Ու կը շարունակենք զարմանալ ազգովին, թէ ինչո՞ւ բռներ ենք նահանջի ուղին, կը գահավիժի հայոց կեանքը, կ՛ամայանայ մեր օճախը, կը վերանան հայաբոյր ու սէգ երազներն անգամ, սեւաթոյր ամպեր են կուտակուած Արարատի գագաթին, ամբողջ ազգի ճակատագիրն անգամ վտանգի է ենթարկուած, դարերու խորերէն ու պապերէն ժառանգուած սրբազան արժէքներ` մայրենի լեզու, գիրք ու գրականութիւն, մշակոյթ եւ ազգային արժանապատուութիւն, արդէն կը դիմագրաւեն արդի ժամանակներու սոսկալի մարտահրաւէրը, գոյատեւելու հրամայականը:
Քանի մը շաբաթ առաջ հայ մամուլի էջերէն ընթերցեցի սրտցաւ յօդուած մը, որ առաջին հերթին կ՛առնչուէր գաղութահայ կեանքի մէջ առկայ դաժան պատկերներու, ինչպէս` արտագաղթ, հայ գիրքի հանդէպ տխուր վերաբերում, նահանջ եւ այլն, ապա յօդուածագիրը` Լեւոն Շառոյեան, կ՛անդրադառնար ողբերգական երեւոյթի մը, որ տակաւ կը կրկնուի հայ իրականութեան մէջ, հայ գիրքերու «զետեղումը» այս կամ այն թաղի անկիւնի աղբանոցին մէջ, ու կ՛աւելցնէր. «-Օ՜, «Գիրք ճանապարհին»-ն փողոց նետուելիք գի՞րք է,- հարց կու տայ ան մտովին»:
Փաստօրէն, վաստակաւոր գրողի, մտաւորականի, գրադատի, բանասէրի եւ կրթական գործիչի վերեւի տողը, սոսկ ազդանշան մը չէ` հայ կեանքին վերաբերող, որքա՛ն դէպի հայութեան սիրտը արձակուած զգաստութեան հրաւէր մը` սթափելու եւ ա՛լ անդրադառնալու, որ հայոց դարաւոր տաճարին սիւները մէկ առ մէկ սկսած են փուլ գալ` սպառնալով ազգային պարունակին, հոգեկերտուածքին, ինքնութեան ու տեսակին:
Այո՛, վերջին տարիներուն սովորական երեւոյթ է դարձած յատկապէս հայ կեանքի ու շրջապատի մէջ սեփական աչքերով տեսնել հայերէն գիրքերու ու թերթերու դէզեր նետուած փողոցը, աղբամաններու մէջ:
Եւ ահա, նոյն կացութեան մէջ գտնուած է հալէպահայ մտաւորականը, որ դէպի տուն իր ճամբու եզրին տեսած է սրտաճմլիկ պատկերը` հայերէն գիրքերու (թէկուզ աբեղեանական ուղղագրութեամբ), որոնց կարգին` անկրկնելի բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի վերոնշեալ մատեանը:
Ազգակերտ մատեան է «Գիրք ճանապարհին». սովորական գիրքէ մը աւելին: Իրօք, յուզիչ է տեսնել նման գիրքի մը ճակատագիրը աղբակոյտի մը մէջ: Մտածել, որ կան «հիմնաւոր» պատճառներ նման տգեղ վերաբերումի` հայ մարդու ձեռամբ կատարուած, դարձեալ արդարացուցիչ չեն, որովհետեւ հայ օճախի ամենաթանկ ու անփոխարինելի հարստութիւն է եղած հայ գիրքը, որուն շնորհիւ ամուր է կանգնած հայ ընտանիքը, սնած սերունդներու միտքն ու հոգին, ապահովուած անոնց վերելքը, կռանուած հաւաքական կամքը հայոց:
Աւելի՛ն. հայ գիրքի ներկայութիւնը հայրենիքէ հեռու ապրողներու համար ուժ եւ ինքնավստահութիւն ներշնչող վահան է եղած` նուազագոյնի հասցնելով ահաւոր կորուստը սերունդներու, որոնք ենթակայ են եղած ձուլման եւ օտարացումի:
Այսօր, պահ մը, երբ կ՛ուզես մտաբերել վերջին տարիներու ահաւոր պատկերը հայ կեանքին, տխուր վիճակը հայոց լեզուին, ողբերգական կացութիւնը մեր ապրած շրջապատին, միւս կողմէ ալ` ձանձրոյթ պատճառող խօսքերն ու լոզունգները, որոնք կը լսուին այս կամ այն հարթակէն, միայն կ՛ափսոսաս, որովհետեւ ազգ մը ամբողջ յանձնուած է իր տխեղծ ճակատագրին` ուծացումին, իսկ անդին, հազիւ թէ քանի մը դարու անցեալ ունեցող ժողովուրդներ ու պետութիւններ, կառչած իրենց մայրենիին ու ազգային արժէքներու, կը բարգաւաճին, կը զարգանան ու իրենց հոգեմտաւոր հարստութիւնը, մշակոյթը նաեւ կամքը կը պարտադրեն այլ ազգերու:
Ի զուր չէ, որ ամէնօրեայ աղօթքի նման կը շեշտադրենք, որ առանց մայրենի լեզուին ու հայ գիրքին չկայ փրկութիւն: Այլապէս ալ հայոց պետականութեան հիմքը եթէ երբեք մէկ կողմէ ազգային ըմբռնումներն ու արժէքները պէտք է ըլլան, ապա միւս կողմէ ազգ ու պետութիւն կրնան գոյատեւել, յառաջդիմել ու բարգաւաճիլ ու իրենց սեփական կամքը պարտադրել շրջապատին, եթէ երբեք կարենան իրենց մայրենին անաղարտ պահել, պաշտպանել ու անոր զարգացման գործընթացը ապահովել:
19 փետրուարը` գիրք նուիրելու օր է, պարտաւոր ենք, այս շունչով ու ոգիով դաստիարակել հայ նորահաս սերունդը, աւելի՛ն. քաջալեր հանդիսանալ, գնահատել եւ նիւթաբարոյական մեր նեցուկը ապահովել, որպէսզի գէթ մասամբ նուազեցնենք մեր ցաւը, տխրութիւնն ու կորուստները, իսկ յաւելեալ ուժ ու կորով, ջերմութիւն եւ կեանք շնորհել հայոց դարաւոր լեզուին` Մեծասքանչին:
21 փետրուար. օրն է մայրենիին, տօնն է հայոց այբուբենը արարող սրբազան Մաշտոցին, որ հայութեան մատակարարեց յաւիտենականութեան գաղտնիքը, ազգին վերադարձուց հայաշունչ դիմագիծը, ստեղծագործ ոգին ու պայքարելու կամքը:
Արդ, ինչո՛ւ կը յամենան ազգավայել ու արդիական մտայնութեամբ վարքագծեր ու աշխատանքային գործընթացներ, որոնցմով պիտի կարենանք արդիւնաւորել ազգային պաշտպանական հոգեմտաւոր համակարգը, աշխարհահայեացքը:
Գիտացիլ կորուստի ահաւորութեան` վերածնունդի նախաքայլ է: