Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 63-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. Եթէ Իրաւատէր Հայաստանը` Իբրեւ Պետութիւն, Պիտի Չպաշտպանէ Արցախի Ու Արցախահայութեան Իրաւունքները, Սփիւռքը Պարտաւոր Է Գտնել Հարաւային Ափրիկէի Եւ Ուրուկուէյի Նման Պետութիւն Մը, Որ Ստանձնէ Այս Աշխատանքը Միջազգային Ատեաններու Մօտ

February 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը»: Կարելի չեղաւ ուղղակի մասնակցիլ այս լսարանին, սակայն հետեւելով լսարանին տեսերիզի արձանագրութեան (1)` կարելի է ըսել, որ դասախօսը հետեւեալ իրարմէ կախեալ երկու եզրակացութիւններուն յանգեցաւ.

1.- Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուէյ, Արցախի ի նպաստ ցոյց:  2.- Հարաւային Ափրիկէն յաջողութեամբ կը ստանձնէ Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան դատը:

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ իբրեւ պետութիւն` կրնայ գործնական եւ միջազգային իրաւական գետնի վրայ հետապնդել Արցախի դատը, ապագան եւ կարգավիճակը: (Ուրեմն այս իշխանութեան օրօք Արցախի դատը կը մնայ մեռեալ*):

2.- Սփիւռքը` իբրեւ միջազգային իրաւական կարգավիճակ չունեցող էութիւն, չի կրնար միջազգային իրաւական գետնի վրայ հետապնդել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, անոր հողերուն վերադարձը եւ ապագայի կարգավիճակը, այլ միայն կրնայ «աղմուկ բարձրացնել» եւ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՉՄԱՏՆԵԼ Արցախի ժողովուրդին տեղահանութիւնը` ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ Արցախի ժողովուրդը իր հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը, այնպէս,  ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպատակին մէջ սփիւռքը յաջողեցաւ: Լսարանէն իմ տպաւորութիւնս այսքան էր:

Սակայն գիտականօրէն եւ հաստատօրէն երբե՛ք միայն այս երկու կարելիութիւններով չէ, որ կը սահմանափակուինք` կա՛մ այս, կա՛մ այն, ինչպէս որ դասախօսը անուղղակիօրէն եզրակացուց: Տրամաբանօրէն ճիշդ է, որ Հայաստանը պէտք էր մենաշնորհը ունենար Արցախի դատը պաշտպանելու… Սակայն հեգնօրէն Հայաստանի այժմու իշխանութիւնն էր, որ թշնամիին յանձնեց Արցախը…

Ուրեմն` ի՛նչ ընել:

Պատասխանը պարզ է: Ինչո՞ւ չէ, փոխարինաբար, պէտք է գտնենք որեւէ այլ պետութիւն, օրինակ` Ուրուկուէյը, որ 1965-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնն էր, նոյնպէս ալ Արցախի ժողովուրդին ցեղասպանութիւնն ու ինքնորոշման հարցը արծարծէ միջազգային ամպիոններու վրայ, եթէ այժմու Հայաստանի հակահայ, հակաարցախ, դաւաճան այս իշխանութիւնը որեւէ կերպ պիտի չհետապնդէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, քանի որ բացայայտօրէն ոչ թէ մեղսակից էր Արցախը թշնամիին յանձնելուն, այլ այս դաւաճան վարչապետը ուղղակի հակասահմանադրական ու գերագոյն դաւաճանութեամբ եւ Փրակայի մէջ, արեւմտեան պետութիւններու հովանաւորութեամբ եւ Ռուսիոյ բացակայութեան, Արցախը ճանչցաւ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս եւ «միջազգային ընտանիքը» մոռնալով ազգերու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ առանց բուն ժողովուրդին կարծիքը առնելու… ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակ… եւ այլն, ԵՐԵՒՈՒԹԱՊԷՍ` անմիջապէս ընդունեց այդ հակաօրինական եւ մի՛այն ի՛ր անձը ներկայացնող ստորագրութիւնը` իբրեւ կատարուած իրողութիւն: 

Առաջարկ 1.

Սփիւռքի մեր հզօր ներուժը անմիջապէս զօրաշարժի պէտք է ենթարկենք` Աշխատանք տանելով Ուրուկուէյի եւ վերջերս Կազայի ցեղասպանութեան դէմ գործնական եւ յաջող կեցուածք ճշդած Հարաւային Ափրիկէի նման երկիրներու մօտ, Արցախի ժողովուրդին դատը սփիւռքեան ծրագրուած եւ գործնական եղանակով մը ներգրաւելու, նոյնիսկ` մէկէ աւելի երկիրներու մօտ, որպէսզի իրե՛նք վերցնեն Արցախի դատը ներկայացնելու աշխատանքը: Ի վերջոյ, ցեղասպանութիւնը համամարդկային ոճիր է: Եթէ բո՛ւն իրաւատէրը` Հայաստանը,  ԱՆՏԱՐԲԵՐ Է ԵՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ԱՐՑԱԽԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԳՏՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԴԱՏԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ՊԱՐԶ ԵՒ ՅՍՏԱԿ:

Ուրեմն սփիւռքը կատարելիք մեծ աշխատանք ունի ապահովելու համար երկիրներ, կամ` երկիր մը, որ(ոնք) պատրաստ է(են) Արցախի դատը հետապնդելու մինչեւ անոր բարւոք աւարտը: Առանց ժամանակ կորսնցնելու, այ՛ս պիտի ըլլայ սփիւռքին անմիջական գործը:

1 փետրուար 2024

haroutchekijian.wordpress.com

————

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

 

1. https://www.youtube.com/watch?v=YjHCraOY1XI

2. https://www.aztagdaily.com/archives/600563

Նախորդը

Տարիք Եւ Տարեդարձ` Երկու Գեղեցիկ Զուգահեռներ

Յաջորդը

Նոր Տարիին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.