Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս Կը Գործէ Նշանի Լեզուն (Sign Language)

Փետրուար 6, 2024
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Դարեր շարունակ վատ լսողութիւն ունեցողներ կամ խուլ մարդիկ ուրիշներու հետ կապ հաստատելու համար կը վստահէին տեսողական նշաններուն: Հետզհետէ խուլ համայնքներուն մեծնալուն պատճառով, մարդիկ սկսան հիմնաչափել նշանները` մշակելով հարուստ բառապաշար եւ քերականութիւն մը, որոնք գոյութիւն ունին անկախ կերպով, բոլորովին տարբեր որեւէ այլ լեզուէ: Նշանի լեզուով ընթացող զրոյցի պատահական դիտորդը կրնայ զայն նկարագրել իբրեւ նազելի, տրամաթիք, կատաղի, կատակերգական կամ զայրացած` առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ամէն մէկ նշան:

Նշանի հարիւրաւոր լեզուներ կան: Այնտեղ, ուր կան խուլերու համայնքներ` կրնաք նկատել, որ անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին իւրայատուկ բառապաշարով եւ քերականութեամբ: Նոյնիսկ մէկ երկրի մէջ կրնաք հանդիպիլ տարածաշրջանային այլ տարբերակներու եւ բարբառներու, ինչպէս որեւէ խօսակցական լեզուի պարագային: Տարբեր տարածաշրջաններու մէջ անպայմանօրէն կը գտնէք մարդիկ, որոնք տարբեր ձեւով կը հաղորդեն նոյն հասկացութիւնը:

Այս մէկը կրնայ տարօրինակ թուիլ անոնց, որոնք չեն խօսիր նշանի լեզուով, բայց այն երկիրները, որոնք ունին նոյն խօսակցական լեզուն, պայման չէ, որ ունենան նոյն նշանի լեզուն: Ամերիկեան նշանի լեզուն (ASL) եւ բրիտանական նշանի լեզուն (BSL) զարգացած են իրարմէ անկախ, ուստի ամերիկացի խուլին համար շատ դժուար կամ նոյնիսկ անկարելի կը դառնայ անգլիացի խուլի հետ յարաբերիլը: Այնուամենայնիւ, ASL-ի նշաններուն մեծ մասը որդեգրուած է ֆրանսական նշանի լեզուէն (LSF): Այսպիսով, Ֆրանսայի մէջ ASL խօսողը կրնայ գրեթէ լիովի յարաբերիլ այնտեղ խուլերու հետ, թէեւ երկիրներու խօսակցական լեզուները բոլորովին տարբեր են:

Նշանի լեզուներու եւ խօսակցական լեզուներու միջեւ ուղղակի կապ չկայ. թէեւ կարելի է նշանի լեզուն թարգմանել խօսակցական լեզուի, ինչպիսին է անգլերէնը (եւ հակառակը), սակայն նման մեկնաբանութիւն բառացի թարգմանութիւն չի կրնար ըլլալ:

Նշաններու լեզուով խօսողներուն մեծ մասը լեզուն գիրքերէ եւ պատկերներէ սորվելու դժուարութիւն կը գտնէ: Անոնց համար որոշ հասկացութիւն մը ըսելու կամ յայտնելու ձեւը աւելի հասկնալի է` քան նշանը ինքնին: Նկարները չեն կրնար հիմնաւորել յստակ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու այն նրբութիւնները, որոնք կը բնորոշեն նշանի լեզուն, եւ երբեմն դժուար կ՛ըլլայ փոխանցել որոշ նշաններու պահանջուող շարժումները` առանց տեսերիզի կամ անհատական ցուցադրման:

Այս յօդուածով մենք հիմնականօրէն կը կեդրոնանանք ամերիկեան` Միացեալ Նահանգներու մէջ գերիշխող նշանի լեզուին վրայ:

 Նշանի լեզուի պատմութիւն

Ինչպէս նշուեցաւ նախորդ բաժինին մէջ, ASL-ի մէջ օգտագործուող շատ մը նշաններու ծագումը ֆրանսերէն նշանի լեզուէն կու գայ: 1800-ականներու սկիզբը, Թոմաս Հոփքինս Կալոտէ անունով խուլերու միջնորդ մը Ամերիկայէն Եւրոպա մեկնեցաւ` սորվելու համար լեզուի ուսուցման թեքնիքը: Անգլիոյ մէջ ան հանդիպեցաւ Ռոք-Ամպրուազ Քուքուրոնին եւ Ապէ Սիքարտին` Փարիզի խուլերու դպրոցի մը տնօրէնին: Կալոտէ Ապէ Սիքարտէն սորվեցաւ ուսուցման մեթոտներ եւ քանի մը նշաններ, զորս պէտք է օգտագործել խուլերու եւ լսողութեան խնդիրներ ունեցողներուն հետ: Կալոտէ համոզեց Լորան Քլերքը (Սիքարտի աշակերտներէն մէկը), որ ան օգնութիւն ցուցաբերէ Ամերիկայի մէջ խուլերու յատուկ դպրոց հիմնելու:

Շարլ Միշել տը Լ՛Էփէ իր Փարիզի հիմնարկին մէջ լսողութեան հարցեր ունեցողներու
կը դասաւանդէ: Ֆրետերիք Փեյսոնի 19-րդ դարու նկարը:

Կալոտէ եւ Քլերք հիմնած են Խուլերու ամերիկեան դպրոցը (ASD) 1817 թուականին Հարթֆորտի մէջ, Քընեքթիքթ: Դպրոցը համակցեց LSF-ի նշանները Ամերիկայի մէջ խուլ համայնքներու կողմէ օգտագործուող ձեւերուն հետ` ստեղծելու համար օրինաչափական նոր լեզու մը: Ժամանակի ընթացքին այս լեզուն վերածուեցաւ ASL-ի, որ ներկայիս կը նկատուի աշխարհի նշանի լեզուներու ամէնէն համապարփակներէն: Այսօր ASD համալսարանը կ՛ընդգրկէ միջնակարգ, կրտսեր աւագ եւ աւագ դպրոցներ:

Թոմաս Կալոտէի որդին` Էտուարտը, Ուաշինկթընի մէջ հիմնած է Կալոտէ համալսարանը: Կալոտէն խուլ եւ լսողութեան դժուարութիւն ունեցող ուսանողներու առաջին քոլեճն էր: Համալսարանը ունի տասնեակ մասնագիտութիւններու վկայականական ծրագիրներ աւելի քան 1500 ուսանողներու համար: Թէեւ ուսանողներու մեծ մասը խուլ կամ լսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարդիկ են, բայց եւ այնպէս դասարաններու մինչեւ 5 առ հարիւրը կրնայ բաղկացած ըլլալ լսողութեան հարցեր չունեցող ուսանողներէ: ASL-ը համալսարանի պաշտօնական լեզուն է, հակառակ անոր որ խուլ համայնքներուն միջեւ հակասութիւններ կան համալսարանի անձնակազմի եւ դասախօսներու ASL լեզուի հմտութիւններու մակարդակին շուրջ:

ASL-ի ուսանողները պէտք չունին թեքսթեր կարդալու կամ լսելու հմտութիւնները սորվելու` ատակ դառնալու համար: ASL-ը ունի իր քերականութիւնը, հնչիւնաբանութիւնը (խօսակցական լեզուներուն մէջ հնչիւնաբանութիւնը հնչիւններու ուսումնասիրութիւնն է, նշանի լեզուին մէջ` ձեռքի հիմնական ազդանշաններու եւ շարժումներու, որոնք կ՛ապահովեն բոլոր նշաններու հիմքը), շարահիւսութիւնը եւ ձեւաբանութիւնը (morphology) (խօսակցական եւ գրաւոր լեզուներուն մէջ, ձեւաբանութիւնը կ՛ուսումնասիրէ բառերու ձեւաւորումը հիմնական հնչիւններէն եւ բառերէն, իսկ նշանի լեզուին մէջ` հասկացութիւնները ձեռքի ազդանշաններով ու շարժումներով ներկայացնելու ձեւն է):

ASL-ը կարելի է մեկնաբանել որեւէ այլ լեզուով: Այդ սովորաբար գրուած չէ, հակառակ անոր որ կայ համակարգ մը, որ կը կոչուի SignWriting, որ նախատեսուած է ASL լեզուով խօսողներուն թոյլ տալու գրաւոր ձեւաչափով փոխանցել նշանները եւ դէմքի արտայայտութիւնները` առանց իրենց մտքերը այլ լեզուի թարգմանելու: Անգլերէն կարդալ սորվիլը կրնայ դժուար ըլլալ որոշ խուլ մարդոց համար, որովհետեւ ASL-ը եւ անգլերէնը նոյն ձեւով չեն կառուցուած: Անգլերէնը կ՛օգտագործէ բարդ կանոններ, որոնք կիրարկելի չեն ASL-ի պարագային: Լեզուն չլսելը նոյնպէս կրնայ մեծ դժուարութիւն հանդիսանալ կարդալ սորվիլ փափաքողներուն համար:

Նշանի Լեզուի Այբուբենը

Ամերիկեան նշանի լեզուն տեսողական լեզու է: Ան կը ներառէ նշաններ, դէմքի արտայայտութիւններ, գլխու շարժումներ, մարմնի լեզու եւ նոյնիսկ խօսողին շուրջ գոյացած տարածութիւնը: Ձեռքի նշանները լեզուին հիմքը կը կազմեն: Շատ նշաններ խորհրդանշական են, այսինքն նշանին մէջ կ՛օգտագործուի տեսողական պատկեր մը, որ կը ներկայացնէ ըսել ուզուածը: Օրինակ, ASL-ի մէջ «եղնիկ» բառը նշելու համար ձեռքերը պէտք է բարձրացնել գլխու երկու կողմերը, մատները տարածել` եղջիւրները ներկայացնելու համար: Գործողութիւնները յաճախ կ՛արտայայտուին ձեռքի ազդանշաններու միջոցով, որոնք կ’ընդօրինակեն հաղորդուող գործողութիւնը: Եթէ ուզէք նշել «ուտել» հասկացութիւնը, ապա ձեր մատները եւ ձեր գերիշխող ձեռքի բթամատը իրար կը միացնէք այնպէս, կարծէք ուտելիք պահած ըլլաք, այնուհետեւ ձեր ձեռքը կը տանիք դէպի ձեր բերանը:

Այբուբենը նշաններու կարեւոր շարք է: Տառերու որոշ ձեռքի նշաններ նման են համապատասխան տառի գրաւոր ձեւին: Երբ կ’օգտագործէք ձեռքի նշանները տառերը ներկայացնելու, բառը ուղղագրելու համար, այդ մէկը մատներով կ՛ընէք: Մատներով ուղղագրութիւնը օգտակար է անուններ փոխանցելու կամ մէկէ մը բան մը խնդրելու համար: ASL-ը կ՛օգտագործէ մէկ ձեռքով ազդանշաններ այբուբենի իւրաքանչիւր տառին համար (որոշ այլ նշանի լեզուներ կ՛օգտագործեն երկու ձեռքերը որոշ տառերու համար): Շատերը մատով ուղղագրութիւնը կը նկատեն ամէնէն դժուար խոչընդոտը, երբ կը սորվին նշանի լեզուն, որովհետեւ հմուտ հաղորդողները շատ արագ կերպով իրենց մատները կը շարժեն:

Ընթացիկ գործողութիւն մը արտայայտելու համար, ինչպիսին է «մտածելը», երկու անգամ անընդմէջ պէտք է ընել «մտածել» նշանը: ASL-ի որոշ նշաններ կրնան ծառայել որպէս գոյական կամ բայ` նայած, թէ ինչպէս նշանը ցոյց կու տաք: Ընդհանուր առմամբ, դուք ցոյց կու տաք բայը` օգտագործելով աւելի մեծ ձեռքի շարժումներ եւ գոյականը` օգտագործելով աւելի փոքր շարժումներ, որոնք կրկնակի կ՛ըլլան: Երբեմն այդ մէկը կրնայ շփոթ յառաջացնել: «Ուտելիքի» նշանը նոյն «ուտել»-ու նշանն է, բայց նոյն ձեւը կրկնապատկուած, սակայն «հիմա ուտելու» նշանը նոյնպէս կրկնապատկուած «ուտել»-ու նշան է: Այս պարագային նշանը ստացողը սովորաբար պէտք է գիտնայ, թէ խօսողը ինչ ըսել կ՛ուզէ` նկատի առնելով անոր նախադասութիւններու բովանդակութիւնը կամ շարժումներու չափը:

Թեքումներ

Գրեթէ որեւէ նշան թեքումներով կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Յօնքերը պռստելը, գլուխը թեքելը, այտերը փչելը կամ մարմինը շարժելը` ասոնք բոլորն ալ քանի մը ձեւեր են, որոնք կրնան ձեր ըսածին իմաստը փոխել: Որեւէ թեքում, որ չ՛ընդգրկեր ձեռքերը, կը կոչուի ոչ ձեռային նշան: ASL-ի հմուտ խօսող մը կրնայ շատ տեղեկութիւն փոխանցել միայն քանի մը շարժումի միջոցով` զուգորդուած ոչ ձեռային նշաններով:

Նշանները, յատկապէս գործողութեան նշանները փոփոխելու այլ միջոց են նշելու արագութիւնը կամ նշանը ուղղորդելը: Եթէ, օրինակ, «ուտել» նշանը շատ դանդաղ ընէք, կրնաք այդպիսով տեղեկացնել, որ երկար ժամանակ յատկացուցած էք «ուտել»-ու գործողութեան: Հասկացութիւնները ուղղորդելու համար նշանները կրնաք ուղղորդել որոշակի ուղղութեամբ` որոշակի իմաստ հաղորդելու համար: Եթէ կ՛ուզէք ստացողին փոխանցել «քեզի նուէր մը պիտի տամ» արտայայտութիւնը, ապա ստացողին ցոյց կու տաք «տալ» նշանը, որուն կը յաջորդէ «նուէր» նշանը: Այստեղ պէտք չկայ «ես» կամ «քեզի»-ի նշաններ ընել, որովհետեւ նշանները ուղղորդուած են:

Նշանի լեզուի բառեր եւ քերականութիւն

ASL լեզուի պարագային նախադասութիւններու մէջ կ՛օգտագործուի թեմայի մեկնաբանութեան կառուցուածքը (topic comment structure): ASL լեզուի նախադասութեան «թեմա»-ն նման է անգլերէնի նախադասութեան «ենթակայ»-ին: Նախադասութեան առարկան որպէս թեմա օգտագործելը կը կոչուի թեմականացում: Յաճախ ASL նախադասութեան «թեմա»-ն դերանուն մըն է, օրինակ` ես, դուն, ինք կամ ան: ASL խօսողը կրնայ նշել ենթակայական դերանունը նախադասութեան սկիզբը, վերջաւորութեան կամ երկուքը միատեղ: Օրինակ, եթէ ըսել ուզէ «Ես պաշտօնեայ եմ» ASL-ով, կրնայ նշել «Ես պաշտօնեայ», «Պաշտօնեայ ես» կամ «Ես պաշտօնեայ ես»: Երեքն ալ քերականականօրէն ճիշդ են ASL-ի մէջ:

ASL նախադասութեան մեկնաբանութիւններու բաժինը նման է անգլերէն նախադասութեան ստորոգիչին. այն ինչ որ բան մը դիտել կու տայ թեմայի վերաբերեալ: Այստեղ կրնաք հանդիպիլ քերականական երրորդ տարրի մը, որ աւելցուած է ASL նախադասութեան կառուցուածքին` ցոյց տալու համար անոր ժամանակը: Կախուած անկէ, թէ ինչի՛ մասին կը փորձէք հաղորդակցիլ եւ ի՛նչ ոճով սովոր է ձեր ստացողը տեսնել, կրնաք փոխել ձեր նշաններու հերթականութիւնը` յստակ դարձնելու համար: ASL-ի քերականութիւնը խիստ չէ, երբ խօսքը կը վերաբերի նախադասութեան ժամանակի, թեմայի եւ մեկնաբանութիւններու բաժիններու նշման: Նախադասութեան աւարտին նախադասութեան ժամանակը արտայայտելը կրնայ շփոթ յառաջացնել. խօսողներէն շատերը կը խուսափին անկէ:

Պէտք է միայն զրոյցի սկիզբը սահմանել նախադասութեան ժամանակը: Եթէ կ՛ուզես երկար պատմութիւն մը պատմել երէկուան ըրածիդ մասին, ապա քու առաջին նախադասութեանդ սկիզբը կը նշես «երէկ»-ը եւ կը շարունակես այդպէս: Ժամանակը նշելէ ետք ձեր խօսակիցները կը գիտնան, որ ձեր բոլոր նշածները կը պատկանի այդ նոյն ժամանակին` մինչեւ նոր ժամանակ նշուիլը:

Ժամանակները կրնան տարբեր ըլլալ` կախեալ անկէ, թէ ե՛րբ տեղի կ՛ունենայ զրոյցը: Անգլերէնի պարագային դուք կրնաք ըսել «Ես այսօր կէսօրին ճաշարանէ մը ներս պիտի ճաշեմ» կամ «Այսօր ես ճաշեցի ճաշարանէ մը ներս»: ASL-ով դուք կը նշէք «հիմա կէսօրէ ետք ես ճաշ ուտեմ», եւ ձեր խօսակիցը կը հասկնայ ժամանակը, ըստ տեղւոյն ժամանակի: Եթէ անոր հետ առաւօտեան ժամերուն կը խօսիք, անոնք կը հասկնան, որ դուք կը խօսիք ապագայ ծրագիրներու մասին: Միւս կողմէ, եթէ դուք գիշերը խօսէիք, անոնք կը հասկնան, որ դուք կը խօսիք անցեալի կատարած ձեր առաջադրանքներուն մասին:

Շարք մը իրադարձութիւններու մասին խօսելու համար ASL խօսողները կրնան օգտագործել տեղւոյն տարածութիւնը` նշելու համար նախադասութեան ժամանակը: Մարմնին մօտ գտնուող նշանները ցոյց կու տան իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են վերջերս կամ տեղի կ՛ունենան շուտով, մինչդեռ աւելի հեռու գտնուող նշանները ցոյց կու տան իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են շատոնց` հեռու անցեալին, կամ հետագային:

ASL-ը չ՛օգտագործեր էական բայի որեւէ տեսակ: ASL խօսող մը չ՛ըսեր «Ես անօթի եմ», այլ անոնք կը նշեն «Ես անօթի»` գլուխը հակելով: «Ես անօթի չեմ» ըսելու համար պէտք է գլուխը ցնցելով նշել «Ես անօթի»: Ընդհանրապէս, նախադասութիւնը նշած ժամանակ գլուխը կը հակեն հաստատելու եւ կը ցնցեն` հերքելու համար: ASL խօսողները կ՛օգտագործեն էական բայերը միայն երբ խօսին այդ տեսակի բայեր ունեցող լեզուներուն մասին (անգլերէն, ֆրանսերէն, հայերէն, եւն.):

Եթէ ASL կը խօսիք եւ կը փափաքիք նշել որոշակի անձ մը որպէս ձեր նախադասութեան ուղիղ խնդիր, կրնաք օգտագործել ձեր ցուցամատը: Ձեր ցուցամատով կը նշէք ներկայ գտնուող անձը (Բ. դէմք) կամ կրնաք ցոյց տալ մէկու մը, որ հոն չէ (Գ. դէմք): Սենեակին մէջ բացակայ մէկու մը մասին խօսելու համար նախ կը նշէք այդ անձին անունը, այնուհետեւ կը յատկացնէք իրեն համար ձեր տարածքին մէկ մասը` այդ անձը ներկայացնելու համար: Այդ պահէն սկսած, երբ դուք ցուցամատով նշէք այդ տարածքը, մարդիկ, որոնց հետ կը խօսիք, կը գիտնան, որ դուք կը խօսիք նոյն այն անձին մասին, որուն ինքնութիւնը քիչ առաջ հաստատած էիք:

Կրնաք կէտադրել նախադասութիւնները ASL-ով` ընդհատումներու եւ դէմքի արտայայտութիւններու միջոցով: Հարցումները կրնաք կէտադրել հարցման նշան նշելով,- թէեւ խօսողներու մեծ մասը կը փարի դէմքի արտայայտութիւններ օգտագործելու` նշելու համար, որ իրենց ըսածը հարցում մըն էր: Օրինակ, խօսակիցին հարցնելու համար` «Դուն ժապաւէններ կը սիրե՞ս», խօսողը կը նշէ «Դուն սիրես ժապաւէններ» եւ յօնքերը կը բարձրացնէ:

Նշանի լեզուի կարգուձեւ

Երբ կը հետեւիք ASL-ի լեզուով խօսակցութեան մը, պէտք է սպասել, որ խօսողը աւարտէ իր նշումները եւ նայի ձեզի` նշելով, որ այժմ ձեր կարգն է խօսելու: Երբեմն խօսողը հայեացքը իր հետեւողներէն այլ կողմ կ՛ուղղէ` մտածելով յաջորդ ընելիք իր նշանի մասին: Հեռու նայիլը ցուցանիշ մըն է, որ խօսնակը տակաւին իր խօսքը չէ աւարտած եւ շուտով կը շարունակէ:

Երբեմն խօսակիցը կողմ կը նայի, երբ խօսողը նշումներ կ՛ընէ կամ կը սկսի ինք խօսիլ` փաստօրէն ընդհատելով խօսնակին խօսքը: Սովորաբար նման զրոյցի ժամանակ մարդիկ պէտք է լաւ վերաբերմունք ունենան միմեանց հետ, հակառակ պարագային նման պահուածք կրնայ վիրաւորական ըլլալ: Բուռն քննարկումներն ու վէճերը յաճախ կը ներկայանան այս մարտավարութեամբ:

Ըստ դոկտոր Պիլ Վիքըրսի (նախագահ ընկերութեան մը, որ ամերիկեան նշանի լեզուի ծրագիրներու մշակման եւ ուսուցման ձեւերուն վրայ կը կեդրոնանայ), եթէ պէտք ըլլայ, կոպիտ չէ անցնիլ երկու խուլերու մէջէ, որոնք կը հաղորդակցին նշանի լեզուով, բացի եթէ կը վարանիք կամ ուշադրութիւն կ՛ուզէք հրաւիրել ձեր վրայ: Աւելի լաւ է քալել հաստատուն, եւ այդ մէկը առիթ կ՛ընծայէ խօսողներուն շարունակել իրենց խօսակցութիւնը նուազագոյն ընդհատումներով:

Որոշ ASL խօսողներ իրենց խօսքին մէջ կը ներառեն նշաններ, որոնք այլ նշանի լեզուներէ են: Այլ ASL խօսողներ կը փորձեն խուսափիլ նման նշաններ օգտագործելէ` կարծելով, թէ այդ մէկը կը թուլացնէ լեզուն: Դոկտոր Վիքըրս կը նկարագրէ ASL-ի ուսուցման երկու մօտեցում` յանձնարարական եւ նկարագրական մօտեցում: Այն ուսուցիչը, որ կը թելադրէ իր ուսանողներուն չօգտագործել որոշակի նշան մը, ան յանձնարարական խումբին կը պատկանի. ան կը դասաւանդէ ASL` ըստ իր համոզմունքին, որ լեզուն պէտք է մաքուր մնայ առանց այլ լեզուներու ազդեցութեան: Այն ուսուցիչը, որ ցոյց կու տայ իր ուսանողներուն խուլերու համայնքներու մէջ ներկայիս օգտագործուող նշանները, անկախ անկէ` թէ անոնք մաքուր ASL բառապաշարի եւ քերականութեան մաս են, թէ ոչ, կ’օգտագործէ նկարագրական մօտեցումը:

Մանկական նշանի լեզու

Թէեւ նշաններու լեզուն հիմնականին մէջ կ՛օգտագործուի որպէս հաղորդակցութեան միջոց լսողութեան հարցեր ունեցող կամ խուլ մարդոց հետ եւ իրենց միջեւ, բայց եւ այնպէս կան նաեւ անոր այլ կիրարկումներ: Վերջերս ծնողներն ու ուսուցիչները կ՛օգտագործեն նշանի լեզուն` որպէս միջոց` պզտիկ, տակաւին չխօսկան մանուկներու լեզուական հմտութիւններ սորվեցնելու համար: Որոշ ծնողներ նոյնիսկ կը սկսին սորվեցնել նշանի լեզուն, երբ իրենց զաւակները տակաւին երեխաներ են:

Ըստ Signing With Your Baby կայքէջի` ծնողները կրնան սկսիլ նշանի լեզուն սորվեցնել իրենց երեխաներուն, երբ անոնք վեց ամսու են, թէեւ կրնայ ամիսներ տեւել, մինչեւ երեխայի առաջին նշանը ընելը: Երեխաներէն շատերը սկիզբը կրնան տիրապետել բառապաշարի տասնեակ կամ աւելի բառերու: Երբ երեխան կը սորվի նշաններու իմաստը, ան յաճախ զինք շրջապատող ամէն ինչի նշանները կ՛ուզէ սորվիլ: Բազմաթիւ ծնողներ պահ մը կը նկատեն, որ իրենց երեխային փափաքը` շատ նշաններ սորվելու, կտրուկ կերպով կ՛աճի:

Շատ ծնողներ կը կեդրոնանան կարիքներու վրայ հիմնուած նշաններու ուսուցման վրայ: Անոնց փիլիսոփայութիւնն այն է, որ երեխան արագ կը սորվի, թէ ինչպէս պէտք է հաղորդակցիլ յատուկ եւ անմիջական կարիքներու համար` նուազեցնելով ջղագրգռութիւնը թէ՛ երեխային, թէ՛ ծնողներուն համար: Ընդհանուր կարիքներու վրայ հիմնուած նշաններէն են «աւելին», «ուտել» կամ «խմել»: Ծնողները կրնան նաեւ նշաններ սորվեցնել իրենց երեխաներուն` հիմնուելով երեխան հետաքրքրող բաներու վրայ: Եթէ նկատէք, որ երեխան գրաւուած է արջուկով, ապա կրնաք երեխային սորվեցնել արջի նշանը: Երկու ակնյայտ նշաններ, որոնք կը պատկանին նաեւ այս տեսակի նշաններուն, «մամա»-ն եւ «պապա»-ն են:

Որոշ մարդիկ կը մտահոգուին, որ նորածիններուն նշանի լեզու սորվեցնելը կը խանգարէ խօսիլ սորվելու անոնց ունակութիւնը: Փորձագէտներ, ինչպիսիք են Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի դոկտորներ Սիւզան Վ. Կուտուին եւ Լինտա Բ. Ագրետոլօ, լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ կատարած են` պարզելու նշանի լեզուի ուսուցման ազդեցութիւնը խօսքի զարգացման վրայ: Անոնք գտած են, որ այն երեխաները, որոնք սորված են նշանի լեզուն, զարգացուցած են աւելի առաջացեալ լեզուական հմտութիւններ եւ ներգրաւուած են աւելի բարդ ընկերային փոխազդեցութիւններու մէջ, քան այն երեխաները, որոնք սորված են հաղորդակցիլ միայն խօսքի միջոցով: Մասնագէտները խորհուրդ կու տան ծնողներուն նշաններով խօսիլ իրենց երեխաներուն հետ, որպէսզի երեխան հասկնայ, որ ե՛ւ նշանը, ե՛ւ ըսուած բառերը կը ներկայացնեն նոյն հասկացութիւնը:

Աղբիւր` Howstuffworks.com

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հաւաքական Խոցի Բեմականացումը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?