Յօդուածներ

Բարի Ապաքինման Մաղթանք` Գէորգ Պէպէճեանին

Բարի Ապաքինման Մաղթանք` Գէորգ Պէպէճեանին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Պարոն Զաքարին (Քէշիշեան) Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը ղեկավարած տարիներուն, ես ալ շատերուն նման կը վայելէի երգարուեստի եւ հայկականութեան ամբողջ մշակոյթ մը, որ առիթէ առիթ յիշողութիւնս կը գրգռէ եւ յաճախ կ՛արթնցնէ գեղեցիկ յիշատակներ: Քանի մը օր առաջ, մեքենայական գործ մը կատարելու ժամանակ, սկսայ անզգալաբար քիթիս տակէն երգել «Ապրիլ, կրկին ապրիլ» երգը: Յիշեցի, թէ որքա՜ն սիրած էի երգը` մանաւանդ մեներգողին հանդիպելնէս...

Նեթանիահուի Նշած Միջազգային Երաշխիքներու Ստորագրութեան Նշանակութիւնը

Նեթանիահուի Նշած Միջազգային Երաշխիքներու Ստորագրութեան Նշանակութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իսրայէլ Կազայի դէմ շուտով 200 օրուան հասնող պատերազմին ընթացքին իր ճշդած նպատակներէն ոչ մէկը իրագործած է եւ կը շարունակէ մարտերուն ընթացքին ծանր կորուստներ կրել: Մեծ կորուստներ կը կրէ նաեւ անոր տնտեսութիւնը: Թել Աւիւ կարողացած է որոշ թիւով իսրայէլացի գերիներու ազատագրումը ապահովել, այդ ալ միայն գերիներու փոխանակման գործարքի մը շուրջ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ գոյացուցած համաձայնութիւններու ծիրին մէջ եւ...

Ոտնակոխ Տունը

Հաւաքական Խոցի Բեմականացումը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Հայ հեղինակներ.- Այստեղ զանց կ՛առնեմ յուշատօնային-ծիսական բնոյթի ելոյթներ, ինչպէս`  Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի «Գրիգոր Զոհրապ, գողգոթայի ճանապարհին» եւ Անահիտ Կիրակոսեանի «Փրկութեան հրեշտակը»: Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ Վ. Ատրունիի «Գարնան երեք օրերը» եւ Լիլի Թովմասեանի «Կոմիտաս` Աստուծոյ պարգեւը», որոնց նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (12, 13): Կը ներկայացնեմ ինծի ծանօթ այն գործերը, որոնք  թատերագրական յաւակնութիւն ունին: Ե. «Գտնուած» (Found),  Անուշ...

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս Կը Գործէ Նշանի Լեզուն (Sign Language)

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս Կը Գործէ Նշանի Լեզուն (Sign Language)

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Դարեր շարունակ վատ լսողութիւն ունեցողներ կամ խուլ մարդիկ ուրիշներու հետ կապ հաստատելու համար կը վստահէին տեսողական նշաններուն: Հետզհետէ խուլ համայնքներուն մեծնալուն պատճառով, մարդիկ սկսան հիմնաչափել նշանները` մշակելով հարուստ բառապաշար եւ քերականութիւն մը, որոնք գոյութիւն ունին անկախ կերպով, բոլորովին տարբեր որեւէ այլ լեզուէ: Նշանի լեզուով ընթացող զրոյցի պատահական դիտորդը կրնայ զայն նկարագրել իբրեւ նազելի, տրամաթիք, կատաղի, կատակերգական կամ զայրացած`...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 1. Հայաստան Արդէ՛ն Ինկած Է Թուրքիոյ Տիրապետութեան Տակ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երեւանի իշխանաւորներուն ձախաւեր ու կործանարար վարքագիծը քննադատողները մերթ ընդ մերթ, օր աւուր կը զգուշացնեն, որ մեր հայրենիքը կրնայ մօտ ատենէն ամբողջականօրէն իյնալ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, թէ` բախտաւոր պէտք է նկատենք մենք մեզ, եթէ Երեւանի շուրջ պատառիկ մը հող մնայ Հայաստան անունով: Եկէ՛ք եւ իրականութիւնները դիտենք աւելի՛ ցաւցնող ակնոցով, չոր իրականութիւնները ՏԵՍՆԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ, քով-քովի բերենք ընդհանուր պատկերին մասնիկները եւ...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Նոր Տարիին

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Տարին հինցաւ, գնաց, օրերու կաղութիւնն ալ գնա՞ց: Տառապեալներու, զրկեալներու, զոհերու կողքին Ամբողջ աշխարհը ցնծութեան տօն ունի այսօր: Աշխարհի վիճակը վիճակ չէ՜, Նոր տարին այս բաները չի գիտեր սորվելու ժամանակ ալ պիտի չունենայ, սկիզբը աղուոր աղուոր պիտի ժպտի բոլորին` բարիին չարին, աջին ձախին: Յետոյ օր նոր` խնդիր նոր ձեռքով-ոտքով մէջը պիտի իյնայ. Որքա՜ն սուտ ու սով, խաբկանք ու արհաւիրք...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 63-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. Եթէ Իրաւատէր Հայաստանը` Իբրեւ Պետութիւն, Պիտի Չպաշտպանէ Արցախի Ու Արցախահայութեան Իրաւունքները, Սփիւռքը Պարտաւոր Է Գտնել Հարաւային Ափրիկէի Եւ Ուրուկուէյի Նման Պետութիւն Մը, Որ Ստանձնէ Այս Աշխատանքը Միջազգային Ատեաններու Մօտ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը»: Կարելի չեղաւ ուղղակի մասնակցիլ այս լսարանին, սակայն հետեւելով լսարանին տեսերիզի արձանագրութեան (1)` կարելի է ըսել, որ դասախօսը հետեւեալ իրարմէ կախեալ երկու եզրակացութիւններուն յանգեցաւ. 1.- Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուէյ, Արցախի ի նպաստ ցոյց:  2.- Հարաւային Ափրիկէն յաջողութեամբ կը ստանձնէ Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան դատը: 1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ իբրեւ...

Տարիք Եւ Տարեդարձ`  Երկու Գեղեցիկ Զուգահեռներ

Տարիք Եւ Տարեդարձ` Երկու Գեղեցիկ Զուգահեռներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ - Այս ամիս տարեդարձդ է... Սենեակին անկիւնը իր նստած տեղէն կինս էր յիշեցողը, երբ հին տարուան օրացոյցէն նորին կ՛անցնէր կարեւոր թուականներու իր կատարած նշումները: - Գիտեմ,- ըսի` իբրեւ պատասխան, անկեղծ եւ արդար ու մանաւանդ` յարգանքով ու զուարթ ժպիտով: Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամէն անգամ, երբ տարեդարձիս մասին խօսուի, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ՛առաջնորդէ: Այո՛, այս ամիս է...

Ոտնակոխ Տունը

Հաւաքական Խոցի Բեմականացումը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պատմական.- Խոցի հոգեբանական եզրը` «Trauma», կու գայ յունարէնէն: Մեր թուագրութենէ աւելի քան հազարամեակ մը առաջ սկսած արեւելեան Միջերկրականի քաղաք-պետութիւններու միջեւ,  ինչպէս եւ Պարսկական կայսրութեան դէմ մղուած պատերազմները կը պատճառէին մահ, աւեր, կորուստ եւ մարմնական հաշմում, զոր այդ դարերու բժշկութիւնը անկարող էր դարմանել: Պատերազմի խոցը ցցուն կերպով առկայ էր զինուորներու մօտ, որոնք ոչ միայն ենթակայ էին իրե՛նց մահուան, այլ...

Պրիսմակէս.   Սիրոյ Պատմութիւն Մը

Պրիսմակէս. Սիրոյ Պատմութիւն Մը

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Երկու սնտուկ հին նամակներ: Հին որ կ՛ըսեմ, չկարծէք թէ երեսուն-քառասուն տարի մը նկատի ունիմ: Այս նամակները ճիշդ 108 տարեկան են: Համաշխարհային երկու պատերազմ տեսած են, գրաքննութենէ անցեր են (յաճախ չեն իսկ անցեր) եւ հասեր են մեզի, իրենց խունացած էջերուն մէջ բազմաթիւ եւ այլազան պատմական տեղեկութիւններուն կողքին` սիրոյ հեքիաթ մը պահած: Գուրգուրանքով կը հանեմ առաջին նամակը իր պահարանէն, կը...

Գեղամ Ստեփանեան Եւ Արտակ Բեգլարեան Քոնկրեսին Մէջ Ներկայացուցին Արցախահայութիւնը Յուզող Հարցերը Եւ Անոր Ձգտումները

Գեղամ Ստեփանեան Եւ Արտակ Բեգլարեան Քոնկրեսին Մէջ Ներկայացուցին Արցախահայութիւնը Յուզող Հարցերը Եւ Անոր Ձգտումները

Քոսթայի հետ Քոնկրեսի շէնքին մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն մասնակցեցան նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճէյմզ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան ներկայացուցին  Արցախի ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքները, ազգային շահերը եւ ժողովրդավարական ձգտումները: «Մենք հոս ենք պահանջելու ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու` Արցախի գաղթականներուն իրաւունքը....

«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆ Վերջերս կրկին «Մեր հայրենիք»-ին ոչ հայկական ըլլալու մասին աղմուկներ կը լսուին Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատու դէմքերու կողմէ: Մանաւանդ այս դժուար օրերուն, կորուստներով լի մեր իրականութեան մէջ օրհներգի քննարկումը մեր վերջին հոգը պէտք է ըլլայ: Բայց իմ տեսութիւնը կրկին կը տեղադրեմ փաստերով, պարզապէս` որպէս ճշմարտութիւն: Օրհներգը կարելի է սիրել կամ չսիրել: Բայց սխալ տեղեկութիւններ տալ օրհներգին «օտարածին» ըլլալու մասին, անընդունելի...

ԵԽԽՎ-ն 76 Թեր Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց` Ազրպէյճանը Արտաքսելու

ԵԽԽՎ-ն 76 Թեր Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց` Ազրպէյճանը Արտաքսելու

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Օրէ օր օղակը աւելի կը սեղմուի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պարանոցին շուրջ: Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել 22 յունուարին զգուշացուց Ազրպէյճանը` ըսելով, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում «լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ: 17 յունուարին Ֆրանսայի ծերակոյտը 336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ բանաձեւ ընդունեց` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ, Ծովէ Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը յիշէ եւ յիշեցնէ այժմու Ամերիկայի նախագահին, ժողովուրդին, եկեղեցիներուն, նահանգապետներուն եւ համալսարաններուն` 1919-ին անոնց նախորդներուն արդար խնդրանքն ու զօրակցութիւնը` ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ, ԾՈՎԷ ԾՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՅԱՑՈՒՄԻՆ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔ- ՊԱՀԱՆՋՆ ԷՐ: Հայաստանի անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին աշխատանքով Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին ուղղուած այս խնդրագիրը ստորագրած են Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսները,...

Նահատակ Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Նուիրուած Արարողութեան` Միքայէլ Հաջեանին Արտասանած Խօսքը

Նահատակ Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Նուիրուած Արարողութեան` Միքայէլ Հաջեանին Արտասանած Խօսքը

Պատիւ ունեմ փոխանցելու ձեզ մայր հայրենիքի մեր կուսակցական ընկերների, նոյնպէս եւ նախնեաց  եզերքից բռնի տեդահանուած հայրենակիցներիս` Արցախի հայութեան գիտակից, ողջախոհ հատուածի ջերմ ողջոյններն ու շնորհաւորանքները Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրման հերթական տարեդարձի` 133-ամեակի առթիւ, միեւնոյն ժամանակ մեր համահաւաք որդիական ու եղբայրական խոնարհումն արտայայտել հայոց ազգային-ազատագրական պայքարում նահատակուած եւ Աստծոյ սահմանած ժամկէտում բնական մահով կամ թէ տարբեր հանգամանքների բերումով վաղաժամ կեանքին հրաժեշտ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Արգելք Չկայ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Նախորդ շաբթուան գլուխ գործոցը 12 երկիրներու կողմէ պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան եւ աշխատանքի գործակալութեան` ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի նիւթական օժանդակութիւններուն կասեցման որոշումն էր: Յիշեցնենք, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան թիւ 302 բանաձեւով 8 դեկտեմբեր 1949-ին հիմնուած էր ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն, որ գործնապէս աշխատանքի սկսաւ 1 մայիս 1950-ին: Պաղեստինեան դատի լուծման բացակայութեան բերումով, պաղեստինցի գաղթականներու հարցերուն օժանդակող, կենցաղային, կրթական, առողջապահական, մշակութային օժանդակութեան...

Լրտեսները Դաւաճա՞ն, Թէ՞ Հայրենասէր Են

Լրտեսները Դաւաճա՞ն, Թէ՞ Հայրենասէր Են

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ճէյմըս Պոնտի թիկնոցներով ու դաշոյններով աշխարհը լեցուն է ինքնաշարժներու հետապնդումներով, ատրճանակներու եւ զանազան զէնքերու մարտերով ու քանդումներու նիւթերով: Այդ անշուշտ արկածախնդրական շարժապատկերներու մէջ է: Հետախուզական նիւթեր հաւաքելու իրական աշխարհին մէջ լրտեսները յաճախ կրնան աւելի շատ վնաս հասցնել շարժական սկաւառակի մը միջոցով, քան ատրճանակը, իսկ լուսանկարող գործիքը աւելի հզօր է, քան` սուրը կամ զէնքը: Ահաւասիկ` պատմութեան նշանաւոր հետախոյզներէն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Հայաստանի Փարաւոնին Երազները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Բարե՜ւ,- լսեցի կատակասէր բարեկամիս ձայնը` հեռաձայնին միւս ծայրէն: Ե տառը տեւեց աւելի քան հինգ երկվայրկեան: -  Բարեւիդ` բարեւ ու կէս: Այս ո՞ւր ես, շատո՜նց ձայնդ չեմ լսած,- պատասխանեցի` Ո տառս իրեն չափ երկարելով: - Կը ներես, ճամբորդած էի, վերադարձիս ալ գործերու մէջ թաղուած էի,- բացատրեց կէս կատակ շեշտով: - Այսօր ըսի` ձայն մը տամ, հալդ-քէֆդ հարցնեմ, եթէ...

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ 18) Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի Պատմական ակնարկ Ի յիշատակ պատմական Մարաշ քաղաքի համանուն եկեղեցւոյ` Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին հիմնուած է 1929-ին, իսկ եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է 1930-ին` ձեռամբ Եղիշէ արք. Կարոյեանի: Եկեղեցւոյ հողը տրամադրուած է Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ: 1962-ին եկեղեցին ենթարկուած է վերանորոգութեան: Երկրորդ նորոգութիւնը տեղի ունեցած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի` 1981-1989 տարիներուն: Եկեղեցւոյ այժմու...

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ 17) Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի Պատմական ակնարկ 1924-28 իբրեւ դպրոց եւ եկեղեցի գործածուող տախտակաշէն մեծ սենեակը վերածուած է փայտաշէն եկեղեցւոյ մը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով, որուն օծումը կատարուած է 17 մարտ 1929-ին` ձեռամբ Լիբանանի առաջնորդ Եփրեմ ծ. վրդ. Տոհմունիի: 1960-ին տախտակաշէն եկեղեցւոյ փոխարէն` կառուցուած է քարաշէն եկեղեցի մը Սրբոց Վարդանանց անունով, որուն օծումը կատարուած է 14 մայիս 1961-ին`...

Page 209 of 1111 1 … 208 209 210 … 1,111

Արխիւներ