Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահուի Նշած Միջազգային Երաշխիքներու Ստորագրութեան Նշանակութիւնը

Փետրուար 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իսրայէլ Կազայի դէմ շուտով 200 օրուան հասնող պատերազմին ընթացքին իր ճշդած նպատակներէն ոչ մէկը իրագործած է եւ կը շարունակէ մարտերուն ընթացքին ծանր կորուստներ կրել: Մեծ կորուստներ կը կրէ նաեւ անոր տնտեսութիւնը:

Թել Աւիւ կարողացած է որոշ թիւով իսրայէլացի գերիներու ազատագրումը ապահովել, այդ ալ միայն գերիներու փոխանակման գործարքի մը շուրջ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ գոյացուցած համաձայնութիւններու ծիրին մէջ եւ բազմաթիւ պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակման դիմաց:

Իսրայէլեան բանակը պատերազմի սկիզբը միայն կարողացաւ կին զինուոր մը ազատագրել, որմէ ետք իր կատարած կոյր ռմբակոծումին իբրեւ հետեւանք` իր իսկ ձեռքով սպաննուած իսրայէլացի գերիներու դիակներ յայտնաբերեց միայն:

Իսրայէլեան կառավարութիւնը թերեւս կը կարծէր, թէ իսրայէլեան բանակը Կազա ներխուժելով այդտեղէն շուտով պիտի արտաքսէ Համասը, ճիշդ ինչպէս 1982-ին Պէյրութ ներխուժելով վտարած էր Եասեր Արաֆաթի ղեկավարած Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը` ՊԱԿ-ը: Բայց այժմ 2024 թուականն է, եւ արդէն տեղի ունեցած է 2006 թուականի յուլիսեան պատերազմի բեկումնային իրադարձութիւնը:

Այս բոլորի կողքին միջազգային ընտանիքին եւ մասնաւորաբար Թել Աւիւի գլխաւոր դաշնակից Միացեալ Նահանգներու համբերութիւնը կը սպառի, եւ Իսրայէլի նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնն ու անոր ժողովրդականութիւնը օրէ օր կը շարունակէ նուազիլ: Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ Թել Աւիւ ի վերջոյ պիտի ստիպուի վերջ տալ պատերազմին: Միակ խոչընդոտը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի անձնական քաղաքական շահն է:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը 23 յունուարին` լաւատեղեակ աղբիւրներ մէջբերելով, հաղորդեց, որ Նեթանիահու իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներուն յայտնած է. «Իսրայէլ պատերազմը պիտի չդադրեցնէ Համասի պահանջածին նման գերիներու փոխանակման գործարքին ծիրին մէջ»:

Ան աւելցուցած է, որ եթէ համաձայն գտնուի պատերազմին վերջ տալուն, ապա պէտք է ստորագրել միջազգային երաշխիքներ, զորս կարելի չէ խախտել:

Ուշագրաւ ու հետաքրքրական է Իսրայէլի վարչապետին միջազգային անխախտելի երաշխիքներու ակնարկը: Անոնք մեծ հաւանականութեամբ Իսրայէլի անվտանգութեան պիտի առնչուին:

Այդ երկիրը 2006-ին Լիբանանի դէմ յուլիսեան պատերազմին պատճառով արդէն կորսնցուցած է իր անպարտելիութեան վաղեմի վարկը, եւ այդպիսի միջազգային երաշխիքներու ստորագրութիւնը առաւել ծանր հարուած պիտի հասցնէ ոչ միայն անոր վարկին, այլ նաեւ` կարգավիճակին: Արդարեւ, անիկա պիտի զրկուի ինքզինք պաշտպանելու կարող պետութեան մը կարգավիճակէն եւ պիտի դառնայ իր անվտանգութեան երաշխաւորման համար միջազգային երաշխիքներու կարօտ պետութիւն մը:

Այդ անկումը քաղաքական առումով աւելի հետաքրքրական, ուսանելի եւ նոյն ատեն վարկաբեկիչ կը դառնայ, եթէ նկատի ունենանք հետեւեալ իրողութիւնը. հանրայայտ «գաղտնիք» է, թէ Իսրայէլ հիւլէական ռումբի տէր պետութիւն է: Ճիշդ է, որ Իսրայէլ միշտ պաշտօնապէս հերքած է բոլորին ծանօթ այդ իրողութիւնը, սակայն Իսրայէլի ժառանգութեան նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Ամիխայի Էլիահու ականահարեց գաղտնապահութեան վաղեմի քաղաքականութիւնը, երբ 24 յունուարին Կազան հիւլէական ռումբով հարուածելու կոչ ուղղելով` «գաղտնազերծեց» եւ պաշտօնապէս հաստատեց այդ տեղեկութիւնը:

Հիւլէական ռումբը մինչեւ օրս չէր կարողացած այդ պետութիւնը պաշտպանել պաղեստինեան խմբաւորումներու յարձակումներէն, եւ Կազայի պատերազմի աւարտին Նեթանիահուի նշած միջազգային երաշխիքներու ստորագրութեամբ, Իսրայէլ պաշտօնապէս պիտի ամրագրէ այն իրողութիւնը, թէ հիւլէական ռումբ ունենալը երբեմն կրնայ բաւարար չըլլալ պետութեան մը անվտանգութիւնը կամ յաղթանակը երաշխաւորելու:

 

 

Նախորդը

Հաւաքական Խոցի Բեմականացումը

Յաջորդը

Բարի Ապաքինման Մաղթանք` Գէորգ Պէպէճեանին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?