Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

Փետրուար 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆ

Վերջերս կրկին «Մեր հայրենիք»-ին ոչ հայկական ըլլալու մասին աղմուկներ կը լսուին Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատու դէմքերու կողմէ: Մանաւանդ այս դժուար օրերուն, կորուստներով լի մեր իրականութեան մէջ օրհներգի քննարկումը մեր վերջին հոգը պէտք է ըլլայ: Բայց իմ տեսութիւնը կրկին կը տեղադրեմ փաստերով, պարզապէս` որպէս ճշմարտութիւն:

Օրհներգը կարելի է սիրել կամ չսիրել: Բայց սխալ տեղեկութիւններ տալ օրհներգին «օտարածին» ըլլալու մասին, անընդունելի է:

«Մեր հայրենիք»-ի ծագման մասին. բառերը անշուշտ գրած է յեղափոխաշունչ բանաստեղծ Միքայէլ Նալբանդեանը (Կոմս Էմմանուէլ ծածկանունով): Իսկ ո՞վ գրած է մեղեդին (եղանակը):

Մեղեդին առաջին անգամ կը յայտնուի Եզնիկ քհնյ. Երզնկեանի մանկական երգերու երգարանին մէջ, 1880-ին: Արդեօք ի՞նքն էր յօրինողը (երգահանը), յայտնի չէ: Երգը` որպէս դաշնամուրի կտոր («Հայկական պոպուրի» անունով), մշակուած է հայ յօրինող եւ Կոմիտասի առաջին ուսուցիչ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի կողմէ եւ տպագրուած է Մոսկուայի մէջ 1883-ին: Իսկ 1885-ին Թիֆլիսի «Արծրունու թատրոն»-ին մէջ Կարա Մուրզայի երգչախումբը առաջին անգամ ըլլալով կատարած է իր երգչախմբային մշակումը` որպէս «Իտալացի աղջկայ երգը»:

Ի՞նչ կը սորվինք այս փաստերէն:

Բոլորովին սխալ է այն տեսութիւնը, որ «Մեր հայրենիք»-ի մեղեդին բանագողութիւն է ռուս յօրինող Գլազունովի «Ռայմոնդա» պալէի երրորդ արարի «Հունգարական շքերթ»-էն: Գլազունովը իր պալէն գրած է 1896-ին, եւ փաստը կը մնայ փաստ, որ հայկական երգը արդէն աւելի քան տասնհինգ տարիէ կ՛երգուէր, երբ Գլազունովը նոր սկսած էր գրել իր պալէն: Եւ եթէ բանագողութեան մէջ պէտք է անպայման մէկը մեղադրել, այն նոյնինքն Գլազունովն է:

Հայ մեծատաղանդ յօրինող Բարսեղ Կանաչեանը ծնած է 1885-ին, այսինքն` նոյն տարին, երբ Կարա Մուրզան «Մեր հայրենիք»-ի (առաջին ներկայացումը) կ՛ընէր Թիֆլիսի մէջ: Կանաչեան ենթադրաբար մեղեդին վերամշակած է 1920-1930 տարիներուն:

Այս մեղեդիին Իտալիոյ հետ միակ կապակցութիւնը, հաւանաբար, Նալբանդեանի բանաստեղծութեան վերնագիրն է` «Իտալացի աղջկայ երգը». այստեղէն կու գայ այն շփոթութիւնը, թէ երգը իտալական է:

Կը կարծեմ, որ Նալբանդեանի այս բանաստեղծութիւնը շատ տարածուած ըլլալով Կովկասի հայերու մէջ` մեղեդին ծնունդ առած է հայ ժողովուրդի ընդմէջէն` որպէս այդ բանաստեղծութեան բառերու հետ յարմարող ազգային-ժողովրդական երգ, ի վերջոյ մշակուելով եւ առաջին անգամ  ներկայացուելով Կարա Մուրզայի կողմէ: Իսկ տարիներ ետք Կանաչեանը պարզապէս վերամշակած է, եւ ի դէպ, ոչ մէկ ատեն ըսած է, որ ինքն է «Մեր հայրենիք»-ի յօրինողը:

Իսկ օրհներգերու լաւ կամ վատ ըլլալը, ինչպէս նաեւ օրհներգի երաժշտական որակի մասին, կամ մեղեդիին հայկականութեան կամ ոչ հայկականութեան մասին քննարկումները, ըստ իս, քիչ մը անիմաստ են:

Բազմաթիւ օրինակներ կան, երբ տուեալ երկրի օրհներգը, նոյնիսկ երբ իսկապէս օտարածին է, երբեք չէ փոխած օրհներգին կարեւորութիւնը: Երկու օրինակ. Իսրայէլի «Հաթիքվա»-ն, որ պաշտելի է հրեաներուն համար, մեղեդին զուտ ռումանական է, իսկ յօրինող Պետրիխ Սմետանան զայն գործածած է իր «Մոլտաու» հռչակաւոր կտորին մէջ:  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհներգի (Star Spangled Banner) մեղեդին անգլիական գինետան երգ եղած է: Այս բոլորը բնաւ արգելք չեն հանդիսացած, որ երգերը պատմութիւն կերտեն եւ խորհրդանիշները դառնան իրենց երկիրներուն համար:

Կասկած չունիմ, որ մենք` հայերս, ունինք շատ գեղեցիկ երգեր, որոնք կրնան հիանալի հնչել որպէս օրհներգ: Բայց ինծի համար օրհներգն այն մասին է, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշէ անիկա մեր պատմութեան մէջ (անիկա ի վերջոյ խորհրդանիշ է, ինչպէս` դրօշը եւ զինանշանը,  եւ ոչ թէ` երաժշտական ճաշակի մրցոյթ): Եւ կասկած չկայ, որ թէ՛ 19 -րդ դարավերջի ազգային ազատագրական պայքարի ընթացքին, թէ՛ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, թէ՛ 1918 -ին առաջին անկախութեան ստեղծման եւ գոյացման եւ թէ՛ 1988 -ին անկախութեան շարժման եւ Արցախի ազատագրման ժամանակ «Մեր հայրենիք»-ը այն երգն էր, որ կը միաւորէր բոլորը` պատերազմ գացող զինուորներն ու ժողովուրդը: Պատմութիւն կերտուած է «Մեր հայրենիք»-ով: Իսկ 1920-ին, Հայաստանը անկախութիւնը կորսնցնելէն ետք, սփիւռքի մէջ, գոնէ` հայերու յաջորդող սերունդներու մեծամասնութիւնը, (մինչ Հայաստանը դեռ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ էր) եռագոյն դրօշը, հայկական զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք»-ը հայը հայ պահեցին եւ ստիպեցին հաւատալ, որ օր մը Հայաստանը կրկին ազատ եւ անկախ կ՛ըլլայ:

Ահա սա՛ է օրհներգին մասին իմ տեսութիւնս:

——————

Սէրուժ Գրաճեանը թորոնթոհայ դաշնակահար եւ երգահան է: Ան «Ճունօ» մրցանակի մրցանակակիր է եւ «Կրեմի» մրցանակի առաջադրուած է: Քանատայի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ աշխարհահռչակ ֆիլհարմոնիկ նուագախումբերու եւ երաժիշտներու հետ ելոյթներ ունեցած եւ տասնեակ ձայնագրութիւններու հեղինակն է:

«Թորոնթոհայ» Փետ. 2024

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն 76 Թեր Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց` Ազրպէյճանը Արտաքսելու

Յաջորդը

Գեղամ Ստեփանեան Եւ Արտակ Բեգլարեան Քոնկրեսին Մէջ Ներկայացուցին Արցախահայութիւնը Յուզող Հարցերը Եւ Անոր Ձգտումները

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?