Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «մատը վէրքին վրայ դնելով»` 2024 տարին հռչակեց «Մարդուժի տարի»: Որքա՜ն տեղին է այս խորագրումը: Այսօր հայ կեանքը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռս աշխարհի, զգալի ու դիտելի տերեւաթափ կ՛ապրի ամէն մակարդակի վրայ: Այսօր հայ իրականութեան մէջ նկատելի է կարող եւ պատրաստուած մտաւորականներու, գիտնականներու, ուսուցիչներու, ազգային գործիչներու, արուեստագէտներուն, ղեկավարներու, մասնագէտներու եւ տակաւին ինչ-ինչ պաշտօններու ատակ անձերու պակասը. «զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ»:
Հայ ազգի այսօրուան վիճակը մեզի կը յուշէ իմաստասիրութեան պատմութեան մէջ ծանօթ անուն մը` Դիոգինէս: Դիոգինէս այն փիլիսոփան էր, որ ցերեկ ատեն լապտերն ի ձեռին փողոց իջած էր մարդ փնտռելու համար: Այս առումով, կը խորհիմ, որ եթէ Դիոգինէս այդ ժամանակ լապտեր բռնեց, այսօր մենք, որ կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կան լուսատու զանազան բարձր մակարդակի գործիքներ, արդեօք ո՞ր գործիքը պիտի գործածենք, որպէսզի աւելի յստակ, մանրակրկիտ ու արագ գտնենք մեր փնտռած մարդիկը:
Վերջին քանի մը տարիներուն առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու փայլուն մտքի տէր, աշխուժ գործունէութիւն տարած, պատմութեան մէջ իր դրոշմը ձգած եւ տիպար շատ մը հայորդիներու յուշ-երեկոներուն: Զարմանալի կերպով անոնց մասին խօսող բոլոր անձերն ալ նոյն նախադասութիւնները տարբեր ոճերով կը կրկնէին. «Ո՞վ պիտի լեցնէ անոր տեղը», «Կարծեմ` իրմէ ետք ուրիշը չկայ այս ասպարէզին մէջ», «Իր մասնագիտութեան մէջ վերջինն էր», «Արդեօք պիտի գա՞յ երկրորդ այսինչ-եան մը»... տակաւին շարքը կ՛երկարի: Յիշեալ բոլոր արտայայտութիւնները յստակօրէն կը յուշեն, որ հայ ազգը մարդուժի լուրջ տագնապի մէջ է: Մարդու «դրամագլուխի» նահանջ կայ: Կարողներու եւ մասնագէտներու պատրաստման անյետաձգելի կարիքը կայ:
Կասկածէ վեր է, որ պատմութիւնը կը կերտուի բանիմաց, գիտնական, ուսումնասէր, մասնագէտ եւ մտածող մարդոց ձեռամբ: Անոնք են, որ կը մնան պատմութեան էջերուն կեդրոններուն, իսկ սովորական, տափակ եւ մակերեսային մտքով մարդիկ կը մնան պատմութեան լուսանցքէն անդին, կամ փոշիներուն տակ: Հայոց պատմութիւնը լիառատ է կարկառուն եւ գլխագիր դէմքերով, որոնք պատմութիւն կերտած են բառին ամբողջական եւ հարազատագոյն իմաստով: Ուրախանալ ու հպարտանալ մեր նախորդներու վաստակներով` շատ բնական է: Բայց անով գինովնալը` ընդունելի չէ: Մենք կոչուած ենք անոնց գործը շարունակելու: Այդ առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար կարիքը ունինք նոր դէմքերու, նոր մարդուժի: Ինչպէս որ կեանքի սկզբունքն է ընթացք դէպի կատարելութիւն, այնպէս ալ հայ ազգի սկզբունքը պէտք է դարձնել կատարելութեան ձգտումը:
Ի՞նչ է այս բոլորին լուծումը: Ի՞նչ պէտք է ընել: Ինչպիսի՞ միջոցներու պէտք է դիմել: Ի՞նչ աշխատանք պէտք է տարուի:
Վերոնշեալ հարցադրումներուն մանրամասնօրէն կը պատասխանէ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին այժմու վեհափառ հայրապետը իր հռչակագիրին մէջ: Ան մարդուժի պատրաստման կարեւորութեան անդրադառնալով կ՛ըսէ. «Քաջ պէտք է գիտնանք, որ առանց մարդուժի` մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր որակը, պիտի ճահճանայ ու գունաթափի, եւ մեր գոյութեան արմատները պիտի տկարանան: Մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է»: Ահաւասիկ` մարտահրաւէր մը, որ կը դրուի իւրաքանչիւր հայորդիի առջեւ:
Հայ ազգին սպառնացող վտանգը կանխելու համար նորին սրբութիւնը հետեւեալ լուծումները կ՛առաջարկէ.
Ա) Հայ կեանքի մայր էջէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը ներգրաւել հայ կեանքէն ներս
Վեհափառը կը յայտնէ, որ հայ ազգը զանազան մարզերէ ներս մասնագէտներ, զարգացած երիտասարդներ, նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ այլ մարդուժ ունի, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով հեռու մնացած են հայ կեանքէն: Ան կը յորդորէ, որ անոնք մօտենան հայ կեանքին ու մասնակից դառնան հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն, ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Հայրապետը կ՛առաջարկէ, որ երկուստեք (հեռացողներ եւ ազգային պատասխանատուներ) աշխատին այդ նուիրեալ գործին իրականացման:
Բ) Նոր մարդուժի պատրաստութիւն
Կաթողիկոսը կ՛ըսէ. «Սա դիւրին ու հեզասահ եւ անմիջական կերպով իրագործելի ծրագիր մը չէ… Մարդուժի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ` երկրաշունչ գործընթաց, ամբողջական նուիրում, լուրջ կազմակերպուածութիւն, հետեւողական աշխատանք ու նաեւ` նիւթական լայն ներդրում»:
Նորին սուրբ օծութիւնը, իբրեւ նոր մարդուժի պատրաստման հիմնական բնագաւառներ, կը նկատէ` հայ ընտանիքը, հայ եկեղեցին, դպրեվանքը, հայ դպրոցը, հայկական բոլոր կառոյցները (կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, ընկերային եւ այլն), կաթողիկոսարանիս հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոնը եւ համալսարանական ուսումը:
Ահաւասիկ` հայրապետին տուած անմիջական լուծումները: Անշուշտ այս լուծումներուն իրականացման պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը միայն չեն ծառանար ղեկավարներուն եւ պատասխանատու մարմիններուն ուսերուն վրայ, այլ ինչպէս վեհափառը կ՛ըսէ. «Համասփիւռքեան այս յոյժ կարեւոր կարիքը դարմանելու հաւաքական աշխատանքին մէջ բոլորս ալ ընելիք ու տալիք ունինք»: Մարտահրաւէրը բոլորիս համար է: Անկէ «աչք խփել»-ն ու փախուստ տալը հայ ազգի շուտափոյթ կործանման գործին մասնակցիլ կը նշանակէ: Հետեւաբար ականջ տանք կաթողիկոսին կոչին: Առնենք համապատասխան քայլերը: Մասնակցինք այս սրբազան առաքելութեան, որպէսզի լուսաւոր գրիչով գրենք նոր հայոց պատմութիւն:
Կիրակի, 14 յունուար 2024
Անթիլիաս, Լիբանան