Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ն 76 Թեր Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց` Ազրպէյճանը Արտաքսելու

February 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Օրէ օր օղակը աւելի կը սեղմուի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պարանոցին շուրջ: Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել 22 յունուարին զգուշացուց Ազրպէյճանը` ըսելով, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում «լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ: 17 յունուարին Ֆրանսայի ծերակոյտը 336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ բանաձեւ ընդունեց` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին: 18 յունուարին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով հրապարակաւ հակադարձեց Ալիեւի բազմիցս հնչեցուցած պահանջներուն, թէ Հայաստան Ազրպէյճանին «միջանցք» պիտի տրամադրէ «Զանգեզուրով»: Լաւրով ըսաւ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին որեւէ յիշատակում չկայ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 10 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրած համաձայնագիրին մէջ:

Վերջին հարուածը Ազրպէյճանին հասցուեցաւ անցեալ շաբաթ` Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ, որ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ մերժեց Ազրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները, այսպիսով, առնուազն մէկ տարիով արգիլելով Պաքուի մասնակցութիւնը իր նիստերուն: 24 յունուար 2024-ին ԵԽԽՎ պատուիրակները 76 կողմ, 10 դէմ եւ չորս ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ որոշեցին դուրս դնել Ազրպէյճանը:

ԵԽԽՎ-ի ընդունած բանաձեւին մէջ արձանագրուած է. «Շատ լուրջ մտահոգութիւններ կը մնան` ազատ եւ արդար ընտրութիւններ ունենալու (Ազրպէյճանի) կարողութեան, իշխանութիւններու տարանջատման, գործադիրի նկատմամբ օրէնսդիր մարմինի թուլութեան, դատական իշխանութեան անկախութեան եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու առումով, ինչպէս որ ցոյց տրուած է Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի բազմաթիւ վճիռներով եւ «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» Եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) կարծիքներով»: ԵԽԽՎ յիշեցուցած է իր նախորդ բանաձեւերը, որոնք կը վերաբերէին Ազրպէյճանի հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներու, որոնց շարքին` ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութեան, կազմակերպուած յանցաւորութեան, փտածութեան եւ դրամի լուացման, քաղաքական բանտարկեալներուն, հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութեան սահմանափակումներուն,  մարդոց իրաւունքներու ոտնակոխման, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռներու չկիրարկման, անդրազգային բռնաճնշումներուն` իբրեւ օրէնքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու աճող սպառնալիք, «Փեկասուս» (Pegasus) ու նմանատիպ լրտեսական ծրագիրներու եւ պետական գաղտնի հսկողութեան, ինչպէս նաեւ առնուազն 18 Ազրպէյճանցի լրագրողներու եւ լրատուական միջոցներու` ներկայիս կալանքի տակ գտնուող գործիչներու գործերուն: ԵԽԽՎ եզրակացուց, որ` «Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելէ աւելի քան 20 տարի անց Ազրպէյճան չէ կատարած (իր) հիմնական պարտաւորութիւնները»:

Անդրադառնալով Արցախին` ԵԽԽՎ յիշատակեց 2023-ի իր զեկոյցը, ուր կը մատնանշուէր, որ` «Ազրպէյճան չ՛ընդունիր մարդասիրական եւ մարդկային իրաւունքներու շատ լուրջ հետեւանքները, որոնք կը բխին Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի բացակայութենէն… որ տեւած է մօտաւորապէս 10 ամիս»: ԵԽԽՎ նաեւ դատապարտեց «2023 սեպտեմբերին ազրպէյճանական բանակին կողմէ իրականացուած ռազմական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հայ բնակչութեան փախուստին դէպի Հայաստան, եւ` «ցեղային զտումներ»-ու մեղադրանքներ»-ու:

ԵԽԽՎ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանի` «Մոնիթըրինկի յանձնաժողովի զեկուցողներուն հետ չհամագործակցելու համար, որոնց թոյլ չեն տուած տեսակցիլ ենթադրաբար քաղաքական դրդապատճառներով կալանաւորուած մարդոց հետ»: ԵԽԽՎ նոյնպէս չէ հրաւիրուած «դիտարկելու յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները` հակառակ նման հրաւէր ուղարկելու Ազրպէյճանի պարտաւորութեան, քանի որ երկիրը կը գտնուի մոնիթըրինկի ընթացակարգի մէջ»: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան երեք անգամ մերժած էր ԵԽԽՎ-ի կողմէ զեկուցողին այցելութիւնը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով, անտեսելով Ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններու բազմակի խախտումները, դատապարտած է ԵԽԽՎ-ի որոշումը: Այսուամենայնիւ, ան խոստովանեցաւ, որ Ազրպէյճան արտաքսուած է Արցախ ներխուժման պատճառով, ինչ որ ան որակեց իբրեւ «Ազրպէյճանի կողմէ  իր ինքնիշխանութեան վերականգնում»-ը:

Թէեւ Ազրպէյճան կ՛անտեսէր միջազգային իրաւունքի իր բոլոր խախտումները, ներառեալ` Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի բազմաթիւ վճիռները եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին վճիռները, այս անգամ Պաքու ծայրայեղօրէն բացասական արձագանգեց: ԵԽԽՎ-ի մէջ ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ իրենց երկիրը որոշած է` «մինչեւ հետագայ ծանուցումը դադրեցնել իր ներգրաւուածութիւնը եւ  ներկայութիւնը ԵԽԽՎ-ի մէջ»: ԵԽԽՎ-էն Ազրպէյճանին դուրս գալը ոմանք, անոր արտաքսուելէն ետք,  համեմատած են 1933-ին, Ազգերու լիկայէն նացիստական Գերմանիոյ դուրս գալուն հետ:

ԵԽԽՎ-ի քուէարկութիւնը ճնշող մեծամասնութեամբ, դէմ էր Ազրպէյճանին, քանի որ միայն ինը թուրք եւ մէկ ալպանացի պատուիրակներ քուէարկեցին Ազրպէյճանի օգտին: Նոյնիսկ թրքական պատուիրակութենէն մէկը դէմ քուէարկեց Ազրպէյճանի: Մինչդեռ 28 երկիրներու 76 պատուիրակներ, որոնց շարքին` բոլոր չորս հայ պատուիրակները, քուէարկեցին Ազրպէյճանը արտաքսելու օգտին:

ԵԽԽՎ-ի մէջ Ազրպէյճանի կորուստը կը բխի Հայաստանի շահերէն.

1) Ազրպէյճանի վարկը ա՛լ աւելի արատաւորուեցաւ ԵԽԽՎ-էն հեռանալէն ետք` բացայայտելով  մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ անոր բազմաթիւ խախտումները եւ եւրոպական արժէքներու բացայայտ անտեսումը:
2) Պաքուն այժմ զրկուած է ԵԽԽՎ-ի միջոցով Եւրոպայի մէջ իր խնդիրները բարձրացնելու կարելիութենէն:
3) Ազրպէյճան այլեւս չի կրնար քննադատել Հայաստանը` ԵԽԽՎ-ի նիստերու ընթացքին:
4) ԵԽԽՎ-ի նիստերուն Ազրպէյճան չի կրնար քուէարկել յօգուտ իր շահերուն եւ ընդդէմ Հայաստանի շահերու:

Միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս` արեւմտեան երկիրները, բաւական երկար ժամանակ շփացուցած է Ազրպէյճանը` կուրցած ըլլալով Պաքուի նաւթի ու կազի հսկայական պաշարներէն: ԵԽԽՎ-էն հեռացուելէն ետք, հիմա ալ պէտք է Ազրպէյճանը արտաքսել Եւրոպական խորհուրդէն:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ, Ծովէ Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…

Յաջորդը

«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.