Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Ապաքինման Մաղթանք` Գէորգ Պէպէճեանին

Փետրուար 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Պարոն Զաքարին (Քէշիշեան) Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը ղեկավարած տարիներուն, ես ալ շատերուն նման կը վայելէի երգարուեստի եւ հայկականութեան ամբողջ մշակոյթ մը, որ առիթէ առիթ յիշողութիւնս կը գրգռէ եւ յաճախ կ՛արթնցնէ գեղեցիկ յիշատակներ:

Քանի մը օր առաջ, մեքենայական գործ մը կատարելու ժամանակ, սկսայ անզգալաբար քիթիս տակէն երգել «Ապրիլ, կրկին ապրիլ» երգը: Յիշեցի, թէ որքա՜ն սիրած էի երգը` մանաւանդ մեներգողին հանդիպելնէս ետք: Լիբանանահայ Վարդան Թաշճեանի գրիչով եւ մեր սիրելի ղեկավար Զաքար Քէշիշեանի յօրինումով ստեղծագործուած այս կտորը պիտի մեներգէր Գէորգ Պէպէճեանը` երբ մենք, «Կարկաչ»-ականներս, պիտի միանայինք կրկներգին`

«Ապրիլ, կրկին ապրիլ
Գարուն կը բուրէ հայոց գարնան նշենին
Աչքերս յառած Սուրբ Արարատին
Ապրիլ, կ՛ուզեմ ապրիլ»:

Ըստ սովորութեան, պարոն Զաքարը նոր երգ մը սորվեցուցած ժամանակ կը ներկայացնէր նաեւ երգին պատմութիւնը, գրողը եւ երաժիշտը: Այս անգամ ծանօթացուց նաեւ երգիչը` Գէորգ Պէպէճեանը, զայն անուանելով «հայերուն Փաւարոթին»: Վստահ չեմ նմանութիւնը ձայնի՞ն, թէ՞ տեսքին ակնարկ մըն էր, սակայն հաստատ, որ այդ օրէն ետք Գ. Պէպէճեանն ու Փաւարոթին միտքիս մէջ միացան` մանաւանդ, երբ այս դէպքէն ետք ինծի համար աչքառու դարձաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագներուն սուրբ հաղորդութեան պահուն դասին մէջ կանգնած Պէպէճեանի «Ասացէ՛ք մեղայ Աստուծոյ» շարականին մեկնաբանութիւնը:

Վերջերս իմացանք, որ Գէորգ Պէպէճեան` արկածի ենթարկուելով, յատուկ խնամքի բաժանմունքին մէջ կը գտնուի: Այս գրութիւնը թող բարի ապաքինման մաղթանք մը ըլլայ Պէպէճեանին, եւ բոլորովին տարբեր առիթով գրուած երգին բառերը զինք վերադարձնեն կեանքին:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահուի Նշած Միջազգային Երաշխիքներու Ստորագրութեան Նշանակութիւնը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?