերազարդարուի: Չէ՞ որ մեր Մատթէոս Զարիֆեանն ալ ի՛ր պատկերացումը ունի կացինահար տապալած ծառէն վերստին ծնունդ առնող բարունակներուն մասին…

Արցախը կը պատկանի արցախահայութեան: Արցախը կը պատկանի ո՛ղջ հայութեան: Արցախը անվիճելիօրէ՛ն Հայաստան է, ինչպէս որ Հայաստան են Արեւմտեան Հայաստանն ու Նախիջեւա՛նը, Հայաստանին կը պատկանին Կիլիկիան ու երբեմնի կաթողիկոսանիստ Գանձա՛կը:

Ծառը դարձած է ճղակոտոր, սակայն կարելի չէ արմատախիլ ընել ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱՌԸ:

Ամանորի այս օրերուն մեր սրտերէն բխող մաղթանքի համազօր են այս մտածումները, որոնք առաջին հերթին ձօնուած են Արցախի հայութեան, սակայն նաեւ` ո՛ղջ հայութեան ու մեր հայրենիքին:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարին Կը Փակենք Արցախի Կորուստին Խոր Ցաւով

Յաջորդը

Հակառակ Բազում Դժուարութիւններու Ու Բազմաբնոյթ Մարտահրաւէրներուն` «Ազդակ» Կը Շարունակէ Ամէն Օր Լոյսին Գալ Եւ Ողջունել Իր Ընթերցողները

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?