Մտքեր- 2. Երբ Սանձերդ Կը Յանձնես Օտարներուն
ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Արցախի առաջին յաղթանակէն ետք (1994) պատմութիւնը մեզի` հայերուս, 26 տարի առիթ ընծայեց (մինչեւ սեպտեմբեր 2020) , որպէսզի կերտենք արդիական հզօր բանակ եւ նոր օրերու ռազմական արհեստագիտութիւն: Մեր հայրենի ղեկավարները այդ չըրին: Արդեօք անկարելի՞ էր: Արդեօք երկրին հարստութիւնները բաւարար չէի՞ն: Արդեօք մեր հայրենի ղեկավարները շարժեցան անձնակեդրո՞ն տրամաբանութեամբ: Յամենայն դէպս մեր հայրենի ղեկավարները այդ չըրին, եւ երկիրը 2020-ի քննութեան ներկայացաւ...




















