Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Ստեփանեան Եւ Արտակ Բեգլարեան Քոնկրեսին Մէջ Ներկայացուցին Արցախահայութիւնը Յուզող Հարցերը Եւ Անոր Ձգտումները

Փետրուար 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոսթայի հետ

Քոնկրեսի շէնքին մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն մասնակցեցան նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճէյմզ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան ներկայացուցին  Արցախի ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքները, ազգային շահերը եւ ժողովրդավարական ձգտումները:

«Մենք հոս ենք պահանջելու ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու` Արցախի գաղթականներուն իրաւունքը. տուներ, որոնք շատ պարագաներու հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր բնակեցուած եղած են իրենց ընտանիքներուն կողմէ», յայտարարեց Շըրմըն:

Շըրմընի հետ

Ան ընդգծեց Ամերիկայի կողմէ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն տրամադրելը սահմանափակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` Արցախի ցեղային զտումներուն համար Ալիեւի վարչակազմին դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով Ալիեւի սուր հռետորաբանութեան, որ նոյնիսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ազրպէյճանական տարածք է, Շըրմըն յորդորեց Պայտընի վարչակազմը` ինքնապաշտպանութեան զինամթերք տրամադրել Հայաստանին` «Պաքուի ծրագրած յաջորդ ողբերգութեան առաջքը առնելու համար»: Եզրափակելով իր խօսքը եւ պատասխանելով Ալիեւի այն պնդումին, որ իր հիմնական թշնամիները աշխարհի հայերն են, ան ըսաւ. «Ես ձեզի համար նորութիւն ունիմ, պարո՛ն Ալիեւ: Ձեր գլխաւոր թշնամիները աշխարհի բոլոր մարդիկն են, որոնք կը հաւատան ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներուն եւ արդարութեան»:

Դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտումները` քոնկրեսական Քոսթա նշեց, որ Ամերիկա յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն պէտք է տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան, եւ շեշտելով` ըսաւ. «Պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկենք Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ոչ միայն ցեղային զտումներու, այլ նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան համար»: Ան աւելցուց, թէ Հայաստանի հասցէին հնչեցուած Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն պէտք է լրջութեամբ մօտենալ, եւ ան կոչ ըրաւ յստակ քայլեր որդեգրելու`  ապահովելու համար Պաքուի կողմէ անօրինական կերպով պատանդ պահուող Արցախի ղեկավարներու եւ հայ ռազմագերիներու վերադարձը:

Շըրմընի եւ Հայ դատէն Թերեզա Երիմանեանի հետ

Իրենց կարգին, Ստեփանեան եւ Բեգլարեան վկայութիւններ ներկայացուցին Արցախի տասը ամիս տեւած շրջափակման դաժան իրողութիւններուն մասին, որոնք գագաթնակէտին հասան սեպտեմբերի ցեղասպանական յարձակումով, որուն իբրեւ հետեւանք` Արցախը բռնի կերպով դատարկուեցաւ: Անոնք նաեւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցին արցախահայութեան դէմ Ազրպէյճանի կանխամտածուած յարձակումներուն մասին, որոնք առաջնորդեցին ցեղասպանութեան:

Արցախցի հիւրերը նաեւ կարեւոր համարեցին Ամերիկայի կողմէ Ազրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելը` Արցախի ցեղասպանութեան համար եւ շեշտեցին յատկապէս հետեւեալ քայլերը.

– Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու սահմանում` ռազմական ոճիրներուն եւ ցեղային զտումներուն համար,
– Ամերիկեան օժանդակութիւն` Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան եւ բռնի տեղահանուած հայերու ապահով վերադարձի երաշխաւորում:
– Ամերիկեան եւ միջազգային յաւելեալ ջանքեր` ապահովելու համար գերի պահուող Արցախի ղեկավարներուն եւ ապօրինաբար պահուող բոլոր ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը,
– Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւն:

Ստեփանեան եւ Բեգլարեան ընդգծեցին, որ առանց Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքի իրականացման միջազգային ջանքերու եւ առանց կատարուած յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան` տարածաշրջանին մէջ անկարելի է կայուն խաղաղութիւն հաստատել:

Անոնք նաեւ ընդգծեցին, որ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հրահրուած համակարգային հակահայկական ատելութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ ապահովելու համար հակամարտութեան կայուն կարգաւորումը եւ տարածաշրջանին կայունութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Արսենալ – Լիվըրփուլ. Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Ինթեր – Եուվենթուս

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?